Յայտարարութիւն

Sunday, January 1, 2012

ԹՌԻՉՔ ԱՌ ԵՐԵՒԱՆ - ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

24 Նոյեմբեր 2007ի երեկոյեան կը հասնիմ Երեւան։ Անձնական նախաձեռնութեամբ։ Վայր մը, ուր վերջին անգամ եղած էի 1998ի ամրան, իբրեւ զբօսաշրջիկ։ Հիմա քաղաք մուտք կը գործեմ տարբեր ծրագիրով. տարի մը առաջ Երեւան հրատարակուած երախայրիքիս՝ «Եզերք» բանաստեղծական հատորիս տէր կանգնելու, զայն որբութեան ճիրաններէն ազատելու յստակ նպատակով։ Ինը տարի եւ երկու ամիս կÿընէ, որ չեմ եղած Հայաստան։ Իսկ այդ ժամանակահատուածը ինծի համար անսպասելի թափառումներու, կորուստներու, վայրէջքներու եւ մնայուն կերպով անծանօթին զարնուելու փորձաքար հանդիսացաւ։ Գիրքս նաեւ պատումն է կեանքիս հոլովոյթին։ Հօրէ մօրէ որբ եմ նաեւ։ 2007ի ամրան կորսնցուցի միակ ողջ ծնողս՝ մայրս։ Հայրս արդէն հի՜ն յիշատակի մը պէս աղօտած ներկայութիւն է իմ մտապատկերիս մէջ։ Մնացած միակ իրականութիւնս գիրքս է հիմա եւ ես հեղինակային իրաւունքով կը մտնեմ Երեւան, մինուճար հատորիս տիրութիւն ընելու, այլեւ միակ սէրս, միակ ձեռքբերումս, միակ հրճուանքս առաջին հերթին հայրենի ժողովուրդին հետ կիսելու երջանիկ համոզումով։
Գրեթէ տասը տարի կÿընէ նաեւ, որ բոլոր կապերս խզուած են հայրենիքի մէջ ապրող դասընկերներուս թէ ծանօթներուս հետ։ Բնաւ գաղափար չունիմ, թէ ո՞ւր են հին ընկեր-ընկերուհիներս. երեւանցի եւ ղարաբաղցի դասընկերներս, անոնց ծնողները, եւ այլն։ Հին լուրեր կան միայն հոսկէ-հոնկէ ստացուած։ Ո՛չ հեռաձայնի թիւ մը, ո՛չ օրինաւոր հասցէ մը։ Ինչ որ ունիմ՝ պաշտօնական կառոյցներու տեղեկութիւններն են, քաղուած՝ համացանցէն։ Բայց նաեւ սանկ, խորհրդաւոր անորոշութիւն մը, միստիք ուժ մըն է կարծես, որ իմ քայլերս կÿառաջնորդէ դէպի անկանխատեսելի անակնկալներ։ Ու ես այնքա՜ն ինքնակամօրէն տրուած եմ այդ ներքին թելադրանքին, տակաւին Գանատայէն դուրս չեկած, որ նոյնիսկ յստակօրէն չեմ գիտեր, թէ ո՛ւր պիտի իջեւանիմ։ Մէկ խօսքով՝ ամէն բան ձգեր եմ բախտին, թէեւ մեծ է տրամադրութիւնս՝ Հայաստան քանի մը ամիս մնալու, աշխատելու (եթէ գործ ճարուի), նախագահական ընտրութիւններու պատմական օրերու մթնոլորտին հաղորդուելու եւ քաղաքացիին առօրեային մասնակցելու։ Արցախն ալ ունիմ այցելութիւններու օրակարգիս վրայ։ Այս անգամ աւելի երկար մնալու տրամադրութեամբ։ Այս հոգեվիճակով է, որ դուրս կու գամ Գանատայէն` «Աստուած կÿօգնէ, զիս մէջտեղ չի ձգեր» նախադասութիւնը անդադար դարձնելով ուղեղիս մէջ։
Եւ իրապէ՛ս Աստուած օգնեց։ Գանատայի օդակայանը կը հանդիպիմ ընկերոջ մը, որ Երեւան կÿերթայ` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի հրաւիրած ժողովին մասնակցելու։ Շունչ մը կÿառնեմ։ Կը հասնինք Փարիզ։ Դուրս ելլել չեմ կրնար։ Օդակայանը 5-6 ժամ մնալէ ետք երբ ժամը կը հասնի դէպի Երեւան թռիչքին, ընկերը դարձեալ կը յայտնուի, այս անգամ աւելի հանգամանաւոր ընկերոջ մը ընկերակցութեամբ, որ Փարիզէն կը միանայ մեզի։ Աւելի լայն կը շնչեմ։ Չորս ժամ ետք՝ Երեւանի օդակայանն ենք։ Միասին դուրս կÿելլենք եւ մինչեւ «Անի» պանդոկ ընկերները զիս կը տանին իրենց հետ։ Արդէն իրիկուան ժամը տասն է, սուրճ մը, եւ կը սկսի մտմտուքս՝ «ո՞ւր պիտի գիշերեմ»։ Մեզ պանդոկ հասցնող ընկերը կու տայ Նիկոլ-Զապէլի «Բարեւ-տուն» պանդոկին անունը։ Այգեստան։ «Բարեւ-տուն», ի՜նչ հոյակապ անուն, յատկապէս մէջտեղ մնացողիս համար։ «Անի» հիւրանոց մնալու մասին անգամ չեմ կրնար մտածել։ Այդքան պիւտճէ չունիմ, որ կարենամ ծախսին տակէն ելլել, մանաւանդ որ երկար մնալ ծրագրած եմ. կÿուզեմ մինչեւ Մայիս Հայաստան մնալ. փափաքս այս է, իսկ մտասեւեռումս՝ Գանատայի ծանր ձմեռէն երկար ժամանակով փախուստ տալն է. ձմեռ մը, որ չեմ գիտեր ինչո՛ւ այսքան խիստ ահազանգ սկսած էր հնչեցնել մէջս, տակաւին Նոյեմբերի առաջին իսկ օրերէն...
«Բարե՜ւ-տո՜ւն...», կը կրկնեմ մտովի եւ կը զգամ, որ հրճուանքի պէս բան մը կը խաղայ մէջս։ Այգեստանը այդ նոյն վայրն է, ուր ես իբրեւ ուսանող տուն վարձած էի 1993 թուականին։ Այսքան ալ հաճելի զուգադիպութի՞ւն։ Թէեւ համացանցէն տեղեկացած էի այս պանդոկի գոյութեան, բայց չէի կապուած՝ սենեակ մը ապահովելու համար։ Խորհրդաւորութիւնը չէր ձգած որ այդ մէկը ընէի։ Պէտք է անորոշ ըլլար ամէն բան եւ յանկարծակի լուծումներ գային։ Ա՛յս էր որ կը սպասէի այս ճամբորդութենէն։ Քանի որ դէպի Հայաստան այս թռիչքս նաեւ ճակատագրական իմաստ ունէր ինծի համար։ Հոնկէ պիտի սկսէր իմ կեանքիս իրական փոփոխութիւնը, նոր մկրտութեան պէս բան մը պիտի ըլլար այս անգամ Հայաստանը ինծի համար։ Ու ես այդ հաւատքով ելած էի ճամբայ։ Չարը պէտք էր խափանուէր ու բարիին դարաշրջանը բացուէր կեանքիս մէջ։ Այլապէս ի՞նչ կÿարժէր կեանքս, եթէ նոյն ձեւով պիտի շարունակուէր՝ աննպատակ ու անհայրենիք։ Եւ այնպէս, ինչպէս պատերազմին նախորդող գիշերը քաջերը կը հաղորդուին յանուն հայրենիքի նահատակութեան նշխարով, ես ալ հայրենի եզերք կը թռչիմ՝ կեանքիս հունն ու իմաստը վերագտնելու միակ մտասեւեռումով։ Գիրքս է գլխաւոր դրդապատճառը, այո՛, բայց ես ունիմ լեցնելիք բացեր՝ սէրերու եւ հոգեկան աղաղակող պահանջներու, իմաստի ու նպատակի վերաթարմացման առումներով։ Ու այդ բոլորին մեկնակէտը կը հանդիսանայ հայրենի եզերքը։

*
* *
Բարե՜ւ, տո՛ւն...
Աղջամուղջին կÿարթննամ. քունս կը փախչի։ Հայաստա՛ն եմ արդէն. եւ ուրախութիւնը զիս դուրս կը բերէ անկողինէս. կամացուկ մը կը բանամ սենեակիս դուռը. մաքուր օդ կÿուզեմ շնչել։ Կիսամութ, խոնաւ այգաբացը անասելի սարսուռներ կը ստեղծէ մարմնիս վրայ։ Ձիւնած է։ Կÿուզեմ մսիլ, հովին անցքը զգալ մարմնիս վրայէն, կÿուզեմ աղաղակել, խօսիլ, գրել, պատմել, աշխարհին հասկցնել, թէ ո՜ղջ եմ արդէն ու մահուան ուրուականը ի սպառ պարտուա՛ծ, որովհետեւ առասպելական հսկայի մը պէս աչքիս առաջ կը տեսնեմ Մայր Հայաստանի այնքա՜ն խօսուն արձանը՝ կանգնած Յաղթանակի այգիին մէջ, հոն, դիմացս, կիսամութ մթնոլորտի մը բոլոր վիպական տարրերովը, արձան մը, որ իր գաղափարական կերտուածքին ընդմէջէն որբութիւնս կը լեցնէ յաւիտենական տիրութեան ամէնէն համբուրելի ապրումներով...
Կարծես նոր մահացած մա՜յրս կը վերագտնեմ, տարտղնուած հարազատներուս շո՛ւնչը կը զգամ, եւ պատկանելութիւնս կը վերամկրտուի նորոգ հաւատքո՜վ...
Մտքով կը ձուլուիմ արձանին էութեան մէջ եւ կը բռնեմ ձեռքին թուրը նոյնքա՛ն վճռական, եւ ահա՛ Մտածումը իր առագաստները կը բանայ հայրենի այգին առաջին շողերուն հետ. «Ա՛յս է մեր եզերքը, հայութեան վախճանակէտը, մեզ տուն կանչող միակ փարոսը, մեր Մայր Հայաստա՜նը»...


8 Մարտ, 2008

Երեւան-Մոնթրէալ












«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝