Յայտարարութիւն

Thursday, January 19, 2012

Իրապէս վերջ կ'ունենա՞ն...ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ

Մարդու կողմէ մարդու շահագործումը, դարերու խորքերէն մեզի իբր
ժառանգութիւն հասած՝ կը շարունակուի։ Կ'անդրադառնա՞նք արդեօք այս
իրողութեան, ու կը փորձե՞նք մենք մեզ ճիշդ տեղադրել - շահագործողներո՞ւն
թէ շահագործուողներուն մաս կը կազմենք...

Երկու ուշագրաւ յօդուածներ մեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրեն այս հարցին
վրայ, երկու տարբեր թերթերու կողմէ՝ տարբեր ցամաքամասերու վրայ
հրատարակուող, երկու տարբեր լեզուներով՝ տարբեր մշակոյթներու եւ
հաւաքականութիւններու մէջ։ Եւ տարբեր դիտանկիւններէ գրուած։
Առաջինը՝ Freedom can look a lot like oppression )»Ազատութիւնը կրնայ շատ
նմանիլ հարստահարման«(, ստորագրուած George Monblot –ի կողմէ, Լոնտոնի The
Guardian Weekly շաբաթաթերթի 30 դեկտեմբեր 2011-ի թիւին մէջ, երկրորդը՝ L'exces
suit l'exces )»Չափազանցութիւն չափազանցութեան ետեւէ«, կամ թերեւս՝
»Զեխութիւն զեխութեան ետեւէ«(՝ Serge Truffaut–ի կողմէ, Մոնթրէալի Le Devoir
օրաթերթի 4 Յունուար 2012-ի թիւին։

Առաջին ակնարկով, ընթերցողը կը գտնուի երկու տարբեր նիւթերու դէմ
յանդիման, սակայն երկուքն ալ կարդալէ ետք կ'անդրադառնայ, որ նոյն հարցին երկու
տարբեր երեսներու մասին է, որ կը գրեն այս հրապարակագիրները։ Հետաքրքրականը
անոնց գրեթէ միաժամանակ հրատարակութիւնն է, ձեւով մը զիրար ամբողջացնելով
կարծէք։

Ի՞նչ կ'ըսեն այս լուսամիտ գրողները։
Նախ մտիկ ընենք երկրորդը, որ կ'արծարծէ յատկապէս մեծ ընկերութիւններու
նախագահ-ընդհանուր տնօրէններուն տրուած պատուագիներու ու շնորհուած
պարգեւներու ծիծաղելիօրէն կամ անպատկառօրէն չափազանցեալ մակարդակներու
երեւոյթը։
Եթէ մինչեւ 1980-ական թուականները, տասնամեակներով, նման
պաշտօնատարի մը աշխատավարձը նոյն հաստատութեան ամենէն ցած վաստկող
պաշտօնեայի աշխատավարձին 20 անգամէն աւելի չէր ըլլար, անցնող երեսուն եւ
աւելի տարիներուն ընթացքին հասած է ոչ թէ նուազագոյն, այլ միջի՛ն
աշխատավարձին 40 անգամին՝ առանց հաշուելու պարգեւներն ու այլ
առաւելութիւնները։
Ըստ հաշուապահական ծանօթ հաստատութեան մը հրապարակած
տեղեկագրին, Լոնտոնի սակարանին մէջ արձանագրուած 100 ընկերութիւններու 100
ղեկավարները 2009-ին ունեցած են 49% յաւելում մը, մինչ նախորդ տարին՝ 2008-ին
հասարակ տրատուներո՛ւ դրամներով փրկուեցաւ երկրին դրամատնային համակարգը։
Միաժամանակ, այս վերջինին իսկ ստեղծած անկումին (recession) պատճառաւ,
պաշտօնէութեան պարտադուած զիջումները 20% նուազում մը յառաջացուցին իրենց
ապրուստի մակարդակին մէջ։ Այլ ուսումնասիրութիւն մը, այս անգամ Ամերիկայի
Միացեալ Նահանգներուն վերաբերեալ, կը հաստատէ, որ անցեալ տարի,
բաղդատմամբ նախանցեալ տարուան, հինգ գլխաւոր ֆինանսական
հաստատութիւնները 93 երկիլիոնի յաւելեալ շահ մը ապահոված են։ Միւս կողմէ, այն
ղեկավարները, որոնց կատարած սխալ հաշուարկումներուն կամ առած սխալ
քայլերուն պատճառաւ նման դրամատնային կամ այլ հաստատութիւններ մեծ
կորուստներ արձանագրած են ի հաշիւ իրենց աւանդատուներուն, որոնք իրենց փոքր
կամ մեծ խնայողութիւնները վստահած էին անոնց, անոնք հանգստեան կոչուած են ու
մեկնած՝ միլիոններ ու միլիոններ իրենց ճամպրուկներուն մէջ։
»Եկուր ու ինքզինքէդ մի ելլեր«, կ\ըսէ Թրիւֆօ։

Միւս կողմէ Մոնպլոթ հարցին կը նայի աւելի լայն հեռանկարի մը մէջ, ու կը
յայտնէ, թէ ազատութիւն բառը, որուն դէմ ոչ ոք պիտի առարկէր, »այժմ կը
գործածուի արդարացնելու համար հազար ձեւի շահագործում«, արտօնելով
չունեւորներու կեանքին վրայ ամէն բռնաբարում, անհաւասարութեան ու
միջամտութեան ամեն ձեւ որոնց կ'ենթարկուինք 1%-ին կողմէ։ Ինչպէ՞ս եղաւ, հարց
կու տայ ան, որ ազատակամութիւնը, որ ազնիւ բնազդ մըն էր, հոմանիշ դարձաւ
անարդարութեան։
»Յանուն ազատութեան – կանոնադրութենէ՛ ազատութեան -
դրամատուներուն արտօնուեցաւ տնտեսութիւնը քայքայել։ Յանուն ազատութեան
գերունեւորներուն տուրքերը կը կրճատուին։ Յանուն ազատութեան ընկերութիւններ
կը հետապնդեն նուազագոյն աշխատավարձը պակսեցնել ու աշխատանքի պարտադիր
ժամերը բարձրացնել։ Նոյն նպատակով, ամերիկեան ապահովագրական
ընկերութիւնները Ներկայացուցիչներու տան վրայ կը փորձեն ազդել, որ խափանուի
հանրային առողջապահական խնամքը. կառավարութիւնը կը պատռէ քաղաքագծման
օրէնքները. մեծ առեւտուրը կ'ապականէ կենսոլորտը։ Ասիկա ուժեղին ազատութիւնն
է՝ տկա՛րը շահագործելու, հարուստին ազատութիւնը՝ աղքա՛տը շահագործելու։« Ու
քիչ անդին հեղինակը կ'աւելցնէ, թէ ասիկա ուրիշ բան չի թուիր ըլլալ քան
»ագահութեան արդարացումը«։
Մոնպլոթ կը վերյիշէ Isaiah Berlin-ի 1958-ին գրած մէկ փորձագրութիւնը՝ Two
concepts of Liberty )»Ազատութեան երկու ըմբռնումներ«(, ուր կը ներկայացուին
բացասական ազատութիւնը, որ առանց ուրիշներու միջամտութեան ապրելու կամ
գործելու ազատութիւնն է, եւ դրական ազատութիւնը, որ
կաշկանդուածութիւններէ ազատութիւնն է։ Բռնապետութիւնները, յատկապէս
Խորհրդային Միութիւնը շահագործած են դրական ազատութեան սկզբունքը, ըստ
Պերլինի։ Սակայն, իրականութեան մէջ բացասական ազատութիւններուն միջեւ է, որ
բախումը տեղի կ'ունենայ, քանի որ ոչ ոք այնքան ազատ ըլլալու իրաւունք ունի, որ
վնասէ ուրիշին։ Ոմանց ազատութիւնը երբեմն պէտք է սահմանափակուի՝ ուրիշներու
ազատութիւնը ապահովելու համար։ Բռունցքդ ճօճելու ազատութիւնդ կանգ
կ'առնէ հոն ուր քիթս կը սկսի... Բացասական ազատութիւնը՝ որ մեր քիթերը
չխփուին, այն ազատութիւնն է, որ կանաչները եւ ընկերային արդարութեան
ջատագովները կը պաշտպանեն։

Պերլին նաեւ ցոյց կու տայ, որ ազատութիւնը կրնայ խանգարել այլ արժէքներ,
ինչպէս արդարութիւնը, հաւասարութիւնը կամ մարդկային երջանկութիւնը։ »Եթէ իմ
անձին, իմ դասակարգին կամ իմ ազգին ազատութիւնը կախում ունի այլ մարդկային
էակներու թշուառութենէն, ասիկա ջատագովող համակարգը անարդար է ու
անբարոյական։« Ուստի պետութիւնը պէտք է օրինական սահմանափակումներ
պարտադրէ, այն ազատութիւններուն պարագային, որոնք կը խանգարեն ուրիշներու
ազատութիւնները, կամ կը հակադրուին արդարութեան ու մարդկայնութեան։
Մոնպլոթ կ'եզրակացնէ որ արդի աջակողմեան ազատակամները կ'ուզեն
հաստատել իրենց ազատութիւնը՝ ապականելու, շահագործելու, նոյնիսկ սպանելու,
որպէս թէ ասոնք հիմնական մարդկային իրաւունքներ են, եւ ամեն փորձ զանոնք
սահմանափակելու՝ կ'որակեն որպէս բռնապետութիւն։ Իրենց ազատակամութիւնը
այն ծպտումն է, որ անոնք որդեգրած են ծածկելու համար անկաշկանդ շահագործելու
իրենց ցանկութիւնը։ Այս առումով, անոնք »ազատութիւն«ը վերածած են
»հարստահարման գործիքի մը«։
Շատ մեծ չէ հեռաւորութիւնը այս »ազատութիւն«ներուն եւ նախագահըն
դհանուր տնօրէններու ագահութեան ու ընչաքաղցութեան...
Մարդկային հաւաքականութեան այս դժխեմ վիճակին ի տես, ակամայ կը
վերյիշեմ մեր երգը.
- »Ձախորդ օրեր, ձմրան նման...«
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2012-01-16 )1698(
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝