Յայտարարութիւն

Wednesday, February 29, 2012

Նամակնե՜ր, նամակնե՜ր... - ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

ՈՍՏԱՅՆ
Նամակնե՜ր, նամակնե՜ր...
Խորագիրը՝ Շաւարշ Նարդունին յիշելով...
Նամակները՝ Ոստայնին թելերուն ծայրերը այս ոստայնանկին կապող գլխաւոր
միջոցն էին, մինչեւ ել-նամակագրութեան, կամ այլ բառով՝ ելագրութեան ստեղծումը,
որ յեղաշրջեց հաղորդակցութեան ձեւն ու խորքը, տագնապի մատնելով թուղթի ու
մելանի ճարտարարուեստը, փոխադրական միջոցներու եւ նամակաբաշխութեան
սպասարկութիւնները, եւ մասամբ նորին...

Մինչեւ վերջերս նամակներուս ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ցրուած կը մնար
զանազան տուփերու եւ դէզերու մէջ, ու գրեթէ անհնար էր գտնել որեւէ թուականի ու
ոեւէ մէկուն առաքուած կամ իր կողմէ ստացուած նամակ մը։ Երբոր սակայն
ձեռնարկեցի յուշերս գրելու, անդրադարձայ, որ առաջին գործս պէտք է ըլլար այդ
խառնիճաղանճի դասաւորումը։

Ունիմ հիւանդութիւն մը որ մթերամոլութիւն կը կոչուի, եւ որ իմ պարագային
թուղթերու կը վերաբերի, ըլլան ատոնք թերթ, նամակ, ծանուցում, յայտագիր։ Թերեւս
ժառանգակա՛ն հիւանդութիւն է, քանի որ նոյնը նկատած եմ ատենին մօրս մօտ։ Երբեք
չեմ մոռնար, որքա՜ն Յուսաբեր օրաթերթ դիզուած էր մեր տան մէջ, մինչեւ առաստաղ
հասնող սնտուկներով, ու վարագոյրի մը ետեւ ամփոփուած։ Ինչո՞ւ կը պահուէին այդ
թերթերը, չեմ գիտցած։ Այսօր ալ զաւակներս ու թոռներս իրաւամբ հարց կրնան տալ,
թէ ինչո՛ւ ես ալ այդքան թուղթ, թերթ, պարբերաթերթ, կամ անոնցմէ կտրօններ,
ապա նամակ, այլեւ դպրոցական դասատետրեր պահեր եմ այդքա՜ն ատեն։
Մաքրագործման անցայ, ու կÿերեւի դեռ երկար ատեն այդ աշխատանքը պէտք
է շարունակեմ՝ եթէ կնոջս հետ չեմ ուզեր լաւ յարաբերութիւններս խախտել... Միւս
կողմէ, սակայն, իւրաքանչիւր նետուած թուղթի կտորի հետ բա՛ն մը կը պակսի ինձմէ,
յիշատակ մը, մարդոց ու աշխարհի հետ կապ մը... Ոստայնէս թել մը գուցէ։
Յուշագրութեանս համար, սակայն, օրատետրերուս ու յատկապէս
նամակներուս պահպանումը անշուշտ մեծապէս օգտակար պիտի հանդիսանար։
Տասներեք տարեկանէս ի վեր գրեր եմ, եւ հիմա՝ երբ կը վերադառնամ անոնց, կարծես
կեանքս անգամ մը եւս կ'ապրիմ։

Եթէ օրատետրերս աւելի ամփոփ ու առարկայական ներկայացումը կրնան
հանդիսանալ անցած ուղիիս, յաճախ չոր, մէկ երկու բառով միայն նշուած դէպքերու
թուումով, նամակներս, ընդհակառակն կը բացայայտեն գաղափարներ,
մտահոգութիւններ, յոյզեր եւ ակնկալութիւններ, ու կ'օգնեն, որ ես ինքս զիս
ճանչնամ, հասկնամ։ Անոնք պատուհան մը կը հանդիսանան ներաշխարհիս վրայ, ու
մանաւանդ կը ցոլացնեն հոգեկան ու մտային այն հոլովոյթը, որ ապրեր եմ
տարիքէ տարիք։

Առաջին նամակներս ընտանեկան բնոյթ ունին, ու կը սկսին Գալուստ մեծ հօրս
ղրկուածներէն։ Քիչ կը տեսնէինք զինք, քանի որ նոյն քաղաքը չէինք ապրեր –
տօնական օրերու կամ յատուկ առիթներու էր, որ ան Գահիրէ կու գար։ Կարօտի
խօսքեր կ'ըսուէին, առտնին դէպքեր կը յիշատակուէին։ Իսկ ինք միշտ կը
հետաքրքրուէր մեր դպրոցական արդիւնքներով, կ'ուրախանար մեր
յաջողութիւններով։
Հեռաբնակ ազգականներու գրուած նամակները կ'երթային աշխարհի բոլոր
կողմերը։ Անոնցմէ շատերու երբեք չէի հանդիպած, ոմանք ալ մինչեւ իրենց կեանքին
վերջը չտեսայ։ Մեր ճակատագիրն էր, որ միայն նամակով կապ կրնայինք հաստատել
իրարու հետ...

Յատուկ տեղ կը գրաւեն մեր նշանախօսութեան ամիսներուն մեր միջեւ
Գահիրէ-Աղեքսանդրիա փոխանակուած առօրեայ նամակները։
Այդ տեսակէտէն, գաղթելէ ետք, կինս ալ իր ծնողքին հետ գլխաւորաբար
շաբաթական թղթակցութեամբ պիտի հաղորդակցէր, ու իր ալ ղրկած-ստացած
նամակները կարեւոր տեղ մը կը գրաւեն մեր նամակներու պահարանին մէջ։
Յետոյ դասընկերներու, նախկին դասընկերներու կամ ընկերներու ուղղուած
նամակներ են, երբ ժամանակաւոր կերպով՝ ամառնային արձակուրդի կամ գործի
բերմամբ, կամ ալ մնայուն կերպով՝ յետագային, գաղթի՛ պատճառաւ բաժնուած
կ'ըլլայինք իրարմէ։ Ապա կու գան Աղեքսանդրիա հանդիպած ու մտերմացած՝
Երիտասարդացի անդամ ընկերներու ուղղուած նամակները։ Արդէն այդ նամակներուն
մէջ յաճախ կը շօշափուին մեզ յուզող հարցեր՝ Հայաստանի, Հայ դատի,
հայապահպանման ու այլ ոլորտներու վերաբերեալ։ Հիմա, տարիներ ու
տասնամեակներ ետք, այդ ընկերներէն ոմանց հետ, որոնք Մոնթրէալ չեն
հաստատուած, տակաւին կը շարունակուի թղթակցութիւնը, թէկուզ տարին անգամ
մը Ամանորը շնորհաւորելու համար, եւ ի հարկէ առանց թուղթի։
Խմբագրի մը կարեւոր պարտականութիւններէն մէկն է նամակագրութիւնը,
քանի որ աշխատակիցներուն հետ տեւական կապի մէջ պիտի գտնուի ան։ Այս
կապակցութեամբ ալ անհամեմատօրէն կÿընդլայնի հասողութեանդ սահմանները, եւ
ուզես չուզես աշխատակիցներդ կը դառնան նաեւ ծանօթներդ, ընկերներդ,
մտերիմներդ, ու կ'աւելնան Ոստայնիդ թելերը։ Տարիներ ետք ալ, երբ խմբագիր-
աշխատակից յարաբերութիւններ չկան այլեւս, կը շարունակուի նամակագրութիւնը։
Ու կը դիզուի՛ն թուղթերդ։

Ըլլայ խմբագրական պարտականութիւններուդ բերմամբ, ըլլայ
կազմակերպական աշխատանքներուդ, բազում կապեր կը ստեղծուին նաեւ
մտաւորականներու, գրողներու, գործիչներու հետ, որոնց հետ եւս ժամանակի
ընթացքին նամակներ կը փոխանակուին, հարցեր կÿարծարծուին, վէճեր կը
ստեղծուին, կը հարստանայ նամակներուդ հաւաքածոն՝ »ֆոնդ«ը, ինչպէս կ'ըսեն
արեւելահայերը։ Անոնցմէ շատեր պէտք է երթան տեղ գրաւեն այդ անձերու
արխիւներուն մէջ, եթէ կան նման արխիւներ։

Կան նաեւ մարմիններու, ժողովներու ուղղուած նամակներ, քանի որ բարի կամ
գէշ սովորութիւնը ունեցած եմ առաջարկներս, թելադրութիւններս կամ
դժգոհութիւններս գրաւոր փոխանցելու, յստակօրէն բանաձեւելով ըսել ուզածս։
Հիմա արդէն այդ բոլորը, ինչպէս ըսի, համացանցի թեւերուն կը յանձնուին,
ինչպէս ատենին՝ աղաւնիներուն, եւ թուղթի դէզերը կը նուազին, կÿանհետանան։
Հաղորդակցելու, մտքերդ ուրիշին հետ փոխանակելու պահանջքը, սակայն կը մնայ...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2012-02-27 )1704(
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝