Յայտարարութիւն

Monday, January 9, 2012

ՏԽՐՈՒՆԻ




Ցաւով կը գուժենք մահը մեր հարազատ ընկերոջ, վաստակաւոր Դաշնակցական գործիչին, մտաւորականին , ուսուցիչին եւ Ազգային Գաւառական ու Քաղաքական Ժողովներու պատասխանատու անդամին ՝

ՅՈՎՍԷՓ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՂԱԶԱՐԵԱՆԻ
Ծնեալ Քեսապ

մահը,որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 9 Յունուարին՝ Հալէպի մէջ քաղցկեղի հետեւանքով:
Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի 10 Յունուարին , Հալէպի մէջ:
Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները՝ Յովսէփի տիկնոջ, զաւակներուն, ծնողաց , եղբայրներուն եւ քոյրերուն, Քեսապի Ուսումնասիրաց Վարժարանի եւ Միութեան հոգաբարձութեանց, Ազգային Գաւառական եւ Քաղաքական Ժողովներուն , Դաշնակցական մեծ ընտանիքին եւ իր բոլոր հարազատներուն եւ ընկերներուն:
«ՆՇԱՆԱԿ»



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝