Յայտարարութիւն

Wednesday, March 14, 2012

Հայերէ՛ն գրելու, եւ հայերէնը ուղի՛ղ գրելու համար

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ
Հայերէ՛ն գրելու, եւ հայերէնը ուղի՛ղ գրելու համար
Որքա՛ն մէկ կողմէ կը դիւրանան գրաւոր հաղոդակցութիւնները՝ ելն
ամակագրութեան, կամ ընկերային կապաստեղծ կայքէջներու ընծայած միջոցներուն
շնորհիւ, այնքա՛ն միւս կողմէ կը նահանջէ հայերէնի գործածութիւնը։ Կը նահանջէ՝ մի
քանի պատճառներով։
Առաջին ու գլխաւոր պատճառը հայերէնի իմացութեան պակասն է։ Կը նուազի
թիւը հայերէնին տիրապետողներուն։ Ասիկա չի վերաբերիր միայն
արեւմտահայերէնին։
Երկրորդ պատճառը օտար լեզուներու տեւական ներկայութիւնն է մեր կեանքի
այլազան ոլորտներուն մէջ, ինչ որ քիչ առիթ կը թողու հայերէնի գործածութեան։
Ասոր ալ ի հետեւանք, նոյնիսկ հայկական վարժարան յաճախած, ու հայերէն գրելկ
արդալ սորված մարդիկ կը վարանին հայերէնով հաղորդակցելու իրենց
հարազատներուն կամ ընկերներուն հետ, որովհետեւ ճիշդ այդ գործածութեան
պակասին իսկ պատճառաւ, թէ աղքատացած է իրենց բառապաշարը, թէ ալ մոռցած
են ուղղագրութիւնը։
Երրորդ պատճառը տեղեկութեան պակասն է յաճախ՝ արդի հաղորդակցական
սարքերուն վրայ հայերէնով գրելու կարելիութիւններուն վերաբերեալ։ Կամ՝
տեղեկանալէ ետք, դժուարութիւնը կամ ծուլութիւնը՝ անհրաժեշտ ներբեռնումները
կատարելու ու հայերէն տառաշարով, տառատեսակներով եւ այլ մատչելի
դիւրութիւններով օժտուելու համար։ Ոմանց պարագային առարկայական պատճառներ
ալ կ'ըլլան՝ կապուած համակարգիչներուն կամ առձեռն սարքերուն։
Արդիւնքը՝ արդի կեանքին մաս կազմելէ կը դադրի մեր լեզուն, ու անոր
գործածութիւնը կը սահմանափակուի, մեր մեծամասնութեան մօտ, առտնին
խօսակցութիւններով, այս վերջիններն ալ՝ 20-50 տոկոս կամ աւելի օտար բառերու
ներխուժումով։

Կը նկատեմ, որ նոյնիսկ հայերէն լաւ գիտցողներ, հայերէնին տիրապետողներ,
գրողներ կամ ուսուցիչներ առանց վարանելու կամ այլ լեզուով կը գրեն, կամ ալ
հայերէնը լատինատառ կը գրեն, մեղանչելով Մեսրոպ Մաշտոցին դէմ, առանց
անդրադառնալու որ ի՛նչ կը կատարեն։ Մեր ամբողջ ընդդիմութիւնը տխրահռչակ՝
1922 թուականի ստալինեան »դեկրետ«ով պարտադրուած ուղղագրութիւնը
սրբագրելու ու դասական, Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերադառնալու՝ կը դառնայ
անիմաստ, քանի որ լատինագրութիւնը մեր այբուբենի գոյութեան իսկ կը սպառնայ։

Ի՞նչ ընել։
Երկու հայորդիներ մտադրած են իրենց ամբողջ ուժերը տրամադրել հայերէնի
պահպանման ու ստեղծել յարմարութիւններ, որպէսզի վերջ գտնեն հայերէն գրելու
վարանումները, որպէսզի ամեն հայ, որ հայերէն սորված է, կարենայ առանց մեծ
դժուարութեան գործածել իր մայրենի լեզուն՝ իր գրութիւնները համակարգիչով
տառաշարած ատեն։
Այս սիւնակին մէջ, նախորդ յօդուածով )»Կը ճանչնա՞ք Նայիրին«, 5 մարտ
2012( ներկայացուցի անոնցմէ մէկը՝ Սէրուժ Ուրիշեանը ու իր ստեղծած »Նայիրի«
բառարանային համակարգը )www.nayiri.com(։ Այսօր կ'ուզեմ ներկայացնել իր սերտ
գործակիցը՝ Հարօ Մհերեանը եւ իր ուղղագրիչը՝ HySpell-ը (www.hyspell.com)։
Երկուքին աշխատանքները կ'ընթանան զուգահեռ կերպով, զիրար ամբողջացնելով։
»Հայերէն լեզուն այն մի քանի նախահնդեւրոպական լեզուներէն է, որ դիմացեր
է յեղաշրջման ճանապարհին՝ աւելի քան 12 000 տարիներ, սկիզբ առնելով Հայկական
բարձրաւանդակի խորքէն։ Կը հաւատանք որ լեզուաբան մը անկարող է լուրջ եւ
լրացուցիչ հետազօտութիւններ կատարել հնդեւրոպական լեզուներու ուղղութեամբ
առանց հայերէն լեզուի խորին ուսումնասիրութեան։« Այսպէս կը բացուի HySpell.com
կայքը։
Մաթեմատիկոս, բնագէտ, համակարգչային ճարտարագէտ եւ ֆիլմարտադրիչ
Մհերեանի հայերէնի հանդէպ ունեցած անհուն սէրն է, ու անոր վերապրումին
նկատմամբ իր անսակարկելի յանձնառութիւնը, որ մղած է զինք ստեղծելու գործիք մը,
որ այլ լեզուներու պարագային կը մատուցուի ուղղակի տառաշար համակարգերուն
կամ սարքահիմքերուն կողմէ։ »HySpell հայերէնի ուղղագրիչը յառաջացաւ ջանքերուս
ընդմէջէն, երբ կը հետապնդէի մաթեմատիկայի եւ ֆիզիկայի ցկեանս
հետազօտութիւնը, եւ ի հետեւութիւն իմ խորին ցանկութեանս՝ կեանքիս մնացեալ
մասը խօսիլ եւ գրել միայն հայերէնով,« կը խոստովանի գիտնականը իր կայքէջին մէջ։
Այդ ջանքերը զարգանալով կը մղեն զինք մէջտեղ բերելու ընդարձակ ծրագիր մը,
»միակ նպատակ ունենալով օգնել հայկական դպրոցներուն եւ կրթական
կազմակերպութիւններուն՝ մայրենի լեզուի տարածման եւ զարգացման իրենց
աշխատանքին մէջ։«
Առաջին հերթին կը գոյանայ »աշխարհի ամենալիակատար հայերէնի
ուղղագրութեան ստուգիչը՝ HySpell ուղղագրիչը«, որ արդէն անվճար կր գործածուի
Նայիրիի համակարգին մէջ՝ բառերու պրպտումի ընթացքին։ Իսկ եթէ փոքր գումարի
մը փոխարէն նաեւ ներբեռնէք ուղղագրիչը ձեր համակարգիչին մէջ, ապա ձեր
ելագրութեան )համակարգչային տառաշարութեան(, ել-նամակագրութեան
թէ ցանցանաւումի պահուն՝ երբ ձեր առցանց որոնումները կը կատարէք, ձեր
ուղղագրական սխալները կարմիր կը ստորագծուին, ու ձեր բառին վրայ աջ կտտելով
(click) կը ստանաք ընտրացանկ մը, որմէ ձեր ուզած բառը կրնաք ընտրել։
Ուղղագրիչը կ'ընդգրկէ աւելի քան 150 000 արմատական բառերու ցանկ մը, հիմնուած
Ստեփան Մալխասեանի ու Էդուարդ Աղայեանի բացատրական զոյգ »հիմնարար«
բառարաններուն վրայ )ածականը՝ ինչպէս նշուած է կայքին վրայ(, եւ 300
խոնարհումներու եւ հոլովումներու ճամբով կը յանգի 5 միլիոնէ աւելի բառային
ձեւերու։
Եթէ ուզած բառդ գոյութիւն չունի ուղղագրիչի բառացանկին մէջ, քեզի նաեւ
հնարաւորութիւն կ'ընծայուի առաջարկելու մուծել այդ բառը։
Պէտք է նշել նաեւ, որ HySpell ուղղագրիչը անվճար կը տրամադրուի բոլոր
հայկական դպրոցներուն. կը մնայ, որ անոնք յատուկ ել-նամակով դիմեն
արտադրիչին՝ ձրիաբար ստանալու համար զայն։

HySpell ունի նաեւ իր մասնագիտական տարբերակը, որ ուղղագրիչին կողքին
կը հայթայթէ մի քանի ստեղնաշար, Իւնիգոտով կիրարկելի 50 տառատեսակ,
գրութիւններու խորհրդային գրելաձեւէն դասական ուղղագրութեան փոխարկիչը, եւ
Իւնիգոտէն ARMSCII-8 այլագրութեանց փոխադարձ վերածիչը։

Հարօ իրաւամբ դիտել կու տայ, որ »առաջին եւ ամենագլխաւոր գործօնը ազգի
մը յարատեւման՝ իր լեզուն է եւ գրականութիւնը։ Ընդհանուր առմամբ, լեզուն կը
վերագծէ ազգին սահմանները։ Այսօրուան համակարգչի արհեստագիտական եւ
համացանցի ընդհանրացման դարուն, բնական լեզու մը ենթակայ է կորուստի՝ եթէ իր
կրողներու առօրեայ կեանքին ընթացքին չկիրառուի«։ Ինք, որպէս սկիզբ՝ մշակեր է
HySpell ուղղագրիչը՝ որպէս »թիւ մէկ հնարք«՝ զարգացնելու համար հայերէնի
գործածութիւնը։ Սակայն, ան դեռ շատ այլ ծրագիրներ ունի, որոնց իրագործումը կը
հետապնդէ Նայիրի համակարգին միջոցաւ։

Իւրաքանչիւր հայախօս ու հայագիր մարդու վայելքը պիտի ըլլայ օգտուիլ
ստեղծուող յարմարութիւններէն, եւ պարտականութիւնը՝ իր նիւթական
թէ բարոյական նպաստը բերել ազգակերտման այս գործին։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
ԾԱՆՕԹ. Նայիրիի մասին նախորդ յօդուածս լոյս տեսած էր, երբ մարտ 1-ին անոր
կայքին վրայ զետեղուեցաւ ու այցելուներուն մատչելի դարձաւ նաեւ Հրաչեայ
Աճառեանի ՀԱՅԵՐԷՆ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆը։
Հորիզոն, 2012-03-12 )1706(

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝