Յայտարարութիւն

Friday, January 27, 2012

Ծաղրածուն - ՕՇԻՆ ԷԼԱԿԷՕԶ









Հայելիին դիմացը նստած ինքզինքը կը դիտէր:Անցած տարիները իրենց ակօսները ձգած էին իր դէմքին վրայ, սակայն, հակառակ չափազանցուած դիմայարդարումին՝ չէր յաջողած զանոնք ծածկել:



Շաբաթ մը առաջ, սաստիկ վիճաբանութիւն մը ունեցած էր իր կնոջ հետ որու աւարտին կինը իր զաւակը առած ու հեռացած էր տունէն, չվերադառնալու որոշումով : Տարիներ շարունակ ան անգործ էր:Հոն, հոս ,առժամեայ գործեր աշխատելով տուն հաց տանիլ կը ջանար բայց վճարումը շատ ցած էր:Ամիսներէ ի վեր իրենց տան վարձքը վճարած չըլլալուն պատճառաւ տանտէրը դատ բացած էր իր դէմ ու դատարանը վճռած էր երկու շաբաթէն տունը պարպել: Ու՞ր պիտի երթար ձմեռ օրով, երթալիք ոչ տեղ մը ունէր, ոչ ալ սրտցաւ ազգական մը: Շաբաթ մըն էր որ տան մէջ առանձին շարունակ կը մտածէր այս նիւթին շուրջ:Կարօտցած էր իր կինը եւ զաւակը բայց չէր կրնար իրենց մօտ երթալ որովհետեւ կ'ամչնար : Ի՜ նչ երեսով պիտի երթար, ի՜ նչ պիտի ըսէր իրենց քանի որ ոչ մէկ բարելաւում ունեցած էին իր պայմանները անցած շաբաթուան ընթացքին :Ընդհակառակը, նոր ստացած էր երկու շաբաթուան մէջ տունը պարպելու դատավճիռը:



Շարժանկարի երիզի մը նման աչքին առջեւէն անցան իր պատանութեան տարիները: Ի՜ նչ երջանիկ էր երբ պատանի տղայ մըն էր ու կ'ապրէր իր հօրենական տան մէջ : Իր հայրը ,մայրը, իրենց ապրած տունը,տան պարտէզը , ծառերը մէկիկ մէկիկ անցան աչքին առջեւէն: Ո՜րքան ուրախ էր այդ տարիներուն:Ոչ մէկ մտահոգութիւն ունէր, աշխարհը իր հոգն անգամ չէր: Իսկ հիմա, բոլորովին առանձին մնացած էր կեանքին իր ուսերուն վրայ բեռձած պատասխանատուութեան դիմաց: Ի՞նչ կ'ըլլար եթէ իր կինը քիչ մը հասկացողութիւն ցոյց տուած ըլլար ու համբերէր: Բայց ասոր համար չէր կրնար մեղադրել զինք: Տարիներ համբերած էր եւ տոկացած իրենց տնտեսական ծանր պայմաններուն եւ ի վերջոյ իրենց զաւկին հետ միասին բաժնուած էր տունէն ու վերադարձած իր հօրենական տունը:



Մարդը այս ծանր մտահոգութիւններու մէջ կը սպասէր որ իր հերթը գար: Հայելիին վրայի լոյսը մարեց որպէսզի քիչ մը մութի մէջ մնար: Մութը իրեն խաղաղութիւն կը պատճառէր, որվհետեւ մութին մէջ ան չէր տեսներ իր շուրջինները : Գէթ չէր տեսներ այն աչքերը, որոնք երբեմն խղճահարութեամբ, երբեմն ալ արհամարհանքով կը նայէին իրեն, իր կեանքին մէջ անյաջող մէկը եղած ըլլալուն համար: Ի՞նչ կրնար ընել, ճակատագիրը այս ճամբան գծած էր իրեն համար :



Սթափեցաւ իր մտածումներէն երբ դուռը թակուեցաւ : Դուռը առանց բանալու անծանօթ մը դուրսէն ձայնեց:



-Հինգ վայրկեանէն հերթը քուկդ է ,երեկուան պէս ապշահար մի մնար բեմին մէջտեղը .մարդիկ հոս զուարճանալու կուգան եւ ոչ ողբերգութիւն դիտելու:



Դուրսի մարդուն ըսած այս նախադասութիւնը մրճահարեց իր ուղեղը .



<< մարդիկ հոս զուարճանալու կուգան եւ ոչ ողբերգութիւն դիտելու>>:



-Իմ կեանքս ողբերգութիւն մըն է արդէն բայց որու՞ն հոգը առած է ,մտածեց:



Հայելիի վրայի լոյսը պահ մը վառեց ու իր դէմքին նայեցաւ:Ծանր պաշտօնը կատարելու ժամանակը հասած էր:Պէտք էր կեղծեր որպէսզի ուրիշներ զուարճանային: Ոտքի ելաւ եւ ուղղուեցաւ դէպի դուռը: Պահ մը վարանեցաւ դուռը բանալու որովհետեւ գիտէր որ երբ դուռը բանար դուրսը զինք սպասող հազարաւորներու պոռչտուքը ռումբի մը նման պիտի պայթէր երեսին: Այդպէս ալ եղաւ:Սանդուխներէն վեր կարծես դէպի Հռովմի <<արէնան>> կը բարձրանար, ուր քիչ վերջ դէմ դիմաց պիտի գար արիւնարբու սուսերամարտիկներու հետ, որոնց հետ իր կեանքի մենամարտը պիտի ընէր: Քանի կը մօտենար ալ աւելի կը բարձրանային դուրսի ձայները: Ժողովուրդը խելագարած կը պոռար,կը ծափահարէր:



Բեմի դրան ետեւը մութին մէջ կեցած կը սպասէր դրան բացուելուն:Ափերը քրտնած էին, սիրտը արագօրէն կը բաբախէր:Այդ քանի մը վայրկեանները ժամերու պէս անցան :Երանի թէ այդ օր այդ անիծեալ դուռը չբացուէր: Անգամ մը եւս շարժանկարի ժապաւէնի մը պէս աչքին առջեւէն անցան իր կնոջ հետ ունեցած վիճաբանութիւնը, կնոջ իրենց զաւակը առնելով տունէն հեռանալը: Որքա՜ն անարդար էր կեանքը: Մինչ ժողովուրդը դուռին միւսը կողմը ուրախ,զուարթ իրենց ընտանիքներով ու հարազատներով կը զուարճանային,դուռին այս կողմը ինք մեծ ողբերգութիւն կ'ապրէր ՝ բաժնուած իր ընտանիքէն ու իր հարազատներէն :Ամենէն ցաւալին ալ այն էր որ հիմա ինք, անտեսելով իր ողբերգական վիճակը պէտք էր զանոնք զուարճացնել : Ողբերգութիւն ապրող մէկը ինչպէ՞ս կրնար ժողովուրդը զուարճացնել: Մահը աւելի նախընտրելի էր : Աչքերը արցունքոտիլ սկսած էին: Դուռը յանկարծ բացուեցաւ ու դուրսի աղմուկն ու լոյսերու զօրաւոր հեղեղը անգամ մը եւս զինք տրորեցին: Ռումբի մը դղրդիւնէն ապշած անձի կերպարանք ունէր:



Մեծ քայլերով վազեց ու եկաւ կեցաւ բեմին մէջտեղը, ճիշտ լոյսին տակ ու ձեռքերը դէպի վեր բարձրացնելով պահ մը այդպէս կեցաւ: Հիմա բոլորը զինք կը դիտէին ու կը խնդային: Իր ոտքերէն բաւական մեծ կարմիր կօշիկներ , վրայէն կախուած դեղին տաբատ մը, կանանչ շապիկ ու վրայէն դեղին բաճկոնակ մը կը վայելէին իր ծաղրածուի դերին:Խոշոր փորով ,մեծ կարմիր քիթով ու գլխուն վրայ դեղին պարկ մը անցուցած ,երեսին վրայ գունաւոր մատիտով խոշոր ժպիտ մը գծուած արտաքինով միշտ խնդացող բայց ներքինով լացող <<ծաղրածուն >> բեմին ճիշտ մէջտեղը կեցած ժողովուրդը կը դիտէր: Որքան կը զուարճանային, կը խնդային ու կը ծաղրէին զինք: Կը նախանձէր անոնց ուրախութեանը, միւս կողմէն կը զայրանար իր ողբերգութեան նկատմբ անոնց ցուցաբերած անտարբերութեան համար:Աչքերէն քանի մը կաթիլ արցունք սահեցան ու երեսին վրայ գծուած խոշոր ժպիտին վրայ ուղղահայեաց գիծ մը գծելով ու մասամբ աւրելով երեսի դիմայարդարումը, այտերէն վար սահելով կաթեցան կարմիր ու մեծ կօշիկներուն վրայ:





Ո՜չ ոք նշմարեց:







Օշին Էլակէօզ



Պոլիս - 5 Յունուար 2012





«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝