Յայտարարութիւն

Wednesday, April 4, 2012

ԱՐԱՆ - ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

ԱՐԱՆ
Արան ճանչցայ գործի վրայ։ 1970 թուականն էր, կը պատրաստուէինք
բազմամշակութային տաղաւարին մէջ կազմակերպելու հայկական օրերը։ «Համազգային»ն էր
պատասխանատուութիւնը ստանձնած, ու կ՚աշխատէինք հետաքրքրական ցուցահանդէս մը
մէջտեղ բերել։ Ամբողջ յոգնութիւնը երեք օրուան համար էր, քանի որ ուրիշ ազգութիւններ ալ
նոյն վայրին մէջ յաջորդաբար իրե՛նց մշակոյթը պիտի ներկայացնէին։ Սակայն չէինք կրնար
առիթը փախցնել։Նորութի՛ւն կ՚ուզէինք բերել։ Ու բնաբան էինք ընտրած ՝ «Կա՛նք, պիտի
լինե՛նք ու դեռ շատանա՜նք»։

Երկու տարի առաջ միայն ծանօթացած էի իրեն։ Գիտէի, որ զաւակն էր անուանի
նկարիչ Օննիկ Աւետիսեանի, որուն Հելիոպոլսոյ աշխատանոցը կ՚երթայի՝ հետեւելու իր
դասերուն։ Գիտէի նաեւ, որ Արային նախաձեռնութեան շնորհիւ նախապէս ալ նոյն այդ
«Մարդը եւ իր աշխարհը» (Էքսփօ 67-ի շարունակութիւնը հանդիսացող) տարեկան
ցուցահանդէսի շրջափակին մէջ յաջողած էինք մեր երգն ու պարը բեմ հանելու,
ծանօթացնելու Մոնթրէալի ժողովուրդին ու Մոնթրէալ այցելող զբօսաշրջիկներուն։

Դիմեցի իրեն, որ ձեռք մը տայ։ Առաջարկեց լուսանկարել մեր նորածին երեխաները, եւ
իր արուեստի խոր ըմբռնումով ստեղծուեցաւ ամբողջ պատ մը, մեր զաւակներու մեծադիր
լուսանկարներով՝ մեր ընտրած բնաբանին ճի՛շդ պատկերացումով։
Յաջորդ տարի անգամ մը եւս իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ Արա, այս անգամ
լուսանկարելով ու ցուցադրելով Մեծ եղեռնէն վերապրած մեր մեծ մայրերն ու մեծ հայրերը՝
հայուն տոկունութեան ու ապրելու կամքին որպէս խորհրդանիշ։

Աւելի ուշ առիթը ունեցանք նաեւ նոյն այդ մշակութային միջավայրի, այս անգամ՝
երգիծանկարներու տաղաւարին մէջ մեծարելու անուանի ծաղրանկարիչ Ալեքսանտր
Սարուխանը, որուն վաստակին նուիրուեցաւ տաղաւարը այդ տարի, եւ որուն ի պատիւ
հանդիսութիւն մըն ալ կազմակերպուեցաւ մեր կողմէ։ Սարուխան Արային հօրաքրոջ
ամուսինն էր։
Այսպէս սկսաւ մեր բարեկամութիւնը, որ ահա հիմա արդէն 40-45 տարուան
պատմութիւն ունի։

Դիւրին չէր եղած Արա Աւետիսեանի կեանքը։ Ծնած էր Վիեննա, 1923-ին։ Այդ այն
տարիներն էին, երբ հայ ուսանողութիւնը կ'եռար, եւ Օննիկի, Ալեքսանտրի ու յետագային
մեծանուն քանդակագործ դարձած Արա Սարգիսեանի նման տղաք լծուած էին մեր ազգային
գոյամարտին։ Այս վերջինին անունով ու իր կնքահայրութեամբ մկրտուած էր Արան։ Բայց իր
մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը հեզասահ չէին ընթացած։ Աւստրիացի մայրը բաժնուած
էր հօրմէն, երբ յետոյ ընտանիքը Սուրիա հաստատուած էր։ Արա մօրը հետ ստիպուած էր
եղած Վիեննա վերադառնալու, ու երկար տարիներ հօրմէն բաժնուած մնալու։ Յետոյ,
տասներեք տարեկանին, մօրմէն գաղտնի, գացած միացած էր հօր, որ սակայն չկարենալով
անհրաժեշտ հոգածութիւնը տալ միայնակ, զինք գիշերօթիկ ղրկած էր Կիպրոս՝ Մելգոնեան
հաստատութիւնը։ Հոն Արա հայերէն սորված էր, սակայն չէր կրցած համակերպիլ տեղւոյն
արեւելեան բարքերուն։ Ի վերջոյ հայրը զինք բերած էր իր քով՝ Գահիրէ, ու տեսնելով զաւկին
յատկութիւնները, զինք ուղղած դէպի լուսանկարչական ասպարէզը։

Արա նախ աշկերտ կը դառնայ ծանօթ լուսանկարիչներ Զարդարեանի, ապա Վարդ
Պանիրեանի մօտ, հուսկ՝ ականաւոր լուսանկարիչ Ալպանի (Արամ Առնաութեան), որմէ ալ
կը սորվի արհեստին ու արուեստին գաղտնիքները։

Շնորհիւ իր մարդասէր ու շրջահայեաց բնաւորութեան, համեստ նկարագրին եւ
զուարթախոհութեան, ան կը սիրուի բոլորին կողմէ, «եոլա» կ՚երթայ բոլորին հետ։
Շրջան մը կը գործէ անգլիական բանակին մէջ որպէս թարգման, ապա եգիպտական
թերթերու լուսանկարիչ կը դառնայ։ Կ՚արժանանայ լրագրութեան ասպարէզի ոսկէ մետալին
ինչպէս նաեւ Գահիրէի միջազգային լուսանկարչական ցուցահանդէսի մետալին։
Ձախող ամուսնութենէ մը ետք, ան կը գաղթէ Մոնթրէալ, 1962-ին, երկար տարիներ կը
պաշտօնավարէ լուսանկարչական կարեւոր հաստատութեան մը՝ Graetz-ի մօտ, ու իր ազատ
ժամերուն կամաւոր լուսանկարիչը կը դառնայ փոքրամասնութիւններու կամ
քաղաքամասերու պատկանող բազմաթիւ թերթերու։ Իր լեզուանի, բայց մանաւանդ
բազմալեզուանի ըլլալն ալ անշուշտ դեր կ'ունենայ ասոր մէջ։
Առանց հայ գաղութի առօրեային մաս կազմելու, ան առանձինն Հայ դատի շրջուն
յանձնախումբ կը դառնայ, ու առիթ չի փախցներ հայութիւնը, իր մշակոյթն ու դատը
ներկայացնելու շրջապատին։ Ու միշտ պատրաստ կ'ըլլայ գործակցելու մեր մարմիններուն
հետ, երբոր իրեն դիմուի։ «Հորիզոն» ու «Ապագայ» շաբաթաթերթերուն հետ ալ իր կապը միշտ
սերտ է եղած։
Պատահմամբ կը յայտնաբերէ իր գրական ձիրքերը։ 1983-ին, իր երկրորդ ու մինչեւ հիմա
իրեն հոգ տանող կողակցին՝ Մարիէլի հետ երբ կ՚այցելէր Վիեննայի այն եկեղեցին ուր
մկրտուած էր, այնտեղ իրեն նկատմամբ ցոյց տրուած վերաբերմունքէն ազդուած, կ'որոշէ այդ
այցելութեան պատմութիւնը գրի առնել, անգլերէնով, քանի որ ամենէն աւելի սահուն ա՛յդ
լեզուով կրնայ գրել, ու անկէ ի վեր ահա կրցած է գրական ամբողջ վաստակ մը ստեղծել կարճ
պատմուածքներու, միշտ իր ապրած կեանքի մանրավէպերէն ներշնչուած։ Իր հերոսները
պարզ մարդիկ են, փողոցի լաճեր, վաճառորդներ, դռնապան ու հացագործ, որոնց հետ
հանդիպում մը, կարճ զրոյց մը առիթ են գրելու, ու կեանքի իր իմաստասիրութիւնը պարզելու։
Նոյնիսկ անասունները իրեն հետաքրքրական նիւթեր հայթայթած են։ Ամբողջ կեանքը
շուներու հաւատարմութիւնը վայելած է Արա, զրկուած ըլլալով սեփական ընտանեկան
հարազատներու անմիջական ներկայութենէն։ Բայց անոնք միշտ ներկայ են իր յուշերուն մէջ,
ու անոնց հետ կապերը, աշխարհի ո՛ր ծայրն ալ որ գտնուին, զինք կեանքին կապող կարեւոր
թելերը կը հանդիսանան։ Իր գրեթէ առօրեայ հեռաձայնային խօսակցութիւններուն ընթացքին
Արա միշտ ալ անոնց կեանքէն դրուագ մը ունի ինծի պատմելիք։
Իր տունը թանգարան մըն է, մուտքի գաւիթէն սկսեալ մինչեւ ննջասենեակ ու
խոհանոց, թանգարան մը՝ ապրող կամ անմահութեան գիրկը հանգչող իր սիրելիներուն
լուսանկարներով, Օննիկի եւ Սարուխանի կտաւներով կամ անոնց վերատադրութիւններով,
իր քաշած լուսանկարներով, զանազան յուշօններով, արձանիկներով, իսկ իր աշխատանոցը՝
խառնարան մը թուղթի եւ լուսանկարներու դէզերու, համակարգիչներու եւ տպիչներու,
լուսանկարչական գործիքներու, եւ մասամբ նորին։
Արա Օննիկ Աւետիսեան՝ հայու ճակատագրի խորհրդանիշ մը, իւրայատուկ
խորհրդանիշներէն մէկը։
Մարտ 31-ին Արա կը թեւակոխէ իր 90-րդ տարին այս երկրագունտին վրայ։
Երազներով ու ծրագիրներով տակաւին խանդավառ...
Իրեն կը մաղթենք արեւոտ շատ օրեր։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝