Յայտարարութիւն

Saturday, April 28, 2012

ԱՆՎԵՐՋԱԿԷՏ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ... ԶՈՅԳ ԱՉՔԵՐՈՒ ԹԵՒԵՐՈՎ- ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ





Ծիտերու ուրախ ճռուողիւն մը դուրս կը քաշէ զիս անկողնէս: Կ’ուղղուիմ դէպի այգը, որ կ’ուրուագծուի սենեակիս միակ պատուհանին մետաքսէ դեղնաւուն վարագոյրին ետին ու անմիջապէս կը բանամ պատուհանը: Զով ու կազդուրիչ օդը մայրական համբոյրի մը պէս կը փակի երեսներուս: Արցախ եմ: Հայրենի հեռաւոր լեռներուն վրայ աշնանային մշուշը հարսանեկան հագուստի մը սպիտակութիւնը ունի, ճոխ ու ծոպաւոր, ուր մարգարիտներու շքեղութեամբ հեռո՜ւն կը սկսին բռնկիլ արեւուն առաջին շողերը: Եղեամը թրջած է սաղարթախիտ հսկայ ծառին տերեւները, որոնք բանաստեղծական այս եղանակի բոյրը կը գգուեն իրենց տակաւին կանաչ երակներուն մէջ եւ կը բարձրանան մինչեւ պատուհանս՝ կանաչաւուն այդ բոյրէն մասնիկ մըն ալ ինծի մատուցելու համար կարծես...

Ի՜նչ երջանիկ եմ: Կը ներծծեմ հոյակապ մինակութիւն մը, Պէյրութի ժխորէն հեռու, Գանատայի ցուրտէն անմասն: Հոս Ստեփանակերտն է, Արցախի մայրաքաղաքը, սիրտը, ինչպէս գրուած էր հսկայ պաստառին վրայ, երբ Լրագրողներու Համահայկական Հինգերորդ Համախմբումի մասնակիցներս Արցախի մէջ մեր այցելութիւններուն առաջինը իբրեւ սրտի պարտք մատուցեցինք զոհուած ազատամարտիկներու պանթէոնին, եւ ճամբուն լայնքին կախուած պաստառին՝ մեծադիր սա գրութիւնը. «Ստեփանակերտը Արցախի սիրտն է»...
Չորս գիշեր առաջ, 12 Հոկտեմբերին հասանք Արցախ։ Այսօր 16ն ենք, տակաւին մութուլոյս, եւ ցայգային շաղը համբոյրի մը քաղցրութեամբ կը խաղայ ափերուս մէջ, որոնք ինծի անծանօթ աղերսով մը բացուած կը մնան պատուհանէն դուրս...

Վերջին օրն է արդէն ու փոխադրակառքերու ծանր հռնդիւնը կը լսուի հեռուներէն: Պահ մը ետք պիտի իջնէ վարագոյրը նաեւ արցախեան էփիզոտին վրայ. Երեւան պիտի վերադառնանք, քանի մը օր ետք ալ հոն, ուրկէ եկած էր 200 լրագրողներէս իւրաքանչիւրը...
Ներքին դժկամութիւն մը կը շարունակէ կրծել հոգիս, երբ աճապարելը անխուսափելի կը թուի: «Ինչպէս եկանք, այնպէս ալ կ’երթանք», կը կրկնեմ հանրածանօթ ասոյթը ու դժգոհութիւնս աւելի արմատ կը նետէ ինձմէ ներս։ Նորէ’ն պիտի երթանք ... հայրենիք մը եւս ձգելով պիտի երթանք՝ իբրեւ թափառական հայու անվերջակէտ Ճամբորդութի՜ւն: Բառակապակցութիւնը փոխ կ’առնեմ Ազնիւ Գարալէքեան-Միքայէլեանի առաջին քերթողագիրքէն։ Ուրկէ ո՜ւր այդ գիրքին խորագիրը այս պահուն կ’իյնայ միտքս եւ փազըլի քարի պէս կը նստի իր ճի'շդ տեղը...
Անվերջակէտ ճամբորդութի՜ւն ... երկու բառ միայն, բայց քանի՜-քանի՜ մակարդակներու վրայ բան ըսող, բան պատմող, խորհուրդ փոխանցող... Հոս սակայն, ամէնէն ազդուն ուղղակի մեկնաբանութիւնն է բառային այս զոյգին, որ կարծես միեւնոյն ատեն ըլլար նկարէն արտայայտութիւնը հայերուս կեանքին...
Անվերջակէտ ճամբորդութի՜ւն...

Կը ճամբորդենք ազգովին, ամէն օր, ամէն վայրկեան, հոգիով, միտքով, մարմնով նոյնիսկ, կը խորասուզուինք ծանօթ-անծանօթ էութիւններու մէջ, կը տարբաղադրենք մեզի հրամցուած բարիքը, քիչ թէ շատ կը փիլիսոփայենք, մէկ ալ տեսար արագ-արագ կը շարժինք խումբով, վայրեր կը փոխենք, հոս ցուրտը երկար է, հոն երկրաշարժի վախ կայ, անդին՝ քաղաքական անկայունութիւնը ապահովութիւն չի ներշնչեր, կ’ըսենք, ու նորէ'ն ճամբայ կ’ելլենք, կ’երթանք Հայաստան-Արցախ, հոն ալ չենք բաւեր, մեզի բարի եկար ըսող չկայ, գործ չկայ, դուն հայ ես, Հայաստանն ալ քու տունդ է հաւաստիացնող մը կ’ուզենք բայց չենք գտներ, որովհետեւ օրէնք չկայ, իրաւունքներ չկա՜ն, տեղացին ի’նք չունի ապահով կռուաններ, մենք ինչպէ՞ս ապրինք, երբ համատարած անգործութիւն է, կը փաստաբանենք, կը հեռանանք, կը մօտիկնանք, կ’անջատուինք, կը միանանք, համահայկական հարցերու շուրջ կը փորձենք խմբուիլ, մէկ բռունցք դառնալ, «Ո’Չ» կը պոռանք Ցեղասպան Թուրքին երեսին եւ պահանջատիրական ցոյցեր կը կազմակերպենք տարբեր երկիրներու մէջ, սակայն չենք կրնար մեր ոտքերուն տակէն հոսող պղտոր ջուրերը յանուն ազգի շահերուն կասեցնել ու օր ցերեկով փրոթոգոլնե՜ր հրապարակ կը նետենք, յատկապէս մեր ածուին համար նենգ ենք, բանսարկու, քինախնդիր ու դաւաճան յաճախ, թէեւ հայկական վարժարաններու մատղաշ տղոց կ’աւանդենք վեհանձնութիւն, կը հպարտանանք Մամիկոնեաններու տոհմով, բայց եւ՝ սէր կը փնտռենք ամէնուրեք, յաճախ անողոքաբար կը մերժե’նք զայն, մերթ կը զուգուինք, երեք-չորս կ’ըլլանք, մերթ կ’որբանանք, կը մահանանք, յետոյ նորէ’ն կը ծնինք մեր թոռներուն անուններուն մէջ, տեղ մը Սարգիս կ’ըլլանք, այլ տեղ մը Մայքըլ, տեղ մը եան ունինք, ուրիշ տեղ մը օղլու կը ճանչնան մեզ, տեղ մը բարեպաշտ քրիստոնեաներ ենք, եկեղեցի-դպրոց-տուն կը քարոզենք, ուրիշ տեղ մը կ’ուզենք բացայայտել մեր ինքնութիւնը եւ կը սպասենք որ եկեղեցին ի'նք գայ մեզի այցի եւ հուրը բերէ քրիստոնէական հաւատքին, տեղ մը կարճ ու նիհար ենք, այլ տեղեր լայն, վիթխարի, կարծես մէյ-մէկ աժդահաներ ըլլայինք՝ միտքով, խաբելու բնազդով, թէ ի տղայ տիոց վաշխառուութեամբ, բայց եւ այնպէս մե՛րը կ’ընենք միջազգային ամպիոններ, կը շահինք մրցանակներ, աշխարհին կու տանք տիեզերական անուններ, բացառիկ ենք իբրեւ արուեստագէտներ, սակայն անպայման տեղ մը կը ձգտինք հարստութեան, այլ տեղ մը յետին աղքատութեան ճիրաններուն մէջ կ’արիւնինք, կը լկտիանանք երբեմն, յաճախ բոզարած կը դառնանք, վսեմ գաղափարներու ռահվիրաներ իբրեւ կը պարգեւատրուինք բեմերէն, ուրիշ տեղ մը մեր երգերը ծախու կը հանենք, բայց գնող մը չենք գտներ, իսկ օտարներու մօտ մեծ հռչակ կը վայելենք երբ Կոմիտաս ու Սայաթ Նովա կ’երգենք, տեղ մը կը պոռանք՝ «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն», ուրիշ տեղ մը կը փախչինք զինուորական ծառայութենէ, թէկուզ տեղ մը ըլլանք կաշառակեր, օրինախախտ ազգայիններ, այլ տեղ մը սակայն անպայման ե'նք նախագահ-բարեգործներ, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կը կառուցենք գիւղեր, ճամբաներ, հիւանդանոցներ, կը նորոգենք եկեղեցիներ քիչ մը ամէն տեղ, տեղ մը անմեղներ բանտ կ’առաջնորդենք մեր քսու հաշիւներուն ի հետեւանք, դարանակալ թշնամիները կը դառնանք մե'ր իսկ ծնողներուն, որովհետեւ իրենց ողջուցը մեզի չեն կտակեր իրենց հարստութիւնը, ուրիշ տեղ մը բանտերը մե'նք կը խճողենք, կը սպաննենք, կը թալանենք, անբարոյ արարքներ կը գործենք, բայց եւ այնպէս մեր արիւնը կը զոհաբերենք յանուն հայրենիքի ազատութեան, քանզի անկոտրում յեղափոխականներ ենք, «Ազատութիւն կամ մահ»ը մեր հաւատոյ հանգանակն է, առանց դոյզն կասկածի, որ աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ ունինք նաեւ Արցախը ծախել ուզող ամօթալի Լեւոն Տէր Պետրոսեաններ, բայց նաեւ յաղթե'լ գիտենք, ունինք մարտունակ հայկական բանակ, ունինք երկգագաթ Արարատ, կաթողիկոսական երկու աթոռ, երկու հայրենիք, երկու նախագահ, երկու խորհրդարան, այլեւ ունինք երկու լեզու, երկու ուղղագրութիւն, երկու աչք, երկու ձեռք, երկու ոտք, երկու ականջ, բայց միայն մէ'կ սիրտ...
Ու սիրտը այդ մեր պապերուն աւանդն է մեզի, իսկ ներկայի կշռոյթը անոր՝ քաջարի հայ մայրերու սրտի զարկն է հայրենի լեռներու վրայ, գիւղերու մէջ, ռազմաճակատներուն, Արցախի անկոխ գեղեցկութիւններու տարածքին։ Այսպէ'ս նաեւ՝ հա'յ ենք մենք, ՀԱ'Յ, թէկուզ օտար ոստաններու մէջ հայերէն խօսիլ-գրել-կարդալ չգիտնանք, թէկուզ ռուսի, արաբի, պարսիկի, անգլիացիի, ամերիկացիի, հոլանտացիի, ֆրանսացիի, գերմանացիի եւ նոյնիսկ այլակրօն ցեղերու հետ կապենք մեր կեանքը, հա’յ ենք մենք հազարամեակներէ ի վեր, ու մեր արիւնը երեք գոյն ունի...
Անվերջակէտ ճամբորդութի՜ւն...
Կ’անցնիմ հոգեվիճակէ-հոգեվիճակ, ազգիս համայնապատկերը լայն բռնած ուղեղիս պաստառին վրայ, մէկ կողմէ արցախեան չորսօրեայ կեցութեանս վերջին արեւածագը կ’ուզեմ ամբարել զգայարաններուս մէջ տեղ մը, միւս կողմէ կ’արտորամ հաւաքել իրերս, պատրաստուիլ բաժանման։ Նորէ՜ն բաժանում ... դարձեա՜լ խզում բոլոր այն լաւ բաներէն, որոնք քուկդ են իբրեւ հայ, բայց քուկդ չեն իբրեւ մարդ ... չե'ն ... երկուութիւններով հարուստ ամբողջ տիեզերք մը, բայց ոչ մէկ անկիւն, որ ըլլար իմս ... ըլլայի ես իրեն համար, ըլլայինք մենք իրարու համար...
Պիրկ մատներս կ’իյնան ճամպրուկիս վրայ ու խուլ աղմուկով մը փակիչը կը տանին մէկ ծայրէն միւսը։ Արցունքներ կը հաւաքուին հոգիիս աւազանին խորը։ Լալու, ճչալու փափաք մը կը սկսի ուռճանալ ինձմէ ներս, սակայն նոյն պահուն հոգիս կը սկսի դարպասել ա'յլ գեղեցկութիւն մը, երբ աչքերու տեսքով սէրը դարձեալ կը յառնի մէջս։ Ա՜խ այդ զոյգ աչքերը ... մեղմանուշ, քաղցր, հոգեթով, այդ համբուրելի՜ աչքերը ... ծովու գոյն, հողի գոյն, բնութեան բոլոր գոյներուն ծիածանումով շաղուած այդ աչքերը, որոնք զիս կը գգուեն անտեսանելի աղու նայուածքով, խռովքս կը վերածեն մելանուշ համանուագի, երազի մը իրականացումը կ’աւետեն անձայն՝ նոր երազի մը ստեղծման համար ... ու կիրքը նորէ’ն կը դառնայ կեանք, շարժում, ըլլալու եղանա՜կ, երբ ջիղերուս մէջէն կը սկսի քալել անվերջակէտ ճամբորդութիւն մը, որ տակաւ առ տակաւ կ’էանայ ինձմէ ներս, կը հագնի զիս ամբողջութեամբ, ես ի'նքը կ’ըլլամ, աչքերը՝ զի'ս...

Վերջին անգամ ըլլալով գլուխս դուրս կը ցցեմ սենեակիս պատուհանէն, թոքերս կը լեցնեմ Արցախի հերոսական թթուածինով, հայեացքիս տակ կ’ամփոփեմ ձեռք-ձեռքի, մարտական պար բռնած արցախեան լեռնաշղթան, մինչ արեանս գնդիկները եռալ կը սկսին ներսս, երակներս առողջ աւիւնով հետզհետէ կ’ուռին, սրտիս բաբախիւնը կ’աւելնայ՝ սիրոյս աճումը հաստատող պատուհանիս հասած միակ տերեւին անմիջապէս գիրկը ծլած նորի մը յայտնաբերումով...
«Երէկ չկար այս», կը խօսիմ ես ինծի ու քնքշօրէն կը շոյեմ նորաբոյս ծիլը, այնպէս ինչպէս կը բաղձայի շոյել սիրոյ բագինին ընծայաբերուող խորհրդաւոր այն զոյգ աչքերը, որոնք նոր յոյսի մը թեւերուն վրայ բարձրանցնելով հոգիս կը շարժեն զայն անվրդով՝ դէպի նո՜ր ճամբորդութեան մը անվերջակէ՜տ հորիզոններ...

14 Փետրուար, 2011 Պէյրութ

Հայուհիի մը Օրագրէն հատորէն






«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝