Յայտարարութիւն

Friday, March 16, 2012

Բաժնէ՛, կը տիրես...- ԱՐԱՄ ՔԷԹԷՆՃԵԱՆ

Արամ Քէթէնճեանը ՝ միշտ համեստ, միշտ սրտցաւ, միշտ սրտբաց:
Կարդացէք Արամ բանաստեղծին պարզ բայց բովանդակալից յօդուածը գրուած 2006ին: Ան ժամանակավրէպ պիտի չըլլայ 3006 թուականին ալ , սիրելի Արամ, այնքան ատեն որ մարդը գոյութիւն ունի աշխարհի երեսին:
Սուրիան պիտի չընկրկի ու պիտի մնայ կանգուն ինչպէս Ծառուկեան կ'ըսէ ՝ «թէ արեւներն իսկ փլին ու ճամբաներն ըլլան դժոխք ու արիւն»...Դժբաղդաբար , մեզի համար օրինակելի Արեւմուտքը այսօր կորսնցուցած է իր բարոյական դիմագիծը: Ճիշտ կը հաստատէ Արամ, որ կայսրութիւններ այսօր պատմութեան մէջ կը յիշուին թէ օր մը գոյութիւն ունեցած են...: Միացեալ Նահանգներով ղեկավարուած Արեւմտեան Կայսրութիւնը , Միջին Արեւելքի մէջ Համատներով ու Էրտողաններով ներկայացուած՝ աւելի կանուխ քան ուշ ՝ պիտի ընկղմի եւ դառնայ այն ինչ որ դարձաւ Հռովմէականը կամ այլք: Միացեալ կոչուած Նահանգները այս ընթացքով պիտի դառնան «Բաժանուած» Նահանգներ,այն «Նահանգներ»ը զորս ելած են բաժնելու ՝ որ տիրեն...
Ասկէ մօտ քառասուն տարի առաջ Նշան փալանճեան Ճեմարանի ուսուցչուհիներէն մին կ'ըսէր ու կը կրկնէր ՝ « յաջորդ քրիստոսը դեղին ցեղէն պիտի գայ » , անշուշտ ան չէր ակնարկէր Քրիստոսի գալստեան այլ իր ըսածին այլաբանական իմաստ տալով կը նախատեսէր Ճերմակ ցեղի անկումը , որոնց պարագլուխն էր «Աւետեաց Երկիր» Միացեալ Նահանգները:
«Նշանակ»

»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Սիրելի Ընկեր Նշան ,
Բարեւ

Ձեր երկրին (Քէթէնճեան կ'ակնարկէ Սուրիոյ - Ն) լուրերը մտահոգիչ են. կը յուսանք որ բարիով խափանուին չարախորհուդ մարդկանց նպատակները եւ ժողովուրդն ու յատկապէս հայութիւնը վերագտնէ առողջ վիճակն ու անդորր կեանքը:

Ինչպէս կը նկատէք, որ նամակիս կը կցեմ վեց տարիներ առաջ գրած յօդուածներէս մին, ՆՇԱՆԱԿ ին մէջ հրատարակելու խնդրանքով անշուշտ եթէ յարմար կը նկատէք նախ իր բովանդակութեամբ ապա մակարդակով: Գիտէք՝ ես արձակագիր չեմ , սակայն փորձած եմ քանի մը յօդուածներ գրել:
Կը խնդրեմ ամենայն հարազատութեամբ պարզել Ձեր կարծիքը. անկեղծօրէն կը փափաքիմ Նշանակին անունը մշտապէս փայլուն տեսնել: Եթէ յարմար է հրատարակութեան՝ ապա կը խնդրեմ սրբագրել ինչ որ կարեւոր կը նկատէք:

Անկեղծօրէն՝
Արամ


xxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxxx


Երկու բայերու մէջ ամփոփուած ցաւալի իրականութիւն, որն դարձած է հանրայայտ ու նշմարելի եւ իբրեւ նշանաբան՝ աներեւութապէս ի գործ կը դրուի խաւարը սիրողներուն կամ սիրոյ գաղափարը չ՛ընդունողներուն կողմէ: Բացառութիւնները յարգելով, այս կերպը կ՛որդեգրուի պետութեանց, դիւանագէտներու, քաղաքական գործիչներու, գործատէրերու, եւ պատասխանատուներու կողմէ՝ դիւրաբար տիրելու կամ «Աթոռ»ը չկորսնցնելու նպատակով:
Ցաւօք սրտի, յիշեալներու կողքին կան անհատներ, յաճախ նոյնիսկ ազգականներ ու բարեկամներ, որոնք ընկերական կամ ազգականական գեղեցիկ կապը անտեսելով, կը դիմեն սատանայական ճանապարհներու եւ կ՛ընեն այն՝ ինչ իրենց շահը կը պահանջէ եւ անարդար ցանկութիւնները կը գոհացնէ, նոյն ատեն պառակտումի սերմը կը ցանէ հարազատներուն միջեւ հասցնելով զայն ատելութեան աստիճանի:
Լաւ ազգ մը կը ճանչցուի իր զանազան խաւերու միասնականութեամբ, որուն հիմքը սէրն է անպատճառ:
Ընկերութիւն մը կը զարգանայ ու կը գոյատեւէ հասարակութեան անխոնջ ու արդիւնաբեր աշխատանքով եթէ հոն սէր ըլլայ:
Վարժարան մը տպաւորիչ կ՛ըլլայ իր յաջողութեան տոկոսով եւ այդ չիրագործուիր, եթէ ուսման կողքին չ՛ըլլայ սիրով լի փոխադարձ յարաբերութիւն, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին՝ մէկ կողմէ եւ աշակերտութեան միջեւ՝ միւս կողմէ:
Գերդաստան մը , ընտանիք մը կը փայլին իրենց շրջանապատին մէջ եթէ անոնց բոլոր անդամները իրարու հանդէպ ըլլան անկեղծ ու միակամ :
Իսկ այս բոլորը կ'իրականանան երբ ի գործ դրուի Քրիստոսի « Սիրէ՛ եղբայրդ քու անձիդ պէս» խորհուրդը:
Սէրը պէտք է լուսաւորէ խաւար մտքերն ու անօրէն ճանապարհները. կեղծաւորները պարտին մոռնալ առժամեայ եւ անցողական գանձերը ու գործեն սիրով եւ համախմբուած. պէտք է հաւատան, որ արդարութիւնն է յաւիտենականը:
Հազարաւոր տարիներու ընթացքին, քանի-քանի կայսրութիւններ ու թագաւորութիւններ եկան ու անցան. որքա՜ն աթոռներ թափուր մնացին կամ ուրիշին սեփականութիւնը դարձան. որքան չար մարդիկ աննշան մնացին:
Միայն Աստուծոյ պարգեւած սէրն ու անոր վրայ հիմնուած գործն է , որ պիտի ապրի յաւիտեան:

Արամ Սրկ. Քէթէնճեան

Պաղտատ, 2006թ.


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝