Յայտարարութիւն

Thursday, March 15, 2012

Պոլսոյ Կարօտը - ՕՇԻՆ ԷԼԱԿԷՕԶ

«Նոսթալժի» ի մը պատմութիւնն է Օշին Էլակէօզի պատմութիւնը: Իր հարազատութեան համար զայն կը հրապարակենք: Ո՞վ կարօտ չունի իր սրտին մէջ մանաւանդ այսօր , երբ նոյն քաղաքին մէջ արիւնակիցներ տասնեակ մղոններով հեռու են իրարմէ . իսկ, ամենէն վտանգաւորը , չըսելու համար միլիարաւոր՝ միլիոնաւոր մղոններով սրտերը հեռու են սրտերէ...

«Նշանակ»

»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»









Մօրեղբայրս Պերճ Ագչա, 1915 թուականին Անգարայէն աքսորուած ու ճամբան իր անդամներէն վեցը զոհ տուած մեծմօրս երկրորդ զաւակն էր: Ան քառասուներկու տարի առաջ ամուսնացած էր քեռկնոջս հետ, որուն ընտանիքն ալ նոյն աղիտալի տարիներուն Պուրսայի Քիրմասթի գիւղէն աքսորուած, ճամբան իր ընտանիքի անդամներէն ոմանք զոհ տալէ ու զանազան արկածախնդրութիւններ ապրելէ վերջ, նախ Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքը գաղթած, աւելի վերջ Քան հաստատուելով Ֆրանսահպատակութիւն ստացած ընտանիքի մը թոռն էր: Զարմանալի էր , որ քառասուներկու տարիներ Ֆրանսա ապրած, հոն աշխատած ու ի վերջոյ հանգստեան կոչուած մօրեղբայրս ինքզինքը երբեք չէր կրցած Ֆրանսացի զգալ ու միշտ որպէս օտար ապրած էր այդ երկրին մէջ։Այս քառասուներկու տարիներու տեւողութեան պահած էր իր Թրքական անցագիրը ու Ֆրանսական հպատակութիւն ստանալու համար դիմում իսկ չէր ըրած:Երբ իրեն հարցնէինք թէ, ինչու հպատակութեան համար դիմում չըներ զանազան պատրուակներ կը հնարէր . բայց ես գիտէի որ ինք չափազանց կապուած ըլլալով իր արմատներուն կը հաւատար, թէ զոյգ հպատակութիւն ունենալու պարագային ինքզինքը մասամբ հեռացած պիտի զգար իր արմատներէն եւ իր սիրելի Պոլիսէն, ուր իր պատանութեան ամենագեղեցիկ տարիները անցուցած էր։ Քառասուներկու տարիներ իր միտքը միշտ Պոլիս եղած էր։Ամէն անգամ որ Պոլիս գար իր ընտանիքով, կը մտածէր տուն մը գնելու մասին: Վստահ եմ որ եթէ կարելիութիւնը ունենար շատ պիտի փափաքէր վերահաստատուիլ Պոլիս, բայց ընտանեկան պայմանները չէին արտօներ :



Վերջին անգամ երբ ընտանեօք գացած էինք Քան , գիշեր մը մեզի ըսաւ որ ընթրիքի համար մեզ յատուկ նշանակութիւն ունեցող ճաշարան մը պիտի տանի։ Ճաշարանը կը գտնուէր քաղաքէն ինքնաշարժով քսան վայրկեան հեռաւորութիւն ունեցող գիւղաքաղաքներէն մէկուն ծովեզերքը։

Երբ հասանք , անդրադարձայ որ ճաշարանը ոչ մէկ առանձնայատկութիւն ունէր։Ընդհակառակը պարզ ու սովորական ճաշարան մըն էր։ Կը մտածէի թէ ինչ պէտք կար այս ճաշարանը գալու համար այսչափ ճամբայ կտրել, քանի որ Քան քաղաքի մէջ ասկէ շատ աւելի գեղեցիկ ճաշարաններ կային։Երբ նստանք սեղանին շուրջը ու օրուան ճաշերուն ցանկը բացի, տեսայ որ ճաշերն ալ սովորական ճաշեր էին , որոնք ամենահասարակ ճաշարանի մը մէջն իսկ կարելի էր գտնել:Կնոջս հետ աչք աչքի եկանք ու հասկցայ թէ ան ալ ինծի պէս նոյն բանը կը մտածէր:Կ'ուզէի մօրեղբօրս հարցնել թէ ինչ էր այս ճաշարանին յատկութիւնը բայց կ'ամչնայի։Ի վերջոյ երբ առիթը հանդիսացաւ ՝ հարցուցի ։

Մօրեղբայրս խնդաց ու ըսաւ որ երբ մթնէ ու քաղաքին լոյսերը վառին այն ժամանակ է որ պիտի հասկնանք թէ ինչու համար մեզ հոս բերա ծ էր։

Սպասեցինք ։ Ի վերջոյ գիշէր եղաւ քաղաքին բոլոր լոյսերը վառեցան։ Կնոջս հետ անհամբերութեամբ կը սպասէինք։Քիչ վերջ մօրեղբայրս ներս գնաց եւ նեղ ու երկար, մեր օղիի գաւաթներուն նմանող չորս հատ գաւաթ առած վերադարձաւ։ Գրպանէն ըմպելիի փոքր շիշ մը հանեց ու պարպեց գաւաթներուն մէջ։Օղիի բուրումնաւէտ ու զօրաւոր հոտը ռունգերէս ներս կը թափանցէր ։Անդրադարձայ որ ճաշարանին սպասեակները վարժ էին այս կացութեան քանի որ անմիջապէս մեզի փոքրիկ դոյլ մը սառ, պանիր ու պտուղ բերին։Մօրեղբայրս գաւաթներուն մէջ օղին պարպած ժամանակ ակնոցին վրայէն մեզի նայեցաւ ու ըսաւ << այս օղին մեր երկրին օղին է >>։



Յետոյ բաժակները բարձրացուցինք, իրարու առողջութիւն մաղթեցինք ու քանի մը ումպ խմեցինք։Մօրեղբայրս գաւաթը վար դրաւ ու ըսաւ։



-Դուն հարցուցած էիր թէ ի՞նչ է այս ճաշարանին առանձնայատկութիւնը, թէ ինչու՞ համար ձեզ հոս բերի:Հիմա սա դիմացի եզերքը նայէ եւ ըսէ թէ ինչ կը տեսնես։



Ֆրանսայի Նիս կամ Քան քաղաքները այցելողները գիտեն, որ հոն ծովը եւ երկինքը յատուկ գեղեցիկ գոյն մը ունին եւ անոր համար է որ այդ ափը կը կոչուի Côte d'Azur, որ Ֆրանսերէն կը նշանակէ <<կապոյտ ափ>>։Հրաշալի ծով մը ունի, բայց ծովուն դիմացը ուրիշ ափ մը չկայ մեր Պոսֆորին պէս ուստի գիշեր ատեն երբ ծովը դիտէք ՝ մուս մութ կերեւի, բայց հոս այդպէս չէր որովհետեւ ծովուն միւս կողմը ուրիշ ափ մը գոյութիւն ունէր, ուր կար բնակութիւն : Անդրադարձայ , որ այդ տուներուն լոյսերը այնպիսի ներդաշնակութեամբ մը քով քովի վառած էին , որ երբ դիմացի ափէն դիտէիք կը նմանէին ճիշտ Փաշապահչէին, Պէյքօզի եւ Չուպուքլուի ծովեզերքին։ Հասկցայ որ մօրեղբայրս յաճախ իր օղին կ'առնէր ու այդ ճաշարանը կուգար, հոն կը նստէր, գաւաթ մը օղին կը խմէր ու ինքզինքը Պոսֆորի ափին վրայ գտնուող ձուկի ճաշարաններէն մէկուն մէջ կ'երեւակայէր եւ այսպէսով Պոլսոյ կարօտը կ'առնէր :



Մօրեղբայրս մահացաւ 2009 թուականին։ Քանի մեր հանդիպումը իր հետ՝ վերջինը եղաւ ։Իր կտակին համեմատ դիակը Պոլիս բերուեցաւ եւ իր ընտանեկան գերեզմանին մէջ հողին յանձնուեցաւ։ Յուղարկաւորութեան օրը տեղատարափ կ’անձրեւէր, այնքան , որ պահ մը մտահոգուեցայ թէ թաղումը պիտի ստիպուէինք յետաձգել ։



Երբ դագաղը դրուեցաւ փոսին մէջ ու վերջին քանի մը բահ հողը իր վրան կը նետէին, յիշեցի Հրանդ Տինքի հետեւեալ խօսքը .



<<Այո՝ , մենք հայերս աչք ունինք այս հողերուն վրայ որովհետև մեր արմատները հոս կը գտնուին, բայց ոչ թէ այս հողերը առնել տանելու, այլ գալ ու անոնց խորքը թաղուելու համար>>







Օշին Էլակէօզ



Պոլիս - 17 Փետրուար 2012







«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝