Յայտարարութիւն

Friday, May 25, 2012

Ինչո՞ւ Նախագահ Օպամա Կը Չարչարէ Ինքզինք Եւ Հայերը՝ Ամէն Տարի Ապրիլ 24ին Յարութ Սասունեան, Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Ասկէ չորս տարի առաջ երբ Պարաք Օպամա ընտրուեցաւ նախագահ, «Ազատ հայ» կայքէջի մէջ երգիծական յօդուածով մը յայտնեցի իմ կարծիքս ըսելով մօտաւորապէս թէ« Պարոն Օպամա , դուն նոյնիսկ եթէ ուզես ՝ քեզի պիտի չարտօնուի հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալ ինչպէս չարտօնուեցաւ Ուուտրօ Ուիլսընին գործադրութեան դնել Սեւրի դաշնագրին մէջ վաւերացուած «Ուիլսընեան Հայաստանի քարտէզը» : Խօսիլ մանրուքներու մասին՝ Պայտըն ու Քլինթըն... ժամանակի կորուստ է: Յարութ Սասունեան ճիշտ է : Ան ալ կուգայ երեսն ի վեր ըսելու՝ Պարոն Օպամա ՝ մեր հարցէն դուն վազ անցիր , դուն ՝ խլէզ մը , ո՞վ ես որ սրբութեանց համարձակիս մօտենալ : Ցեղասպանութիւնը մարդուկներու զբաղման առարկայ չէ: Մարդուկներ արիւն հոտող իրենց ձեռքերով թող չհամարձակին պղծել սրբութիւնները : »
Նշան Պասմաճեան

»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«


Ինչ-ինչ անհասկանալի պատճառներով, աշխարհի ամենահզօր երկրին նախագահը, ամէն տարի Ապրիլ 24ին ստիպուած կ'ըլլայ կատարելու տարօրինակ եւ անհարկի ծիսակատարութիւն մը: Ապրիլ 24էն շաբաթներ առաջ, Պարաք Օպամա կը հրահանգէ Սպիտակ տան իր աշխատակազմին քրքրել բառարանը եւ գտնել շարք մը բառեր՝ բացի «ցեղասպանութիւն»էն, նկարագրելու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Արդէն չորրորդ տարին է, որ նախագահի ձեռնհաս օգնականները յուսախաբ չեն ըներ զինք: Այս տարի, «Հայերու յիշատակի օր»ուան համար, անոնք գտած էին տասնեակ մը բառեր, որոնք կը նկարագրէին Հայոց Ցեղասպանութիւնը, առանց օգտագործելու այդ ճշգրիտ եզրը: Երբ անոնց քով սպառեցան ցեղասպանութիւն բառին հոմանիշները, նախագահի տքնաջան աշխատակիցները դիմեցին «Մեծ Եղեռն» հայերէն բառերուն, առանց նշելու անոնց անգլերէն թարգմանութիւնը, որպէսզի հայերէն բացի, ոչ ոք հասկնայ, թէ ինչի՞ մասին կը խօսի նախագահ Օպամա:

Ահա՛ այս տարի նախագահի օգնականներուն գտած հոմանիշները.
«վայրագութիւններ», «գազանաբար կոտորուած», «աքսորի ճանապարհին մեռնիլ», «անասելի տառապանքներ», «մեռան», «պատմութեան մութ էջեր», «1915 թուականին տեղի ունեցածը», «անցեալի փաստեր», «խլուած կեանքեր», «անիմաստ տուժածներ ու մահացածներ» եւ վերջապէս՝ «Մեծ Եղեռնի խաւարը»:

Ամէն ինչ՝ բացի ցեղասպանութիւն բառէն:

Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաւոր մարզանքի մէջ ներգրաւուիլն անընդունելի եւ անյարմար է Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին: Կարելի՞ է արդեօք նման խեղճ ու կրակ ջանքերը բացատրել որպէս Օպամային կողմէ իր դրժած խոստումները նուազագոյնի հասցնելու անյոյս փորձեր: Որպէս նախագահի պաշտօնին թեկնածու՝ ան բազում անգամներ եւ հանդիսաւոր կերպով խոստացած է, թէ պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Սակայն նախագահ դառնալով՝ ան թաքնուեցաւ վիրաւորական յայտարարութիւններու ետին, որոնք ամէն տարի կը կատարուին իր անունով:

Վերջին չորս տարիներուն ընթացքին կատարուած իր յայտարարութիւններուն մէջ նախագահ Օպամա խուսափեցաւ իր նախընտրական խոստումները կատարելէ՝ նշելով. «Ես շարունակաբար նշած եմ 1915ի ընթացքին կատարուածին վերաբերեալ իմ սեփական տեսակէտս: Այդ պատմութեան վերաբերեալ տեսակէտս չէ փոխուած»: Սակայն ան երբե՛ք չփորձեց ամերիկեան հանրութեան ներկայացնել, թէ յատկապէս ի՞նչ տեսակէտ ունէր անցեալին, որ եւ նոյնն է այսօր, եւ թէ ի՞նչ տեղի ունեցած է 1915 թուականին: Ան խորամանկօրէն կը նուազեցնէ Հայոց Ցեղասպանութեան կարեւորութիւնը՝ զայն կոչելով «1915ին կատարուածին վերաբերեալ իմ սեփական տեսակէտս»: Մինչդեռ 2008ի Յունուար 19ին, այդ ժամանակ տակաւին նախագահական պաշտօնին թեկնածու Օպաման, փորձելով ստանալ հայկական համայնքին դրամական նուիրատուութիւններն ու ձայները՝ ոչ մէկ տարակուսանք ունէր այս իրադարձութիւնները իրենց ճշգրիտ անունով կոչելու: Այդ ժամանակ ան ինքնավստահ յայտարարեց, թէ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը ենթադրութիւն, սեփական կարծիք կամ տեսակէտ չէ՛», եւ խոստացաւ, որ «նախագահ դառնալով»՝ ան «պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:

Ցաւօք, նախագահ Օպաման իր վարչակազմին միակ անդամը չէ, որ չպահեց այս հարցին կապակցութեամբ իր նախընտրական խոստումները: ԱՄՆ փոխնախագահ Ճօ Պայտըն եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն՝ երկրի բարձրագոյն պաշտօնատարներէն երկուքը, նոյնպէս տուած են նմանատիպ խոստումներ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կապակցութեամբ, երբ տակաւին ծերակուտական էին եւ նախագահական թեկնածու: Մինչ փոխնախագահ Պայտըն ձայնը կտրած է, Տիկին Քլինթընը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը սատարողէ մը՝ անոր գլխաւոր հակառակորդը դարձաւ:

Արտ. գործոց նախարար դառնալէ ետք, ան աշխուժօրէն լոպիիստական գործունէութիւն ծաւալեց Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Քոնկրեսի բանաձեւը տապալելու ուղղութեամբ:

Սպիտակ տան կողմէ այս անիմաստ խեղկատակութենէն չորս տարի անց, Ամերիկայի հայկական համայնքը ունի երկու հիմնաւոր պատճառներ, որպէսզի խնդրէ նախագահ Օպամայէն այլեւս հանդէս չգալ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ յայտարարութիւններով:

Առաջին՝ չորս տարի անընդհատ իր խոստումը դրժելով եւ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բառախաղեր խաղալով՝ Օպամա այլեւս բարոյական իրաւունք չունի խօսելու այս չափազանց զգայուն եւ ցաւալի նիւթին մասին: Ինչպէ՞ս կրնայ ԱՄՆի նախագահը դասեր տալ մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան մասին, աշխարհի մէջ ոեւէ մէկուն, երբ ի՛նք այս ձեւով չարաշահած է եւ կորսնցուցած է իր սեփական ժողովուրդին վստահութիւնը: Ան պէտք է դադրի չարչարելէ ինքզինք, իր աշխատակազմը եւ համայն հայութիւնը՝ չկատարելով «Յիշատակի օրուան» վերաբերեալ վիրաւորական յայտարարութիւններ: Անիմաստ է նախագահ Օպամային կողմէ ամէն տարի կատարել այնպիսի յայտարարութիւններ, զորս հայերը չեն ցանկար, չեն հաւնիր եւ կը վիրաւորուին անոնցմէ:

Երկրորդ՝ Միացեալ Նահանգներու մէկ այլ նախագահը՝ Ռանըլտ Ռեկըն, արդէն իսկ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1981 թուականին, նախագահական հռչակագիրով մը: Հայոց Ցեղասպանութիւնը նաեւ ճանչցուած էր ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ՝ 1975 եւ 1984 թուականներուն, արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ՝ 1951ին՝ Միջազգային դատարան ուղարկուած պաշտօնական հաշուետուութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ ԱՄՆի 42 նահանգներու կողմէ: Ուստի, հայկական համայնքը պէտք չէ խնդրէ նախագահ Օպամայէն, կամ ոեւէ այլ քաղաքական թեկնածուէ, ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը, որ արդէն իսկ բազմիցս ճանչցուեր է:

Ցեղասպանութեան թեման այնքա՛ն սուրբ թեմա է, որ քաղաքական խաղաքարտ մը չի կրնար ըլլալ: Անոնք, որոնք կ’ընդունին Հայոց Ցեղասպանութեան անհերքելի փաստը, այդ մէկը կ’ընեն ոչ թէ զոհերուն բարիք ընելու սիրոյն, այլ՝ իրենց սեփական վարկանիշը եւ բարոյական կերպարը վերականգնելու համար:


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝