Յայտարարութիւն

Saturday, January 21, 2012

Իմաստ մը կը փնտռենք - ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ
Իմաստ մը կը փնտռենք
Անցնող տարին, թերեւս աւելի քան նախանցեալ տարիները, իր այլազան
դրսեւորումներով եկաւ ցոյց տալու, որ մարդկային հաւաքականութիւնը կը թուի
ուղեկորոյս դարձած ըլլալ, ու քիչ մը ամեն տեղ հարցականի տակ կ'առնուին առկայ
արժէքները, արժեչափերը, հաւատալիքները, եւ Մարդը վերստին կը փնտռէ իր
գոյութեան իմաստը։
Այս երեւոյթը իր դրսեւորումը կը գտնէ մէկ կողմէ բազմաթիւ վայրերու,
երկիրներու, քաղաքներու կամ համայնքներու մէջ կատարուող նորանոր
խմորումներու ու անսպասելի պոռթկումներու ճամբով, միւս կողմէ այլազան
անհատներու կողմէ անբացատրելի ոճիրներու կամ զարտուղի արարքներու ճամբով։
Ամերիկեան ծանօթ շաբաթաթերթը՝ Newsweek, իր 2011 դեկտեմբեր 5-ի թիւով
հրատարակեց Chris Lee-ի ծաւալուն յօդուածը, որ կ'արծարծէ հարցը, այդ
զարտուղութիւններէն մէկուն՝ սեռամոլութեան կապակցութեամբ, իր գրութիւնը
վերնագրելով This man is addicted to sex )»Այս մարդը սեռամոլ դարձած է«(։ Ինչ որ
ուշադրութիւնս գրաւեց, նիւթի ընդանուր ներկայացումէն աւելի ու անդին՝ այն
եզրակացութիւնն է, որ հաստատում մըն է, որ վերոյիշեալ ախտի դարմանման
նուիրուած կազմակերպութեան մը պատասխանատուն ըրած է գրողին, հետեւեալ
բառերով, որ սեռամոլի մը զգացումները կ'արտայայտէ. »Ես կարեւորութի՛ւն ունիմ
ճի՛շդ հիմա։ Ա՛յս պահուն՝ ես սիրուա՛ծ եմ«։ Ապա նոյն պատասխանատուն տուած
է իր մտածումը. »Այդ առումով, ամբողջ մշակոյթ մը, ամբողջ ազգ մը իմաստ
կ'որոնէ։« Խօսքը անշուշտ կեանքի իմաստին կը վերաբերի։ Իմաստ՝ ինչու գոյութիւն
ունենալուն, ինչու ապրելուն առնչութեամբ։
Չեմ կարծեր, որ ասիկա յատուկ է մէկ հաւաքականութեան, մէկ ժողովուրդի,
քանի որ աշխարհի մէջ քիչ մը ամեն տեղէ կու գան այլօրինակ, տարօրինակ
արարքներու վերաբերեալ լուրեր, որոնց մէջ անձնասպանութիւնները կամ սեփական
հարազատներու սպանութիւնները բաւական մեծ տեղ կը գրաւեն։ Գուցէ սանձարձակ
»ազատութիւն«ներու մշակոյթին մէջ սեռամոլութիւնը աւելի ցայտուն կ'երեւի,
սակայն ախտերը միայն արեւմտեան քաղաքակրթութեան յատուկ չեն, նաեւ միայն
մե՛ր ժամանակներուն չեն վերաբերիր։ Ի զուր չէ, որ դարերու ընթացքին Մարդը
բարոյական ըմբռնումներ մշակեր է, կրօննե՛ր ստեղծեր՝ յաղագս մարդավայել կեանքի
մը, նոյնիսկ անկէ անդին ալ աւելի լա՛ւ կեանքի մը ակնկալութիւնը դնելով իր առջեւ։
Սեռամոլութիւնը մէկ երեսն է միայն։ Ինքզինք լքուած կամ անտեսուած չզգալու
զգացումը, կարեւորութիւն ստանալու, սիրուելու ձգտումը, զարմանալի կերպով մարդը
կը մղէ արդարօրէն՝ մեծագործութիւններու, զոհաբերութեան ու նուիրումի, եւ
տարամտօրէն՝ մոլութիւններու, ոճիրներու եւ ինքնաոչնչացման։
Նման տարբեր դրսեւորումներ են խաղամոլութիւնը, ալքոլամոլութիւնը,
գողամոլութիւնը, որոնք ինքզինք մոռնալու եւ ինքզինք հաստատելու հակասական
զգացումներու հետեւանք կրնան նկատուիլ։ Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել կիներու եւ
երեխաներու հանդէպ բռնութիւնները այրերու կողմէ, մարդաշատ վայրերու մէջ
կուրօրէն շուրջիններուն վրայ կրակ բանալը, զաւակ ու ամուսին սպանելը, եւայլն,
եւայլն եւայլն։
Սակայն արդեօք ենթակայական պատճառներէն անդին, չկա՞ն առարկայական
պատճառներ, որոնք կը մղեն մարդիկ յուսահատական արարքներու։ Չկա՞յ
անզօրութեան զգացումը, որ մարդ կը զգայ հանդէպ այն բոլոր
անարդարութիւններուն, որոնք մեր շուրջ կը պատահին, անարդարութիւններ, որոնք
անբաժանելի մասը կը կազմեն մարդկային հաւաքական կեցութեան, ո՛ր ընկերութեան
մէջ որ ըլլայ, ու այդ անարդարութեան հանդէպ ընդվզումը, բայց մանաւանդ բան մը
փոխել կարենալու անկարողութիւնը...
Այսպէս, հետզհետէ աւելի ու աւելի խօլ վազքի մը կը վերածուի մարդու
կեանքը, վազք մը, որուն նպատակակէտը յստակ չէ, նպատակն ալ կը
սահմանափակուի անյագ ընչաքաղցութեամբ՝ միշտ աւելի ունենալու, աւելիին
տիրանալու, սակայն երբեք չգիտնալու ինչո՛ւ, ի՛նչ ընելու համար... Վազք մը, որուն
շատեր չեն դիմանար, կամ եթէ կը դիմանան՝ ի գին ինչ ինչ անբացատրելի
զրկանքներու, որոնք ի վերջոյ կեանքը կը դարձնեն աննպատակ, անիմաստ՝ բոլոր
ճոխութիւններով ու հարստութիւններով հանդերձ։ Իսկ վազքէն դուրս քշուողնե՞րը,
դուրս ինկողնե՛րը, տկարնե՛րը, հիւանդնե՛րը, անկարնե՛րը ու մասամբ նորին։
Անօթեւան, անօթի մնացողները, եւ դեռ շատ շատերը, որոնց մեծամասնութիւնը լուռ
ու մունջ կը տանին իրենց բեռը, առանց նոյնիսկ կարենալ ընդվզելու...
Տակաւին անոնք, որոնք այդ վիճակներուն չեն մատնուած, սակայն օրն ի բուն
կ'աշխատին, որպէսզի իրենց քրտինքի արգասիքին մէկ փոքր բաժինը միայն հասնի
իրենց կարիքներուն, մեծ բաժինը երթալ պարարտացնելու համար արդէն պայթելու
աստիճան լեցուած գանձանակները մեծ դրամատէրերուն։ Այսինքն աշխատուժի 99
առհարիւրը կը կերակրէ մնացեալ մէկ առհարիւրը։ Իսկ պետութիւնը այդ մէկ
առհարիւրին կռնակ կը կենայ փոխանակ 99-ին...
Երբ հաւաքական կեանք չի ստեղծուիր, երբ հաւաքական
պատասխանատուութիւն չի գոյանար, ու ոչ մէկ հեղինակութիւն կը մնայ, որ կրնայ
բան մը փոխել, բան մը սրբագրել, բան մը բարելաւել, ալ ինչո՞ւ զարմանալ ի տես
մարդոց յուսահատական քայլերուն։
Ինչո՞ւ զարմանալ, երբ մարդիկ, զանգուածային խօլութեամբ կ'ուզեն հեռանալ
իրենց բնակավայրերէն, այլուր արդարութիւն գտնելու սին յոյսով, կամ երբ կ'իյնան
վերոյիշեալ մոլութիւններուն մէջ, կամ պարզապէս կը դառնան մարդասպան կամ
անձնասպան։
Ահա ընկերային ու տնտեսական մեծ տագնապներու առջեւ գտնուող
մարդկութեան գլխաւոր մարտահրաւէրը 21-րդ դարու երկրորդ տասնամեակի սկիզբը։
Վերագտնել իմաստը մարդկային կեցութեան, վերահաստատել արժէքը մարդու
կեանքին։

Հորիզոն, 2012-01-09 )1697(

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝