Յայտարարութիւն

Wednesday, April 18, 2012

Եղիշէ Չարենց - Յակոբ Մարտիրոսեան, Լոս Անճելըս

Այս յօդուածը կ'արտատպենք ՌԱԿ Մամուլէն եւ կը հրապարակենք Չարենցի ծննդեան 115 եւ մահուան 75 ամեակներուն առիթներով:

«»«««»«»»»»»»»»«»«»«»»«»»»««««»«»«»«»«»«»«»«»«»»»««»«»»«»»«»«»«»«»»««»«««»»«»«»«»««»«»«»«»»««


«Ով Հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»: Աւելի քան 75 տարիներ առաջ հայ ազգին ուղղուած այս տողերը, որքան հարազատ եւ թարմ են մինչեւ օրս, ուղղուած հայ ազգին, որ տակաւին կը տատամսի գործադրելու այս սուրբ պատգամը:

Հայ ժողովուրդի բանաստեղծ Եղիշէ Աբգարի Սողոմոնեանի ծննդեան 115 ամեակի եւ մահուան 75 ամեակի յիշատակութեան տարին է այս տարի: Ծնած Կարս 1897-ին, պատանի տարիքին ան ականատես կ’ըլլայ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան եւ թուրք բանակին կոտորածներուն: Հայ ազգի ոչնչացումը չհանդուրժելով, ազգային ազատագրական պայքարի ոգիով մղուած, ան կը միանայ Արեւմտեան Հայաստանը ազատող հայ մարտիկներու կամաւորական գունդին, պայքարելու համար թուրք բռնատիրութեան դէմ: Երիտասարդ տարիքին ան համոզուած եւ հաւատացած, հետեւած էր կոմունիստական (համայնավար) շարժումին, սակայն առանց կորսնցնելու իր ազգային ջիղն ու հաւատքը:

Իր ազգային աննկուն ոգին կ’արծարծէր հրատարակուած բանաստեղծութիւններուն եւ գրութիւններուն ընդմէջէն, որոնցմէ շատերուն տողերու առաջին գիրերով ան յաճախ իր պատգամը կը հասցնէր հայ ժողովուրդին, մինչեւ յայտնաբերում, Սթալինեան իշխանութեան շրջանին:

Կ’ըսուի թէ 1937 Նոյեմբեր 27-ին, Սթալինեան իշխանութիւններուն կողմէ ան աքսորուեցաւ եւ անյայտ կորսուեցաւ: Կան նաեւ այլ տարբերակներ իր մահուան պարագաներուն շուրջ: Սակայն իրողութիւնը կը մնայ այն՝ թէ Եղիշէ Չարենցի անյայտ մարմինը մինչեւ այսօր չունի դամբարան:


20-րդ դարուն մէջ եթէ կային մարգարէներ, անոնցմէ մէկը անկասկած անմահն Չարենցն էր, որուն հայ ժողովուրդին յղած հանճարեղ պատգամը, մեզ տակաւին հետեւողականութեան կ’առաջնորդէ:

Հայ ժողովուրդի հարազատ զաւակը, որ իր ազգի փրկութեան համար կառչած էր լաստի մը, որ իր ազատ, հանճարեղ միտքն ու գրիչը կաշկանդած եւ յուսախաբ ըրած էր իր էութիւնը, զինք մղելով անարդարութեան եւ անմարդկայնութեան դէմ թաքուն պայքարի, ընդվզումի եւ հայ ազգի զաւակները ուշքի կանչելու եւ միացումի ու հաւաքականութեան կոչերով:

Չարենցի մարմինը խամրեցաւ հայրենիքին մէջ այլ հայ մտաւորականներու հետ միասին, որոնք նոյն թուականներուն ենթարկուեցան Չարենցի վախճանին: Հայ մտաւորականութեան մարմինները յաւէտ եւ անյայտ կորած կրնան ըլլալ թէեւ, սակայն անոնց հանճարեղ միտքերն ու ոգիները միշտ անթառամ կը մնան հայ ազգի զաւակներուն մէջ:

Եղիշէ Չարենցի ծննդեան հարիւրամեակի առիթով, Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ տաղանդաշատ բանաստեղծին դիմանկարով այս դրոշմաթուղթը, Հոկտեմբեր 19, 1997-ին

Չարենց իր ստեղծագործութիւններով՝ «Դանթէական Առասպելը», Համաշխարհային Առաջին պատերազմի աւերներու նկարագրութիւններով, «Ամբոխները Խելագարուած»ը եւ վերջապէս՝ «Գիրք Ճանապարհին» եղան հայ ազգի ճանապարհի ուղեցոյցը եւ առաջնորդը, իր բազմաթիւ հրատարակութիւններու եւ բանաստեղծութիւններու կողքին, որոնք մինչեւ այսօր հայ ազգի մտքին եւ շուրթերուն են, երգերու եւ ասմունքներու ընդմէջէն:


«Ես իմ անոյշ Հայաստանի արեւահամ բառն եմ սիրում», «Աշխարհ անցիր Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ, ինչպէս անհաս փառքի ճամբայ, ես իմ Մասիս սարն եւ սիրում»:

Սիրելի Չարենց, քու եւ հայ ազգին անհաս փառքի ճանապարհին, թող յիշատակդ մնայ անմոռաց:




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝