Յայտարարութիւն

Saturday, April 14, 2012

Խաչեալ, Թաղեալ եւ Յարեալ - ԱՐԱՄ ՔԷԹԷՆՃԵԱՆ

Խարազաններու բուռն հարուածներէն
Եւ գլխուդ հանգչող փուշերէն խոցուած,
Արիւնաթաթախ մարմինը Քո սուրբ՝
Համայն աշխարհի փրկութեան համար,
Գողգոթա լերան խաչի՜ն բարձրացաւ ...
Դահիճներն անգութ, վայրագ ու գազան,
Ոտքերուդ թոյլցած, ափերուդ անզօր՝
Գամեր մխեցին ահե՜ղ ու դաժան.
Եւ արիւնըդ ջինջ, ծածկեց փայտն անտաշ...
Խաչափայտն ի վեր, տախտակի վրայ
Քեզ անուանեցին «Հրէից Արքայ»...
Մարդասպանները հեղ մը սարսափած՝
Երկիւղած էին սուրբ դէմքիդ նայիլ.
Հեղ մ΄ալ հեգնանքով, Քո հանդերձները
Չորս բաժին ըրին, իսկ պատմուճանը
Խլելու համար՝ վիճակ ձգեցին...
« Ծարա՜ւ եմ » ըսիր, ու ջուրի փոխան ՝
Շրթունքիդ պատռած, քացախ քսեցին.
Քեզ չարչարողաց ներում հայցեցիր,
Իսկ մօտըդ խաչուած, զղջացած գողին՝
Դրախտ խոստացար կամքով երկնային...
Անչա՜փ մեծութիւն, բարեաց բարութիւն,
Անհուն ու անհաս զոհաբերութի՜ւն...

Յանկա՛րծ ամէնուր խաւարը պատեց.
Իսկ ձայնըդ ահեղ, աշխարհը ցնցեց.
Եւ որդիաբար դու Հօր դիմեցիր...
«... ձեռքըդ կ՛աւանդեմ իմ հոգիս» ըսիր.
Ու խորհրդաւոր պահ մը, սրբազան՝
Սուրբ հոգիդ տուի՜ր ի սէր մարդկութեան...
Արիմաթացի Յովսէփն ընծայեալ,
Կսկիծն իր սրտին, յուզմունքով խորին,
Խաչէն վար առաւ Քո անշունչ մարմին.
Զմռսեց, սրբեց, կտաւով փաթթեց
Ու բուրումնաւէտ խունկերով օծուն,
Վիմափոր նոր դամբարանին յանձնեց,
Իսկ մուտքին՝ հսկայ քարը գլորե՜ց...

Թաղման երրորդ օրն, հետն այգաբացին
Երբ սիրելիք Քո, մարմինը Քո սուրբ
Օծելու եկան՝ ժայռափոր մուտքին
Զետեղուած քարը, գլորուած տեսան...
Ու ներս մտնելով լեցուեցան վախով,
Զի գերեզմանը թափուր էր, լռին.
Միայն պատանքն էր ու վարշամակն ալ
Ծալլըուած, դրուած , զետեղուած կողքին...
Իսկոյն երեւցաւ հրեշտակ բարի,
Լոյս հանդերձանքով, տեսքով փայլակի,
Զարհուրեալներուն դիմեց շեշտակի,
- « ...մի վախնաք» ըսաւ, « այստեղ չէ, քանզի
Յարութիւն առաւ կամքովն Արարչի»...

Յարութիւն առիր Աստուծո՛յ Որդի...
Իսկ Քո Յարութեամբ աշխարհը ցնծաց,
Մութ գերեզմանը լոյսով շողշողաց,
Անողորմ մահը գետնին տակ գնաց...
Յարութեամբը Քո՝
Խաչը մահաբեր ու խաչը դաժան՝
Չարը հալածող անպարտ զէնք դարձաւ.
Մեր կուրծքին կախեալ, բայց սրտերուն մէջ
Անխախտ հաւատքի, սիրոյ սրբութեան
Նաեւ յաղթութեան նշանը դարձաւ...
Գլխուդ զետեղուած փշէ պսակը՝
Պսակ հաւատո՛յ ու թագ պարծանաց.
Կողըդ մխրճուած գեղարդը դարձաւ
Միւռոնը օծող Իր մը սրբազան...
Յարութեամբը Քո՝
Գողգոդան դարձաւ բարձունք հաւատքի.
Մութ գերեզմանը դրախտային դուռ.
Իսկ մարմինըդ սուրբ, արիւնըդ անբիծ,
Դարձան թողութիւն մարդկութեան մեղաց,
Ու դարձան հիմքը կենաց յարութեան:

Որդի Աստուծոյ, Տէ՛ր եւ պահապան.
Դու ամենասուրբ, միշտ եւ յաւիտեան...

«Նշոյլ Հրճուանքի» գրքոյկէն
Արամ սրկ. Քէթէնճեան
2011թուական

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝