Յայտարարութիւն

Tuesday, February 21, 2012

Պատմութեան սեւ էջերը - ՕՇԻՆ ԷԼԱԿԷՕԶ

ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ ՝ ՍԻՐԵԼԻ ՕՇԻՆ ԷԼԱԿԷՕԶԻ ԳՐԻՉԷՆ:

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԱՅՍ ՇԱՀԵԿԱՆ ԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ:

«ՆՇԱՆԱԿ»

»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»







Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճէմիլ Չիչէք, Մարաշ քաղաքին թշնամիի ձեռքէն ազատագրումի 92րդ տարեդարձի հանդիսութիւններու ընթացքին արտասանած ազգայնաշունչ ճառախօսութեան միջոցին ըսաւ , որ Թուրքերու պատմութեան մէջ մէկ հատ իսկ սեւ արատ չկայ:



Ի~նչ յաւակնոտ յայտարարութիւն ...



Աշխարհիս վրայ գոյութիւն ունի՞ արդեօք պետութիւն մը, որ իր պատմութեան մէջ <<սեւ էջ >> չունենայ։Մանաւանդ պետութիւն մը որ վեց հարիւր տարի զէնքի ուժով իր տիրապետութեան տակ առած ըլլայ աշխարհիս երեք ցամաքամասերը ու իր պատմութեան մէջ սեւ էջ մ'իսկ չունենայ:Բոլոր պետութիւնները իրենց պատմութեան մէջ ունեցած են սեւ էջեր, բայց անոնք փոխանակ զանոնք ժխտելու քաջութիւնը ունեցած են զանոնք ընդունելու ու ներողութիւն խնդելու տուժող կողմերէն ։



Երբ Ճէմիլ Չիչէք Մարաշ քաղաքի մէջ կընէր այս ազգայնաշունչ յայտարարութիւնը, կը մոռնար որ երկու ամիս առաջ, 12 Դեկտեմբերին , նոյն Մարաշի մէջ Ալէվի դաւանանքի պատկանող հաստատութիւնները ոգեկոչեցին ու դատապարտեցին 1978 թուականին Մարաշի մէջ Ալէվիներու դէմ իրագործուած կոտորածին 33 րդ տարեդարձը:Ահաւասիկ սեւ էջ մը որ Թուրքիոյ պատմութեան տոմարին մէջ արձանագրուած է 33 տարի առաջ միայն :



Այս թուականէն ամիս մը առաջ, 23 Նոյեմբերին , վարչապետ Էրտողան շատ խիստ խօսքերով արտայայտուեցաւ Տէրսիմի կոտորածներու մասին ու ծանր խօսքերով դատապարտեց ընդդիմադիր կուսակցութիւնը եւ իթթիհատական մտայնութիւնը, Տէրսիմի մէջ 1936-1939 թուականներուն Ալէվի Քիւրերուտ դէմ իրենց իրագործած կոտորածներուն համար ու ըսաւ որ եթէ ներողութիւն մը պէտք է խնդրուի այդ դէպքերուն համար ինք պատրաստ է պետութեան անունով ներողութիւն խնդրելու:



Վարչապետ Էրտողան արդեօք ինչու՞ համար էր որ պատրաստակամութիւն կը յայտնէր ներողութիւն խնդրելու պետութեան անունով։Այս կոտորածն ալ միւսին նման պատմութեան մէկ սեւ էջը չէ՞ր արդեօք։



Այս օրինակներուն կարելի է աւելցնել Սեբաստիոյ մէջ Ալէվի Քիւրտերու դէմ տարբեր թուականներուն գործադրուած մէկէ աւելի կոտորածները։ Զինուորական յեղաշրջումները ,16 հազարի շուրջ մարդասպանութիւնները մինչեւ օրս անյայտ անոնքկը մնան: Կ'ենթադրուի թէ պետութեան կողմէ գործադրուած ըլլան անոնք :Սպաննուողներուն բոլորն ալ Քիւրտ, Ալէվի ու ձախակողմեան մտայնութիւն ունեցող մտաւորականներ, լրագրողներ կամ հայրենակիցներ էին:Անոնք առաւօտ մը իրենց տունէն դուրս ելան ու այլեւս չվերադարձան։ Կամ ալ ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուեցան եւ անհետացան : Անոնց ընտանիքները տարիներէ ի վեր կը սպասեն անոնց վերադարձին, կամ կը յուսան որ օր մը պիտի կարենան գտնել անոնց դիակները որպէսզի իրենց խեղճ հարազատները գերեզման մը ունենան:



Ասոնց վրայ աւելցնել պէտք է Թուրքիոյ մէջ ոչ Իսլամ փոքրամասնութիւններուն դէմ իրագործուած թալանները եւ յանցագործութիւնները։Թրակիոյ մարզին մէջ Հրեաներու դէմ կատարուած ազգայնապաշտ յարձակումները, 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը, ունեւորութեան տուրքը, դէպքեր որոնք թէ Թուրք մտաւորականներու եւ թէ Թուրք ժողովուրդի կողմէ ընդունուած են իբրեւ պատմութեան սեւ էջեր։



Վարչապետ Էրտողանին Իթթիհատականներուն հակադրուած ըլլալը մեր բոլոր Թուրք հայրենակիցները գիտեն:Գիտեն թէ ան, ամէն առիթով որքան խիստ խօսքերով կը դատապարտէ իթթիհատականներուն հողերու վրայ գործած բոլոր ոճիրները: Սակայն ցաւալին հոն է , որ երբ նիւթը կը վտրաբերի նոյն իթթիհատականներու կողմէ 1915 ի տարիներուն այս հողերուն վրայ ապրող Հայերուն դէմ իրագործուած ոճիրներուն ՝ վարչապետը բոլորովին տարբեր կեցուածք ունի ու երբեք չի դատապարտեր իթթիհատականները:



Չեմ սպասէր հարկաւ որ Թուրքիոյ վարչապետը արտասանէ <<ցեղասպանութիւն>> բառը, բայց ես վարչապետ Էրտողանէն կը սպասեմ որ դատապարտէ նաեւ իթթիհատականներու կողմէ հայերուն դէմ գործադրուած կոտորածները, նոյնպէս ինչպէս կը դատապարտէ Քիւրտերու ու Ալէվիներու դէմ գործադրուածները։Ոչինչ աւելին։



Վարչապետ Էրտողան իր բոլոր յայտարարութիւններու ընթացքին միշտ կ'ըսէ սա խօսքը ։<<մենք ստեղծուածը կը սիրենք ի յարգանս Ստեղծողին >>:Այս նախադասութեան մէջ վարչապետը կ'ուզէ շեշտել որ ինք եւ իր կուսակցութիւնը ըլլալով հաւատացեալ, Աստուածասէր ու Աստուածավախ, բոլոր ստեղծուած էակները հաւասարապէս կը սիրեն ու կը յարգեն առանց իրենց մէջ խտրութիւն դնելու, որովհետեւ անոնք բոլորն ալ ստեղծուած են Աստծոյ կողմէ:



Կարծեմ թէ մենք Հայերս Թուրքիոյ մէջ չունենալով Քիւրտերու ու Ալէվիներու նման բարձր բնակչութեան թիւ եւ ընտրութիւններու ժամանակ քուէի ազդու զօրութիւն չենք արժանանար <<Արարիչին կողմէ ստեղծուած>>ներու կարգին մաս կազմելու:



Օշին Էլակէօզ



Պոլիս - 15 Փետրուար 2012





«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝