Յայտարարութիւն

Friday, January 6, 2012

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ-ՎԱՐԱՆԴ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

Պարզ բայց խորիմաստ բարեմաղթութիւն է Հայր Վարանդի խօսքը: Նախաբանը՝ մէջբերում մը Գարեգին Բ. Վեհափառի խօսքերէն , որոնք կը մնան այժմէական ՝ միշտ : Թէեւ գրուած Նոր Տարուան առիթով , սակայն իր պարզութեան համար , քիչ մը ուշացումով, կը հրապարակենք Հայր Սուրբի գրութիւնը Ս. Ծնունդի օրը:
«Նշանակ»
»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»



«Թող խաղաղութեան շունչը ծաւալի խռովութեան ալիքներով մրրկահար այս ծով աշխարհին վրայ, որպէսզի լռեն պատերազմները, նուազին տառապանքները եւ կեանքը դառնայ խաղաղագնաց յարաճուն ընթացք մը ստեղծագործութեան , ի վայելումն ժողովրդեան ի ծագս աշխարհի եւ ի ներքոյ արեգականն արդարութեան» (Գարեգին Բ. Սարգիսեան Կաթողիկոս):

Դարձեալ Նոր տարի... Դարձեալ տօնական մթնոլորտ... Դարձեալ ուրախ դէմքեր հոս ու հոն... Դարձեալ մարդիկ իրարանցումի մատնուած կը պատրաստուին Նոր Տարին նշելու: Ոմանք իրենց տուներէն ներս, ոմանք՝ հարազատներու մօտ, ուրիշներ՝ ճաշարաններ եւ կամ սրահներ, մէկ խօսքով բոլորն ալ զբաղած են որեւէ մէկ ձեւով զբաղեցնելու եւ լեցնելու այս գիշերը: Այս բոլորը իրենց տեղը ունին անշուշտ, սակայն, այս բոլորի ետին ի՞նչն է որ մարդ արարածին իսկական երջանկութիւն կու տայ, իսկական խաղաղութիւն կու տայ, եւ ամենէն կարեւորը, ի՞նչն է որ մարդս կը մղէ մտածելու անցնող տարուան մասին, ինչպէս նաեւ՝ գալիքի մասին:

Դժբախտաբար, Նոր Տարուան այս պատրաստութիւնները յաճախ մարդս կը հեռացնեն, այս սրբազան օրուան խորքը թափանցելէ եւ կը թողուն միայն որ մակերեսին յենի: Մակերես, որ յաճախ մեր տեսողութիւնը կը ծածկէ եւ առիթ չի տար այս օրուան էութիւնը հասկնալու եւ լաւապէս ըմբռնելու: Էականը մէկ կողմ թողած կը կառչինք երեւոյթներուն, եւ այդ երեւոյթներէն տարուելով, յաճախ չենք անդրադառնար, որ Նոր Տարին, այսօրուան մեր հասկացողութեամբ տօնակատարութեան, շռայլութեան կեր ու խումի առիթ չէ՛ միայն, այլ՝ ատկէ անդին ու վեր, առի՛թ է վերանորոգութեան, առի՛թ ինքնամփոփման, առի՛թ է ինքնասրբագրման, առի՛թ է ինքնաճանաչման եւ առիթ՝ դէպի առաջ քայլելու խոստման, առա՛նց ընկճուելու այս աշխարհի դժուարութիւններէն, առա՛նց յուսահատելու կեանքէն մեզի եկած ամէն տեսակի փորձութիւններէն եւ ձախորդութիւններէն:

Արդարեւ, ամէն տարի այս առիթը մեր միջավայրն ու մթնոլորտը կը զուարճացնէ եւ կ'երջանկացնէ, եւ այդ ալ որոշ ժամանակուան համար, որմէ ետք ամէն ինչ իր բնական հունով կը շարունակէ ընթանալ: Միայն անոնք կը շարունակեն այդ ուրախութեան մթնոլորտին մէջ մնալ՝ որոնք մակերեսն ու երեւոյթները մէկ կողմ թողած, փորձած են թափանցել այս սրբազան Տօնին խորքը եւ յաջողած են հաշուեյարդար կատարել: Աւելին, յաջողած են անկեղծութեամբ իրենց սիրտը բանալ Արարիչ Աստուծոյ դիմաց, եւ խոստովանած անցնող տարուան բոլոր իրադարձութիւնները որոնք իրենց կեանքին հետ առնչուած են. աւելին՝ որպէս Աստուծոյ ձեռագործ յաջողած է բարձրաղաղակ եւ գոհունակ սիրտով շնորհակալութիւն յայտնել ամենաբարի Աստուծոյն, Անոր պարգեւած բոլոր բարիքներուն համար, Անոր գթասրտութեան,Անոր Ներողամտութեան, եւ նամանաւանդ Անոր՝ մեր նկատմամբ տածած ՍԻՐՈՅՆ համար: Տակաւին, սիրտի ու հոգիի խոնարհութեամբ ու հեզութեամբ Աստուծոյ ըսած են.
«Անպիտան ծառաներ ենք, ինչ որ յաջողեցանք կատարել՝ կատարեցինք, Քու օրհնութեամբդ եւ առաջնորդութեամբդ: Բացուող Նոր Տարուան սեմին կը խոստանանք մեր կարելին ընել, աւելին կատարելու, աւելին իրագործելու միայն ու միայն Քու փառքիդ համար, եւ ամէն ինչ որ կը կատարենք Քու բարեսէր կամքիդ համաձայն ըլլայ: Ներէ՛ մեր յանցանքները, ջնջէ՛ մեր մեղքերը, նորոգէ՛ մեր սիրտերը, լուսաւորէ՛ մեր հոգիին ու միտքին աչքերը, որպէսզի միայն բարիին ու ճշմարիտին հետամուտ ըլլանք, եւ որպէսզի նոր բացուող այս տարուան հետ, մենք եւս վերանորոգուինք, մենք եւս վերաթարմանանք: Յիշէ աղքատները, ողորմէ կարօտեալներուն, մխիթարէ սգաւորները, յոյս տուր յուսահատածներուն, սիրով ողողէ սառած հոգիները, առաջնորդէ ու օրհնէ բոլոր անոնք որոնք առաջնորդութեանդ ու օրհնութեանդ կարիքը ունին, մանաւանդ լուսաւորէ անոնց միտքերն ու հոգիները որոնք հեռու են Քեզմէ, եւ թոյլ տուր մեզի, որպէսզի երբ այդպիսիներուն հանդիպինք Քու առաջնորդութեամբդ կարողանաք Քեզի մօտեցնել: Օրհնէ եւ իմաստնացուր մեր հոգեւոր եւ ազգային առաջնորդներն ու ղեկավարները, ինչպէս նաեւ բոլոր երկիրներու նախագահները, որպէսզի անաչառութեամբ եւ իմաստութեամբ առաջնորդեն ու ղեկավարեն իրենց վստահուած երկիրներն ու ժողովուրդները: Սէր, խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն շնորհէ աշխարհին, որպէսզի Քու Միածին Որդիիդ աշխարհ բերած ՍԻՐՈՅ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՄԲ, կարենանք որպէս ՃՇՄԱՐԻՏ ՄԱՐԴ ԱՊՐԻԼ սիրելով մեր նմանը, օգնելով մեր նմանին, մէկ խօսքով եղբայրաբար ապրելով, այդ գիտակցութիւնը ունենալով, որ բոլորս ալ Քու ձեռագործներդ ենք եւ Քու պատկերիդ ու նմանութեանդ համաձայն ստեղծուած ենք, եւ երբ մեր նմանին որեւէ ձեւով օգտակար կը դառնանաք , եւ կամ երբ մեր նմանը կը սիրենք, մեր այդ օգնութիւնն ու սէրը մեր նմանին ընդմէջէն Քեզի՛ կը հասնի»:

Եկէք բոլորս ալ, այս սրբազան օրուան մէջ, փորձենք մակերեսէն եւ երեւոյթներէն անդին անցնիլ, տեսնելու, գտնելու եւ ընկալելու ԷԱԿԱՆԸ, ԳԵՂԵՑԻԿԸ, ՃՇՄԱՐԻՏԸ ԵՒ մեզ իրապէս ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՂ ՈՒ ՎԵՐԱԹԱՐՄԱՑՆՈՂ ԷՈՒԹԻՒՆԸ՝ որ է ՝ ԱՐԱՐԻՉՆ ԱՍՏՈՒԱԾ, մեր բոլորին ՏԷՐՆ ՈՒ ՀԱՅՐԸ:

Առ այդ սիրելի հարազատներ, մտերիմներ, բարեկամներ ու ծանօթներ, Նոր Տարուան այս գեղեցիկ տօնին առիթով, կու գամ շնորհաւորելու Ձեր բոլորին Նոր տարին փափաքելով Ձեզի կատարեալ բարիք, անսահման երջանկութիւն, յաջողութիւն եւ առողջութիւն: Մաղթանքս է, որ եկող՝ 2012 թուականը ձեր բոլորին համար ըլլայ յաջողութիւններով, նորանոր իրագործումներով տարի. եւ ինչ որ չէք յաջողած այս տարուան ընթացքին յաջողցնել ու աւարտել, եկող տարուան մէջ իր կատարին հասցնէք: Թող որ ամենաբարին Աստուած օրհնէ ձեզ բոլորդ, պարգեւէ ձեզի սէր ու խաղաղութիւն, առողջութիւն եւ մանաւանդ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ, գիտակցելու համար, թէ մեր բոլոր հարցերուն, դժբախտութիւններուն եւ դժուարութւիններուն լուծումն ու պատասխանը Իրմէ է որ կը ստանանք եւ առանց Անոր օրհնութեան եւ առաջնորդութեան չենք կրնար որեւէ մէկ բան յաջողցնել կամ իրականացնել:

Աստուծոյ օրհնութիւնը մեր բոլորին վրայ ըլլայ:

Աղօթարար՝
Վարանդ Վրդ. Քորթմոսեան
31-12-2011



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝