Յայտարարութիւն

Sunday, January 8, 2012

Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութիւնը



Հայ Աւետ Էմմանուէլ Եկեղեցւոյ հովիւ Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեանի խմբագրութեւմբ 12 տրաիէ իվեր կը հրատարակուի Շող ամսաթերթը: Վերապատուելին այսօր ուղարկած էր ինծի 144 րդ թիւը՝ Դեկտեմբեր 2011: Ի միջի այլ հետաքրքրական գրութեանց աչքիս զարկաւ Գարակէօզեան եւ Ճինիշեան հաստատութեւնց մասին գրութիւնները , առաջինին իննիսուներորդ իսկ երկրորդին 45 րդ տարեդարձներուն առիթով: Մեզմէ շատեր քիչ բան գիտեն երկու հաստատութեանց մասին: Տրուած ըլլալով որ թերթը կը հրատարակուի Սուրիոյ մէջ այս հաստատութեանց մասին վկայութիւնները անոնց Սուրիոյ մէջ տարածած գործունէութեան մասին է միայն եւ զանց առնուած է Մերձաւոր Արեւելեան այլ շրջաններու մէջ անոնց ծաւալած գործունէութիւնը: Իրենց շահեկանութեան համար Նշանակի այսօրուան թիւով կը հրապարակենք Գարակէօզեան իսկ վաղուան թիւով՝ Ճինիշեան հաստատութեանց մասին մեր արտատպումները:
ՆՊ

«»««»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«
ՀԱՈՒԸՐՏ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ 90 ԱՄԵԱԿ(1921-2011)

1918 ին ,Նիւ Եորքի մէջ , Պոլսեցի գորգի մեծ գործարանատէր Միհրան Գարակէօզեան կը կորսնցնէ իր մէկ հատիկ մանչ զաւակը՝ Հաուըրտը , 14 տարեկան հասակին: Որդեկորոյս ամոլը ՝ Միհրան եւ Զապէլ գարակէօզեան , ի յիշատակ իրենց վաղամեռիկ զաւկին , կ'որոշեն իրենց հարստութիւնը տրամադրել հայ մանուկներու հոգատարութեան, փրկելու համար ազգին աղքատ ու չքաւոր երախաները:

1921 ին , Պոլսոյ մէջ, կը հիմնուի Որբանոց Տուն մը , որ նախադրեալը կը կազմէ Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան: Երկու տարի ետք , հաստատութիւնը կը փոխադրուի Ֆրանսա , ուր կը գործէ մինչեւ 1936 թուական: Այդ օրերուն, ի պատասխան Մերձաւոր Արեւելքի գաղութներէն բարձրացած օգնութեան կոչերուն, Հաստատութեան ծառայութեան դաշտը 1937ին կը փոխադրուի Աթէնք: 1939ին, Երբ Ալէքսանտրէթի Սանճաքը կը կցուի Թուրքիոյ , եւ հայ գաղթականներու նոր հոսք կը սկսի ՝ 1941ին Հաստատութիւնը կը փոխադրուի Սուրիա եւ Լիբանան:

Սկզբնական շրջանին հաստատութեան գործունէութիւնը կը սահմանափակուի գաղթական ու սննդակարօտ հայ աշակերտներուն ճաշի մատակարարումով, առանց համայնքային խտրութեան:

Շուտով հաստատութիւնը Հալէպի մէջ թէ այլուր կ'ընդարձակէ իր գործունէութեան դաշտը: 1948ին, ընդառաջելով Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Զարեհ Արք. Փայասլեանի առաջարկին , հաստատութիւնը 1 Մարտ 1949ին կը ստանձնէ 1944-1948 տարիներուն Հալէպի մէջ գործող Հայկ Թիւֆէնքճեան Ազգային Մանկանց Դարմանատունը, զայն վերանուանելով Հաուըրտ Գարակէօզեան Դարմանատուն, ուր կը հիմնաւորուի հաստատութեան առողջապահական գործունէութիւնը:

Մինչ այդ, ազգային բարերար Միհրան Գարակէօզեանի նախաձեռնութեամբ , 21 Յուլիս 1947ին , Հալէպի մէջ կը հիմնուի «Անանուն Բարերարի Ձեռնարկ» ը , բարերարութեամբ ամերիկահայ բարերար Վարդան Ճինիշեանի:

1982ին Դարմանատունն ու Հաստատութեան կեդրոնը կը փոխադրուին Հայ Աւետարանական Քրիստոսի Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, ուր կը գործեն մինչեւ օրս:

Հաստատութիւնը , առանց համայնքային խտրութեան, հետեւեալ ծառայութիւնները կը մատուցանէ.
-Անանուն Բարերարի Ձեռնարկի յանձանձում՝ 1947էն ի վեր:
-Մանկաբուժական խնամատարութիւն նորածին երախաներու մինչեւ 14 տարեկան փոքրիկներու, առողջապահական հոգատարութիւն, 1949 էն ի վեր:
-Ատամնաբուժական ծառայութիւն – մինչեւ 14 տարեկան հասակի դպրոցական աշակերտներու համար` 1967էն ի վեր:
-Ընկերային Ծառայութեան Գործունէութիւն ՝ ուսուցողական , դաստիարակչական, դասաւանդում՝ Հայերէն , Անգլերէն եւ Ֆրանսերէն լեզուներու , նկարչութեան , ձեւագիտութեան, առաջին շտապօգնութեան , առտնին տնտեսագիտութեան, խմորեղէններու եւ ճաշերու պատրաստութեան ինչպէս նաեւ դասախօսական շարքեր , 1982էն ի վեր:
- Հալէպի վերաբնակեցման Ծրագիր:

1930ին Հաստատութեան նախագահի պաշտօնը կը ստանձնէ Միհրան Գարակէօզեանի դուստրը՝ Օրդ. Լէյլա Գարակէօզեանը, մինչեւ իր մահը՝ 6 Սեպտեմբեր1999:

Հաստատութիւնը իր ծառայութիւնը ծաւալած է Սուրիոյ տարածքին՝ Հալէպ, Լաթաքիա,Քեսապ,Ռագգա, Գամիշլի, Տէրիք,Հասիչէ, Թէլ Ապիատ եւ Րասիւլ Այն:



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝