Յայտարարութիւն

Monday, January 9, 2012

ՃԻՆԻՇԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿ 45 ԱՄԵԱԿ (1966-2011)

Հայ Աւետ Էմմանուէլ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեանի խմբագրութեւմբ 12 տրաիէ իվեր կը հրատարակուի Շող ամսաթերթը: Վերապատուելին այսօր ուղարկած էր ինծի 144 րդ թիւը՝ Դեկտեմբեր 2011: Ի միջի այլ հետաքրքրական գրութեանց աչքիս զարկաւ Գարակէօզեան եւ Ճինիշեան հաստատութեւնց մասին գրութիւնները առաջինին իննիսուներորդ իսկ երկրորդին 45 րդ տարեդարձներուն առիթով: Մեզմէ շատեր քիչ բան գիտեն երկու հաստատութեանց մասին: Տրուած ըլլալով որ թերթը կը հրատարակուի Սուրիոյ մէջ այս հաստատութեանց մասին վկայութիւնները անոնց Սուրիոյ մէջ տարածած գործունէութեան մասին է միայն եւ զանց առնուած է Մերձաւոր Արեւելեան այլ շրջաններու մէջ անոնց ծաւալած գործունէութիւնը: Իրենց շահեկանութեան համար Նշանակի երէկուան թիւով հրապարակեցինք Գարակէօզեանի մասին ամսաթերթէն մեր քաղած տեղեկութիւնը իսկ այսօրուան թիւով կը հրապարակենք Ճինիշեան հաստատութեան մասին մեր արտատպումները, ինչպէս խոստացած էինք նախօրօք:
ՆՊ
»««»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկը հիմնուած է 1966 ին , Վարդան Ճինիշեանի կտակով եւ իր մահէն անմիջապէս ետք:

Ո՞վ էր Վարդան Ճինիշեան .- Ծնած է 25 Մայիս 1870ին Մարաշի մէջ, Հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ Հովիւ ՝ Վեր. Եւ Տիկին Յարութիւն եւ Կատարինէ Ճինիշեաններու ընտանիքիի յարկին տակ:
Վարդան Ճինիշեան Պսակաւոր Արուեստից վկայական կը ստանայ Պոլսոյ «Ռոպըրթ Գոլէճ»էն 1890ին, բարձր գնահատանքով, նաեւ կը յաճախէ Մարզաւանի «Հրիադօլիա Գոլէճ» ուրկէ կը ստանայ երկրորդ պսակաւոր արուեստից վկայականը:

Իր ուսումը աւարտելէ ետք կը տեղափոխուի Նիւ Եորք եւ կը զբաղի անգլերէն լեզուի դասաւանդութեամբ, սակայն ուսուցչական ասպարէզը իր անձին անյարմար նկատելով կը հրաժարի անկէ: Ապա Գարակէօզեան ընտանիքի գորգագործութեան գործարանին մէջ կը ստանձնէ բարձր պաշտօն մը , քիչ ժամանակի ընթացքին դառնալով այդ հաստատութեան գործընկերներէն մին: Ծայրայեղ խնայասէր եւ սրամիտ մարդ՝ կը տիրանայ մեծագումար հարստութեան եւ կ'ունենայ իր անձնական արեւելեան որակաւոր գորգերու հաւաքածոն ու կը զբաղի գորգավաճառութեամբ, դառնալով Միացեալ Նահանգներու մեծատուն առեւտրականներէն մին:
Ճինիշեան հոգեւոր արժէքներու բարձր գնահատանք եւ հիացում ունեցող անձ մըն էր: Ան շփում կարողացած էր հաստատել մեծ մտքերու հետ , ընթերցասէր էր եւ մտաւորական արժէք : Բարեկամութեան մէջ ան անշահախնդիր մարդ էր իսկ բարեսիրական նպատակներու համար առատաձեռն էր իր յատուկ սկզբունքներով:

1940ին կ'որոշէ հանգստեան կոչուիլ . իր գութն ու բարեսրտութիւնը զինք կ'ուղղեն բարեսիրական գործին: Իրեն մտերիմ Միհրան Գարակէօզեանի ֆոնտին իր բաժինը կը բերէ որպէս Անանուն Բարերարի , որ ծառայութիւններ կը մատուցէր Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի հայ կարիքաւոր գաղթական այրիներուն եւ որբերուն:

Վարդան Ճինիշեան իր վերջին տարիները կ'անցնէ խնամատարական հանգստեան տան մէջ եւ կը վայելէ հարկաւոր հոգատարութիւն, ուր կը մահանայ 30 Յուլիս1966ին Նիւ Ճըրզիի մէջ:

Մահէն անմիջապէս ետք եւ համաձայն իր կտակին՝ Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկը կը հիմնուի 1966ին :Ըստ կտակին, հիմնադրամ կը սահմանուի յաւերժացնելու յիշատակը կտակարարի ծնողներուն: Սոյն հիմնադրամը կը մատակարարուի Մ.նահանգներու Երիցական Եկեղեցւոյ կողմէ:

Հալէպի Կեդրոնը կը հիմնուի 1967ին, որուն խնամատարական սկզբնական նախաձեռնութիւններէն կ'ըլլան մանկամսուրի մը հաստատումն ու հայկական վարժարաններու աշակերտութեանց տաք ճաշի մատակարարումը:

Կտակին հիմնական նպատակը կ'ըլլայ օգնել տարբեր հողամասերու վրայ ապրող կարիքաւոր հայորդիներու առանց համայնքային խտրութեան, զանոնք դուրս բերելու համար չքաւորութենէ եւ յուսալքումէ եւ զանոնք առաջնորդելով դէպի ինքնաբաւ եւ յուսալից կեանք, ընծայելով նիւթական նպաստ, բարոյական օժանդակութիւն եւ բարգաւաճման ծրագիրներու իրագործման պատեհութիւն:

Հալէպէն դուրս երկու մասնաճիւղեր կը գործեն Սուրիոյ տարածքին. Տամասկոսի մէջ ՝ 1971էն ի վեր եւ Գամիշլիի մէջ՝ 1978էն ի վեր: Ներկայիս Կեդրոնի գործունէութիւնը ծաւալած է յատկապէս առողջապահական, խնամատարական, փոխատուութեան, նիւթական օժանտակութեանց , վերաբնակեցման եւ ընկերային ծառայութեանց մարզերէն ներս:


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝