Յայտարարութիւն

Monday, May 21, 2012

ԽՈՇՈՐԱՑՈՅՑ ՄԸ, ՀԵՌԱԴԻՏԱԿ ՄԸ...ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

Կը մօտենան արձակուրդները, եւ շատեր հարց կու տան իրենք իրենց՝ թէ ի՛նչ պիտի ընեն, ինչպէ՛ս լաւագոյնս պիտի օգտուին հանգիստի իրենց յատկացնելիք,ընծայելի՛ք օրերէն, շաբաթներէն։ Հարց մը, որ ամէն տարի կը դրուի, նոյնիսկ երբեմ նտարին մէկէ կամ աւելի անգամներ։ Ի վերջոյ կան տարեկան արձակուրդները,ամանօրեայ արձակուրդները, դպրոցական շրջանի կիսամեայ արձակուրդները։Նպատա՞կը – »հեռանա՜լ, մոռանա՜լ«. մեր առօրեայ կեանքի հեւքէ՛ն հեռանալ,մեր առտնին հոգերը, մտմտուքները, մտասեւեռումները մոռնալ. քիչ մը »փոփոխուիլ«,ուժերը վերանորոգել, ու... դարձեալ նետուիլ նոյն այդ խօլ վազքին մէջ, երբեմն առանց նոյնիսկ մտածելու, թէ ինչո՛ւ այդ վազքը, այդ անվերջանալի, սպառի՛չ հեւքը։Նախասիրած շաբաթաթերթերէս մէկը՝ The Guardian Weekly-ն, շուրջ 9 ամիս առաջ, 2011-08-19-ի իր թիւով, արտատպելով Observer-էն, լոյս ընծայած էր HenryPorter-ի Cherish the simple pleasures )»Փայփայել պարզ հաճոյքները«( յօդուածը, որ մէկ կողմ դրած էի, յարմար առիթի մը բաժնելու համար ընթերցողներուս հետ։ Կ'երեւի պատեհ առիթն է հիմա։Ան նախ կը յիշէ, թէ ինչպէս արձակուրդներուն պայուսակ մը լեցուն գիրք կը տանէր հետը, այն գիրքերը, որ միշտ ուզած էր կարդալ ու ժամանակ չէր գտած,սակայն միշտ ալ անոնք հանգիստ մնացած էին իրենց տեղը, ու առանց բացուելու՝վերադարձուած տուն։ Ուստի, կ'ըսէ ան, ետ՝ պատանեկութեանս կ'երթամ, ու մի քանի»անլուրջ« գիրք միայն կ'առնեմ հետս։ Բայց՝ ո՛չ միայն։ Այլեւ՝ »խոշորացոյց մը,հեռադիտակ մը, ձկնորսութեան սարք մը, ջրաներկի տուփ մը, թռչուններու գիրք մը կամ քնապարկ մը՝ աստղերուն ներքեւ գիշերելու համար«, եւ ասիկա՝» որեւէ տնտեսական տագնապի իսկ ատեն«։ Խոշորացոյցով՝ Փորթըր կը զննէ կենդանական ու բուսական աշխարհի ամենէն մանր մասնիկներու տիեզերքը, մինչ հեռատիդակով կրնայ թեւածել գագաթէ գագաթ,կամ մօտէն տեսնել հեռուէն երեւցող գեղեցկութիւնները։ »Խոշորացոյց մը ու հեռադիտակ մը կ'օգնեն քեզի վայրկեանը ապրելու, մինչ կամերան [լուսանկարչական գործիքը] կը թուի թէ կը դառնայ յաւելեալ պահանջկոտ պաստառ մը մեր կեանքերուն մէջ, հակադրուելով փորձառութեան, զայն հարթեցնելով ու, ճակատագրականօրէն,զայն ընդմիշտ մէկդի դնելով։«Ապա հեղինակը կ'աւելցնէ. »ամենէն յաջող ու հանդարտեցնող արձակուրդը այն մէկն է, որ քեզ մտածումներէդ դուրս կը բերէ, ու կ'արտօնէ, որ տեսնես, լսես,համտեսես ու հոտոտես նոր միջավայրի մը անմիջական հրաշալիքները։« Փոթըրի ըսածէն այն կը հասկնամ, որ առօրեայէն հեռանալու համար շատ հեռուները երթալու պէտք չունինք, հազարաւոր տոլարներ ծախսելու պէտք չունինք,քանի որ հաճոյքը ծախսուած գումարին հետ ուղիղ չի համեմատիր անպայման,նոյնիսկ երբեմն խոտո՛ր կը համեմատի։Արդարեւ, »փախուստ«ի վայրերը կրնան մեր անմիջական շրջապատին իսկ մէջ գտնուիլ յաճախ։ Կը մնայ գիտնալ ո՛ւր են, գտնե՛լ զանոնք, օգտուի՛լ անոնց մեզի ընծայած յարմարութիւններէն։ Եւ այստեղ, բարեբախտաբար, նման վայրեր չեն պակսիր մեր շուրջ, ու մեր տուած տուրքերը անհաշուելի առատութեամբ ետ՝ մե՛զի կը վերադարձուին խնամքով պահուող պարտէզներու, զբօսայգիներու, պուրակներու կամ արգելոցներու տեսքով՝ քաղաքապետական, նահանգային ու դաշնակցային տարածքներու վրայ )չգանգատինք, ուրեմն, մեր վճարած »բա՜րձր« տուրքերէն...(։Երբեք չեմ մոռնար փոքր յիշատակ մը, որ այս ըսածիս անհերքելի ապացոյցը կը հանդիսանայ։ Քառասուն կամ աւելի տարիներ ետ կ'երթամ։ Այս երկրին մէջ մեր սկիզբի օրերն էին։ Կարծեմ մեր առջինեկն ալ նոր ծնած էր, ու ամրան երեկոները,գործէ վերադարձին, կ'երթայինք շրջակայ պարտէզները՝ մաքուր օդին, կառքով պտտցնելու զայն։ Այդ օր ինքնաշարժով քիչ մը աւելի անդին՝ տասը վայրկեան հեռու զբօսայգի մը գացինք՝ Սէն-Լօրան փողոցի վերջաւորութեան, Տէ Փրերի)Մարգագետիններու( գետին եզերքը։ Շատ ընդարձակ վայր մը չէր, բայց բաւարար էր, շրջելու ծառերու շուքին ու պահ մըն ալ նստելու գետը եզերող ճաղաշարին առջեւ զետեղուած նստարաններէն մէկուն վրայ, ու ջուրին հանդարտ հոսանքը դիտելով վայելելու շրջապատի խաղաղութիւնը։ Շատ մարդ չկար այդ պահուն, հատ ու կենտ այցելուներ, ոմանք մեզի պէս՝ իրենց երեխաները բերած, ուրիշներ հեծիքով եկած։ Նստարաններէն մէկը գրաւուած էր տարեց անձի մը կողմէ, մենք ալ գացինք իր քովի նստարանին վրայ տեղաւորուեցանք։ Երբ իր կողմը դարձանք, յանկարծ նկատեցինք որ մեր սիրելի ծանօթ, երէց ընկերներէն մէկն էր, մեծ հօրս սերունդէն։ Ի հարկէ սկսանք զրուցել։- Մարդիկ բնութիւնը վայելելու համար ժամերով կը քշեն, քաղաքէն կը հեռանան, մինչդեռ ահա, մեր քթին տակ իսկ որքա՜ն տեղեր կան, ուր կրնանք գալ...Ինք եկեր էր, միայնակ նստեր ու հայեացքը սեւեռած ջուրի հոսանքին, ով գիտէ ի՜նչ յիշատակներ կը վերապրէր, իր կեանքի վերիվայրումները կը վերյիշէր։ Ու կը վայելէր պայծառ օրուան մը մայրամուտը։ Վերադառնանք Փորթըրին. ան այսպէս կ'աւարտէ իր յօդուածը, ու կ'արժէ բառացի կարդալ զայն.»Հոգիիս խորքը՝ քիչ մը կը մտահոգուիմ, որ ինչքան արագ "անուղեղային" կը դառնամ, գրեթէ անկարող՝ կարդալու, կամ հետեւողական կերպով մտածելու։ Սակայն եւ այնպէս, կարճ պահ մը անմիտ հաճոյքի՝ ձերբազատուած գաղափարներէ ու եղելութիւններէ, այլեւ այն տեսակէտէն ալ, որ տեւաբար ինքնաբարելաւման պէտք է ձգտինք՝ գէշ բան մը չէ։»Զգուշութեան [կամ խոհեմութեան] օրէնքներով կապկապուած ենք ու մենք մեզ շատ լուրջի կ'առնենք։ Քիչ մը շատ ներքին կաշկանդումներ կը կառավարեն մեր վարմունքը եւ կ'արգիլեն, որ տեսնենք մեր ոտքերուն առջեւ փռուած հրաշալիքները,ու ողողուած ենք գրգիռներով, այն աստիճան, որ լաւ չէ՛ մեզի համար։»Կարճ է կեանքը, եւ ինչ ալ ըլլայ այս անհաւատալիօրէն հեւքոտ լուրերու տարուան խնդիրը, կը թուի թէ կ'արժէ պահ մը թեթեւնալ ու ընկալել երեւոյթներն ու բոյրերը, որոնք զօրավիգ պիտի հանդիսանան մեզի՝ երբ գալիք ձմրան ընթացքին պիտի պայքարինք մեքենացած կեանքին դէմ յանդիման։

«ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆՀորիզոն, 2012-05-21 (1716)«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝