Յայտարարութիւն

Wednesday, December 28, 2011

Փրկել լեզո՞ւն, թէ փրկել մենք զմեզ... ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ


Փրկել լեզո՞ւն, թէ փրկել մենք զմեզ..Հարցը ղեկավարութեան հարց է կ'եզրափակէ Վրէժ Արմէն: Այո, աշխարհի այս թոհ ու բոհին մէջ ճիշտ ղեկավարութեան կարիք կայ:Աղէտը կը շարունակուի այլապէս: Ընթերցող, տուր կարծիքդ, որովհետեւ դուն ալ այս աղէտը ապրողներէն ես եւ քու լռութեամբդ , մասնակից կրնաս նկատուիլ աղէտին շարունակականութեան ՝ անուղղակիօրէն :
«ՆՇԱՆԱԿ»


«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«
Ա.
Լեզուի կորուստը, յատկապէս արեւմտահայերէնի՛ կորուստը մեզ բոլորս կը
մտահոգէ։

Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը՝ Արամ Ա. Վեհափառը անցնող օգոստոսին
Պիքֆայայի մէջ գումարուած Համասփիւռքեան կրթական Գ. համագումարին,
նուիրուած արեւմտահայերէնին, հարց կու տար իրաւամբ՝ »Արդարեւ, ինչպէ՞ս կարելի
է վաղուան հայը կերտել՝ անոր ներարկելով մեր հոգեմտաւոր արժէքները, ազգային
աւանդութիւններն ու ձգտումները, առանց հայ լեզուին։ Ինչպէ՞ս կարելի
է հայակերտումի ու ազգակերտումի ճամբով մեր ազգին ինքնութիւնը բիւրեղ պահել
ազգերու ընտանիքէն ներս, առանց հայ լեզուին։ Ինչպէ՞ս կարելի է մեր ազգին
ապագան լուսաւորել, առանց հայ լեզուին։«

Սակայն, նախ քան արեւմտահայերէնին ու ընդհանրապէս հայերէնին
նահանջին ու քայքայման մասին խօսիլս, կ'ուզեմ ընթերցողներուս հետ բաժնել այլոց
մտահոգութիւնները, ոչ թէ մեր լեզուին անմխիթար վիճակը արդարացնելու համար,
այլ անդրադարձնելու, որ Բաբելոնի աշտարակին )Փիզայի՞ աշտարակին ըսէի
արդեօք...( »մօտակայ« փլուզումին տակ միայն մենք չենք որ պիտի մնանք, այլ բոլոր
ազգերը, ու եթէ բան մը ունինք ընելիք, հաւանաբար միասնաբա՛ր պէտք է ընենք՝ այս
կացութիւնը փոխելու համար։

Մոնթրէալի Le Devoir օրաթերթը իր 3-4 դեկտեմբերի շաբաթավերջի թիւին մէջ
լոյս ընծայեց Fabien Deglise-ի "Une langue qui s'ռtiole, 140 caracteres a la fois" )»Լեզու մը որ կը հիւծի՝ 140 տառանիշ առ 140 տառանիշ«( յօդուածը։ Տեկլիզ սապէս կը բանայ իր
գրութիւնը. »Ինքզինք կրկնող վէճն է, որ արդիականութեան մորթին կը փակի
սկիզբէն ի վեր - հաղորդակցութեան ներկայ գործիքները արդեօ՞ք վտանգելու վրայ
են մեր խօսած, բայց մանաւանդ գրած լեզուին որակը։«

Այս անգամ հարցը արծարծողը, կ'ըսէ յօդուածագիրը, բրիտանացի դերասան ու
բեմադիր Ralphe Fienne-ն է, որ վերջերս, Լոնտոնի շարժանկարի փառատօնին, The
Telegraph օրաթերթին մէջ կ'արտայայտուէր անգլերէ՛ն լեզուի քայքայման մասին՝ ի
հետեւանք ընկերային թուայնացած փոխանակութիւններուն, բայց նաեւ խեղուած
նախադասութիւններու ու փոքր նախադասութիւններու աշխարհի մը մէջ, որուն
սահմանները, ի միջի այլոց, գծուած են մանրաշաղակրատանքի Twitter կայքին
միջոցաւ։ Ըստ Ֆիենի՝ լեզուի այս մաշումը կը լսենք ու կը կարդանք. »Մեր
արտայայտչութիւնը եւ որոշ բառեր գործածելու մեր ճարտարութիւնը կ'աղօտին
այնպիսի ձեւով, որ այլեւս մեզի համար խնդի՛ր կը դառնայ մէկէ աւելի երկրորդական
նախադասութիւն պարունակող խօսք մը կամ երկու վանկէ աւելի երկար բառ մը
գործածելը։« Արուեստագէտը ինք այս վիճակին արդիւնքը կը տեսնէ բեմի՛ն վրայ, երբ
ապագայ դերասանները Շէյքսփիրի գրութիւններուն խտութեան կը բախին... Ան այս
վիճակը կը վերագրէ ընկերային ցանցերուն, տրտմելով, որ բոլոր այդ երկար բառերը
ու այլ ժամանակներու այդ քերականութիւնը կարող չեն թուիր ըլլալ դիմադրելու
ներկայի վայրկենականութեան, ամենուրեքութեան, սակաւաբանութեան ու
արագութեան [ինչքա՜ն գեղեցիկ, արտայայտիչ, մոռցուա՛ծ բառեր հայերէնի, որ այս
առթիւ յանկարծ կը յայտնաբերենք...]։

Լը Տվուարի աշխատակիցը կ'ափսոսայ, որ նոյն ճակատագրին կ'ենթարկուի
նաեւ ֆրանսերէն լեզուն, որ կը կորսնցնէ իր »կենսաայլազանութիւնը«, ու այդ բոլոր
սղումներուն առջեւ իմաստային երանգները, ճշգրտութիւնն ու քերթողութիւնը տեղի
կու տան։
Մշակութային եւ լեզուական այլազանութեան կորուստը, սակայն, չի
սահմանափակուիր այդ երեւոյթով, այսինքն արագ հաղորդակցութեան միջոցներու
բերած վտանգով։ Այս հարցին կ'ÿանդրադառնայ նաեւ ուրիշ նոր հրատարակութիւն մը՝
l'Atlas des minorites, որ լոյս տեսաւ 2011-ին՝ իբր Le Monde եւ La vie թերթերուն մէկ
բացառիկը )ուր ի դէպ, հայութիւնն ու հայոց դէմ ցեղասպանութիւնը կը յիշատակուին
մի քանի յօդուածներու մէջ(։ Այնտեղ ներառուած գրութիւններէն մէկը, ստորագրուած
Colette Grinevald-ի ու Rozenn Milin-ի կողմէ՝ Une richesse linguistique en peril
)Վտանգուած լեզուական հարստութիւն մը(, դիտել կու տայ, որ ներկայիս տակաւին
խօսուող 6000-7000 լեզուներէն կարեւոր տոկոս մը դատապարտուած է անհետացման։
Մինչեւ ԺԵ. դար շատ աւելի լեզուներ գոյութիւն ունէին – իսկ լեզուները
մշակոյթներու, մշակոյթները՝ ժողովուրդներու առկայութեան վկայութիւնն են - ,
սակայն անկէ ի վեր գաղթարարական ալիքները, իրենց հետ բերած չարիքներով,
պատճառ եղան որ անոնցմէ շատ շատերը մեռնին։ Յաջորդ տասնամեակներուն
հաւանական է, որ Հիւսիսային Ամերիկայի ու Աւստրալիոյ )բնիկներու( լեզուներու
90%-ը անհետանան։ Մի քանի թիւեր գաղափար մը կու տան ահաւոր վիճակին մասին.
ներկայ լեզուներու 96%-ը կը խօսուին աշխարհի բնակչութեան միայն 4%-ին կողմէ.
500 լեզուներ կը խօսուին իւրաքանչիւրը միայն 100 հոգիի կողմէ. Համացանցի
բովանդակութեան 90%-ը միայն 12 լեզուներով կը խմբագրուի...
Ինչպէս գրած էի ասկէ առաջ, մայրենի լեզուն մարդկային իրաւունք մը պէտք է
նկատուի, սակայն ՄԱԿ-ը իրենց հակակշռին տակ պահող գերպետութիւնները
տակաւին թոյլ չեն տար որ այդ իրաւունքը ճանչցուի ու դառնայ համաշխարհային
օրէնք։

Այս հաստատումներէն ետք, սակայն վերադառնանք մեր ածուին, ուր
իրավիճակը այնքան ալ փայլուն չէ, ինչպէս կը նշէ նաեւ Արամ Ա. հայրապետը իր
խօսքին մէջ՝ Պիքֆայայի համագումարին։ Ան կը մատնանշէ այն ճակատները որոնց
վրայ նահանջ կ'արձանագրէ մեր լեզուն. հայ դպրոցը, ուր հայերէնի դասերը կը
կրճատուին ու լեզուի մակարդակը կ'իջնէ. հայ ընտանիքը, ուր լեզուն կ'աղաւաղուի
օտար բառերու եւ ընտանիքէն ներս օտար անդամներու ներխուժումով. հայ մամուլը,
ուր մեր խմբագիրներն ու թղթակիցները լեզուական անփութութիւն ցոյց կու տան,
հայ եկեղեցին, ուր մեր հոգեւորականութիւնը այլեւս այնքան բծախնդիր չէ հայ լեզուի
պաշտպանութեան տեսակէտէն։ Մեր կազմակերպութիւնները, կ'ըսէ Վեհափառը,
իրենց գործունէութեան ընթացքին նախանձախնդիր չեն ըլլար մեր լեզուն մաքուր ու
կենդանի պահելու, նոյնիսկ մեր գրողները կը թերանան այս տելսակէտէն։ Ի զուր չէ,
որ UNESCO-ի 2010-ի »Աշխարհի վտանգուած լեզուներու ելեկտրոնային աթլաս«-ին
մէջ արեւմտահայերէնն ալ ներառուած է։
Բայց արդեօ՞ք միայն արեւմտահայերէնն է, որ վտանգուած է։

Բ.

Սփիւռքի մէջ մենք կը տեսնենք թէ ո՛ւր կը դեդեւինք, ո՛ր ճակատներուն վրայ
կը նահանջենք, ո՛ւր են մեր թերացումները, եւ ո՛ւր՝ մեր ամրակայելիք կէտերը։ Արամ
Վեհափառը մատը վէրքին վրայ դրած է յստակ կերպով։
Հայրենազրկութիւնը իր աւերը կը գործէ։
Հայերէնը հետզհետէ կը դադրի մեր հաղորդակցութեան լեզուն ըլլալէ։ Առաջ
եթէ շատերս, յատկապէս մասնագիտական ասպարէզներուն մէջ գործողներս
հայերէնը կը դժուարանայինք օգտագործելու՝ թէ գործնական պատճառներով եւ թէ,
նոյնիսկ եթէ ուզէինք՝ բառապաշարային մեր սեփական անբաւարար
պատրաստութեան պատճառաւ, այսօր արդէն առտնին խօսակցութեան մէջ մեր
գործածած բառերուն մեկ կարեւոր տոկոսը մեր շրջապատի լեզուներէն ու մանաւանդ
անգլերէնէն կու գայ։ Սա՝ ո՛չ միայն նոր սերունդի պարագային։ Նորերը, միւս կողմէ,
ոչ միայն օտարախառն հայերէն կը գործածեն, այլ յաճախ ամբողջ նախադասութեան
մասեր, նոյնիսկ նախադասութիւններ, եթէ ոչ լրիւ խօսակցութիւնը օտար լեզուով
կ'արտայայտեն։

Գալով գրաւոր լեզուին, ամենէն հասարակ երկտողն անգամ հայերէնով չի
կատարուիր։ Ելեկտրոնային հաղորդակցութեան ջախջախիչ մասը անգլերէն կամ այլ
լեզուներով տեղի կ'ունենայ, կամ՝ լատինատառ հայերէնով, նոյնիսկ հայերէնին
կատարելապէս տիրապետող անձերու կողմէ. ասիկա՝ ոչ միայն Սփիւռքի պարագային։
Բազմաթիւ պատճառներ կան այս երեւոյթին ետեւ՝ հայերէն տառաշարութեան
դիմելու վարանումէն կամ ծուլութենէն անդին։ Այո, ոմանք կը վախնան ուղղագրական
վրէպներ ցուցադրելէ )առանց պահ մը կասկածելէ, որ օտար լեզուով ալ կրնան
վրիպիլ(, ոմանք հայերէն ստեղնաշարը իրենց համակարգիչներուն վրայ գործարկելու,
կամ ներբեռնելու, իւրացնելու կամ սորվելու չկամութիւն կը ցուցաբերեն, ոմանք գուցէ
մեծամտաբար օտար լեզու գործածելը առաւելութիւն մը կը նկատեն, իսկ
մեծամասնութեան մտքէն անգամ չանցնիր հաւանաբար որ հայերէնով ալ կրնան
առցանց հաղորդակցիլ, կարծես ատոր համար միայն անգլերէնն ըլլար արտօնեալ
լեզուն։ Ասոնք՝ ենթակայական պատճառներ կրնանք համարել։
Կան սակայն պարզ առարկայական պատճառներ. կան որ հայերէն գրել չեն
սորված. կան որ, նոյնիսկ եթէ հայկական վարժարան գացած են, մեր լեզուն
չգործածելով՝ բոլորովին մոռցած ու հրաժարած են անկէ, գէթ գրաւոր իրենց
հաղորդակցութիւններուն մէջ։ Կան նաեւ անոնք, որոնք հայերէն թերթ ու գիրք
չկարդալով՝ մնացած են սահմանափակ բառապաշարով մը, որով չեն կրնար իրենց
նուազագոյն արտայայտութիւններն անգամ հայերէն գրել։

Աւելցնենք ասոնց վրայ հայկական դպրոցներու բացարձակապէս անբաւարար
քանակը, տեղական դպրոցներու անվճար, բայց հայկական դպրոցներու վճարովի
ըլլալը, հեռաբնակներու պարագային՝ անոնց անմատչելի ըլլալը, այլեւ հայերէնով
դասաւանդուող նիւթերու դասագրքերու տեւաբար արդիականացման դժուարութիւնը,
ուսուցիչներու տագնապի վերածուող պակասը, հայերէն մանկապատանեկան,
յատկապէս պատանեկան գրականութեան անբաւարար ներկայութիւնը, ու վերջապէս՝
անգլերէնին ամենուրեքութիւնը, եւ կը սկսինք հասկնալ Աղէտին ահաւորութիւնը, այն
Աղէտին, որուն 100-ամեակը պիտի նշուի երեք տարիէն։

Աշխարհայնացումը իր աւերները կը գործէ սակայն նաեւ քսան տարիէ ի վեր
որպէս թէ վերանկախացած մեր հայրենիքէն ու մեր մայրենիքէն ներս։
Երեւանի փողոցներուն մէջ պտտողը կրնայ աչքովը տեսնել արեւմտեան
առեւտրական աշխարհի գովազդային ներկայութիւնը ամեն տեղ, ատիկա
յառաջդիմութեան հետ շփոթելով։ Կարծես չկայ կարգ ու կանոն, չկայ օրէնք՝
անգլերէնէն առաջ ու անկէ գերադաս կարեւորութեամբ հայերէնով գրելու
ծանուցումները, խանութներու եւ վառաճատուներու ցուցանակները, եւայլն։
Ամենէն ահաւորը սակայն մամուլն է, գրաւոր թէ բանաւոր, ուր գործածուած
հայերէնը յաճախ ողբալի կերպով աղաւաղուած լեզու մը կը դառնայ։ Եթէ առաջ
ռուսերէնի ճամբով մեր լեզուն կ'ողողուէր օտարամուտ բառերով, ընդհանրապէս
ֆրանսերէնէն ռուսերէնին անցած ու անկէ ալ՝ մեզի, ներկայիս անգլերէնն ալ
կ'աւելնայ։ Չեմ ուզեր բոլորը մէկ ջուրով լուալ, չեմ ուզեր ուրանալ շատ
մտաւորականներու ճիգերը մեր լեզուն անխաթար պահելու տեսակէտէն, սակայն կը
նկատեմ նոյնիսկ անոնցմէ շատերու մօտ սովետական օրերէն որդեգրուած կամ
պարտադրուած շատ բառերու հանգիստ օգտագործումը, առանց կասկածելու, որ
անոնք գրեթէ բոլորն ալ կրնան փոխարինուիլ հայերէն բառերով։

Վերջերս գրասէր բարեկամ մը ուշադրութեանս յանձնեց Հայաստանի
գրողներու միութեան պաշտօնաթերթ »Գրական թերթ«-ի 18 նոյեմբերի թիւին
առաջին էջին վրայ լոյս տեսած յօդուած մը, որ, ո՜վ հեգնանք, նուիրուած էր լեզուն
մաքուր եւ ուղի՛ղ գործածելուն։ Չկար հեղինակի անուն, ուստի կ'ենթադրենք որ
գրուած էր խմբագրութեան կողմէ։ Յօդուածին վերնագիրը՝ »ՍԵՐԻԱԼՆԵՐԻ (Serials)
ԼԵԶՈՒՆ ՏԷՐԵԱՆԻ ԼԵԶՈՒ ՉԷ«։ Ահա մի քանի նախադասութիւններ )ընթերցողին կը
խնայեմ սովետագրութիւնը(.
- »Թերեւս սա ամենախնդրայարոյցն է, քանի որ հեռուստասերիալներին (TV
serials) ընտելացած մեր երեխաները արդէն վարժուել են ժարգոնին )jargon(։«
- »Ժարգոնը... այնքան յաճախակի է հնչում մեր հեռուստաէկրաններից (ecrans
de tele)։«
- »Հետեւէք մեր տաքսի (taxi) ծառայութիւնների կամ այսպէս կոչուած,
օֆիսների (offices) անուանումներին։«
- »Հայաստանը այն երկիրն է, որի բնակիչները յաւերժօրէն քրէական
ռազբորկաների )ոչ Աղայեանի երկհատոր, ոչ ալ Ակադեմիայի – Academy -
քառահատոր բառարաններուն մէջ գտայ այս բառը, ուստի դիմեցէք ձեր ռուսախօս
բարեկամին գիտնալու համար, թէ ինչի՛ մասին է խօսքը( ու տարաբնոյթ ինտրիգների
(intrigues) մէջ են...«։
- Եւ այդ հակաէվոլիւցիա (counter-evolution) ապրող լեզուն ամեն օր
հեռուստաընկերութիւնները մատուցում են մեզ ու մեր երեխաներին։«

Սրտի ցաւով կը նշեմ այս տողերը, որ կ'երեւին այլապէս ինծի շատ սիրելի,
կարեւոր, ու Հայաստանի կեանքին մէջ կարեւոր դե՛ր խաղացած ու դեռեւս խաղացող,
այս շաբաթաթերթին մէջ։ Շատ կարեւոր է նաեւ յօդուածը, որ մտահոգութիւն կը
յայտնէ մեր լեզուի անփառունակ վիճակին մասին՝ մեր երկրին իսկ մէջ։ Այնտեղ կը
կարդանք. »Ամենուրեք՝ փողոցում, տանը, թէ դպրոցում, մեր երեխաների լեզուն
այլեւս Տէրեանի եւ Չարենցի լեզուն չէ, մեր մտաւորականութեան, մեր ինքնութեան ու
մեր գոյութիւնը երաշխաւորող լեզուն չէ։ Թւում է հայերէնը վարձով տրուել
է քրէական աշխարհին, ովքեր իրենց բնոյթին յատուկ դաժանութեամբ, փորձում են
խեղանդամել, տանջել ու դաւանափոխել լեզուն։«
Բացէք հայրենի մամուլի էջերը, սկսեալ »Երկիր«-էն, որ կ'ակնկալէինք, որ
ամենէն աւելի նախաձախնդիր պիտի ըլլար մեր լեզուի անաղարտ պահպանման
համար..., ու չէք հաւատար ձեր աչքերուն։ Հայերէնը սպունգ դարձած է, ու կը
ներծծէ որեւէ բառ որ լրագրողները օտար մամուլին մէջ կը տեսնեն ու ժամանակ չեն
տար բառարան բանալու ու անոր հայերէնը փնտռելու։

Հարցը այլեւս լեզուի հարց չէ. արժանապատիւ ինքնութի՛ւն ունենալու,
սեփական դէմք ու դիմագիծ պահելու հարց է, Սփիւռքի մէջ թէ Հայաստանի։
Հարցը դուրս կու գայ մեր՝ մտաւորականութեան, գրողներու, լեզուաբաններու,
նոյնիսկ կրթական ու մշակութային հաստատութիւններու ու կազմակերպութիւններու
ազդեցութեան սահմաններէն։
Հարցը շարունակութիւնն է Աղէտին, անոր ընդդիմանալո՛ւ, դիմադրելո՛ւ հարց
է։ Պետութեան, կուսակցութիւններուն ու ազգի ապագայով մտահոգ ղեկավարութեան
հարցն է, կամ գուցէ ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ ղեկավարութեա՛ն հարց է...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2011-12-19, -26 / 2012-01-02 )1694-1695/1696(
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝