Յայտարարութիւն

Tuesday, April 24, 2012

«ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀՈՊԻ Է» - ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ








Թորոնթոյի մէջ նոր ծանօթացած հայ տիկնոջ մը առաջնորդութեամբ շնորհաւորական այցելութեան մը կþերթանք գործի շրջանակէն իրեն ծանօթ հայ ընտանիքի մը տունը, ուր հաւաքուած են չափահաս ու միջին տարիքի այրեր ու կիներ, բոլորն ալ գաղթած՝ միջին արեւելեան երկիրներէ։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը ոդիսական մը ապրած է, մինչեւ հասած է հոս, Գանատա։ Մէջերնէն ամէնէն նորեկը ես եմ, հետեւաբար, բոլորն ալ անծանօթ դէմքեր ինծի համար։
Հիւրերէն իւրաքանչիւրը տարբեր խողովակներով կապուած է տան տիկնոջ կամ ամուսնոյն։ Կը ծանօթանանք, կը շնորհաւորենք տանտէրը՝ իր գործին մէջ արձանագրած նոր յաջողութեան համար, կը զրուցենք աջէն-ձախէն, Գանատա, Հայաստան, հին ու նոր աշխարհի պարտադրանքներ, միջազգային տագնապներ, քաղաքական իրադարձութիւններ եւ ընկերային զանազան հարցեր մեր խօսակցութիւններուն առանցքը կը դառնան, մինչեւ որ իրարու ետեւէ պարպուող սքաչի ու գինիի գաւաթները կամաց կամաց կը սկսին բանալ ներկաներուն ներքին ծալքերը եւ գրգռել հոն թաքնուած ինքնութիւնները, մանաւանդ որ Սայաթ Նովայի ու Կոմիտասի կը յաջորդեն Ամիրխանեանն ու Հախվերտեանը, իսկ շնորհալի զրուցակիցի մը հայաստանեան անեկդոտները կը բարձրացնեն բոլորիս տրամադրութիւնները։
Միայն գաղափարական հարցեր արծարծելէ կը խուսափինք, որովհետեւ տարբեր թեքումներով հայեր ենք ըստ երեւոյթին եւ այդ իմաստով կը յարգենք տանտիկնոջ՝ քիչ մը կատակով ըսած նախազգուշական հրահանգը. «Բոլորս հայ ենք հոս, թէեւ ունինք գաղափարական տարբերութիւններ։ Բայց չեմ ուզեր, որ կուսակցական հարցեր խօսինք, ժողովի չենք եկած, այլ՝ միասին հաճելի պահ մը անցընելու»։ Եւ սրամտութիւն մը ընելու պէս՝ «Ով որ հրահանգէս դուրս ելլէ, ես ալ անմիջապէս զինք դուրս կը դնեմ տունէս»։ Խնդացինք, խմեցինք կենացը շնորհալի տանտիրուհիին ու հրահանգին ենթարկուելու պատրաստակամութիւն յայտնեցինք։
Բայց եկուր տես, որ տաքարիւն հայեր ենք, պաշտօնականութեան սահմաններուն մէջ երկար մնալ չենք սիրեր, որովհետեւ, հակառակ տանտիրուհիին կէս-կատակ կէս-շիտակ սաստումներուն, մեզ իր յարկին տակ հիւրընկալող տանտէրն էր առաջինը, որ չդիմացաւ իր կնոջ քաշած «կարմիր գիծ»ի պայմաններուն, երբ անսպասելիօրէն յուզուած ու տագնապահար վրայ տուաւ.
- Այս բոլորը լաւ, բայց պէտք է այլեւս ընդունինք, որ մենք վերջացած ժողովուրդ ենք. այլեւս ի՜նչ հայապահպանում կամ հայրենասիրութիւն, այս երկիրներուն մէջ։ Հոս ամէն ինչդ գործ եւ դրամ է։ Հայութիւնը մեր ետեւը մնաց արդէն։ Նայեցէք մէյ մը շուրջերնիդ, ի՞նչ կ՝ընենք մենք՝ մեր եկեղեցիներով, դպրոցներով կամ կուսակցութիւններով. գրեթէ ոչի՛նչ ... բոլորս ալ գիտենք, բայց խօսիլ չենք ուզեր ... ես շատո՜նց ի վեր գիծ քաշած եմ մեր ազգին վրայէն։ Գաղտնիք չէ, որ այսօր Հնչակեան կուսակցութիւնը իր հոգեվարքը կþապրի, իսկ Դաշնակցութիւնը մահաքունի մէջ է։ Ռամկավարներն ալ արդէն դուրս մնացին Հայաստանի խորհրդարանէն, անոնք ալ անանկ վերջացած են։ Եկէք մենք մեզ չխաբենք եւ ընդունինք որ Գանատայի, Ամերիկայի պէս երկիրներու մէջ այլեւս ընելիք չունինք մենք, այս երկիրներուն ջաղացքը այնքան զօրաւոր կը բանի, որ մեզի պէս պզտիկ ժողովուրդները հարթ-հաւասար կþընէ կ՝անցնի ... այլեւս ի՜նչ հայութիւն, ի՜նչ հայապահպանում...,- ու ձեռքին բռնած գաւաթը խուլ հարուածով մը դրաւ սեղանին։
Պահ մը քար լռութիւն տիրեց։ Հիւր գացածներս բաւական գէշ զգացինք. նայեցանք տանտիկնոջ կողմը՝ սպասելով անոր հակազդեցութեան։ Տիկինը մեր նայուածքներուն դիմաց բան մը ընելու պարտաւորութեամբ մօտեցաւ ամուսնոյն ու ականջին բաներ մը փսփսաց. մարդը ասոր վրայ աւելի փրփրեցաւ եւ՝
- Ինչո՞ւ պիտի չխօսիմ որ։ Հոս Գանատա՛ է, ազատ խօսքի երկիր է։ Հիմա դուն ինծի բան սորվեցնելու մի՛ ելլեր։ Ով ի՛նչ ունի ըսելիք՝ թող ըսէ՛։ Տանս մէ՞ջ ալ ազատ պիտի չխօսիմ, ի՞նչ է...
Խմիչքը կատարած էր իր ներգործութիւնը։ Մարդը անցած էր «կարմիր գիծը», իսկ կինը՝ շուարած, ներողութիւն խնդրած ու խոհանոց անցած էր...։ Բարեկամուհիս, որ այս զոյգին ծանօթացնելու նպատակով հետը բերած էր զիս, իր կարգին անհանգստանալով, դիմեց տանտիրոջ.
- Պարոն Հայկազ, կը յարգեմ կարծիքդ, բայց չեմ ընդունիր աւանդական կուսակցութիւններու մասին տուած գնահատականներդ: Այսքան դպրոց, միութիւններ, Հայաստանի համար նիւթական ու բարոյական օգնութիւններ, Հայ Դատի աշխատանք, հոս՝ Գանատայի մէջ թէ Ամերիկա կամ Եւրոպա, Ցեղասպանութեան ընդունման համար խորհրդարանական մակարդակի վրայ կատարուող նախաձեռնութիւններ, այս բոլորը ինչպէ՞ս կրնաս մէկ ջուրով լուալ եւ Սփիւռքի ազգային կառոյցներու թէ կուսակցութիւններու կողմէ տարուող ազգային գործունէութիւնը ապարդիւն համարել: Կը ներես, պիտի հակաճառեմ, չե՛մ ընդունիր ըսածներդ...
Կնոջ խօսքը տակաւին չամբողջացած, տանտիրոջ բարեկամը, որ տարիներ առաջ հասած է Գանատա, բայց ներկայիս ամէն բան կորսնցուցած ըլլալուն որոշած է հեգնելով ապրիլ կեանքը, մանաւանդ որ մէջքէն երկու կտոր եղած է օտար կնոջ մը հետ ամուսնանալով, ապա՝ ամուսնալուծուելով, բայց տակաւին ամուր կառչած կը մնայ իր անցեալ դարերու մտածելակերպին վրայ, երբ, օրինակ, կþըսէ, թէ հայ աղջկան մը ամէնէն մեծ երազը հարուստ մարդու մը հետ ամուսնանալ է, յանկարծ կը ցատկէ նիւթին մէջ՝ ըսելով.
- Է՜, ի՞նչ եղաւ ձեզի. վերջացուցէ՛ք այս խօսակցութիւնը նայիմ։ Գանատա նստած ի՞նչ ազգ-հայրենիք կը խօսիք։ Հայութիւնն անգամ անիմաստ բան է այս երկիրներուն մէջ։ Հայ ըլլալնիս կը յիշենք միայն երբ քով-քովի գանք եւ խմենք։ Որովհետեւ հայութիւնը Գանատայի կամ Ամերիկայի մէջ միայն հոպի է, հո՜պի՜՜։ Հասկցա՞ք, թէ նորէն կրկնեմ՝ հո՜՜պիիի՜՜։ Ու բռնազբօսիկ խնդուք մը ձգելէ ետք, հրաւէր կու տայ բոլորիս, թէ՝ եկէք խմենք կենացը մեր սիրելի զոյգին ու գոհ ըլլանք, որ այս լաւ երկրին մէջ կþապրինք։ Գոնէ դուրս կրցանք գալ Միջին Արեւելքէն եւ ուզածնիս կþընենք այս երկիրներուն մէջ...
Նիւթը կրնար երկարիլ ու մեզ տանիլ անհաճոյ եզերքներ, բայց ատոր առաջքը առնելու համար յանկարծ բարեկամուհիս աչքով-ունքով ըրաւ ինծի, հասկցնելու համար, թէ ժամն է հեռանալու։
Ստեղծուած ճնշիչ մթնոլորտը քիչ մը թեթեւցնելու համար ան քանի մը վայրկեան խօսքի բռնուեցաւ տանտիկոջ հետ, դրուատեց կնոջ հիւրասիրութիւնը ու քաղաքավարական ժպիտ մը ծաղկեցնելով դէմքին՝ զիս ալ հետը գրկած, միասնաբար դուրս ելանք տունէն։
Հակառակ ինքզինք պարտադրող ցուրտին, դուրսը կազդուրիչ էր օդը. նոր ծնածի պէս պահ մը լո՜ւռ ներծծեցինք մաքուր օդը, մինչեւ հասանք բարեկամուհիիս ինքնաշարժը, բայց ո՛չ ինքը, ոչ ալ ես կրցանք բան մը ըսել քիչ առաջուան մթնոլորտին մասին. ես նորեկ մըն էի Գանատայի մէջ, ու ակներեւ էր կնոջ խուսափումը՝ ինձմէ։ Միայն մերթ ընդ մերթ, մինչեւ զիս տեղս հասցնելը, ինքնիրեն խօսելու պէս սա բառերը կը կրկնէր.
-Հը՜մմմ ... հոպի ... հոպի ... սըւո՜ր նայէ ... բոլորս հայ ըլլանք եւ Գանատայի մէջ անգամ չկարենանք հասկցուիլ ... հոպի է եղեր ... վերջացած ենք եղեր ... այլեւս ընելիք չունի՜նք եղեր...


21 Մարտ, 2004

Մոնթրէալ
Հայուհիի մը Օրագրէն գիրքէն

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝