Յայտարարութիւն

Monday, January 30, 2012

20 ՔԱՅԼ, ՈՐՈՆՑՄՈՎ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԿՐՆԱՅ ԱՒԵԼԻՈՎ ՎԱՏԹԱՐԱՑՆԵԼ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԵՏ` ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐՔՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ

Թուրքիոյ ղեկավարները ամիսներ շարունակ կը սպառնային Ֆրանսայի հետ հաշուեյարդար տեսնել, եթէ Ֆրանսայի կառավարութիւնը ընդունի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:
Արհամարհելով Թուրքիոյ սպառնալիքները` Ֆրանսայի խորհրդարանը 2011 թուականի դեկտեմբեր 22-ին ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: Ծերակոյտը շարունակեց այդ գործընթացը 2012 թուականի յունուար 23-ին, եւ 7 ժամ տեւած քննարկման իբրեւ արդիւնք` ընդունեց օրինագիծը 127 կողմ եւ 86 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ: Նոր օրէնքը, զոր շուտով պէտք է ստորագրէ նախագահ Սարքոզի, կը նախատեսէ մէկ տարուան բանտարկութիւն եւ 60,000 տոլարի համազօր տուգանք Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն համար: Ֆրանսայի բոլոր ծերակուտականները, նոյնիսկ անոնք, որոնք դէմ էին օրինագիծին, նշեցին, թէ ոչ մէկ կասկած ունէին Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ:
Հասած է ճշմարտութեան ժամը: Հետաքրքրական է, թէ արդեօք Թուրքիոյ ղեկավարները պիտի ունենա՞ն խիզախութիւնը իրենց ամպագորգոռ յայտարարութիւնները իրականացնելու: Կը փափաքինք անոնց երկու հարց ուղղել.
1) Դուք միայն խօսողնե՞ր էք եւ ո՞չ` գործողներ, կամ, ինչպէս կ՛ըսուի` հաջան շունը կծան չ՛ըլլար:
2) Արդեօք կարճաժամկէտ միջոցներու կը ձեռնարկէք պարզապէս ձեր դէ՞մքը փրկելու համար, թէ՞ աւելի վճռական քայլերու պիտի դիմէք:
Ի տարբերութիւն մէկ ամիս առաջուան, Թուրքիոյ հասարակութիւնը այլեւս պիտի չբաւարարուի դեսպանին յետկանչովը, ապա` ընդամէնը երկու շաբաթ ետք դարձեալ ուղարկուելու համար: Թուրքերը նաեւ կրնան շատ տպաւորուած չըլլալ վարչապետ Էրտողանի այն յայտարարութեամբ, թէ ալ բնաւ պիտի չայցելէ Փարիզ:
Մինչ թուրք պաշտօնատարները կը սթափին Ֆրանսայի քուէարկութեան հարուածէն, կը փափաքինք քանի մը նշումներ ընել այն մասին, թէ ինչպէ՛ս թուրքերը կրնան առաւել վատթարացնել արդէն իսկ վատ իրավիճակը: Կատաղութենէն Թուրքիոյ կառավարութիւնը կրնայ ձեռնարկել հակադարձ քայլերու, ոչ միայն Ֆրանսայի, այլեւ բոլոր այն երկիրներուն դէմ, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Նման ծայրայեղ, անտրամաբանական եւ ինքնավնաս գործունէութիւններ կրնան միայն նպաստել Թուրքիոյ մեկուսացման եւ վնասել անոր սեփական շահերու: Ստորեւ` կարգ մը առաջարկներ, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիան կրնայ հաշիւները մաքրել Ֆրանսայի եւ հնարաւոր այլ հակառակորդներու հետ.
1) Ետ կանչել Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը եւ զայն դարձեալ չուղարկել, մինչեւ որ Ֆրանսա չեղեալ յայտարարէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ու նոր ընդունուած օրինագիծը:
2) Վտարել Ֆրանսայի դեսպանը Թուրքիայէն եւ փակել ֆրանսական դեսպանատունը:
3) Խզել տնտեսական, ռազմական, մշակութային եւ քաղաքական բոլոր յարաբերութիւնները Ֆրանսայի հետ:
4) Հաւաքել ֆրանսական բոլոր արտադրութիւնները, ինչպիսիքն են տուրմերն ու գինիները, Թուրքիոյ բոլոր խանութներէն եւ զանոնք նետել աղբը, ինչպէս նաեւ` արգիլել «Ֆրենչ Ֆրայզ»-ը եւ «Ֆրանսական համբոյր»-ը…
5) Չեղեալ յայտարարել թրքական թռիչքներուն չուերթը դէպի ֆրանսական քաղաքներ եւ չարտօնել «Էր Ֆրանս»-ի օդանաւերուն մուտքը Թուրքիա: Կիրարկել նմանատիպ սահմանափակումներ նաեւ ֆրանսական նաւերուն նկատմամբ:
6) Արգիլել թրքական դպրոցներու մէջ ֆրանսերէն լեզուի դասաւանդումը եւ փակել Թուրքիոյ մէջ գործող ֆրանսական անձնական դպրոցները:
7) Արգիլել ֆրանսական ելեկտրոնային բոլոր կայքերու օգտագործումը:
Դադրեցնել Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) անդամակցելու միտող Թուրքիոյ ջանքերը, որովհետեւ ԵՄ-ի անդամ 26 պետութիւնները կրնան ընդունիլ նոյնանման օրինագիծեր` Ցեղասպանութիւնը հերքելու մասին:
9) Դուրս գալ Եւրոխորհուրդի կազմէն, քանի որ Եւրոպական խորհրդարանը 1987-ին ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
10) Դուրս գալ Միացեալ ազգերու կազմակերպութենէն (ՄԱԿ), որովհետեւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովը 1985-ին ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին զեկոյց մը:
11) Արգիլել Թուրքիոյ պաշտօնատարներուն Ֆրանսա այցելել:
12) Թուրքիայէն վտարել Ֆրանսայի բոլոր քաղաքացիները եւ պահանջել, որ թուրքերը անմիջապէս հեռանան Ֆրանսայի տարածքէն:
13) Չարտօնել ֆրանսացի զբօսաշրջիկներու եւ գործարարներու մուտքը Թուրքիա:
14) Փակել Թուրքիոյ մէջ ֆրանսական ինքնաշարժներու գործարանները, ինչի պատճառով հազարաւոր թուրք աշխատողներ գործազուրկ պիտի ըլլան:
15) Թուրքիոյ մէջ բոլոր ֆրանսական փողոցները վերանուանել ալճերիական եւ հիւսիս-քորէական անուններով:
16) Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ որոշում ընդունիլ` Ալճերիոյ «ցեղասպանութեան» համար Ֆրանսան մեղադրելու մասին:
17) Վտարել Թուրքիա աշխատող անօրէն բոլոր հայաստանցիները: Զրկել զանոնք սնունդէ եւ ջուրէ` Պոլիսէն դէպի Հայաստան, կամ, աւելի վատը, դէպի սուրիական անապատներ անոնց տեղահանութեան ընթացքին:
18) Ֆրանսական դրամատուներէն վերցնել Թուրքիոյ սեփական եւ պետական բոլոր ֆինանսական միջոցները:
19) Սեւ ցանկի վրայ դնել Թուրքիոյ մէջ ֆրանսական բոլոր գիրքերը, ժապաւէնները, թերթերը եւ պատկերասփիւռային ծրագիրները:
20) Ձերբակալել Ֆրանսայի քաղաքացիներ Թուրքիոյ մէջ` ի պատասխան Հայոց ցեղասպանութեան հերքման համար Ֆրանսայի մէջ ձերբակալուած թուրքերուն:
Ֆրանսայի Ծերակոյտին որոշումը մէկ մասն է այն բարձր գինին, զոր Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը վճարէ` անցած 100 տարիներուն ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան մնայուն ուրացման եւ օսմանեան նախնիներուն կողմէ իրականացուած դաժան յանցագործութիւններուն համար:
Քանի տակաւին Թուրքիան չէ ճանչցած իր մեղքը եւ չէ վերադարձուցած հայկական հողերն ու կալուածները Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն, պիտի շարունակէ դիմագրաւել այլ երկիրներու լուրջ մարտահրաւէրները եւ պիտի զրկուի քաղաքակիրթ ազգերու ընտանիքին մէջ դասուելէ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝