Յայտարարութիւն

Friday, April 13, 2012

Երեք Ծառերը - Զատկական Խորհրդածութիւն -Թարգմանեց Օշին Էլակէօզ









Բլուրի մը վրայ գտնուող անտառի մը գագաթը կ'ապրէին երեք ծառեր:Օր մը անոնք իրենց մէջ սկսան խօսիլ իրենց ցանկութիւններու եւ փափաքներու մասին:



Առաջին ծառը ըսաւ թէ կը փափաքէր որ իր փայտերով շինէին շատ արժէքաւոր ու գեղեցիկ սնտուկ մը եւ ղրկէին թագաւորական պալատ,որպէսզի թագուհին իր մէջ պահէր իր թանկագին գոհարեղէնները:



Երկրորդ ծառը ըսաւ որ կը փափաքէր վերածուիլ հսկայ ու տոկուն նաւու մը ու փոխադրել թագաւորներ,թագուհիներ եւ այլ կարեւոր անձնաւորութիւններ , զանոնք պաշտպանելով փոթորիկներէ,ալեկոծ ծովերէ եւ այլ վտանգներէ:



Եւ վերջապէս երրորդ ծառը ըսաւ որ կը փափաքէր աճիլ ու մեծնալ եւ դառնալ աշխարհիս ամենաբարձր ծառը ,որպէսզի մարդիկ զայն տեսնէին ու զմայլէին թէ ան որքան բարձր էր եւ որքան մօտիկ ՝ Աստուծոյ :



Անցան տարիներ :Ծառերը յարատեւ կ'աղօթէին , որպէսզի իրականանային իրեն փափաքները:



Օր մը, անտառէն կ'անցնէին քանի մը փայտի վաճառականներ: Անոնցմէ մէկը եկաւ ու կեցաւ առաջին ծառին տակը եւ մտածեց . ահաւասիկ տոկուն ծառ մը,վստահ եմ որ զայն կրնամ լաւ գինով վաճառել ատաղձագործի մը եւ սկսաւ ծառը կտրել:Ծառը շատ ուրախ էր որովհետեւ կը հաւատար որ պիտի վերածուէր թանկագին սնտուկի մը, որուն մէջ պիտի պահուէին արքայական գոհարեղէններ եւ այսպէսով իրականացած պիտի ըլլար իր աղօթքը:



Երկրորդ վաճառականը, եկաւ ու կեցաւ երկրորդ ծառին տակը ու մտածեց որ այս ծառը տոկուն ու զօրաւոր ծառ մը կը թուէր ըլլալ ուստի զայն կրնար լաւ գինով մը ծախել նաւաշինարանի մը, որպէսզի իր փայտով կառուցանէին տոկուն նաւակ մը եւ սկսաւ կտրել ծառը, որը իր կարգին շատ ուրախ էր որովհետեւ կը հաւատար որ պիտի վերածուէր թագաւորական հսկայ նաւու մը ու պիտի փոխադրէր թագաւորն ու թագուհին:



Երրորդ ծառը շատ կը վախնար որ վաճառականներէն մէկն ալ պիտի գար եւ զինք կտրէր, որովհետեւ ան կտրուիլ չէր ուզեր: Անոր փափաքն էր մեծնալ եւ բարձրանալ իսկ եթէ զինք կտրէին՝ իր փափաքը երբեք պիտի չիրականանար: Ծառին ահն ու դողը ոչ մէկ ազդեցութիւն գործեցին վաճառականին վրայ եւ իսկոյն եկաւ ու կտրեց ծառը:Ան դեռ չէր մտածած թէ ինչի պիտի գործածէր զայն, բայց զօրաւոր տոկուն ծառ մը ըլլալուն համար չէր ուզեր զայն ուրիշ մէկ վաճառականի ձեռքը ձգել: Ուստի մտածեց . զայն կտրեմ շտեմարանս տանիմ ,յետոյ կ'որոշեմ թէ ինչ պիտի ընեմ:



Առաջին ծառը կտրուած ու վերածուած էր տախտակէ մեծ ու երկար ամանի մը եւ տեղաւորուած էր ախոռի մը մէջ, որուն մէջէն անասունները իրենց առօրեայ ուտելիքը կուտէին: Անշուշտ ասիկա ծառին փափաքածը չէր եւ ան բնաւ գոհ չէր իր վիճակէն:



Նաւաշինութեան գործարանի մը մէջ երկրորդ ծառին կտրուած փայտերով շինած էին ձկնորսի փոքրիկ մակոյկ մը, իսկ ծառը կը փափաքէր վերածուիլ թագաւորական հսկայ նաւու մը:Եերկրորդ ծառին փափաքն ալ չէր իրականացած:



Իսկ երրորդ ծառը, կտրուած եւ նետուած էր մութ շտեմարանի մը մէջ:



Տարիներ անցած էին ու ծառերը մոռցած էին իրենց ցանկութիւնները:Ոչ մէկուն փափաքը իրականացած էր եւ ոչ մէկ յոյս կար որ ապագային իրենց փափաքները իրականանային:



Անձրեւոտ գիշեր մը այր մը իր կնոջ հետ ախոռէն ներս մտաւ:Կինը այնտեղ ծննդաբերեց բայց նորածինը պառկեցնելու համար տեղ չկար:Մարդը, անասուններուն մէջէն ճաշ կերած փայտէ ամանը պարպեց,տակը քիչ մը խոտ դրաւ ու վրան իր վերարկուն տարածելով անկողին մը շինեց եւ նորածինը անոր մէջ տեղաւորեց:Ծառը , որուն փայտով շինուած էր այդ ամանը , զգաց այս իրադարձութեան կարեւորութիւնը :Գիտակից էր որ ստացած էր բոլոր ժամանակներու ամենէն արժէքաւոր գանձը:



Անցան տարիներ,քանի մը ձկնորսներ փոքրիկ նաւակով մը ձուկ

կ' որսային:Անոնցմէ մէկը յոգնած էր ու կը քնանար:Յանկարծ սաստիկ փոթորիկ մը պայթեցաւ:Նաւակը պիտի տապալէր ու ձկնորսները պիտի խեղդուէին:Գացին եւ արթնցուցին քնացող մարդը:Ան ոտքի ելաւ ուղղուելով ալեկոծ ծովուն հրամայեց <<հանդարտէ ' >> իսկոյն ծովը անմիջապէս հանդարտեցաւ:Այս փոքրիկ նաւակը երկրորդ ծառին փայտով շինուած նաւակն էր: Ծառը հասկցաւ որ այդ պահուն իր վրայ կը գտնուէր <<Արքաներու Արքան >>:



Վերջապէս օր մը մարդիկ եկան եւ երրորդ ծառը առին ու զայն բեռնաւորեցին դատապարտեալի մը ուսերուն:Խեղճ դատապարտեալը երբ զայն կը կրէր իր ուսերուն վրայ ու կ'անցնէր փոշոտ փողոցներէն, ժողովուրդը զայն կը հարուածէր ու կը հայհոյէին անոր երեսն ի վեր:Ի վերջոյ բլուրի մը գագաթը գացին եւ հոն դատապարտեալը այդ փայտին վրայ գամեցին ու զայն դէպի երկինք բարձրացնելով այդ վիճակի մէջ ձգեցին որպէսզի մեռնի: Երբ եկաւ Կիրակի օրը, ծառը գիտեր, որ ինք աշխարհիս ամենաբարձր եւ ամենամօտ ծառը եղած էր Աստուծոյ , որովհետեւ Յիսուսն էր խաչուողը իր փայտին վրայ:





Երբ տեսնենք թէ իրադարձութիւնները մեր ցանկացածին պէս չեն յառաջանար պէտք է գիտնանք որ Աստուած բոլորիս համար ծրագիր մը ունի:Եթէ մենք հաւատք ունինք ,Ան մեզ բոլորս կը պարգեւատրէ: Իւրաքանչիւր ծառ ստացաւ այն ինչ որ կը ցանկար, որուն համար աղօթած էր Աստուծոյ բայց ոչ իր մտածած ձեւով:Մենք չենք կրնար գիտնալ թէ Աստուած ինչ ծրագրած է մեզի համար,գիտենք որ Իր ճամբան մերինէն տարբեր է բայց իր ճամբան միշտ ամենալաւն է:







Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց



Օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի









Թարգմանութիւն



Օշին Էլակէօզ



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝