Յայտարարութիւն

Friday, March 23, 2012

Մեր «ժամանցն ու զբօսը» - ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

ՈՍՏԱՅՆ
Մեր «ժամանցն ու զբօսը»
- Վաղը կարծեմ համերգ մը կայ Պոլսահայ միութեան շարքին մէջ, երթա՞նք։
- Երթա՛նք։ Տեղ մնացա՞ծ է արդեօք։
Այսպէս, ամբո՛ղջ կեանք մը ապրեցանք՝ մեր ժամանցի ու զբօսի ժամերը
առաջին հերթին յատկացնելով հայկական ձեռնարկներուն։ Ի՛նչ ալ ըլլար առիթը, հայ
երաժի՞շտ մը ելոյթ պիտի ունենար, հայ արուեստագէ՞տ մը ցուցահանդէս պիտի տար,
Հայաստանէն խո՞ւմբ մը բեմ պիտի ելլէր, թէ հայկական շարժանկար մը պիտի
ցուցադրուէր, հո՛ն պիտի երթայինք, մեր նախընտրութիւնը անո՛նց պիտի տայինք։
Մեզի համար պարզապէս հետաքրքրութեան խնդիր չէր։ Այդ բոլորը քաջալերելու
պարտաւորութիւն մը կը զգայինք։ Նախանձախնդրութիւն մը։ Նոյնիսկ
արժանապատուութեան հարց կար։ Սրահը պէտք է լեցուէր, ձեռնարկը պէտք
է յաջողէր, արուեստագէտը կամ արուեստագէտները պէտք էին զգալ, որ համայնքը
իրենց կռնակն էր, որ մինակ չէին, որ կը գնահատուէին հաւաքականութեան կողմէ։ Եւ
ասիկա՝ ո՛ր »կողմ«ն ալ որ ըլլար կազմակերպողը։ Արդէն հատուածականութիւնը չէր
կրնար տեղ ունենալ երբ հարցը մեր մշակոյթին կը վերաբերէր։ Այսպէ՛ս
դաստիարակուած էինք։ Մե՛ր սերունդը այդպէս սորված էր։

Անգամ հեռաւորութիւնները մեզ չէին կրնար սանձել, մեր խանդավառութիւնը
մարել։ Շերպրուքի գեղարուեստից թանգարանը Քարշի ու Մալեքի լուսանկարչական
ժառանգութեան նուիրուած յետահայեաց ցուցահանդէ՞ս ունէր. խումբ պիտի ըլլայինք
ու մի քանի ինքնաշարժով պիտի քշէինք երկու ժամ, մեր կիրակին այդ թանգարանը
այցելելու պիտի յատկացնէինք, ցոյց տալով նաեւ թանգարանին, որ երբ իրենք հայ
արուեստագէտներ, կամ անոնց յիշատակն ու վաստակը կը յարգեն, մենք ալ իրենց
այդ նախաձեռնութիւնը կը գնահատենք։ Ի դէպ, այդ օրն էր, որ առաջին անգամ
ըլլալով տեսանք աշխարհահռչակ գանատացի այդ արուեստագէտներու անունները
)թէկուզ փակագիծի մէջ( յիշուած որպէս Քարշեան եւ Մալեքեան...

Կամ մինչեւ Օթթաուա պիտի երթայինք՝ ՀՀ դեսպանատան առջեւ կերտուած ու
յաւերժական Հայաստանին նուիրուած տուֆէ արձանի բացումին ներկայ ըլլալու,
մինչեւ Քեպէգ՝ Կոմիտասի կիսանդրիին զետեղման առթիւ, կամ նոյնիսկ՝ Հայաստանէն
պատանիներու պարախումբի մը խեղճ ելոյթին ներկայ ըլլալու համար։
Նոյն տրամաբանութեամբ, պիտի չբացակայէինք մեր ձեռնարկներէն, կամ
հայաստանեան բառով՝ միջոցառումներէն։ Շաբթուան երեկոները
դասախօսութիւննե՞ր պիտի ըլլային, գրքերու շնորհահանդէսնե՞ր, միջինքի
ընթրիքնե՞ր, աւագ շաբթու արարողութիւննե՞ր – հո՛ն էինք մենք, որքան ալ որ
աշխատանքէ յոգնած կամ ո՛ւշ վերադարձած ըլլայինք տուն։ Շաբաթ երեկոները
խրախճանքներ կային, ճաշկերոյթներ, դպրոցին, կեդրոնին կամ եկեղեցւոյն համար՝
հանգանակային նախաձեռնութիւններ, զանազան կազմակերպութիւններու իրարու
յաջորդող տարեկան պարահանդէսներ, կիրակի ցերեկները՝ դաշտագնացութիւններ,
հոգեհանգիստներ, խաղողօրհնէք ու սկաուտական տողանցք, իսկ կիրակի երեկոները՝
ազգային ոգեկոչումներ, ինչպէս՝ Արցախի ու Փետրուարեան ապստամբութեան, Մեծ
Եղեռնի, Մայիս 28-ի, Հայաստանի վերանկախացման, կամ Հ.Յ.Դ. Օրուան,
որոնցմէ բացակայիլը մեղանչում կը նկատէինք, թէկուզ ամեն տարի յար եւ նման
ըլլային այդ բոլորը նախորդ տարուան կատարուածներուն, իսկ Ապրիլ 24-ի առթիւ
մեր ձեռնարկներուն գանատացի քաղաքական դէմքերու ունեցած ելոյթները համը
փախցնելու աստիճան կրկնութիւններ ըլլային, Օթթաուա՝ Խորհրդարանին առջեւ մեր
բողոքի ցոյցին, թէ այստեղ՝ մեր հանդիսասրահներուն մէջ։ Եւ չմոռնանք դպրոցական
հանդէսները, որոնց ոչ միայն ծնողք կամ մեծ ծնողք ներկայ պիտի ըլլայինք, այլեւ իբր
վարչական մեր կազմակերպութիւններէն որեւէ մէկուն, հրաւիրուած՝ այդ
կազմակերպութիւնը ներկայացնելու, ամե՛ն տարի, ամե՛ն տարի։

Տակաւին կային շաբաթավերջներ, որոնք պիտի տրամադրէինք մշակութային
համախմբումներու, մարզական մրցաշարքներու, արտակարգ ժողովներու, շրջանային
ժողովներու, լսարաններու, խորհրդաժողովներու եւ մասամբ նորին։
Մեզմէ ոմանք, երբ աւելի պատասխանատու մարմիններու անդամ պիտի
ըլլային՝ նոյնիսկ շաբաթով կամ երկու-երեք շաբաթով պիտի բացակայէին տունէն,
երկրէն ալ՝ ժողովներու կամ այլ համահայկական բնոյթի քաղաքական, մարզական
կամ մշակութային նախաձեռնութիւններու մասնակցելու համար։
Ոչ միայն մեր օրուան հանգիստի ժամերը, շաբթուան հանգիստի օրերը, այլեւ
նոյնիսկ մեր տարեկան արձակուրդները պիտի սպառէին այդ նպատակով, կամ պիտի
պատշաճեցուէին՝ չխաչաձեւելու համար մեր պարտականութիւնները։
Չզարմանաք, եթէ աւելցնեմ, որ նոյնիսկ երբ զուտ անձնական, ո՛չ հաւաքական
միջոցառման մը մէջ ըլլայինք, մեր շուրջ հայե՛ր պիտի փնտռէինք – համերգի՞ մը
գացած ըլլայինք՝ պիտի զննէինք սրահը, տեսնելու համար որ ուրիշ հայեր ալ կայի՞ն,
Գէյփ Գոտ կամ Ֆլորիտա ծովեզերքը հանգի՞ստ պիտի ընէինք, լողափին կամ
երեկոյեան՝ ճաշարանները պիտի նայէինք, որ ծանօթի պիտի հանդիպէի՞նք... Իսկ
տունը, մեր ընտանեկան հանդիպումներուն, տարեդարձներուն, բարեկամական
այցելութիւններուն, կրնա՞ր պատահիլ, որ խօսակցութիւնը չգար, չյանգէր մեր
ազգային խնդիրներուն, ցաւերուն՝ ձուլման, արտագաղթին, կամ մեր պայքարներուն՝
բոլոր ճակատներուն վրայ։

Այո, այսպէ՛ս դաստիարակուած , այսպէ՛ս մեծցած էինք՝ պանդխտութեան մէջ
հաւաքական պատկանելութեան զգացումով, սփիւռքացած ըլլալով հանդերձ՝ ազգին
մա՛ս կազմելով, Հայրենիքէն դուրս ապրիլը փոխարինելով Հայրենիքին համար,
հայութեան համար ապրելու թէկուզ խաբուսիկ, թէկուզ մտացածին այդ ապրումով։
Դուրսէն դիտողը, մանաւանդ առաջին անգամ Սփիւռք եկող հայրենի այցելուն,
փոքրիկ Հայաստաններ տեսաւ այստեղ։ Ես երբ առիթը ունեցայ այցելելու մեր
այլազան գաղութները, Ամերիկա, Եւրոպա, Միջին Արեւելք թէ Աւստրալիա, տեսայ
փշուր-փշուր Հայաստան մը։ Ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար այդ փշուրներէն վերստին
երկի՛ր ստեղծել...
Իսկ հիմա, որ դարձեալ կը մտածեմ այս բոլորին մասին, փշուր-փշուր
հայրենիքէն աւելի փշուր-փշուր ազգը կը տեսնեմ, ամեն մէկս Հայաստան մը, ամեն
մէկս մասնիկ մը այդ Հայաստանէն։ Արդէն աւելի բարդ, աւելի դժուար լուծելի
թնճկախաղ մը, puzzle մը։
Այդ բոլոր միլիոնաւո՛ր կտորները քով-քովի բերողը ու ճիշդ տեղը մտցնողը ո՞վ
կրնայ ըլլալ, ո՞ր կազմակերպութիւնը՝ կուսակցութիւնը կամ եկեղեցին։ Դատարկուող
Երկիրը ո՞վ կրնայ ետ լեցնել, վերստեղծել։ Այդ հրաշագործ ճիպոտը միայն Հայոց
հայրենիքը կրնայ ունենալ, կամ այդ հրաշագործ սոսինձը միայն հայ
պետականութիւնը կրնայ հանդիսանալ։
Ատոր կը գիտակցի՞ ան։ Կը գիտակցի՞նք մենք՝ հին թէ նո՛ր սերունդներս։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2012-03-19 )1707(
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝