Յայտարարութիւն

Monday, February 13, 2012

Խաղն ու իրականութիւնը - ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ
Խաղն ու իրականութիւնը
Ազգային ճակատագրով մտահոգ ընկեր մը ուշադրութեանս յանձնեց
դասախօսութիւն մը որ John Hunter անուն դաստիարակ մը տուած է TED Talk
համացանցային յայտագրին վրայ, ուր ան կը ներկայացնէ 1978-ին ստեղծած իր մէկ
աշխարհա-քաղաքական վարժութիւնը՝ World Peace Game )Համաշխարհային
խաղաղութեան խաղը(՝ ամերիկեան հանրային դպրոց յաճախող աշակերտներուն
համար։ Խաղին նպատակն է աշակերտները իրազեկ դարձնել աշխարհի հարցերուն ու
վարժեցնել »ինքնատիպ, ստեղծագործ ու բաց սիրտ լուծումներ« գտնելու այդ
հարցերուն՝ առանց նախապաշարումներու, մեկնելով իրենց անփորձ, անմեղ ու
մատղաշ վիճակներէն։
- Արդեօ՞ք, - հարց կու տայ ընկերս, - կրնանք մենք ալ թուրքերուն հետ մեր
հակամարտութիւնը լուծել այն ձեւով, որ այդ խաղի դրուագներէն մէկուն մէջ լուծում
կը ստանայ երկու ժողովուրդներու միջեւ առկայ պայթուցիկ կացութիւն մը։

Ո՞ր դրուագին մասին է խօսքը։ Ան կը վերաբերի Նին ցեղին, որուն բնակած
հողատարածքին դրացի երկրի անմիջական սահմանակից շրջանին մէջ, ուր ոսկիի
հանքեր գտնուած են ու պիտի պեղուին շահագործուելու համար, կը բացայայտուին
Նինի նախահայրերու աճիւնները։ Ըստ այդ ժողովուրդի կրօնական
հաւատալիքներուն, այդ տարածքները սրբազան վայրեր են, ու նախահայրերու
ոսկերտիքը պէտք չէ տեղափոխուին կամ խանգարուին որեւէ ձեւով։ Առաւել՝ այդ
հողերը կը նկատուին որպէս սեփական հայրենական տարածքներ։ Առ այդ նիները
իրենց պարտականութիւնը կը համարեն ներխուժել սահմանակից այդ շրջանը ու
գրաւել զայն՝ պատուելու ու պաշտպանելու համար նախահայրերու աճիւնները,
նոյնիսկ եթէ այլ ժողովուրդի մը կը պատկանին այդ հողերը ներկայիս։
Ստեղծուած է պիրկ ու անել կացութիւն։ Հարուստ դրացի երկիրը կը
յայտարարէ, որ նիները իրաւունք չունին իրենց սահմաններուն մէջ ապրելու, ու կը
պատրաստուի պատերազմի՝ դուրս դնելու համար զանոնք։ Խաղի զանազան
հանգրուաններուն կարելի չÿըլլար որեւէ ընդունելի լուծում գտնել։ Պրկումը կÿաճի։
Յանկարծ հարուստ երկրի վարչապետուհին ներշնչում մը կÿունենայ –
կÿորոշէ կրօնափոխ ըլլալ ու որդեգրել Նինի կրօնքը, ու կÿանցնի անոնց կողմը։ Հարցը
կը տարուի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան առջեւ, որ սակայն որեւէ որոշում
չի կրնար առնել նման աննախընթաց կացութեան առջեւ։ Բայց պրկումը կը փարատի
անմիջապէս, ու նիները դաշնակից մը կը գտնեն իրենց նախկին թշնամիին մօտ, ու կը
յաջողին համաձայնութեան մը հասնիլ դրացի երկրին հետ։
Խաղը հոս կը վերջանայ, գէթ մենք անտեղեակ մը մնանք թէ ի՛նչ տեսակ
համաձայնութեան կու գան հակամարտող կողմերը։

Նամակակից ընկերոջս հարցադրումին մէջ, կ'ենթադրեմ, մենք՝ հայերս այդ
Նինի կացութեան մէջ կը գտնուինք մասամբ, քանի որ մեր ալ նախահայրերու
աճիւնները սահմանին միւս կողմը կը գտնուին։ Մենք սակայն չենք ներխուժած
)տակաւին( մեր պապենական հողերը՝ փրկելու համար մեր պատիւն ու
սրբութիւնները։ Անարդարութիւն կրած կողմը մենք ենք, բայց որեւէ մէկուն վրայ չենք
յարձակած ֆիզիքապէս, չենք գրաւած կամ չենք ազատագրած մեր պապենական
հողերը։ Ու հակառակ ատոր, թշնամիին կողմէ տակաւին դատապարտման
կ'ենթարկուինք, նոյնիսկ երբ մեր իրաւունքներուն մասին կը խօսի՛նք միայն։ Այո,
կացութիւնը պիրկ է, ու բարւոք լուծումի կը սպասէ։ Խաղին մէջ, սակայն, այդ լուծումը
կու գայ հակառակո՛րդ կողմէն։
Ի՞նչ կրնայ ընել այդ կողմը։
Ըսէ՞ »կ'ընդունիմ մեղքս, պատրաստ եմ ձեր ուզածը կատարելու, ահա ձեզի
լայն հողատարածքներ՝ միացուցէք ՀՀ տարածքին, ընդլայնեցէք ձեր երկրի
տարածութիւնը, ունեցէք ելք դէպի Սեւ ծով, ահա նաեւ նիւթական համապատասխան
հատուցում, որ քանի մը հարիւր տարի պիտի օժանդակէ ձեզի՝ ձեր տնտեսութիւնը
ամրապնդելու համար. եկէք ստորագրենք հաշտութեան դաշինք ու վերջ տանք մեր
թշնամութեան«... Այս բոլորը նորութիւն չեն ըլլար, ի հարկէ։ Ուզուած բաներ են... մե՛ր
կողմէ։ Իսկ եթէ յանկարծ, Նինի թշնամի երկրի վարչապետին պէս՝ Թուրքիոյ
վարչապետը յայտարարէ, որ իր երկրի միլիոնաւոր քաղաքացիներուն նման, ինքն ալ
հայկական ծագում ունի, ու պատրաստ է երկրին սահմանները բանալու՝ որ արտերկրի
իր ազգակիցներն ալ վերադառնան իրենց տուները, պատրաստ է նաեւ երկրին անունն
ալ փոխելու ու զայն կոչելու Հայաստան, որպէսզի թուրք ամօթալի անունը այլեւս
գոյութիւն իսկ չունենայ։ Ասիկա՛ կÿըլլայ անսպասելի լուծում...
Իսկ մեր պարագային, կա՞ն քայլեր որ մե՛նք կրնանք առնել։ Արդարեւ, ինչպէ՞ս
կրնանք խաղալ այդ Համաշխարհային խաղաղութեան խաղը։ Ի՞նչ »նոր« առաջարկ
կրնանք ընել։
Ի հարկէ, առաջին ու հիմնական ակնկալութիւնը որ թշնամին կը սպասէ մեզմէ՝
այն յայտարարութիւնն է, որ ՀՀ իշխանութիւնը կրնայ ընել, թէ Հայաստանը հողային
ոչ մէկ պահանջք ունի Թուրքիայէն, որուն համար ալ մեծ երեւակայութեան մը պէտք
չկայ, եւ որ սակայն չի համապատասխաներ հայութեան իղձերուն եւ երազներուն,
յատկապէս սփիւռքահայութեան, որ ժառանգորդն է տեղահանուած
արեւմտահայութեան։

Անակնկալը կ'ըլլայ եթէ Սփիւռքի հայութի՛ւնը ընէ նման յայտարարութիւն )ինչ
որ Նինի ցեղախումբի օրինակին ճիշդ հակառակ պատկերը պիտի ներկայացնէ(։
Առաջարկե՞նք, որ մենք Թուրքիայէն ոչ թէ հողատարածքներ կ'ուզենք առնել
ու Հայաստանի Հանրապետութեան կցել, այլ պարզապէս կը պահանջենք մեր
իրաւունքը՝ վերադառնալու մեր հայրերու, մեծ հայրերու կամ մեծ-մեծ հայրերու
բնակավայրերը, ու հոն ապրելու։ Կամ՝ քիչ մըն ալ աւելի յանդուգն կերպով՝ Թուրքիոյ
մէջ ստեղծել հայկական ինքնավար շրջաններ )անշուշտ այս ալ նորութիւն չէ վերջին
հաշուով...(։
Թէ ոչ – ու ասիկա մարդու մտքէ պիտի չանցնէր – Հայաստան ու Սփիւռք
միասնաբար յայտարարեն, որ վերջակէտ կը դնեն Հայաստանի իբր առանձինն
պետութիւն գոյութեան, ներկայ հողատարածքը կը միացնեն Թուրքիոյ, ու կը ստեղծեն
նոր երկիր մը, թերեւս Թուրքեւհայ )կամ ալ՝ քիւրտերուն ալ մասնակցութեամբ՝
Թուրք-Հայ-Քիւրտ Դաշնակցային Հանրապետութիւնը, ուր կրնան երեք
ժողովուրդները ապրիլ ու ստեղծագործել ազատօրէն, պահելով սեփական լեզու եւ
մշակոյթ, որպէս դարաւո՜ր եղբայր ժողովուրդներ...
Իսկ եթէ յանկարծ վրացիներն ու ազերիներն ալ միանան, ու ստեղծուի Փոքր
Ասիա-Կովկաս Միութիւնը, Եւրոպական Միութեան նման։ Բոլոր հարցերը լուծուած
չե՞ն ըլլար, ներառեալ Արցախի ու æաւախքի առկախ հարցերը...
Հեռանիստ ընկերս իր ել-նամակին մէջ նաեւ հարց կու տար, թէ միթէ Հրանդ
Տինք նման երազ մը չէ՞ր հետապնդեր թէկուզ իր տոն-քիշոտեան ձեւով։
Ճոն Հանթըրի ստեղծած Համաշխարհային խաղաղութեան խաղով, այո, շատ
մեծ խնդիրներ կրնան թերեւս անսպասելի լուծումներու յանգիլ։ Իսկ երբ խաղէն
անցնինք իրականութեա՞ն...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝