Յայտարարութիւն

Sunday, March 4, 2012

Կը ճանչնա՞ք Նայիրին - ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

ՍԻՐԵԼԻ ԸՆԹԵՐՑՈՂ,
ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԵՆՔ ՈՐ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ԿԱՐԴԱՔ ԱՅՍ ԽԻՍՏ ԿԱՐԵՒՈՐ ՅՕԴՈՒԱԾԸ: ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԵՆՔ ՏԱՐՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԵՒ ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆԻ ՏՈՒԱԾ ԵՐՋԱՆԿԱԲԵՐ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆԸ:
ՆՇԱՆԱԿ
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»««»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ
Կը ճանչնա՞ք Նայիրին
Խօսքս չի վերաբերիր Չարենցի նայիրեան աղջիկներէն մէկուն, ոչ ալ Երկիր
Նայիրիին, որ պատմական Հայաստանի ամենէն հին բնորոշ անուններէն մէկն է՝
ծննդավայրը հայ ժողովուրդի, այլ այս վերջինի անունը կրող հիմնարկին ու անոր
կայքին՝ Nayiri.com-ին։

Քանի մը շաբաթ առաջ այս սիւնակին մէջ )»Ինքնապաշտպանութեան
դիրքերու վրայ«, 13 փետրուար( կը նշուէր անհրաժեշտութիւնը հայերէնը համացանցի
վրայ ամրակայելու, որպէսզի ան մնայ որպէս ապրող ու գործածուող լեզու։ Այս
կապակցութեամբ ռահվիրայի դեր ստանձնած »Նայիրի«ն )հիմնուած 2004-ին( կը
հանդիսանայ այն անշրջանցելի ու հրաշալի գործիքը, որմէ անվճար կրնայ օգտուիլ
ամեն ոք, որ հայերէն կը գրէ ու կը կարդայ, ըլլայ ան աշակերտ, ուսանող, լրագրող,
գրող, թէ պարզ ընթերցող։ Ամենածանօթ դռներէն մտէք համացանց ու այցելեցէք
կայքը։

Ի՞նչ կը մատուցէ »Նայիրի«ն։
Առաջին հերթին »հայերէն ելեկտրոնային բառարաններու գրադարան է« ան,
ինչպէս կը շեշտուի իր կայքէջի ներածականին մէջ։ Բազմաթիւ առկայ բառարաններ,
դասական )Մեսրոպեան( ուղղագրութեամբ, թուայնացած են ու զետեղուած այնտեղ,
ընդգրկելով Անդրանիկ վրդ. Կռանեանի »ԲԱՌԳԻՐՔ ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ« բառարանը
)17 600 բառ(՝ բառի մը իմաստը հայերէնով որոնելու համար, Մեսրոպ Գույումճեանի
»ԸՆԴԱՐՁԱԿ ԲԱՌԱՐԱՆ ՀԱՅԵՐԷՆԷ ԱՆԳԼԵՐԷՆ«-ը ))96 000 բառ(, Յարութիւն
Քիւրքճեանի »ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆ ՖՐԱՆՍԵՐԷՆԷ ՀԱՅԵՐԷՆ«-ը ու Գրիգոր
Շահինեանի »ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆ ՀԱՅԵՐԷՆԷ ՖՐԱՆՍԵՐԷՆ«-ը։
Այս բառարաններուն մէջ որոնումները դիւրացնելու համար կայքին միջերեսը
(interface) թարգմանուած է անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն ու
թրքերէն լեզուներու՝ այդ լեզուները գործածողներուն համար։
Այս տարուան յունուարին ցանցայցելուները »Նայիրի«էն ստացան բացառիկ
նուէր մը՝ Ստեփան Մալխասեանցի »ՀԱՅԵՐԷՆ ԲԱՑԱՏՐԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆ«-ը )110
000 բառ(, որ ցարդ կը մնայ անգերազանցելի՝ որպէս դասական ուղղագրութեամբ
հայերէնի բառարան։ Ինչպէ՞ս կը գործէ ան. կը շարես փնտռած բառդ, ու կը բացուի
բառարանի այն էջը, որուն վրայ կը գտնես ուզածդ։ Ծրագրուած է, որ յետագային
ուղղակի փնտռուող բառի բառայօդուածը բացուի։
Այստեղ կանգ չառներ »Նայիրի«ի բառարանամատուցումը։ Ան մտադրած
է նոյն ձեւով մատչելի դարձնել բազմաթիւ այլ առկայ բառարաններ՝ ըլլայ հայերէն,
կամ այլ լեզուներէ հայերէն, ըլլայ հայերէնէ այլ լեզուներ։
Բայց »Նայիրի«ի առաւելութիւնները միայն ասոնք չեն։ Ան այլ դիւրութիւններ
ալ կÿընծայէ։ Եթէ ձեր որոնման ատեն »հայերէն բառ մը սխալ գրէք, "Նայիրի"ն կը
ներկայացնէ մօտաւոր ճիշդ բառ մը։ ... Եթէ չգտաւ՝ ան կ'առաջարկէ նմանաձայն բառ
մը, կամ խումբ մը բառեր, իսկ երբ կարելի է՝ նաեւ տուեալ բառին համանունները«,
մինչեւ որ որոնողը իր ուզած բառը գտնէ։ Սա, ուղղագրական սրբագրիչի դերն է, կամ
ուղղագրիչի։ Բայց ունի նաեւ արմատ-վերլուծիչի գործառոյթը, որով, եթէ գոյական մը
հոլովուած ձեւով որոնուի, ան կը գտնէ բառին ուղղական ձեւը, իսկ եթէ բայ մը
խոնարհուած որոնուի՝ անոր աներեւոյթ եղանակը։
Վերջապէս ան կը հայթայթէ նաեւ ամբողջական հայերէն այբուբենի
ստեղնաշարը, համակարգչային տարբեր համակարգերու պատշաճող։ Իսկ որոնումի
ատեն կը գործէ ինքնաշարժ հայկական տառաշար մը, որով որոնողը առանց յաւելեալ
տառաշար մը զետեղելու իր համակարգիչին մէջ, կրնայ ուղղակի գործածել
բառարանները։

Սակայն ո՞վ է այն նուիրեալը, այն սրբազան խենթը, այն հանճարեղ ուղեղը, որ
այս գործը մէջտեղ բերեր ու անվհատ կերպով զարգացուցեր է, ու կը
շարունակէ զարգացնել՝ զարմացնելով բոլորս։ Չեմ ուզեր իր համեստութիւնը
վիրաւորել, բայց անհրաժեշտ է ամփոփ կերպով իր մասին ալ խօսիլ։
ՍԷՐՈՒԺ ՈՒՐԻՇԵԱՆ – ծնած Պէյրութ, հասակ առած Լոս Անճելըս, ան
Գալիֆորնիոյ Պըրքլիի համալսարանէն ստացած է իր Պսակաւոր գիտութեանց
տիտղոսը՝ վկայուելով որպէս ելեկտրական ճարտարագիտութեան եւ համակարգչի
գիտութեան մասնագէտ։ Կը գործէ որպէս ծրագրակազմի ճարտարագէտ )software
engineer(: Սակայն իր հետաքրքրութիւններէն մէկը »լեզուաբանութիւնն է, յատկապէս
հայերէնի եւ լատիներէնի ուսումնասիրութիւնը«, ինչպէս կը գրէ »Նայիրի«ի կայքին
վրայ։ Այս վերջինի գաղափարը ծագած է իր ուսանողական օրերէն, երբ հայերէն
կարդալու կամ գրելու դժուարութիւն կ'ունենար, տեւաբար բառարաններու
օգնութեան դիմելու ստիպուած։ Համոզուած, որ նոյն դժուարութեան կը հանդիպին
շատ այլ երիտասարդներ, ան կÿորոշէ ընդհանրական լուծում մը գտնել, օգնելու
համար բոլոր իր տարեկիցներուն, որոնք ամեն պարագայի կÿուզէին պահել ու
գործածել իրենց մայրենի լեզուն։ Կայքը կը սկսի ստեղծել որպէս ամավերջի
պարտականութիւն Պըրքլիի համալսարանին մէջ հայերէնի դասին։ Անձնական
զոհողութիւններու գնով, ան կը շարունակէ աշխատանքը, մինչեւ որ կը հասնի
այսօրուան այն բարդ ու տեւաբար զարգացող համակարգին, որ Nayiri.com-ն է։ Ան չի
յաւակնիր լեզուագէտ ըլլալ, իր բոլոր մուտքագործումները կու գան առկայ ծանօթ
բառարաններէ, բայց նաեւ կը վայելէ գործակցութիւնը իրեն նման նուիրեալներու, ու
աջակցութիւնը նուիրատուներու։
Միշտ իր կայքէն կը տեղեկանանք, որ ֆրանսերէնի պարագային իրեն
օժանդակած է ուսողագէտ ու վիճակագրագէտ պրոֆ. Ֆիլիփ Փիլիպոսեան,
ատենապետ Մաշտոց բառարաններու կաճառին, Ֆրանսա )որ հայթայթած
է Քիւրքճեան-Շահինեան բառարաններու ճոխացուած տարբերակը(, ընդարձակ
բառապաշարի ինչպէս նաեւ ուղղագրիչի պարագային՝ ուսողագէտ, բնագէտ,
համակարգիչի ծրագիրներու ճարտարապետ եւ HySpell ուղղագրիչը ստեղծող Հարօ
Մհերեան )որուն աշխատանքին ալ կ'արժէ առանձնաբար անդրադառնալ(, կայքի
բովանդակութեան ֆրանսերէն թարգմանութիւններուն )գեղարուեստական նիւթերու(
պարագային՝ համացանցի կայքերու մասնագէտ Ժան-Փիէռ Խաչիկեան, եւ
գերմաներէնի ու թրքերէնի թարգմանութեան պարագային՝ համակարգիչի
ծրագիրներու ճարտարագէտ Անթուանէթ Ունանեան, կայքի հայերէն գրութեան
պարագային՝ լեզուաբան Ենովք Լազեան, ինքնագործ հայերէն ստեղնաշարին
պարագային՝ Իլիա Լեպետեվ, ու կայքի գլխաւոր նշանակի )տարբերանշանի(
զարդագիր տառերու պարագային՝ նկարչուհի Սիրուն Երէցեան (Ռոսլին
պատկերասրահ)։

»Նայիրի«ն ցարդ վայելած է Համազգային հայ կրթական ու մշակութային
միութեան հովանաւորութիւնը՝ Գույումճեանի անգլերէնէ հայերէն բառարանին ու
Մալխասեանի բացատրական բառարանին թուայնացման համար, նաեւ Մաշտոց
բառարաններու կաճառին հովանաւորութիւնը՝ վերանայուած ու ճոխացուած
հայերէն-ֆրանսերէն ու ֆրանսերէն-հայերէն բառարաններու պարագային։ Ան
հովանաւորներու կարիքը ունի միւս հսկայ աշխատանքները իրագործելու համար։ Այս
գրութիւնը թող կոչ մը ըլլայ բոլոր ՀԱՅԵՐԷՆասէրներուն՝ իրենց ներդրումը ունենալու
համար պատմական այս նախաձեռնութեան մէջ։ Սէրուժին հետ կարելի է կապուիլ
գրելով serouj@cal.berkeley.edu ել-հասցէին :
Համեստ քայլերով սկսած, արդէն բաւական ճամբայ կտրած այս աշխատանքը
տակաւին կարողականութիւնը ունի հիմքը հանդիսանալու հայ արդի առցանց
բառարանագրութեան համազգային ճիգի մը, որ հետզհետէ չափազանց կարեւոր ու
կենսական կը դառնայ հայերէնի զոյգ բարբառներուն, բայց մանաւանդ
արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ու զարգացման տեսակէտէն՝ մեր ինքնութեան
իսկ պահպանման ռազմավարութեան մը ծիրին մէջ։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2012-03-05 )1705(

Յ.Գ. Սոյն յօդուածին լոյս տեսնելէն անմիջապէս ետք, բայց թերթի թուականէն իսկ
առաջ, Նայիրին իր կայքին վրայ թողարկեց նաեւ Հրաչեայ Աճառեանի »ՀԱՅԵՐԷՆ
ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆ«ը

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝