Յայտարարութիւն

Thursday, December 8, 2011

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՆՀԱՏՈՅՑ ՄՈՒՐՀԱԿՆԵՐԸ ՅԻՇԵՑՆՈՂ ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ՄԸ. MY GRANDMOTHER’S TATTOOS

Պէյրութի մէջ ներկայ գտնուեցայ Սուզան Խարտալեանի պատրաստած վաւերագրական այս ժապաւէնին ցուցադրման: Սարգիս Մահսէրէճեանի վարի յօդուածին (արտատպուած Armenian Weekly էն) վրայ աւելցնելիք շատ բան չունիմ : Կոչս պիտի ըլլար պատկան բոլոր մարմիններուն հրաւիրել Սուզանը բոլոր գաղութները եւ իր ու իր ժապաւէնին միջոցաւ տեղացի հայ եւ մանաւանդ ոչ հայ հասարակութիւնը հաղորդակից դարձնել Հայ Դատին , այս անգամ նոր միջոցով մը , որ լաւագոյնս կրցած է հակաթուրք պայքարի զէնքի վերածել Սուզան Խարտալեան: Յարատեւութիւն կը մաղթենք Սուզանին:
Նշան Պասմաճեան - «Նշանակ»
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Յետ-Ցեղասպանութեան իրերայաջորդ հայ սերունդները հետեւեալ կրկնուող պատգամը ստացած են ու ցայսօր կը ստանան երէց սերունդի ներկայացուցիչներէն. սորվէ՛ մեր պատմութիւնը, իմացի՛ր մեր ժողովուրդի կտրած ճամբաներուն լաւ ու դառն երեսները եւ ուխտէ դառնալ Հայ Դատի զինուոր. երբ մեծնաս, փորձէ մեր իրաւունքներուն պաշտպանն ու տարածողը ըլլալ, աշխատէ անոնց իրականացման համար: Մեր Դատին պաշտանութեան համար, կան բազմաթիւ զէնքներ. հրացանն ու զինեալ պայքարը միայն մէկն են այդ միջոցներէն, կան նաեւ բազմաթիւ այլ միջոցներ, որոնք նմանապէս ազդու են մեր նոր աշխարհին մէջ…
Դիտելէ ետք Սուզան Խարտալեանի My Grandmother’s Tattoos վաւերագրական ժապաւէնը, եւ ծանօթ ըլլալով Սուզանին կտրած ճամբուն ու ասպարէզի բազմաթիւ հանգրուաններուն, ունեցայ այն զգացումը, թէ ան ալ վստահաբար իր պատանութեան ու երիտասարդութեան առաջին տարիներուն նման պատգամներ լսած է երէցներէն` ուսուցիչներէ, կուսակցական ղեկավարներէ ու մեր ազգային հարցերը երիտասարդ սերունդներու վստահողներէ, եւ իր ճամբան կերտած է ու կը կերտէ իբրեւ մեր Դատին հաւատարիմ մէկ զինուոր. տարիներ առաջ, ան առաւելաբար գրիչով կը մղէր իր պայքարը` պահանջատիրութեան մէջ վերընձիւղուած մեր երիտասարդութեան շարքերուն մէջ. վերջին տասնամեակներուն, գրիչին կողքին` ան ունի իր ոսպնեակ-զէնքը, զոր ի սպաս դրած է ոչ միայն մեր Դատին, այլ նաեւ համամարդկային հարցերու (ի շարս որոնց` պաղեստինցիներու դատին որոշ ծալքերուն): Ան իրազեկ դարձած է (եւ գործնապէս ալ կը թելադրէ), որ այսօրուան աշխարհին մէջ, լսատեսողական կալուածը ազդու զէնք է ու դատ հետապնդելու յարմար միջոց: Աւելին, անոր նորագոյն վաւերագրական ժապաւէնը, որուն իբրեւ հերոս ընտրած է իր մեծ մայրը, յաւելեալ վկայութիւն մը կու տայ, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ո՛չ միայն հայութիւնը յուզող-տագնապեցնող հարց է, այլ նաեւ համամարդկային ողբերգութիւն մը, որուն բոլոր ծալքերը չեն բացուած, իսկ իւրաքանչիւր ծալքի բացում, մանրամասնութեանց պեղում` ցոյց կու տայ այն հսկայական մուրհակը, որ դրուած է Թուրքիոյ պետութեան ու ժողովուրդին դիմաց, մուրհակ` որ կը մնայ անհատոյց, մուրհակ` որուն իրաւատէրն ենք մենք` բոլորս, այսինքն` ողջ հայութիւնս, Հայաստանէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագերը, նաեւ արդարութեան հետամուտ մարդկութիւնը:
***
“My Grandmother’s Tattoos” վաւերագրականը Նոյեմբերի վերջին օրերուն ու Դեկտեմբեր 1ին ցուցադրուեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի, Լոս Անճելըսի եւ Կլենտէյլի մէջ, արժանանալով ակնդիրներու գնահատանքին ու… հաղորդակցութեան:
Յուշագրական մեր գրականութիւնը, ինչպէս նաեւ յետ-Ցեղասպանութեան շրջանի վկայութեանց արձանագրութիւնները հարուստ են ողբերգական փաստագրումներով, որոնք Թուրքիոյ պետութիւնն ու անոր ժողովուրդին մեծ մասը կը գամեն ոճրագորներու ցանկին: Օտար դիւանագէտներու եւ ականատեսներու վկայութիւններն ալ լեռնաշղթաներ կը կազմեն ու փոխադարձաբար զիրար կը հաստատեն: Ըստ բաւականին` մանրամասնօրէն ծանօթ են այրերու բռնահաւաքին ու սպանդին ծալքերը, անպաշտպան ձգուած կիներու, մանուկներու եւ տարեցներու բռնագաղթը` դէպի սուրիական անապատներ, ճամբու վրայ իրագործուած բռնարարքներն ու նախճիրները, Տէր Զօրի շրջանին մէջ բիւրաւորներու սպանդը: Այդ բոլորին մէջ, յաճախ կը հանդիպինք վկայութիւններու, թէ հայ աղջիկներ ու կիներ մինչեւ իսկ անձնասպանութեան դիմած են գետ կամ անդունդ նետուելով, որպէսզի չիյնան թուրքին ճանկը: Արձանագրութիւններուն մէջ կը հանդիպինք նաեւ այն հաստատումներուն, թէ բազմաթիւ մանուկներ, մանկամարդուհիներ ու կիներ գերեվարուած են ու տարուած` թրքական կամ այլ կանանոցներ (իբրեւ մէկ ենթաբաժանումը Ցեղասպանութեան), բռնի կերպով կրօնափոխ դարձած են ու ծնունդ տուած` ոչ-հայ մանուկներու, սերունդներու: Սակայն թէ այդ բոլորը ինչպէ՞ս, ինչպիսի՞ մանրամասնութիւններով կատարուած են, ընդհանրապէս պահուած են թանձր քողի տակ, պատառիկներ միայն լոյս աշխարհին բերուած են, մանաւանդ երբ վերապրողներ ու փրկուածներ վերադարձուած են հայութեան գիրքը. այնուհետեւ, բացուած է ողբերգական “թատրոն“ին վերջին արարը, որ սակայն զարգացած է թաքնուած կերպով:
Ահաւասիկ այդ ողբերգութեան վարագոյրը բանալու, ընդհանրապէս ծածուկ պահուած, բայց այլապէս բոլորին ծանօթ, չարձանագրուած մանրամասնութիւններու բացայայտման ճիգ մըն է Սուզանին այս ժապաւէնը, ցկեանս ողբերգութիւն մը շարունակող մեծ մօր տիպարին շուրջ հիւսուած, մեծ մայր մը, որ միայն մէկն է բազմահազար ճակատագրակիցներէն:
Եթէ վաւերագրականին նիւթը պիտի խտացնենք քանի մը տողերու մէջ, կարելի է արձանագրել հետեւեալը. Ս. Խարտալեանի մեծ մայրը մէկն է առեւանգեալ հայուհիներէն, որոնք տարիներ շարունակ գերի պահուած են թուրքերու մօտ, առեւանգող ու բռնութեան ենթարկողը ապրող նահատակներուն դէմքերն ու ձեռքերը կիտած են թաչուածքներով, իբրեւ ապացոյց` տիրութեան, ինչպէս որ ագարակներու մէջ կենդանիներ որոշ նշաններով կը տաղուին` սեփականատիրութիւն ցոյց տալու համար… Այդ սերունդը ապրած է թուրքին դաժանութեան բոլոր հետեւանքները, հոգեպէս ու մարմնապէս ստրկացած ու լլկուած է, ստացած է անբուժելի վէրքեր: Շատեր մնացած են զիրենք “որդեգրած“ ընտանիքներու մէջ (վերջին տարիներուն, Թուրքիոյ մէջ այս ողբերգութեան կարգ մը ծալքերը սկսած են բացայայտուիլ` մեծ մօր մը կամ երէց հարազատի մը հայ ըլլալուն “վերայայտնութեամբ“): Ուրիշներ փրկուած են անձնական ճիգով կամ հայութեան ի գործ դրած փրկարար միջամտութիւններուն շնորհիւ, վերադարձած են իրենց ժողովուրդին գիրկը, սակայն դիմագրաւած են ողբերգութեան նորագոյն արարը. աւանդապահ հայ հասարակութիւնը ոչ-բարեացակամ վերաբերմունք ցոյց տուած է այդ զոհերուն հանդէպ, թուրքին կանանոցէն փրկուածը ընդհանրապէս նկատուած է անբարոյական, կիտուած ձեռքերն ու դէմքերը վերածուած են տարօրինակ խարանի:
Վերապրող նահատակ մեծ մայրիկի մը շուրջ հիւսուած “վէպ“ը, խորքին մէջ, մշակուած է հմտութեամբ ու վարպետութեամբ: Սուզան կը պատմէ, թէ մանկութեան ու պատանութեան, մեծ մայրիկը ճանչցած է իբրեւ անհանդուրժող, կռուազան, զգացական վերաբերմունք չցուցաբերող տարեց մը, որ վանողական էր ու քիչ մըն ալ վախ կ՛ազդէր ընտանիքի կրտսեր անդամներուն, բախումներ կ՛ունենար ամուսնոյն ու դրացիներու հետ: Անոր ձեռքերուն անջնջելի մնացած թաչուածքները այլապէս “վանողականութիւն“ մը թելադրած են: Յայտնապէս փորձ չէ կատարուած անոր հոգեվիճակէն ներս թափանցելու, մանաւանդ, որ ան, ճակատագրակիցներուն նման, անթափանցելի վարագոյրով մը ծածկած է իր ողբերգութիւնը, այդ օրերու ամօթի ու նուաստացած ըլլալու զգացումէն տարուած:
Տարիներ ետք, իր պրպտումներուն ընթացքին, հեղինակը Շուէտի արխիւներուն մէջ կատարած է ուշագրաւ գիւտ մը. լոյս աշխարհ վերադարձուցած է Թուրքիոյ տարբեր շրջաններէն փրկուած հայուհիներու մասին ստուար հաւաքածոյ մը, ուր պահուած լուսանկարներուն մէջ, բոլոր կիներն ալ իրենց դէմքերուն ունէին կիտուածքներ: Արխիւը լուսաւորած է Սուզանին միտքը, մեծ մօր ապրած ողբերգութեան մասին ծայր առած է ենթադրութիւններու շղթան, որ զինք տարած է Տէր Զօրի անապատները: Հոն (Ինչպէս կը ցուցադրուի ժապաւէնի մուտքին), ան ձեռքերով կը շօշափէ աւազներուն խառնուած աճիւններուն մնացորդը (Տէր Զօր այցելողներ գիտեն թէ ինչպիսի առատութիւն կը տիրէ այս իմաստով, շրջանի արաբներն ալ կը վկայեն այդ մասին), յետոյ, ձեռնարկած է այլ տեսակի պեղումի, որպէսզի արաբ պետեւիներէ, իր մօրմէն, մեծ մօր քրոջմէն ու երէց սերունդի այլ անդամներէ “որսայ“ չըսուած բայց այլապէս գիտակցուած ողբերգութեան մանրամասնութիւնները: Եւ ահա, ալեկոծող “գաղտնիքներու“ վերականգնումը թոռնիկին զգացումներու մէջ հիմնական շրջադարձութիւն մը կը ստեղծէ, մեծ մայրիկը կը դադրի վանողական տիպար ըլլալէ ու կը վերածուի նահատակի, զոհի, որուն հոգեվիճակին բացատրութիւնը ի յայտ կու գայ յետ մահու…: Խորքին մէջ, Սուզանին ապրած “հոգեփոխութիւնը“ ունի այլաբանական երես մը ու թելադրականութիւն մը. զայն պէտք չէ դիտել խղճի խայթ ունեցողի մակերեսով, այլ քաղաքական-ընկերաբանական խորքով. հոն կայ ընկերութեան կողմէ այդ օրերուն ընդունելի չնկատուած վերապրողներուն վիճակը ճիշդ ըմբռնելու թելադրանք մը (որ կրնայ ուշացած թուիլ), սակայն աւելի՛ կարեւորը` այդ մուրհակը իր ամբողջութեանը մէջ ըմբռնելով ու անոր տարողութիւնը գիտակցելով` իբրեւ պահանջատէր ներկայանալ Ցեղասպանին, որ կը շարունակէ ուրացման ու խուսափումի իր ընթացքը:

***
Ինչպէս նշեցինք, վաւերագրական այս գործը լուսարձակի տակ կը բերէ Ցեղասպանին կողմէ Հայ Կնոջ պարտադրուած դաժանութեանց մանրամասնութիւնները, իբրեւ մէկ երեսը` անհատոյց անարդարութեան ու մոռացութեան փորձերուն:
Ժապաւէնին ցուցադրութիւնը բարեբախտաբար տեղի չունեցաւ Ապրիլ 24ի օրերուն, այլապէս թելադրելով, որ մեր պահանջատիրութեան հետապնդումն ու անոր հիմքերուն որոնումը թուականի մը կապուած չեն, այլ ամէնօրեայ աշխատանք պահանջող ճիտի պարտք: Անիկա նաեւ յուշարար է, որ Ցեղասպանութիւնը միայն բառերու եւ սահմանափակումի ենթարկուած ողբերգութեան մը խտացումը չէ, այլ կան չբացուած ծալքեր, մոռացութեան մատնուող երեսներ, որոնք անբաժանելի մասնիկներն են մեր արդարատենչութեան հիմունքներուն. Ցեղասպանութեան ճանաչումի պահանջը ինքնանպատակ չէ, որովհետեւ այս ու նմանօրինակ ողբերգութիւններ կը սպասեն հսկայական հատուցումներու, որոնք նիւթական են ու բարոյական, հողային են ու մշակութային: Ահաւոր ոճիրին ու անոր “նրբերանգներուն“ մասին ո՛չ մէկ ուրացում կամ նսեմացման ճիգ կրնան հայութիւնը նահանջի մատնել արդարութիւնը հալածելո՛ւ իր իրաւունքին մէջ:
Իսկ Թուրքիոյ հետ “հին էջեր փակելու“ մտածողութիւնը ահաւասիկ կը գտնէ ահեղ յուշարար մը, թէ “հաշույարդար“ի համար ինչպիսի՛ նախադրեալներ կան, ոճրագործն ու իրաւազրկողը հայութեան ու մարդկութեան դատաստանին ենթարկելու ինչպիսի՛ հզօր զէնքեր ունինք մեր ձեռքին:
Սուզան Խարտալեանի մեծ մայրիկին, անոր ճակատագրակից բոլոր հայուհիներուն անջնջելի ողբերգութիւնները, միայն մէկ մասնիկը հայութեան-մարդկութեան վիճակուած ողբերգութեանց, կը կարօտին յաւելեալ պեղումի. այս առաքելութեան լծակից են մեր կարգ մը մտաւորականները` նոյնօրինակ ողբերգութեանց վրայ լոյս բերող իրենց հատորներով, իսկ այս աշխատանքները կրնան դառնալ պետակա՛ն պահանջատիրութեան համալրուող քաղաքականութեան յենարաններ:
Այս իմաստով ալ, այս վաւերագրականն ու նման նախաձեռնութիւններ կը կազմեն սառցալերան երեւցող գագաթը:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 5, 2011



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝