Յայտարարութիւն

Monday, May 14, 2012

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆՀեռուն նայելովԲ.ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԵՆՔ - 2 -ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

Մեր գաղութի ապագային մասին մտածելու պահուն, չենք կրնար մեր ուշադրութիւնը չկեդրոնացնել նաեւ մեր կազմակերպական վիճակին վրայ։ Ճանչնալէ ետք մեր մարդկային կարողականութիւնը, պէտք է նաեւ լաւապէս գիտնանք, թէ մեր կազմակերպուելու կարողութիւնը ինչ է, թէ ի՛նչ կառոյցներով, ի՛նչ յարմարութիւններով, ի՛նչ տնտեսական միջոցներով օժտուած է մեր հաւաքական կեանքը։ Առ այդ, ահաւասիկ առաջադրուող հարցումներ նաեւ այս ուղղութեամբ.- Ի՞նչ կազմակերպութիւններ կը գործեն գաղութէն ներս, ի՞նչ բնոյթի ու ի՞նչ մարզերէ ներս՝ թեմական (բոլոր յարանուանութիւններով հանդերձ), կուսակցական,միութենական (կուսակցութիւններուն առընթեր թէ անկախ)- կրթական,մշակութային, մարզական, ուսանողական, երիտասարդական, բարեսիրական եւ ընկերային օգնութեան, ընկերային-զբօսային (ինչպէս տարեցներու, տարբեր ժամանցներու), կանացի, արհեստակցական (ինչպէս ոսկերիչներու) կամ մասնագիտական (ինչպէս բժիշկներու), հայրենակցական, եւայլն.- Ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնեն այս կազմակերպութիւնները՝ անդամական մարդոյժի տեսակէտէն, ի՞նչ համեմատութեամբ կը յաջողին ներգրաւել գաղութի անդամները, մանաւանդ երիտասարդները, կամ այլ խօսքով տեղւոյն հայերը որքանո՞վ իրենք զիրենք առնչուած կը զգան այս կազմակերպութիւններուն,կ՚'իւրացնեն անոնց նպատակները, կը մասնակցին անոնց շարքերուն, ներկայ կ՚ըլլան անոնց միջոցառումներուն.- Ի՞նչ որակ կը ներկայացնեն այս կազմակերպութիւններու կազմակերպական կառոյցները, ինչ որակ՝ անոնց գործունէութիւնները. որքա՞ն կը պատշաճին երկրին ու ժամանակին պահանջներուն, կը ծառայեն գաղութի կարիքներուն՝ իրենց շարքերէն կամ անմիջական շրջանակներէն ներս թէ դուրս գտնուող հայերու կարիքներուն (բարոյական թէ նիւթական).- Ի՞նչ յարաբերութիւններ կը մշակեն այս կազմակերպութիւնները իրարու հետ, որքանո՞վ կը գործակցին, կը մէկտեղեն ու կը տնտեսեն իրենց ուժերը՝նոյնանման գործունէութիւններու պարագային, կամ կը լրացնեն զիրար՝ տարբեր գործունէութիւններով. որքա՞ն կը յաջողին համադրել իրենց աշխատանքները՝խուսափելու համար անիմաստ խաչաձեւումներէ, կրկնութիւններէ.- Ի՞նչ յարաբերութիւններ կը պահուին այս կազմակերպութիւններուն կողմէ՝իրենց համապատասխան հայկական կազմակերպութիւններու հետ որոնք կը գործեն երկրի այլ քաղաքներուն մէջ, այլ երկիրներու գաղութներուն մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի ու Ջաւախքի մէջ. ի՞նչ փոխանակութիւններ տեղի կ՚ունենան անոնց հետ, ըլլայ անհատներու (մշակութային գործիչներ,մտաւորականներ, արուեստագէտներ, եւայլն), ըլլայ խումբերու (մշակութային,մարզական, պատանեկան-երիտասարդական, եւայլն) տեսակէտէն. որքա՞ն կը մասնակցին համահայկական ու համաշխարհային նախաձեռնութիւններու.- Ի՞նչ կապեր կը պահեն ու կը զարգացնեն այս կազմակերպութիւնները իրենց համապատասխան տեղական ոչ-հայկական՝ պետական ու հասարակական կազմակերպութիւններու հետ, որքանո՞վ կը գործակցին անոնց հետ, տեղական (ոչ հայկական) ծրագիրներ մշակելու համար, որքանո՞վ կը յաջողին ստեղծել հայանպաստ տրամադրութիւններ, ապահովել գործակցութիւններ մեր հետապնդած ծրագիրներու իրականացման ի խնդիր, նոյնիսկ ձեռք ձգել նիւթական կռուաններ այդ նպատակով.- Ի՞նչ նո՛ր կազմակերպութիւններու կարիքը կայ (նոյն մարզերուն մէջ, կամ բոլորովին նոր մարզերու մէջ (յատկապէս առողջապահական կամ ժամանցի մարզէն ներս, օրինակ՝ լեռնագնացութեան եւ մասամբ նորին...), կամ կրթական մարզէն ներս(օրինակ՝ չափահասներու կրթութեան).- Ինչքանո՞վ այս բոլոր կազմակերպութիւնները իրենց նպաստը կը բերեն չորս մարզերու մէջ՝ գաղութի հայեցի դիմագիծի պահպանումն ու զարգացումը (ներառեալ հայ ընտանիքներու կազմութիւնը), հայ մշակոյթի զարգացումը, Հայ դատի հետապնդումը, Հայաստանի հզօրացումը. այս մարզերուն մէջ որքանո՞վ կը յաջողին ներգրաւել նոր սերունդն ու օտարախօս հայերը.- Վերոյիշեալ ընդհանրական հարցերուն կողքին կարելի է նաեւ մասնաւոր ուշադրութիւն դարձնել կրթական յարկերուն վրայ, հարց տալ, թէ անո՛նք որքան կը ծառայեն իրենց նպատակին, արդեօ՞ք արդիացման կարիք ունին անոնց կրթական յայտագիրները, նորոգման՝ օգտագործած դաստիարակչական միջոցները,երիտասարդացման կամ վերաորակաւորման՝ անձնակազմե՛րը. վարժարանները կամ անոնց պատասխանատու մարմինները կը գործակցի՞ն իրարու հետ, իրենց զարգացումը կը մշակե՞ն միասնաբար. ապա, գիտնալ նաեւ, թէ բաւարա՞ր է անոնց թիւը, եւ թէ նոր կրթական յարկերու կարիքը չունի՞նք նոր ծաղկող քաղաքամասերու կամ թաղամասերու մէջ. իսկ ի՞նչ նիւթական կռուաններու պէտք ունինք՝ որպէսզի հնարաւորին չափ իւրաքանչի՛ւր հայորդի հայեցի կրթութիւն ստանալ ու հնարաւորութիւնը ունենայ.- Ուսումնասիրութեան կարիք կայ նաեւ մեր ֆիզիքական կառոյցներուն վերաբերեալ. հայապատկան ի՞նչ առկայ կառոյցներ կան. նորոգութեան,բարեփոխման, բարեզարդման, ամբողջացման ի՞նչ կարիքներ ունին անոնք. որքա՞ն հաճելի, ջերմ, բարեընկալ է անոնց մթնոլորտը, ի՞նչ կառոյցներ կը պակսին (օրինակ՝մշակութային կեդրոն՝ թատերասրահով, թանգարանով, հետազօտական մատենադարանով, երիտասարդական կեդրոն՝ լողաւազանով, տարեցներու տուն՝բժշկական խնամքով, ընդունելութիւններու սրահներ՝ մատակարարման դիւրութիւններով). ներկայ կառոյցները առաւելագոյն չափով ու լաւագոյն ձեւով կ՚օգտագործուի՞ն, համադրուած ձեւով կը ծառայե՞ն բոլորին.- Հաղորդակցական ի՞նչ միջոցներ կ՚օգտագործեն այս կազմակերպութիւնները կապուելու համար իրենց անդամներուն, անմիջական շրջանակին, ամբո՛ղջ գաղութին հետ. առկայ միջոցները բաւարա՞ր են, կա՞յ կարիքը նոր միջոցներու. յարաբերութիւնները մէ՞կ ուղղութեամբ միայն կ՚ընթանան,թէ երկու, հանրութիւնն ալ կրնա՞յ նոյն ճամբաներով կապուիլ այդ կազմակերպութիւններուն հետ. իսկ անդամնե՞րը իրարու հետ.- Վերջապէս, գաղութի նիւթական կռուաննե՛րը ինչ պատկեր կը ներկայացնեն. ինչպէ՞ս կը գոյանան, միայն անդամավճարներէ՞ ու նուիրատուութիւններէ՞, ձեռնարկներէ՞, թէ ոչ նաեւ հասութաբեր շարժական կամ անշարժ ինչքերէ, հիմնադրամներէ, յատկացումներէ՝ պետական կամ այլ աղբիւրներէ. իսկ կա՞ն առեւտրական համագործակցականներ՝ անհատներու ու հաւաքականութեան մասնակցութեամբ գործող։Այս բոլորը կրնան քննուիլ, քննարկուիլ կազմակերպական,միջ կազմակերպական ու համակազմակերպական մակարդակներու վրայ՝ժողովներու, լսարաններու, հարցախոյզներու, հանրային հաւաքներու,համացանցային խօսարաններու թէ այլ ձեւերով. առաջնահերթութիւններ կըճշդուին, պարտականութիւններ կը ստանձնուին։Նաեւ, այս բոլորը յատուկ չեն միայն մէկ գաղութի, մէկ հաւաքականութեան։Մեր գործելակերպին, սակայն, յարիր չէ եղած հեռուն նայիլը։ Միշտ անմիջական կարիքները գրաւած են մեր ուշադրութիւնը, անմիջական դժուարութիւնները փորձած ենք հարթել, անմիջական յաջողութիւններով բաւարարուած ենք։ Ապագայի հարցերով թող գալիք սերունդները մտահոգուին,մտածած ենք։ Կ՚ենթադրեմ, որ հիմա քիչ մը ամեն կողմ ու ամեն տեղ կը կրենք այս մօտեցումին, այս կարճատեսութեան հետեւանքները։ Ապագան մեր դռներուն է, իսկ մենք կարծես զայն դիմաւորելու պատրաստ չենք։Եթէ կ՚անդրադառնանք ասոր, ապա առանց ժամանակ կորսնցնելու անցնինք գործի։ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ(շար. 2 եւ վերջ)Հորիզոն, 2012-04-23 )1712(«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝