Յայտարարութիւն

Saturday, February 25, 2012

Կողմնացոյցո՞վ թէ առանց կողմնացոյցի- ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

ԸՆԿԵՐԱԿԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ
Կողմնացոյցո՞վ թէ առանց կողմնացոյցի
Հայ դատի արդար լուծումը նպատակն է բոլորիս՝ հայութեան բոլոր
հատուածներուն, բոլոր կուսակցութիւններուն՝ Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի։
Նպատակն է եւ ճիտին պարտքը։ Գէթ այդպէս կրնա՛նք ենթադրել։ Դժուար է այլ
իրավիճակ երեւակայել։

»Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը ձգտի Հայ դատի լուծման -
ամբողջական հայութեամբ՝ ամբողջական հայրենիքի կերտումին։« ՀՅԴ Ծրագրի
նորագոյն՝ 1998-ի տարբերակի առաջին էջին վրայ զետեղուած այս յայտարարութեան
առաջին երեք բառերը եթէ փոխարինենք »Հայ ժողովուրդը« բառերով, ոչինչ կը
փոխուի իրականութեան մէջ։ Կրնանք տարբեր պատկերացումներ ունենալ հոն
հասնելու ճամբուն մասին, նոյնիսկ կրնանք տակաւին վիճիլ »ամբողջական« բառի
տարողութեան մասին, բայց ձգտումը կը մնայ ընդհանրական, կը մնայ ազգային,
համազգային։

Հայաստանի հզօրացումը, իբր անկախ պետականութիւն՝ իր ազգային
անվտանգութեան քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային
ստորոգելիներով, հիմքը նկատել հայ ժողովուրդի գոյութեան ապահովման, նոյնպէս
դաւանանքն է բոլոր կողմերուն, ազգային կազմակերպութիւններուն, ո՛ւր որ ալ
գտնուին անոնք։ Գէթ այլ ենթադրութիւն չենք կրնար ունենալ։ Ոչ ոք դէմ կրնայ ըլլալ
այս առաջադրանքին եւս։

Այս առնչութեամբ ալ երբոր նոյն Ծրագիրը, նոյնպէս իր առաջին էջին վրայ կը
յայտարարէ, թէ Հ.Յ.Դ.-ը »կ'առաջադրէ անհատի ազատութեան, ազգային
ինքնորոշման, անկախ պետականութեան, ընկերութեան համերաշխութեան եւ
բարօրութեան ճամբով ապահովել հայ մարդու ու հայ ազգի անկաշկանդ,
բազմակողմանի եւ ներդաշնակ զարգացումը«, ասոր տակ եւս կրնան ստորագրել
բոլո՛ր կողմերը անխտիր։ Կրնանք, իրաւամբ, այս բոլորը իրականացնելու միջոցներուն
մասին ունենալ տարբեր մօտեցումներ, սակայն նպատակը ազգային, համազգային
ըլլալէ չի դադրիր։

Իսկ երբ իր իրերայաջորդ Ընդհանուր ժողովներով Հայ յեղափոխական
դաշնակցութիւնը կը հաստատէ ու վերահաստատէ, թէ »ազգային անվտանգութեան,
ինչպէս նաեւ ազգային նպատակներու իրականացման տեսակէտէն Հայաստանի
համար էական գործօն է կազկակերպուած եւ քաղաքականացած Սփիւռքը, որու
հայկական ինքնութեան պահպանումը եւ կազմակերպական հզօրացումը
առաջնահերթութիւն է«, դարձեալ կը հաւատամ, որ այդ առաջնահերթութիւնը
հատուածական բնոյթ չունի, այլ ազգայի՛ն է, համազգային։ Ասոր գիտակից են այլեւս,
կ'ենթադրեմ, ոչ միայն Սփիւռքի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւնները, այլեւ
Հայաստանի ալ պետութիւնն ու քաղաքական եւ այլ հաստատութիւնները։
Ուրեմն, այս բոլոր նպատակները կրնան ու պէտք են հետապնդուիլ հայ
ժողովուրդի ամբողջական ներուժի համախմբումով։ Ոչ մէկ կողմ ունի ուժն ու
կարողութիւնը, իրաւունքն ու մենաշնորհը այդ նպատակները առանձնաբար
հետապնդելու – ոչ Հայրենիքը, ոչ Սփիւռքը, ոչ ալ մէկուն կամ միւսին
որեւէ կազմակերպութիւնը։ Միասնաբա՛ր, համատե՛ղ ուժերով՝ անոնք ունին
պարտաւորութիւնն ու առաքելութիւնը այդ ընելու։

Ինչ որ յստակացման ու պայծառացման կը կարօտի՝ այս նպատակներուն մղում
տուող, այս նպատակները իմաստաւորող գաղափարաբանութիւնն է, կողմնացո՛յցը։
Ի՞նչ տեսակ ապագայ կ'ուզենք կերտել մեր զաւակներուն եւ յաջորդ
սերունդներուն համար։ Վերանկախացումէն քսան տարի ետք, տակաւին յստակ
չէ ամեն ինչ։ Ո՞ւր կÿերթայ մեր երկիրը։ Ո՞ւր կը տանին զայն իրար յաջորդած
իշխանութիւնները։ Նոր եղեռնի մը վտանգը կը սպառնայ Հայաստանի, այս անգամ
առանց արիւնահեղութեան՝ վտանգաւոր չափերու հասնող արտագաղթով։ Ի՞նչ
ազգային գաղափարաբանութեան կը հետեւին երկրի ճակատագիրը վարող պետական
այրերը, կուսակցութիւնները։ Ահա այս մարզին մէջ տարակարծութիւն կայ, երբեմն
անկամրջելի խրամատներով։ Ի՞նչ կրնանք ընել այդ ուղղութեամբ։

Հ.Յ.Դ. ծրագիրը կը սահմանէ այս կուսակցութեան գաղափարական հիմքը, որ
կու գայ իր արմատներէն - »Հ. Յ. Դաշնակցութեան ընկերվարական իդէալն
է կերտումը հասարակութեան մը, ուր մարդը ազատագրուած ըլլայ ցեղային,
կրօնական-դաւանական, ազգային, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ամեն
տեսակ խտրականութենէ, կաշկանդումէ, բռնութենէ եւ շահագործումէ։« Նման իդէալ
անիրականանալի է առանց, երկրէն ներս, ժողովրդավար կարգերու,
պայմանաւորուած՝ օրէնսդիր, դատական եւ գործադիր իշխանութեանց
տարանջատումով եւ փոխադարձ հակակշռումով, ու առանց, երկրէն դուրս,
իրաւահաւասար ազգերու ներդաշնակ համակեցութեան՝ պայմանաւորուած
իւրաքանչիւր ազգի ինքնորոշման անժամանցելի իրաւունքի յարգումով, սեփական
հողերուն վրայ ապրելու նոյնքան կենսական իրաւունքի յարգումով եւ ազգերու
համագործակցութեամբ։

Իր ծնունդէն ի վեր, արիւնալի գոյամարտի օրերէն մինչեւ օրս այդ իդեալը
առաջնորդած է այս կուսակցութիւնը։ Վահան Նաւասարդեան իր քաղաքական
կտակին մէջ այնքան կուռ կերպով կը բանաձեւէ այս գաղափարաբանութիւնը.
»Արցունք ու արիւն չտեսնել հայ ժողովուրդի աչքերուն մէջ։
Հայ շինականը դէր դարձնել իր արդար վաստակին։
Հաւատացեալը ազատ ձգել անվախօրէն իր Աստծուն աղօթելու։
Խորտակել հայ մտածումին վրայ ծանրացած շղթաները։
Հայ լեզուն ազատել զինք կաշկանդող կապանքներէն։
Թոյլ տալ, որ հայ հանճարը ազատօրէն ծաղկի ու ստեղծագործէ իր ազատ
հայրենիքին մէջ։
Ազատ տեսնել հայ քաղաքացին ազատ Հայաստանի մէջ։«

Դաշնակցութեան համար կը մնայ իր այլազան առաջադրանքները ներկայացնել
հայութեան, ընտրութենէ ընտրութիւն՝ նման հասարակարգ մը յառաջացնելու համար
Հայաստանի մէջ։ Սակայն միւս, յատկապէս երկրի ղեկը իրենց ձեռքը պահող
կուսակցութիւններուն պարտքն է Հայաստանի ապագային առնչութեամբ իրե՛նց
պատկերացումները նոյնպէս յստակացնել, բացատրելով թէ ներկայ այս աշխարհին
մէջ, ուր տակաւին շամբերու օրէնքն է ի զօրու, ուր իրաւունքը զօրաւորինն է միայն,
ուր այսպէս կոչուած զարգացա՜ծ աշխարհի ամենէն հզօր պետութիւններուն մէջ
հարստութիւնը կը կեդրոնանայ ժողովուրդի միայն մէկ առ հարիւրին ձեռքը, եւ նոյնին
կապկումը նաեւ մե՛ր երկրին մէջ կը պատահի, ի՞նչ կÿառաջադրեն պահպանելու
համար թշնամիներով շրջապատուած Հայաստանի անվտանգութիւնն ու զարգացումը,
եւ ապահովելու համար հայութեան միասնականութիւնը՝ դիմագրաւելու համար բոլոր
վտանգները։

Լինել թէ չլինելուն նման, հարցադրումին մեր պատասխանը պիտի ըլլայ՝
կողմնացոյցո՛վ...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2012-02-20 )1703(
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝