Յայտարարութիւն

Wednesday, December 14, 2011

«ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՐԴԵՕՔ...» - ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Փետրուան ձիւնամրրիկ օրերէն մէկն էր։ Այդ օր Գանատայի տարածքին կրթական գրեթէ բոլոր հաստատութիւնները կա՛մ փակուեցան, կամ ալ աշակերտութիւնը ժամէն առաջ տուն ղրկուեցաւ։ Գանատայի մէջ օրինական կեցութիւն ունեցող եւ ֆրանսերէն լեզուի իմացութեան պետական ծրագիրի դասընթացքներու հետեւող օտարահպատակներս ալ նոյն ճակատագիրին մատնուեցանք։ Կէսօրուան ժամուն արձակեցին մեզ, ձիւնամրրիկին ծանր հետեւանքներէն խուսափելու միտումով։ Մենք՝ հինգ ընկերուհիներ, պահը յարմար սեպելով, փոխանակ տուն արտորալու, նախընտրեցինք Գոլէճին մօտիկ՝ «Ռոքլէնտ» շուկան երթալ, քիչ մը պտըտելու, ու մանաւանդ լիբանանեան խոհանոցին յատուկ՝ «ֆելէֆիլ»ը, «շաուրմա»ն, «ֆաթթուշ»ը միատեղ ճաշակելու համար։

Չորս ընկերուհիներէս երեքը իսլամ են, երկուքը անոնցմէ` Սուրիա ծնած, երրորդը` Լիբանան, բայց առաւելաբար ապրած Արաբական Էմիրութիւններ, ուր տարիներ առաջ ապաստանած է ընտանեօք, Հարաւային Լիբանանի անապահով վիճակէն փախչելով։ Չորրորդը սուրիահայ է, բայց հայերէն չի գիտեր։ Պարզ է, որ բոլորիս խօսակցական լեզուն արաբերէն է, իսկ տիրապետողը` սուրիական տարբերակն է։ Մէջերնէն միայն ես եմ, որ տարիով կը գտնուիմ Գանատա։ Մնացեալները հազիւ քանի մը ամիս է, որ եկած են այս երկիրը, իրենց ամուսիններով եւ զաւակներով։

Իսլամ կիներէն երկուքը երիտասարդ հարսեր են, իրենց աւանդական «հիճապ»ով։ Երրորդը, որ նաեւ մեր մէջէն ամէնէն տարեցն է, սպիտակ մորթով, ներկուած շէկ մազերով, աւանդական պահպանողականութենէն ազատագրուած կին մըն է, հասած զաւակներու մայր, որ աչքի կը զարնէ նաեւ իր իւրայատուկ անմիջականութեամբ։ Այս է նաեւ պատճառը, որ Մանալ մօտիկ կը զգայ ինծի։ Առաջին իսկ օրէն։ Լիբանանցի արուեստագէտի հետ ամուսնացած եւ աւելի շատ Լիբանան, քան իր ծննդավայրը՝ Սուրիա ապրած ըլլալու իրողութենէն անդին, այս կինը՝ մասնագիտութեամբ հոգեբան, տարօրինակ մօտիկութիւն մը ցոյց տուաւ ինծի, դասընթացքին առաջին օրն իսկ, երբ փոխադարձ քանի մը նախադասութիւններով, տարբեր-տարբեր երկիրներէ նոյն դասարանը հաւաքուած երկսեռ «աշակերտներ» (արաբ, չինացի, պանկլատէշցի, պուլկարացի, փաքիստանցի, հայ...), դադարի վայրկեաններուն կը փորձէինք ծանօթանալ իրարու, գլխաւորաբար անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներու օգնութեամբ, միաժամանակ հակիրճ բացատրութիւններ տալով մեր ինքնութեան եւ ազգային պատկանելիութեան մասին։

Հիմա նստած ենք շուկային ճաշարանը եւ լիբանանեան համով ուտելիքներուն հետ կը վարենք հաճելի խօսակցութիւն։ Նիւթը չես գիտեր ուրկէ՛ կը սկսի. կը վերյիշենք դասընթացքի առաջին պահը, կը խնդանք լիահագագ՝ դուրսի մրրիկը անտեսելով, Գանատայի ցուրտը Միջին Արեւելքի տաք արեւով փոխարինելու պատրանքին թեւեր տալով, նաեւ մեր կերածներուն ծննդոցը յայտնաբերելով (Լիբանա՞ն, Սուրի՞ա, Թուրքի՞ա...)։

Հոգի ջերմացնող հաճելի պահ մը, թեթեւակի կատակներ, կիներու յատուկ նայուածքներ՝ կեանքի, տղամարդոց, թէ աշխարհի տարբեր եզերքներուն նետուած, ծիծաղելին ու լուրջը իրարու խառնուած, որոնք սակայն յանկարծականօրէն կը խեղդուին կոկորդիս մէջ, տեսակ մը թոյնի կը վերածուին կարծես, երբ Մանալ, ցաւէ մը փրկուելու մղձաւանջը երեսին՝ կարճ ու կտրուկ կը յայտարարէ, որ իր նախնիները թուրք եղած են, բայց ժամանակի ընթացքին դարձած են սուրիացի արաբներ, եւ թէ իր մեծ մայրերն ու հայրերը մինչեւ իրենց մահը թրքերէն խօսած են տան մէջ...

Ակնթարթ մը՝ եւ բոլոր բերանները կը գոցուին, կը տիրէ խոր լռութիւն։ Արաբի հետ ամուսնացած հայուհին քովս նստած, գլուխը կը ծռէ ամանին ու սառած կը մնայ հոն։ «Հիճապ» կրող երկու հարսերը՝ երեսները կաս-կարմիր, պիշ-պիշ կը դիտեն Մանալը, որ, իր կարգին, լոլիկի գոյն առած, քաջութեան յաւելեալ ճիգով մը զննող նայուածք մը կÿերկարէ մինչեւ բիբերս։ Կարծես կոկորդս կը խեղդուի։ «Թո՜ւրք են նախնիները»,- ներսէս կը պոռայ ձայն մը -, թո՛ւրք են ... թո՛ւրք ... թո՜ւրք»,- կը շարունակէ ձայնը, բայց չի կրնար լռեցնել դատողութիւնս.- Մանալ,- կÿըսեմ,- ներքին անդոհանքս լռեցնելու ճիգ ի գործ դնելով, ապա մեղմ, բայց զոհի յատուկ մեղադրական շեշտով մը կը շարունակեմ.
-Բայց գիտես չէ՞, որ թուրքերը մէկուկէս միլիոն հայեր ջարդեցին,- ու նայուածքս կÿուղղեմ անորոշին...
Մանալ կարծես այս պատասխանիս է, որ կը սպասէր, եւ կը սպասէր անձկութեամբ, գուցէ իր ներսը կուտակուած անախորժ զգացում մը իրմէ հեռացնելու հարկադրանքէն մղուած, որովհետեւ՝
-Եւ ինչո՞ւ արդեօք կը կարծես, որ կը կարեկցիմ քեզի եւ հոգեպէս մօտիկ կը զգամ հետդ,- անակնկալօրէն վրայ կը բերէ արաբուհին (թրքուհի՞ն...)՝ ձեռքերը այնպէս միացնելով իրարու, որ կարծես ըլլար ներողութեան աղերսանք, ձայնին մէջ՝ ծովածաւալ խանդաղատանք...

Բարեբախտաբար, լարուած մթնոլորտը երկար չի տեւեր։ Կը թուլնայ՝ մեր լուռ, բայց միաժամանակ այնպէ՜ս խօսուն նայուածքներուն մէջ...։ Հարցումիս կը պատասխանուի, որ իրենց տան մէջ յաճախ յիշուած են հայկական ջարդերը իբրեւ մարդկային անընդունելի ոճիր ու բարբարոսութիւն եւ թէ մի՛շտ ալ դատապարտուած են ջարդարարները, իրենց գործադրած անմարդկային ծրագիրին համար...

Կը զգամ, որ շրջապատուած եմ գիտակից բարեկամուհիներով, որոնք ունին խիղճ ու մարդկային վերաբերում։ Աչքերս երկա՜ր կը մնան գամուած՝ չէրքէզական ու թրքական արիւնէ սերած սա ազնիւ արաբուհիին դէմքին։ Այդ վայրկեանին է նաեւ, որ մէջս կը ծնի շնորհակալութեան զգացում, հանդէպ այն բոլոր արաբներուն ու պետեւիներուն, որոնք, թուրքին բարբարոսութենէն անդին, փրկութեան լաստ եղան Ցեղասպանութենէն ազատած հայու բեկորներու, Տէր Զօրի անապատին, թէ Սուրիոյ տարբեր շրջաններու մէջ, ուրկէ քալեցին հայու հազարաւո՜ր բեկորներ, պատանիներ, չափահաս կիներ թէ տարեց հայորդիներ։ Եւ երբ զգացումս կÿարտայայտեմ բարձրաձայն, արաբ ընկերուհիներս կը յուզուին այնքան, որ արցունքի շիթեր կը սկսին փայլիլ իրենց աչքերուն...

Այս անգամ՝ սպիտակ գլխանոցով Հուտան, մեր մէջէն ամէնէն մանկամարդը, որ միաժամանակ յղի է իր առջինեկով, աչքերը սրբելով կը սկսի խօսիլ այնպիսի՜ քնքշութեամբ, որ կարծես երկինքէն առաքուած պարիկ մը ըլլար.
- Ինչ որ ըրին մեր նախահայրերը ձեզի, ըրին, որովհետեւ չէին կրնար քար դնել իրենց խղճին, չէին կրնար անտարբեր մնալ ձեր տառապանքին դիմաց, որովհետեւ ... Քուլլունա ուլատ Ալլահ, Սուպհանահու ՈւաԹաալահ (Բոլորս զաւակներն ենք Աստուծոյ, Միակին եւ Բարձրեալին)...


Մարտ, 2006
Մոնթրէալ









«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝