Յայտարարութիւն

Thursday, January 5, 2012

ԿԱՂԱՆԴԻ ՈԳԻՆ - Օշին Էլակէօզ

Նոր տարուայ երեկոյ էր, Արագած լերան հարաւարեւելեան կողմը, Քասաղ գետի ափին գտնուող Աշտարակի մէջ ժողովուրդը ամանորը տօնելու կը պատրաստուէր:Քաղաքը բոլորովին ծածկուած էր ձիւնով ու մարը մտնող արեւուն տարածած վերջին շողերը անուշ բոսոր գոյնով մը ներկած էին քաղաքի արուարձանները: Հեռուէն Սուրբ Մարիանէի եկեղեցիին զանգակատունէն արձակուած ղօղանջները խորհրդաւոր մթնոլորտ մը կը ստեղծէին: Ժողովուրդը աճապարանքով տուն կը վերադառնար գիշերուան պատրաստութիւն տեսնելու համար իսկ երեխաները յամոյրներու նման ձախ ու աջ կը ցատկռտէին:Ամէն մարդ ուրախ էր, քանի մը ժամ վերջ ամանորը պիտի տօնէին իրենց հարազատներուն հետ:

Դիմացի մայթէն նուէրներու տուփերով բեռնաւորուած,բարեկեցիկ մարդու կերպարանքով անձ մը արագ քայլերով կը փութար տուն:Յանկարծ անկիւնէն փոքրիկ երեխայ մը վազելով դուրս ելաւ ու մարդուն զարնուեցաւ ու բոլոր տուփերը տապալեց:Մարդը զայրացած սկսաւ յանդիմանել երեխան:

-Ի՞նչ կ'ընես սրիկայ, ինչու՞ համար առջեւդ չես նայիր:

Աղքատիկ հագուստներ հագած տղեկը առանց մարդուն յանդիմանութեան կարեւորութիւն տալու ,գետին ծռած ՝ բան մը կը փնտռէր:Մարդը երեխային այս անտարբերութիւնը տեսնելով ալ աւելի ջղայնացաւ ու սկսաւ յանդիմանել.

-Անուշադիր ես բայց միաժամանակ անկիրթ ալ ես ,որովհետեւ ըսածիս ալ կարեւորութիւն չես տար: Ո՞վ ես դուն ,անունդ ի՞նչ է, ի՞նչ կը փնտռես :

-Անունս Քերովբէ է պարոն :Կաղանդի ոգին կը փնտռեմ , որովհետեւ զայն կորսնցուցի:Պատասխանեց երեխան :

Մարդը շուարած ստացած պատասխանէն կմկմալով հարցուց:

-Ի՞նչ... կաղանդի ոգի՞: Ատ ալ ի՞նչ է որ:

-Չէ՞ք գիտէր թէ ինչ է կաղանդի ոգին պարոն:Զարմանայի, բան: Չէ՞ որ մեծերդ ամէն բան շատ լաւ գիտէք...:

-Հարկաւ թէ գիտեմ ինչ է կաղանդի ոգին:Չե՞ս տեսներ գնած նուէրներս:Տանս մէջ քաղաքին ամենամեծ կաղանդի ծառը ունիմ:Վրան հազարներով լոյսեր կան եւ շատ թանկագին զարդերով զարդարուած է:

Տղան արհամարհանքով նայեցաւ մարդուն ու ըսաւ:

-Կարծեմ թէ դուք ալ կորսնցուցեր էք կաղանդի ոգին, լաւ կըլլայ որ ժամ առաջ զայն փնտռելու սկսիք:

Մարդը զայրացած փոքրիկ տղուն այս համարձակ յայտարարութենէն, գետնէն հաւաքեց նուէրի տուփերը ու իր տանը ճամբան բռնեց:Հազիւ քանի մը քայլ հեռացած էր, լսեց որ տղեկը սաստիկ կը հազար:Ետեւ նայեցաւ ու տեսաւ որ զօրաւոր հովը չէր արտօներ որ տղան շարունակէր իր ճամբան ու հովին հետ խառնուած ձիւնը կը մտրակէր տղուն տկար մարմինը:Մարդը տեսնելով այս բոլորը գթաց տղուն եւ ձեռքի նուէրները գետին ձգելով վերադարձաւ , հանեց իր թանկագին ու հաստ վերարկուն եւ անով լաւ մը փաթթեց տղան որպէսզի պատսպարուէր ցուրտէն ու ձիւնէն, ապա ըսաւ անոր.

-Հետս եկուր, քեզ իմ տաքուկ տունս տանիմ: Եւ իր գիրկը առնելով փոքրիկ Քերովբէն ուղղուեցաւ դէպի տուն:Մարդը փորձեց գետնէն նուէրներն ալ առնել բայց դժուարանով բոլորը միասին կրել, ստիպուեցաւ նուէրները ձգել ու շարունակել իր ճամբան:
Մարդուն տունը գիւղաքաղաքէն քիչ մը դուրս, ծիրանի պարտէզի մը մէջ գտնուող շքեղ տուն մըն էր :Երբ հասան տուն, երկուքն ալ յոգնած էին:Մարդը փոքրիկ տղան վառարանին դիմացի բազկաթոռին վրայ դրաւ ու խոհանոց երթալով տաք թէյի , պանիր հացի ափսէ մը պատրաստեց ու բերաւ դրաւ փոքրիկ Քերովբէին գիրկը, որպէսզի անօթի ու մսած տղեկը փորը կշտացնելով կազդուրուի եւ տաք թէյը խմելով տաքնայ: Յետոյ իր քովը նստելով սկսաւ իրէն պատմել թէ տարինե ՜ր առաջ երբ ինքն ալ իր պէս փոքրիկ երեխայ մըն էր, ինչպէս անհամբերութեամբ կաղանդ պապուկը կը սպասէր շրջապատուած իր հարազատներով :

Քիչ վերջ, իրենց յոգնութենէն ու վառարանին պատճառած տաքութեան իբր հետեւանք՝ բազկաթոռին վրայ իրար փաթթուած քնացան :

Յաջորդ առաւօտ մարդը արթնցաւ Սուրբ Մարիանէի եկեղեցիի զանգակներուն ղօղանջով : Փոքրիկ Քերովբէն տունը չէր: Նշմարեց կաղանդի ծառին վրայ կախուած փայտէ, պարզ, ձեռքով քանդակուած հրեշտակը, որուն վրայ թուղթի կտոր մը փակցուած էր:Մարդը առաւ հրեշտակը ու թուղթը բանալով կարդաց:

Շնորհակալութիւն պարոն
Դուն զիս հիւրասիրեցիր ու զիս մտիկ ըրիր,
Մինչ օրս ոչ ոք զիս մտիկ ըրած էր .
Դուն գտար կաղանդի ոգին
Ի՞նչ կարեւորութիւն ունին թանկարժէք խաղալիքները, հարստութիւնը
Եթէ գաւաթ մը տաք թէյ խմող,պատառ մը հաց ու պանիր ուտող բարեկամ մը չունիս :
Սիրով՝
Քերովբէ

Մարդը նախ գնաց ու ներկայ գտնուեցաւ Սուրբ Պատարագին:Յետոյ այցելեց քաղաքին որբանոցը, ու հոն գտնուող բոլոր որբերը առնելով իր տունը տարաւ, ուր անոնց համար պատրաստուած էր հոյակապ սեղան մը, լի ամէն տեսակ անուշեղէններով,կարկանդակներով ,պտուղներով,զովացուցիչ ըմպելիքներով ու շատ համով այլ ուտեստեղէններով:Յետոյ հսկայ կաղանդի ծառին տակը գտնուող թանկագին նուէրներուն բոլորն ալ բաժնեց տղոց, իրէն պահելով միայն փոքրիկ Քերովբէի կողմէ ծառին վրայ դրուած տախտակէ հրեշտակը , որ իր բոլոր կեանքի տեւողութեան պահեց գրպանին մէջ :

Օշին Էլակէօզ

Պոլիս 9 Դեկտեմբեր 2011






«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝