Յայտարարութիւն

Wednesday, February 15, 2012

Ինքնապաշտպանութեան դիրքերու վրայ - ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ
Ինքնապաշտպանութեան դիրքերու վրայ
Մեր լեզուն պաշտպանելու համար սրբազան պատերազմ պէտք է հռչակել։
Ան սպառնալիքի տակ է դուրսէն թէ ներսէն։ Դուրսէն՝ միջազգայնացումն է, որ
անգլերէնի համատարած տիրապետութեան կÿենթարկէ ոչ միայն մեր, այլեւ աշխարհի
բոլո՛ր լեզուները, իսկ ներսէն մեր անտարբերութիւնն է, մեր լեզուն պահելու եւ
անաղարտ պահելու մեր անփութութիւնը ՝ Սփիւռքի մէջ թէ Հայաստանի։
Վտանգուածը ոչ միայն արեւմտահայերէնն է, այլեւ արեւելահայերէնը, մէկ
խօսքով՝ հայերէնը, եւ զայն պաշտպանելու համար համազգայի՛ն ճակատ է պէտք.
ինքնապաշտպանութեան մեր պայքարը համատեղ ճիգերով կրնայ ըլլալ միայն։
Այդ պայքարը բազմաշերտ է, ու բազմոլորտ։ Կայ անհատական շերտը՝ անհատ
ազգայիններու եւ ընտանիքներու մակարդակին վրայ, կայ կազմակերպական շերտը՝
կրօնական, քաղաքական, կրթա-մշակութային ու բոլոր այլ ոլորտներուն մէջ, եւ կայ
պետական շերտը՝ երկրի իշխանութեան իրաւասութեան տակ գտնուած բոլո՛ր
ոլորտներուն մէջ։ Լեզուի պաշտպանութիւնը ոեւէ մէկուն կամ
որեւէ կազմակերպութեան, նոյնիսկ պետութեան մենաշնորհը չէ, բայց բոլորին
առաքելութիւնն է, ճիտին պա՛րտքը։
Ներկայ յօդուածով կ'ուզեմ կեդրոնանալ մի քանի հրատապ խնդիրներու վրայ,
արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան առնչուած, որոնք մեր անմիջական
ուշադրութեան պէտք են արժանանալ։

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ՝ ՊԵՏԱԿԱՆ ԼԵԶՈՒ - Ասիկա կենսական է, որպէսզի
արեւմտահայերէնը վերապրի. հայրենի պետութիւնը արեւմտահայերէնին պէտք
է ընծայէ պետական լեզուի կարգավիճակ. պայման է, որ այդ կարգավիճակը
ներառէ դասական ուղղագրութիւնը։ Եթէ հայ ծագումով ամեն անձ իրաւասութիւնը
ունի դառնալու Հայաստանի քաղաքացի, ապա անոր հետ յարաբերութիւնը, եւ
ընդհանրապէս արեւմտախօս սփիւռքահայութեան հետ յարաբերութիւնը
արեւմտահայերէնով պէտք է ըլլայ՝ անցագիրներու, պետական այլ վկայաթուղթերու,
փաստաթուղթերու, հաղորդագրութիւններու, լրատուութիւններու, հիւպատոսական
թէ բոլոր այլ կապերուն միջոցաւ։ Ասիկա բարձրագոյն մակարդակի վրայ
հետապնդուելիք աշխատանք է, որուն անյապաղ ձեռնարկելու են Սփիւռքի
թէ Հայաստանի մէջ մեր եկեղեցական թէ քաղաքական կազմակերպութիւնները։

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ՝ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ԼԵԶՈՒ - Ասիկա նոյնպէս կենսական է,
որպէսզի արեւմտահայերէնը ապրող ու գործածուող լեզու մնայ։ Ելեկտրոնային կամ
առցանց հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներով, որոնման բոլոր յայտագիրներով,
տեղեկատուական բոլոր կայքերուն վրայ արեւմտահայերէնի գործածութիւնը կարելի
պէտք է ըլլայ։ Պէտք է ճարենք նիւթական միջոցներն ու համախմբենք առկայ
հմտութիւնները՝ համացանցը ղեկավարող հաստատութիւններուն եւ
ընկերութիւններուն մօտ անհրաժեշտ աշխատանքը տանելու ու այս կարելիութիւնը
վերջնական կերպով հաստատելու համար։ Նաեւ, զուգահեռաբար՝ մեր մամուլին,
հրատարակչականներուն եւ անհատ հաղորդակցողներուն մատչելի պէտք
է դարձնենք հաղորդակցական մէ՛կ համակարգ, որ իր բազմապիսի
տառատեսակներով հանդերձ, գործէ մէկ համակարգչային յայտագրով, ինչպէս
է լատինատառ լեզուներու պարագային։

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ՝ ԲՈԼՈՐԻՆ ԴԱՍԱՒԱՆԴԵԼԻ ԼԵԶՈՒ - Ասիկա եւս ամենէն
հրատապ հարցերէն մէկն է։ Առաջին հերթին, երբ նկատի կÿառնենք
սփիւռքահայութեան թուաքանակը ու իր զաւակներուն համար տրամադրելի
կրթական հաստատութիւններու թիւը, կ'անդրադառնանք թէ օտարանալու, մեր
լեզուն կորսնցնելու բոլոր տուեալները հոն են։ Առանց իւրաքանչիւր հայորդիի համար
հայկական ամենօրեայ դպրոցի գրասեղան մը կարենալ ապահովելու, մենք չենք
կրնար արեւմտահայերէնը )եւ այս պարագային նաեւ արեւելահայերէնը(
կորուստէ փրկել։ Սա կը նշանակէ դպրոցաշինութեան հսկայ արշաւ, սա կը
նշանակէ կրթաթոշակներու մատչելիութիւն, սա կը նշանակէ ծրագրուած աշխատանք
հայահոծ գաղութներուն մէջ։ Ու վերջապէս կը նշանակէ առցանց վարժարաններու
ցանցի ընդլայնում՝ հասնելու համար նաեւ նուազ հայահոծ կամ մեկուսի վայրերու մէջ
ապրող հայորդիներու հայեցի դաստիարակութեան կարիքներուն։

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ՝ ԴԱՍԱՒԱՆԴՄԱՆ ՄԻæՈՑՆԵՐՈՎ ԶԻՆՈՒԱԾ ԼԵԶՈՒ –
Անյետաձգելի պահանջք է ունենալ դասաւանդութեան անհրաժեշտ միջոցները, սկսեալ
որակաւոր, վկայեալ ուսուցիչներէն )ո՞ւր եւ որո՞նց կողմէ պիտի պատրաստուին
անոնք(, արդիական մանկավարժական մօտեցումներով օժտուած դասագրքերէն ու
յարակից օժանդակ ելեկտրոնային կամ այլ սարքերէն )ո՞վ պիտի
պատրաստէ զանոնք(, ընթերցանութեան գրքերէն, տպագիր թէ թուայնացած )նոյն
հարցումը(, մինչեւ մամուլ, հեռատեսիլ, ձայնասփիւռ, ժամանցի յայտագիրներ ու
մասամբ նորին )հարցումները կը թողում ընթերցողներու երեւակայութեան...(։

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ՝ ԶԱՐԳԱՑՈՂ ԼԵԶՈՒ - Առանց զարգանալու
կարելիութիւններով օժտուելու, որքան ալ որ ջանանք մեր ունեցածը պահել, ի վերջոյ
կը լճանայ մեր լեզուն, կը քարանայ՝ բրածոյ, թանգարանային կը դառնայ։
Զարգանալու միջոցները առաջին հերթին նոր բառարաններն են, մանաւանդ առցանց,
քերականութեան դասագրքերը՝ այսօրուան համաշխարհային լեզուագիտութեան
հիմունքներու վրայ, առցանց ուղղագրիչներն ու քերականիչները )եթէ նման բառ ալ
կարելի է ստեղծել( կամ ինքնասրբագրիչ յայտագիրները, որոնք գրաշարած ատենդ
իսկ քեզի կը յուշեն գրելու ճիշդ ձեւը. բայց նաեւ այդ ճիշդ ուղղագրութիւնն ու
քերականութիւնը հաստատող կաճառը, որ վերջ գտնէ արեւմտահայերէնի այն
անտիրական վիճակը որ առկայ է այսօր։ Բայց երկրորդ հերթին, եւ ոչ նուազ կարեւոր՝
այդ լեզուն ապրեցնող գրականութիւնը, որուն մշակները նոյնպէս կարիքը ունին
խրախուսանքի՝ նիւթական թէ բարոյական։
Այստեղ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան հարցը դրուեցաւ։ Շատ տարբեր
չէ արեւելահայերէնի պաշտպանութիւնը, որ Հայաստանի մէջ կÿընդգկէ նաեւ
տնտեսական ոլորտը, իր բոլոր երեսներով։

Ահա ինչ դիրքերու վրայ պիտի մղուի մեր գոյամարտը։ Սա լեզուի
պաշտպանութեան հարց չէ պարզապէս։ Սա ինքնութեան պաշտպանութեան հարց է,
մեր ազգային գոյութեա՛ն հարցն է։
Ով ունի ունկն...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2012-01-16 )1702(
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝