Յայտարարութիւն

Sunday, April 15, 2012

Քօղով կամ առանց քօղի - ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ

Քօղով կամ առանց քօղի

Արեւելքի շատ երկիրներու մէջ կիները եւ այրերը նոյն իրաւունքները չեն
վայելեր, նոյն համարումը չեն ստանար ընկերութեան կողմէ, նոյն ձեւով ապրիլ չեն
կրնար։ Կշիռքին սլաքը միշտ այրերուն կողմը կը թեքի։
Կիները, ըսելու համար նուազագոյնը՝ երկրորդ կարգի քաղաքացի կը
նկատուին։ Այրերն են, ըլլան անոնք հայր, եղբայր կամ ամուսին, նոյնիսկ որդի, որ
որոշում կու տան իրենց դստեր, քրոջ, կողակիցին եւ մօր փոխարէն։ Ասիկա դարերէն
եկած սովորութիւններու, բարքերու եւ աւանդութիւններու ժառանգութիւն մըն է, որ
ամրակայուած է բոլոր կրօններուն կողմէ, գրեթէ բոլոր ժողովուրդներուն մօտ։ Այս
կացութիւնը կրնայ բացատրուիլ պատմական զանազան ազդակներով, որոնց
քննարկումը չէ այս յօդուածին նպատակը։

Մենք հայերս ալ զերծ չենք եղած նման կաշկանդումներէ, ու թերեւս ալ
ամբողջովին զերծ չենք տակաւին՝ ենթադրելով որ այդ կաշկանդումները անհրաժեշտ
են ընտանիքի, ընկերութեան ու ազգի գոյատեւման տեսակէտէն։ Ասոր քարեղէն
ապացոյցը Ստեփանակերտի մօտակայ բարձունքին կանգնած ու Արցախը
խորհրդանշող մեծադիր արձանն է պապիկին ու տատիկին. այս վերջինին գլուխն ու
բերանը ծածկուած են...

Կիներու իրաւունքներուն վերաբերեալ այս հարցերը վերջերս բաւական
ուշադրութեան կ'արժանանան այստեղ՝ Արեւմուտքի մէջ, քանի որ կիսաշխարհ մը
հեռուէն ներգաղթողներ իրենց հետ բերելով իրենց այդ բարքերը, կը փորձեն այս
ափերուն իրենց կեանքը շարունակել իրենց գիտցած ձեւով, ամբողջովին անտեսելով
ա՛յս երկիրներու բարքերը, նոյնիսկ օրէնքները։ Այս երեւոյթին ամենէն աւելի աչքի
զարնող օրինակները ամբողջովին սեւազգեստ ու ծածկուած կիներն են, որ կ'երեւին
մեր փողոցներուն, շուկաներուն կամ այլ հանրային վայրերու մէջ, լաչակաւոր կիներն
ու աղջիկներն են՝ ամենուրեք։ Նաեւ, այն ոճիրներն են, որ նուազ կ'երեւին, բայց
բացայայտման պարագային աւելի աղմուկ կը ստեղծեն, որոնք կը կատարուին յանո՜ւն
ընտանիքի պատուի փրկման, կամ անձնասպանութիւնները մանկամարդ կիներու,
որոնք այդ կաշկանդումներէն ազատելու ուրիշ միջոց չեն գտներ։
Սակայն, արդեօ՞ք ազատազրման այս երեւոյթը ընդհանրական չէ՞, ու
Արեւմուտքը եւս իր կիները նման բայց այլ կաշկանդումներու չենթարկե՞ր։
Այս մասին է, որ մարտ 8-ին՝ Կիներու միջազգային օրուան առթիւ, Francois
Delorme գրեց "Le voile invisible" իր յօդուածը՝ Le Devoir օրաթերթի նոյն օրուան թիւին
մէջ։ Իր ստորագրութեան ներքեւ, ինչպէս եւ իր առաջին իսկ տողին վրայ ան կը նշէ որ
ինք կնապաշտպան այր մըն է... Ի՞նչ կ'ըսէ.
«Այս 8 մարտը առիթը պէտք է ըլլար տօնելու իրագործուած
յառաջդիմութիւնները։ Արդ, այդպէս չէ երբեք, պարզապէս որովհետեւ կը յամենան
պայքարներ, որոնք պարտութեան դառն համ մը կը պահեն։ Անոնցմէ մին, "աներեւոյթ
քօղը", կը վերաբերի գեղագիտական կաշկանդումներուն (նորաձեւութիւնը,
գեղավիրաբուժութիւնը, շպարումը, արուեստական արեւառումը, եւայլն), որոնք
երիտասարդ ու նուազ երիտասարդ կիները կ'ենթարկեն արտաքին հայեացքի
կամայական հարկադրանքներուն. յաճախ "այրական", ուստի եւ... սեռայնացած։
«Հեռատեսիլի, պարբերաթերթերու կամ պոռնկագրութեան (նաեւ Համացանցի
– Վ-Ա. ճամբով)՝ տեւաբար ենթարկուելով սեռային կարծրատիպերու »ռմբակոծման«,

կ'աւելցնէ Տըլորմ, կիները կը մնան կին-առարկայի պատկերին գերին։ Ու իրենց
տեւաբար երիտասարդ, ուստի եւ առինքնող երեւնալու մարմաջը մեծապէս կը
շահագործուի սպառողական ընկերութեան հրէշներուն կողմէ (որոնք նաեւ կը
հակակշռեն հաղորդակցութեան այդ միջոցները – Վ-Ա.)։
Յօդուածագիրը »աներեւոյթ քօղը« կ'անուանէ ասիկա, զոր կը կրեն
Արեւմուտքի կիները՝ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար։ Ուրեմն, ինչպէ՞ս խօսինք
կիներու »ազատագրութեան«, նոյնիսկ »ազատութեան« մասին, երբ անոնք այսպիսի
կաշկանդումներու ենթակայ են միշտ։

Իր եզրակացութիւնը այն է, որ մէկ կողմէ կիները ընկերութեան մէջ իրե՛նք
ձեռք առնելու են իրենց ճակատագրի տնօրինումը, իրենց ազդեցութիւնը փորձելով
բանեցնել որոշումներ տուող ռազմավարական մակարդակներուն վրայ, իսկ միւս
կողմէ այլապէս պէտք է դաստիարակուին տղամարդիկ՝ մանկապարտէզէն սկսեալ։
Սակայն Տըլորմ չի յիշատակեր այլ կաշկանդումներ, որոնց կ'ենթարկուին
կիները, ինչպէս նաեւ այրերը։ Այդ կաշկանդումները կու գան ոչ միայն տան
թէ դպրոցի կրթութենէն, աշխատանքի շահագործման աւանդութիւններէն, այլեւ
այսօրուան դրամատիրական ընկերութեան սանձարձակ կացութենէն, ուր
ընչաքաղցութիւնն ու նիւթապաշտութիւնը կը գերադասուին բոլոր այլ մարդկային
արժէքներէն ու արժանիքներէն։

Այսպէս, իրարու նմանելու, իրենց կենսամակարդակո՜վ իրարու յոխորտալու,
կամ նման պատճառներով՝ նորակազմ ընտանիքներ նիւթական մեծ
պարտաւորութիւններու տակ կը մտնեն, այր ու կին ստիպողաբար երկար ժամեր
կ'աշխատին, զաւակներուն հետ բաւարար ժամանակ անցընելու կարելիութենէն կը
զրկուին, հաւաքական կեանքին իրենց մասնակցութիւնը չեն կրնար բերել, կը դառնան
փոքրիկ անուակները մեծ դրամագլուխ արտադրող մենատէրերու ընկերութիւններուն,
վրայ կու տան իրենց ֆիզիքական թէ հոգեկան առողջութիւնը։ Այս կացութեան մէջ
յաւելեալ տուժողը ընդհանրապէս կիները կը հանդիսանան, իսկ ամենէն աւելի
տուժողը՝ զաւակները, որոնք պիտի ժառանգեն նոյն հասարակական միջավայրը, ու
պիտի շարունակեն աւելի ու աւելի կաշկանդուած գերիները դառնալ անոր։

Աներեւոյթ քօղը միայն կիներուն երեսին չէ, ուրեմն, ու միայն գեղագիտական
բնոյթ չունի։ Եւ այր ու կնոջ իրաւունքներու հաւասարութեան ձգտումէն ալ անդին
կ'անցնի։
Հին կրօնները կերպասէ ու երեւցող քօղեր դրեր էին կիներուն երեսին։
Մամոնայի պաշտամունքը աներեւոյթ քօղերով ծածկեր է թէ՛ կիներուն եւ թէ՛
այրերուն երեսները, եւ աներեւոյթ պարաններով կապկպեր անոնց ձեռքերն ու
ոտքերը։ Ինչպէ՞ս պիտի պատռուին ա՛յդ քօղերը ու քակուին ա՛յդ պարանները։
Ահա խնդիրը որ կը դրուի ԻԱ. դարու այս քաղաքակի՜րթ աշխարհին առջեւ։
Երիտասարդներո՛ւն առջեւ...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2012-03-26 )1708(
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝