Յայտարարութիւն

Friday, May 18, 2012

Երբ կը կորսնցնենք մեր կարողութիւնը - ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ

Երբ կը կորսնցնենք մեր կարողութիւնը Ընդվզելո՛ւ կարողութիւնը։ Այսինքն՝ կը հաշտուինք իրականութիւններու հետ, որոնք անհաշտելի են մեր բարոյական ըմբռնումներուն, մարդկային սկզբունքներուն եւ ազգային արժէքներուն հետ։ Անզօր՝ կը նայինք ոտնձգութիւններուն, խախտումներուն,սայթաքումներուն, աչք կը գոցենք, գլուխ կը շարժենք ու կ'անցնինք, գուցէ այն թաքուն համոզումով, որ մեր ձեռքէն բան չի գար, այն ինքնախաբէութեամբ,թէ աշխարհը այսպէս եկեր է, այսպէս ալ պիտի երթայ, ու այն ինքնավստահութեան պակասով, որ մե՞նք պիտի ըլլանք աշխարհը բարեփոխողը։Եւ երբ մեր մեծամասնութիւնը այսպէ՛ս կը վարուի,բնականաբար աշխարհը չի փոխուիր, եւ ընդհանուր անզօրութեան այդն զգացումէն լաւապէս կ'օգտուին ոճրագործները, գողերը, անբարոները եւմասաUբ նորին, ու անպաշտպան կը մնան տկարները, խեղճերը, լուռ ու ճնշուած զանգուածները։ ՇաUբերու օրէնքը կը շարունակէ տիրապետել, իրաւունքը կը մնայ զօրաւորին։ Պետութիւննե՞րը ... չէ՞ որ անոնք պիտի ըլլային տէրը անտէրներուն.անոնք սակայն կը դառնան գործիք զօրաւորին ձեռքին, առարկան անոնց քմահաճոյքին։ Բացառութիւններ կան, ի հարկէ, սակայն անոնք միայն օրէնքը հաստատող բացառութիւններն են...Այս դառն մտորումները կ'ունենամ ամէն օր, հետեւելով լուրերուն։ Իհարկէ հոս ու հոն տեղի կ'ունենան նաեւ ընդվզումի հաւաքական արտայայտութիւններ, ինչպէս անցեալ աշնան՝ »Գրաւենք« ժամանակաւոր ու վաղանցուկ պոռթկումը դրամատիրութեան սահմանազանցութիւններուն դէմ՝դրամատիրական ամենէն բարօր երկիրներուն մէջ, կամ այս գարնան ուսանողական դասադուլներն ու ցոյցերը այստեղ՝ Քեպէգի մէջ։ Ասոնք սակայն կը ձգեն աւելի շատ շփացած զաւկի տպաւորութիւն, քան անարդար կարգերու դէմ իսկական ընդվզում։ Աշխարհը կը շարունակէ դառնալ իր ծուռ առանցքին շուրջ, ու անպատիժ կը շարունակեն իրենց աւարին արդիւնքը վայելել անօրէնները, հարստահարիչները, թալանիչները ։ Վերջերս ուշադրութիւնս գրաւեցին մամուլի մէջ երեւցած հետեւեալ երկու հաղորդումները, որոնք իրարմէ տարբեր երկու երեւոյթներու կ'անդրադառնան, սակայն ընթերցողը կրնայ առանց դժուարութեան տեսնել անոնց առնչութիւնը իրարու հետ, ու այստեղ կատարուող հաստատումներուն հետ։Առաջինը Denise Bombardier-ի յօդուածն էր ("Materiel", »Նիւթ«)՝ Le Devoir-ի 31 մարտ / 1 ապրիլ թիւի իր սիւնակին մէջ։ Ան կ'անդրադառնար այդ բառին, որ իբր վերնագիր էր ընտրած, չակերտներով հանդերձ, որ գործածած էր ֆրանսացի բարձրաստիճան հանրային դէմք մը, ապրանքի տեղ դնելով իրեն տրամադրուող պոռնիկները, որոնց սպասարկութիւններէն լաւապէս օգտուելէ զատ, նաեւ կ'ակնկալէր որ իր իջեւանած որեւէ պանդոկի սպասուհիներն ալ նոյն տրամադրելիութիւնը ցուցաբերէին իր տրփանքներուն նկատմամբ (որուն պատճառաւ ալ պիտի ձեnբակալուէր, հրաժարէր իր պաշտօններէն ու դատի քաշուէր)։ Ի հարկէ կիները սեռային առարկաներ նկատելու եւ անոնցմէ օգտուելու, թէկուզ վարձատրութեամբ հանդերձ,մտայնութիւնը միայն այդ հրէշին չի վերաբերիր։ Կիները շահագործելու, անոնց մարդկային իրաւունքները իրենց զլանալու, զանոնք պոռնկացնելով հասոյթի աղբիւր դարձնելու երեւոյթները ԻԱ. դա՜ր հասած մարդկութեան ամօթներէն մէկը կը մնան, Պոմպարտիէի բառով՝ »արդի գերեվարութեան ամենէն տարածուած ձեւը«։Ամբողջ առեւտուր մը, ճարտարարուե՜ստ մը կը բարգաւաճի այս»ասպարէզ«ին մէջ, շահագործումովը ամենէն աղքատ երկիրներու կիներուն,իրենց օրապարհիկը ճարելու ստիպողութեան մէջ գտնուող մանկամարդուհիներուն անգամ, երբեմն անօթութեան առջեւ յուսահատութեան դուռը հասած իրենց ընտանիքներուն գուցէ ակամայ մղումովն իսկ։Միտք պահեցէք այդ անօթութիւն բառը։Երկրորդ գրութիւնը հարցազրոյց մըն էր, որ նոյն թերթի 3 ապրիլի թիւին մէջ ունեցած էր իր աշխատակիցը՝ Claude Levesque 2000-էն 2008 ՄԱԿ-իՍննդառութեան իրաւունքի յատուկ զեկուցաբեր ու այժմ Մարդկային իրաւանց խորհուրդի խորհրդատու յանձնախումբի փոխ-նախագահին հետ (Jean Ziegler pourfend les affameurs / Ժան Զիկլըր կը պայքարի սովամահութիւն պատճառողներուն դէմ)։ Ի՞նչ կ'ըսէ զուիցերացի այս մտաւորականը, որ լոյս ընծայեց իր նոր աշխատութիւնը՝ Destruction massive: geopolitique de la faim (Seuil,2012) (Զանգուածային քանդում՝ քաղցի աշխարհաքաղաքականութիւնը)։Ըստ իր այս գրքին, մէկ երկիլիոն մարդ արարածներ այսօր կը տառապին թեր-սննդառութենէ, մինչ ՄԱԿ-ի Սնունդի եւ երկրագործութեան կազմակերպութեան համաձայն՝ համաշխարհային երկրագործութիւնը կրնայ կանոնաւորապէս սնունդ հայթայթել 12 երկիլիոն մարդոց։ Ժամանակին՝ երկու հարիւր տարի առաջ, սովեր կրնային տեղի ունենալ, այսօր սակայն,իւրաքանչիւր երեխայ որ սովամահ կ'ըլլայ՝ սպանուո՛ղ երեխայ մը կը հանդիսանայ։ Եւ փաստօրէն իւրաքանչիւր հինգ երկվայրկեանը երեխայ մը կը մահանայ անօթութեան պատճառաւ։ Անօթութիւնը մեր մոլորակին վրայ մահուան գլխաւո՛ր պատճառն է, կը հաստատէ ան, ու այս օրական ջարդը տեղի կ'ունենայ բaEanC‹ն աչքին առջեւ, բaEanC‹ն գիտակցութեամբ, սառն բնականոնութեան մը մէջ։ Ասիկա մեր ժամանակներուն մեծագոյն գայթակղութիւնը կը համարէ ան։Ի՞նչ պատճառ կայ այս գայթակղութեան։ Զիկլըր կը թուէ հինգ պատճառներ. հիմնական սննդանիւթերու շահադիտական առք ու վաճառքը,կենսավառելանիւթերու արտադրութիւնը, նիւթական շնորհներու արժանացած երկրագործական արտադրանքներու գնագցում (dumping), աղքատ երկիրներու պարտապանութիւնը, եւ գնումը կամ երկարաժամկէտ վարձումը ափրիկեան,հարաւ-ամերիկեան ու հարաւ-ասիական մշակելի հողատարածքներու՝ինքնիշխան հիմնադրամներու կամ անդրազգային ընկերութիւններու կողմէ։Զիկլըր կը պնդէ, որ յոռեգոյն եւ ամենէն անհեթեթ պատճառը առաջինն է՝հիմնական սննդանիւթերու սակարանային առք ու վաճառքը կամ վերա վաճառքը։2008-2009-ին, երբ վարկերու կամ փոխառութիւններու վրայ հիմնուած թուացեալ դրամագլուխները (hedge funds) 85 000 երկիլիոն անհատական հարստութիւն փճացուցին, անկէ ետք իրենց ուշադրութիւնը շեղեցին դէպի նախանիւթերը՝ հումքերը, եւ յատկապէս երկրագործական նիւթերը։ Անոնք, օգտուելով սակարանային խաղերու օրինական ճամբաներէն,այնպէս կրցան իրենց ի նպաստ դարձնել ամեն ինչ, որ գլխաւոր սննդանիւթերու, ինչպէս եգիպտացորենի, բրինձի ու ցորենի գիները աներեւակայելիօրէն բարձրացան։ Դրամատէրերը աստղաբաշխական շահեր ապահովեցին, իսկ հարիւրաւոր միլիոն մարդիկ սնունդէ զրկուեցան։Տնտեսական տագնապը, որ նոյն այդ դրամատէրերուն կողմէ ստեղծուած էր,կրկնակ հարուած հասցուց չունեւոր երկիրներուն, որոնց ուղարկուող օժանդակութիւնները կրճատուեցան այդ տագնապին հետեւանքով։»Սննդեղէնի վերա վաճառողները Նիւրեմպերկի նման դատարանի մը առջեւ պէտք են բերուիլ՝ որպէս մարդկութեան դէմ ոճրա•ործներ«, կը յարէ ՄԱԿ-ի նախկին զեկուցաբերը։Այսօր այդ թուացեալ դրամագլուխները ու սեփական անդր ցամաքամասային տասը ընկերութիւններ կը հակակշռեն համաշխարհային սննդեղէնի 85%-ը։ »Այս սակաւապետութիւնն է, որ ամեն օր կ'որոշէ,սննդեղէնի գիները սահմանելով՝ թէ ո՛վ պիտի ապրի եւ ո՛վ պիտի մեռնի«,կ'աւելցնէ Ժան Զիկլըր։Ո՞ւր է այն ժողովրդային զօրաշարժը, որ պիտի խափանէր նմանգործարքները, հարց կու տայ ան։ Կրնա՞նք նոյն հարցը չտալ նաեւ մենք։ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆՀորիզոն, 2012-05-14 )1715(«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝