Յայտարարութիւն

Wednesday, February 22, 2012

Պարպուած շիշեր - ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

ՈՍՏԱՅՆ
Պարպուած շիշեր
Այդ ամառ վերստին Արեւելեան գաւառներն էինք գացեր արձակուրդի։ Այդպէս
կը կոչուին Մոնթրէալի հարաւը՝ ամերիկեան սահմանին մօտակայ այն տարածքները,
որոնք ունին իւրայատուկ ինքնութիւն մը։ Նախապէս առաւելաբար անգլիախօս շրջան
մը եղած է, հիմա նուազ, սակայն տակաւին տարբեր դրոշմ մը կր կրէ։ Յատկապէս
գիւղերու, գիւղաքաղաքներու կերպարանքները առինքնող են։ Այսօր բաւական
զարգացած հողամաս մըն է զբօսաշրջային առումով, ու շատ շատեր ամրան տաքին
շաբաթ մը երկու հոն կÿերթան հանգստանալու։

Ընդհանրապէս տափարակ հողատարածք մըն է, սակայն բազմաթիւ կարեւոր
բլուրներ կամ լեռներ հոս ու հոն դուրս կը ժայթքին դաշտերէն ու նկարագիր կու տան
համայնապատկերին։ Ա՛յդ է, որ այնքան հետաքրքրական կը դարձնէ բնութիւնը։
Աւելցուցէք նոյնքան թիւով լիճեր ու լճակներ, ու ահա արձակուրդի իտէալ միջավայր
մը։ Քեպէգցիներու մեծամասնութիւնը ձմեռն ալ կը սիրէ այդ կողմերը երթալ ու
օգտուիլ դահուկելու սահուղիներէն, որ այդ բլուրներուն ու լեռներուն լանջերն ի վար
սարքուած են, անշուշտ ուրախութիւն պատճառելով ձմեռնորդներուն, բայց ոչ
ամառնորդներուն, որոնք զանոնք՝ այդ սահուղիները կը տեսնեն որպէս բնութեան մէջ
յառաջացած սպիներ...

Մենք Օրֆորտ լերան շրջապատին մէջն ենք, իջեւանած Մակոկ գիւղաքաղաքին
մօտերը, բայց լերան ստորոտը շինուած նոր պանդոկային համալիր մը։ Մտերմիկ
միջավայր մը, կարմիր կտուրով մի քանի տնակներէ բաղկացած։ Իւրաքանչիւրը՝ մէկ
կամ երկու ընտանիքի համար։ Ընկերովի՝ տնակ մըն ալ մենք ենք վարձած քանի մը
օրով։ Տնակ ըսածներս շատ հանգստաւէտ յարկաբաժիններ են, մի քանի ննջարանով,
նստասենեակով, բաղնիք ու խոհանոցով։ Դուրսը՝ անոնց միջեւ լողաւազանն է, ուր
աղջիկներս կը սիրեն խաղալ ու լողալ, սուզուիլ ու պոռչտալ։
Ես կը նախընտրեմ լճեզերք երթալ։ Մակոկը երկար լողափ ունի Մեմֆրամակոկ
մեծ լիճի հիւսիսային եզերքը։ Այդտեղէն կարելի է նաեւ փոքր նաւերով լիճն ի վար,
մինչեւ Ամերիկեան սահմանը երթալ ու գալ։ Լողալու համար սակայն աւելի կը սիրենք
Օրֆորտի մեծ զբօսայգիին մէջ գտնուող Սթուքլի լճակը, որ շատ մաքուր է, ուր
մակոյկներ, մանաւանդ շարժակաւոր մակոյկներ ու ջրահեծիքներ չեն շրջիր, աղմուկ ու
ապականութիւն չեն բերեր։ Աղմուկը՝ երեխաներու ուրախ ճիչերն են...

Եթէ Մոնթրէալէն պիտի գաս այստեղ, ու փորձես լիճին եզերքը գտնուող փիգ-նիգի
սեղաններէն մէկը գրաւել՝ օրը հոս անցնելու համար, առաւօտ շատ կանուխ պիտի
մեկնիս։ Բայց եթէ այս կողմերը գիշերած ես, անպայման կը յաջողիս
քաղաքաբնակներուն հասնելէն առաջ՝ գալ ու լաւագոյն, հովասուն անկիւնը գտնել...
Հետդ կը բերես մեծ սառնարանը՝ օրուան սանտուիչներով, պտուղ-
բանջարեղէնով ու օշարակներով )ոգելից ըմպելիները արգիլուած են նահանգային կամ
որեւէ զբօսայգիի մէջ(, որ նախորդ երեկոյ կամ նոյն առաւօտ կինդ խնամքով
պատրաստած է... Կը բերես կարդալիքդ, որ ջուրէ դուրս գտնուած հանգիստի մէկ
պահուդ, երբ զաւակներդ ալ իրենց տարեկիցներուն հետ աւազին վրայ խաղալով
զբաղած են՝ քանի մը էջ կարենաս ընթեռնել։

Շատ յիշատակներ կան կապուած այս վայրերուն հետ, ուր օրուան
վերջաւորութեան ալ կրնաս համերգներու ներկայ ըլլալ՝ Jeunesse musicale du Canadaի
ճամբարի սրահին, կամ Մակոկի մայր տաճարին մէջ, կամ ալ թատերական
ներկայացում մը վայելել քիչ մըն ալ աւելի հեռու՝ շրջակայ քաղաքներու կամ
աւաններու դպրոցական կամ համալսարանական թատերասրահներուն մէջ։ Ամբողջ
ամառը մշակութային եռուզեռ մը կայ այստեղ, որուն համար իրապէս բախտաւոր
պէտք ենք զգալ մենք զմեզ, բայց որմէ այնքան յաճախ ալ չենք գիտցած օգտուիլ,
այլապէս լեցուցած ըլլալով մեր ամառնային արձակուրդային օրերը։
Աղջնակներուս հետ քալելու ելած եմ։ Պանդոկէն մեկնելով, ճամբուն եզերքէն
յառաջանալով կը զրուցենք։ Երթեւեկ գրեթէ չկայ։ Ամառնային երեկոյ է, տակաւին
լոյս է, ու Օրֆորտի կոնաձեւ սքանչելի գագաթն ալ քովէն կը հսկէ մեր վրայ։ Մաքուր
օդը մեր թոքերը կը մաքրէ, լռութիւնը՝ մեր մտքերը։ Կը նկատենք, մեր առջեւէն զոյգ
մը կը քալեն։ Ծերունի մըն է, ու ձեռքէն բռնած իր թոռնիկը։ Մերթ ընդ մերթ կանգ
կ'առնեն, փոքրիկը կը ծռի, գետնէն բան մը կը վերցնէ ու մեծ հօրը կը յանձնէ, ան ալ
ուսէն կախուած լայն տոպրակի մը մէջ կը դնէ։ Կը մօտենանք ու բարեւ կ'ըսենք։ Կը
հասկնանք, որ զովացուցիչի շիշեր կը հաւաքեն։ Իւրաքանչիւրին համար մի քանի սենթ
կրնան գանձել, եթէ նպարավաճառատուն տանին։

- Մեր գեղեցիկ բնութիւնը կը փորձենք մաքուր պահել, - կ'ըսէ մեծ հայրիկը։
-Այո, - կ'աւելցնէ թոռնիկը, - պարապ շիշերը պէտք չէ ճամբաներուն վրայ ձգել։
Դժուար պիտի չըլլար հաւատալ իրենց, եթէ մարդուն հագուստ-կապուստը
չմատնէր աղքատութեան աստիճան մը, որուն վրայ գտնուողին համար ձեռք ձգած
իւրաքանչիւր սենթը կրնայ օգտակար ըլլալ։

Երբոր կը վերադառնանք պանդոկ, մենք ալ խաւաքարտէ պարապ տուփ մը կը
ճարենք ու կը սկսինք լողաւազանին շուրջ կամ մօտերը լքուած պարապ շիշերը
հաւաքել անոր մէջ։ Աղջիկներուս բան չեմ ըսեր, սակայն միտքս կը դնեմ, որ յաջորդ
երեկոյ, այստեղէն մեկնելէ առաջ պիտի ջանամ գտնել այդ ծերունին, ու ամբողջ
հաւաքածս յանձնել իրեն։
Իրապէս ալ, կը գտնենք զիրենք, ու լաւ բան մը ըրած ըլլալու
տրամադրութեամբ, իրեն կÿառաջարկեմ շիշերով լեցուն տուփս։ Մարդը կը մերժէ։
Անակնկալի կու գամ։ Կ'երեւի արժանապատուութեան հարց կը դառնայ։ Չեմ պնդեր
ու կը հեռանանք, սակայն կը խորհիմ ուրիշ կերպով օգնել իրեն։ Մէկիկ մէկիկ, կամաց
կամաց կը սկսինք պարապ շիշերը նետել ճամբուն եզերքը, որպէսզի ինք զանոնք
հաւաքէ թոռնիկին հետ։

Ահա մեր այդ ըրած պահուն, ուրկէ՛ ո՜ւր ոստիկանի ինքնաշարժ մը կու գայ մեր
ետեւէն, ուր մեր առջեւը անցնելով կը կեցնէ մեզ։ Տուգանք պիտի ստանանք։
Արգիլուած է շիշերը այդպէս նետելը։

Ի՞նչ ընենք։ Կը բացատրենք թէ ինչու կ'ընէինք ատիկա։ Մարդը չի հաւատար,
սակայն շատ չանցած հեռուէն կ'երեւին պապիկն ու թոռնիկը։
Ոստիկանը թոյլ կու տայ որ մեկնինք, բայց կը յարէ. - բարեգործութեան աւելի
լաւ ձեւ մը գտէք...

Շնորհակալ կ'ըլլանք, ու կը շարունակենք մեր ճամբան։ Յետահայեաց հայելիէս
կը տեսնեմ, որ ոստիկանն ալ շիշ մը կը նետէ իր պատուհանէն, մինչ Օրֆորտը
հետզհետէ կը փոքրանայ հորիզոնին վրայ...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝