Յայտարարութիւն

Friday, December 9, 2011

Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի մէջ:Անիմաստ խտրութիւններ:







Իմ ամէնէն հաւնած հայազգի գրողներէն է Րաֆֆի <<Յակոբ Մելիք Յակոբեան>>:Ան իր գիրքերուն մէջ շատ լաւ կը պատկերացնէ մեր ազգին տառապանքը,ողբերգութիւնը եւ իր մէջ գտնուած խռովալից վիճակը: Ըստ իս Րաֆֆիի գիրքերը գրական գլուխգործոց մը ըլլալէ զատ ուրիշ կարեւորութիւն մըն ալ ունին:Հակառակ որ ան մահացած է 1888 թուականին այսինքն մեծ եղեռնէն քսանեօթ տարիներ առաջ,իր գիրքերուն մէջ մեզ պատկերացուցած հայ ժողովուրդին օրէ օր աւելի սաստկացող տառապանքներէն ու հալածանքներէն շատ լաւ կարելի է տեսնել որ հայ ազգը կ'առաջնորդուի դէպի մեծ ողբերգութեան մը:Րաֆֆի որ նաեւ վարպետ քննադատող մըն էր, իր <<Տաճկահայք>> անունով գիրքին մէջ վարպետօրէն քննադատած է հայ ազգի զաւակներուն իրարու հետ ունեցած խռովութիւնը եւ թշնամութիւնը:Րաֆֆի իր <<Տաճկահայք>> անուն գիրքին մէջ սա տողերով կը բացատրէ թրքահայերու եւ կովկասահայերու իրարու հանդէպ ունեցած ատելութիւնը.



<<եթէ պատահում էր մեր կողմերում մի տաճկաստանցի հայ ֆէսը գլխին,իսկոյն "հոսոս" անունը կպցնում էինք ճակտին եւ երեսներս շուռ էինք տալիս:Մեր կողմերում մշեցի եւ վանեցի հայ մշակներին մեր երեխաներն անգամ " կռօ " էին կոչում ,եւ շատերն մեզանից հաւատացած էին թէ " կռօն " հայ չէ, այլ Քրդերի մի ցեղին է պատկանում:Տաճկաստանցին նոյն սխալ եւ մութ կարծիքները ունէր մեր մասին:Եթէ մեզանից մէկը հանդիպում էր Կ.Պոլսի կամ այլ քաղաքների փողոցներում, տաճկաստանցին մի կասկածաւոր հայեացք էր գցում մեր երեսին, եւ " անոնցմէ է " .......ասելով , ցոյց էր տալիս իւր ընկերին:Մեզ համարում էին հայութիւնից օտարացած ,մենք միմեանց չէինք ճանաչում, նրանք ատելի էին մեզ, իսկ մենք նրանց:>>



Երբ առաջին անգամ կարդացի Րաֆֆիի այս գիրքը յիշեցի իմ Մուրատ Րափայէլեան Վարժարանի տարներս:



Իմ աշակերտութեանս առաջին տարին, վարժարանին աշակերտութեան թիւը հարիւր քսանհինգ էր, որոնց մեծամասնութիւնը պարսկահայերէ կը բաղկանար:Մենք պոլսահայերս շուրջ քսան հոգի էինք:Կային նաեւ լիբանանահայեր եւ սուրիահայեր բայց աշակերտութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը պարսկահայերէ կը բաղկանար:Պարսկահայերը մեզ կը գոչէին <<թորքէ խար>> որ պարսկերէն կը նշանակէ <<թուրքի էշ>>,իսկ մենք զանոնք կը գոչէինք <<սըղըր>> որ թուրքերէն կը նշանակէ <<եզ>> ու ատելութիւն մը կը տիրէր մեր եւ իրենց մէջ:Շատ լաւ կը յիշեմ, հազիւ տասնըմէկ տարեկան էի եւ իմ աշակերտութեանս առաջին օրերս էին:Ընտանիքէս բաժնուած էի եւ դեռ չէի վարժուած գիշերօթիկ դպրոցի կեանքին:Օր մը լիկէոնի վերջին դասարաններէն քանի մը պարսկահայ տղաք զիս այն ժամանակ դեռ աւերակ եղող դպրոցին շէնքերէն մէկուն մէջ տարին ուր զիս կը սպասէր ինծի տարեկից ուրիշ պարսկահայ տղայ մը եւ ըսին:



-Հիմա դուք Պարսկաստան եւ Թուրքիոյ միջեւ կռփամարտի մրցում մը պիտի ընէք:Տեսնենք թէ ով պիտի յաղթէ:



Գետնի վրայ կաւիճով գիծ կը քաշելով կռփամարտի բեմ մը ձեւացուցին, իրենցմէ մէկն ալ դատաւորի պաշտօն կընէր:Ես հազիւ տասնըմէկ տարեկան էի ու մինչեւ այդ օր բնաւ կռիւ չէի ըրած ու բնաւ բռունցք չէի բարձրացուցած ոչ ոքու դէմ:Դատաւորը նշանը տուաւ ու կռփամարտը սկսաւ:Մրցակիցս իր շղթաներէն ազատած գազանի մը նման վրաս եկաւ ու իր բռունցքներովը ձախէն ու աջէն զիս հարուածելով լաւ մը տփեց զիս:

Դատաւորը պարսկահայ մրցակիցիս ձեռքը վեր բարձրացնելով յայտարարեց.<<Պարսկաստան յաղթական >>: Մէկ աչքիս տակը ուռած էր ու կզակս կը ցաւէր ստացած բռունցքի հարուածներէն: Աչքերս արցունքոտած էին ու կերած ծեծիս պատճառաւ ամօթ կը զգայի:

Չէի հասկցած թէ ինչ էր եղածը: Չէի կրնար ըմբռնել թէ ինչու համար երկու հայեր զիրար կը ծեծէին մէկը Պարսկաստանի իսկ միւսը Թուրքիոյ անունով:Ո՞վ էր հոս յաղթականը եւ ո՞վ էր պարտուածը:



Երկու օր վերջ նոյն բեմադրութիւնը կրկնուեցաւ եւ ես դարձեալ ծեծը կերայ:Թուրքիան դարձեալ պարտուած էր Պարսկաստանի դիմաց:Տասնըմէկ տարեկան հասակիս բռնիօրէն ինծի հագցուցած էին թրքական կռփամարտի ազգային խումբի տարազը:



Յաջորդ քանի մը օրերը զգոյշ վարուեցայ որպէսզի անոնց հետ դէմ դիմաց չգամ բայց ո՞րքան ժամանակ կարելի էր պահուըտիլ գիշերօթիկ վարժարանի մը մէջ եւ իսկոյն ի վերջոյ օր մը օձիքս ձեռք տուի ու դարձեալ գացինք դպրոցին աւերակ շէնքը ուր <<Պարսիկ կռփամարտիկ>>ը զիս կը սպասէր:Այս ժամանակամիջոցին քանի մը շաբաթ անցած ըլլալով վարժուած էի վարժարանի մթնոլորտին եւ այլեւս օտարութիւն չէի զգար :Երկու անգամ կերած ծեծս ալ ինծի վստահութիւն մը տուած էր ու այլեւս ծեծ ուտելէ չէի վախնար որովհետեւ վարժուած էի ու անգամ մը եւս ծեծ ուտելը ինծի ոչ մէկ ամօթխածութիւն պիտի չպատճառէր այլեւս:Այլ խօսքով կորսնցնելիք ոչինչ ունէի:



Դատաւորը նշանը տուաւ ու կռփամարտը սկսաւ:Վճռական պահը հասած էր, կամ այսպէս երկու օրը մէկ ծեծը պիտի ուտէի, կամ ալ վերջ մը պիտի տայի այս անիմաստ բեմադրութեան:

Մրցակիցս դարձեալ իր բռունցքները սեղմած վրաս եկաւ:Ես ճկուն շարժումով մը քով քաշուեցայ ու ձախէն, աջէն սկսայ բռունցքներս տեղացնել մրցակիցիս երեսին ու մարմնին:Մրցակիցս աւերակ շէնքին թափթփած պատուհանին մէջ ինկաւ իսկ ես կը շարունակէի տեղացնել բռունցքներս: Ի վերջոյ դատաւորը միջամտեց ու մեզ քով քովի բերելով այդ օրուայ յաղթողը հռչակեց :



<<Հաւասարութիւն >>:



-Ծօ' ,ի՞նչ հաւասարութիւն խարդախ դատաւոր, նախորդ երկու մրցումին կերած ծեծիս կրկնապատիկը նետեցի տղուն ելեր եւ հաւասարութիւն կըսես:



Կը մտածէի ինքս ինծի:



Անարդարութիւն մը եղած էր ինծի դէմ բայց հոգ չէր,որովհետեւ այդ օրուընէ վերջ այլեւս մեզ իրարու դէմ չի հանեցին կռփամարտելու համար եւ իմ կռփամարտիկի ասպարէզս այդ օր վերջացած եղաւ:

Այդ պարսկահայ տղան որ այդ օր իմ մրցակիցս եղած էր, որ շատախօս ըլլալուն պատճառաւ մենք զինք <<ճպուռ>> կը կոչէինք վերջէն իմ դասարանակիցս եւ ամենամտերիմ ընկերներէս մէկը եղաւ:



Դպրոցի մէջ պարսկահայերու եւ պոլսահայերու միջեւ կը տիրէր հակառակութիւն մը բայց ես իմ աշակերտութեանս տեւողութեան միշտ դէմ եղած եմ այս անիմաստ հակառակութեան:Մօտէն հետաքրքրուած եւ սորված եմ Պարսկաստան խօսուող արեւլահայերէնը, սորված եմ նաեւ քիչ մըն ալ պարսկերէն այդպէս որ երբ պարսկահայ ծնող մը այցելէր մեր վարժարանը ինծի հետ խօսած ժամանակ զիս ալ պարսկահայ կը կարծէր ու կը հարցնէր թէ ես որոնցմէ եմ ու ով է իմ ընտանիքս:Քանի քանի անգամներ ինձմէ տարիքով մեծ պոլսահայ աշակերտներ զիս անկիւն մը քաշելով երբեմն խորհուրդ տալով, երբեմն ալ սպառնալով ազդարարած են որ «պարսկահայերէն» չի խօսիմ ու իրենց հետ շատ շփման մէջ չի մտնեմ ստիպելով զիս որ որոշեմ իմ կողմս թէ իրենցմէ եմ թէ պարսկահայերէ:Սակայն ես շատոնց որոշած էի իմ կողմս որն էր <<Հայ>> ու կողմը ՝ առանց կարեւորութիւն տալու իմ ընկերներուս զատողութեանց:

Պոլսահայերու եւ պարսկահայերու մէջ տիրող այդ հակամարտութիւնը սակայն կը մոռցուէր երբ մեզմէ ոմանք կռիւի կը բռնուէին իտալացի տղոց հետ:Ահաւասիկ, այն ժամանակ ամէն հակամարտութիւն մէկդի կը դրուէր եւ մենք բոլորս միասին մէկ բռունցք կըլլայինք մեր ընկերներէն մէկուն վնաս պատճառող իտալացի սրիկաներու դէմ:Քանի քանի անգամներ վարժարանիս աշակերտները պոլսահայ, պարսկահայ,սուրիահայ,լիբանանահայ , գերմանահայ եւ այլ ուրիշ երկիրներու հպատակ հայ տղաք բոլորս միասին կռիւի բռնուած ենք իտալացիներու դէմ:



Այն տարիներուն բոլորս ալ ճահել երիտասարդներ էինք,բայց տարիներու ընթացքին աւելի հասունցանք:Այլեւս այդ հակամարտութիւնն ալ չէ մնացած պոլսահայերու եւ պարսկահայերու մէջ: Հիմա իմ Մուրատ Ռափայէլեանի ընկերներուս մեծամասնութիւնը կ'ապրին սփիւռքի մէջ մասնաւորապէս Ամերիկա, Քանատա եւ Իտալիա ու բոլորն ալ իրարու հետ եղբայրական յարաբերութիւններ ունին:Ճիշտն ալ այսպէս ըլլալն է արդէն:





Հիմա կը հասկնամ թէ որքան ճիշտ որոշում մը տուեր եմ իմ այդ փոքր հասակիս :Եթէ այդ տարիներուն սորված չըլլայի արեւելահայերէն բարբառը, հիմա պիտի չկարենայի կարդալ մեր արեւելահայ գրողներուն գիրքերը,հայաստան հրատարակուած թերթերը,հայաստանի հեռատեսիլի կայանները եւ մանաւանդ պիտի չկարենայի կարդալ Րաֆֆիի ու Կոստան Զարեանի գլուխգործոց վէպերը :



Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը միայն պարզ վարժարան մը չէր ուր աշակերտը կը ստանար իր միջնակարգի ու լիկէոնի ուսումը, այլ բառին բուն իմաստովը << կեանքի դպրոց >> մըն էր ուր աշակերտը բոլոր տեսանկիւններէ կը պատրաստուէր կեանքին:



Երանելի՜ օրեր:



Ինչ մեղք , որ այդ վարժարանը , հայ ազգին երբեմնի ամենէն կարեւոր մշակութային կենդրոններէն մէկը եղած է եւ հիմա ... իր դռները փակած է ուսուցման:





Օշին Էլակէօզ



Պոլիս 5 Դեկտեմբեր 2011







«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝