Յայտարարութիւն

Sunday, May 13, 2012

Երբ կը նայիմ դէմքիդ

Վրէժ Արմէնի «սօլօ» խօսող է իր թոռան հետ: Գրութիւնը քիչ մը կը յիշեցնէ Խրիմեան Հայրիկի «պապիկն ու Թոռնիկը» քիչ մըն ալ Րոտեարտ Քիփլինկի ԵԹԷն՝ «ԻՖ»ը: »«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»»« Երբ կը նայիմ դէմքիդ Թոռնիկիս՝ Սիրաքին Հսկայ բազկաթոռին մէկ անկիւնը ծուարած կը քնանաս մշի՜կ-մշիկ։ Ինչե՜ր կ՚անցնին քու մտքէն, ինչե՜ր՝ իմ մտքէ՛ն։ Այսպէս, նստած դիրքի մէջ, գլուխդ թեթեւ մը հակած մէկ ուսիդ կողմը ու հանգչած բազկատեղին վրայ, թաթիկներդ՝ ծալուած ծունկերուդ, ու կառչած կապտաւուն տափատիդ, իսկ սրճագոյն գուլպաներով տոտիկներդ՝ դէմ յանդիման. ճերմակ շապիկիդ վրայ՝ Շուլցի հերոս Չարլի Պրաունը։ Բերանդ բաց է թեթեւ մը, կարծես ե՜րգ մը կ՚երգես մտովի։ Սեւ բազկաթոռին վրայ՝ փայլուն աղբիւր մըն ես լոյսի։ Հազիւ երկուքուկէս ամսու ես տակաւին այդ նկարին մէջ, սակայն արդէն կը տիրապետես շրջապատիդ վրայ։ Գերա՜ծ ես ծնողքդ, հեռուէ հեռու՝ մե՛ծ ծնողներդ, այլեւ հօրդ ու մօրդ բազում ընկերները։ Արդէն ունիս համակիրներու, երկրպագուներո՜ւ լայն շրջանակ մը։ Քո՜ւկդ է աշխարհը, քուկդ՝ ժամանա՛կը։ Դէմքէդ՝ խաղաղութիւն կը ճառագայթէ։ Բարութի՛ւն։ Ի զուր չէ, որ մանուկի մը տեսքով աշխարհ եկեր էր Յիսուս։ Իր ամբողջ վարդապետութիւնը այդ տեսքէն կը ցոլանար, վստահ եմ։ Դո՛ւն, քսանմէկերորդ դարու ուղեւոր, որ մարդու կեանքը քսաներկուերորդ դար կրնաս հասցնել, ինչե՜ր պիտի տեսնես, որ ոչ մեր մտքէն պիտի անցնին, ոչ ալ նոյնիսկ ծնողքիդ։ Ի՜նչ հրաշալիքներ եւ որքան շատ ըլլան անոնք՝ այնքան լաւ, ու ի՜նչ հրէշութիւններ որքան քեզմէ հեռու ու քիչ ըլլան անոնք՝ այնքան լաւ... Եզակի՜ երկրագունդ մը ժառանգեցիր, թոռնի՛կ։ Անիմանալի հարստութիւններով լի, որոնք քուկդ են, քուկդ պիտի ըլլան անկասկած։ Հազարամեակներու, տասնեակ հազարամեակներու ամբողջ ժառանգութիւն մը, նախնիքներուդ առյաւէտ մեզի թողած ժայռապատկերներէն՝ Ուխտասարի մէջ, ի Սիւնեաց աշխարհ, Հայաստան, մինչեւ հօրդ բռնած կախարդական հեռակապ այդ սարքը, որ աշխա՛րհը կ՚ամփոփէ իր ձեռքին մէջ եւ I-phone կը կոչուի... Նոյն ատեն այս երկրագունդը խոշոր մարտահրաւէրներ կը դնէ քու առջեւ մարտահրաւէրներ զայն պաշտպանելու, զայն փրկելու՝ մարդու անուղղայ ագահութենէն ու վայրագութենէն, դեռ յամեցող անարդարութիւններէն եւ անհաւասարութիւններէն։ Մեծագոյն մարտահրաւէրդ, սակայն այս աշխարհին վրայ տեղդ գտնելն է, կոչո՛ւմդ գտնելը՝ իբր մարդ ու իբր հայ մարդ։ Գտնել ուղին, որ քեզ պիտի առաջնորդէ դէպի այն հողը, ուր քու ուժերդ պիտի սերմ նետեն ու ծառ դառնան, շուք տան մարդկութեան, պտուղ տան հայութեան։ Հայութիւն ու մարդկութիւն՝ անբաժան ստորոգելիները էութեանդ, որ իր դրսեւորումը պիտի գտնէ հաւասարապէս երկու ճակատներուն վրայ միաժամանակ։ Թոռնի՛կ, երբ այդ անուշ քունէդ կ՚արթննաս, ու այնքան ինքնավստահ ու վճռակամ՝ կա՛թդ կը պահանջես, նոյնքան անտեղիտալի կերպով պահանջե՛ս նաեւ իրաւունքներդ ու տէ՛րը ըլլաս անոնց, քանի որ ինչպէս առանց կաթի չես կրնար մեծնալ, առանց իրաւունքներուդ՝ չես կրնար գոյութի՛ւնդ ապահովել աշխարհին վրայ այս։ Երբ կը նայիս շուրջդ, ու հայեացքդ կը սեւեռես մեր աչքերուն մէջ, խորունկ հայեացքդ՝ հարցումներով ու հարցադրումներով յղի, կարծես արդէն կը խօսիս դուն անբարբառ, կը հասկնաս մեզ, ու փոքրիկ բայց անսահման ուղեղդ վայրկեան առ վայրկեան կը լիցքաւորուի, կը հարստանայ, քեզ կը զինէ վերցնելու լինելութեանդ ձեռնոցը։ Իսկ երբ կը ժպտիս, արդէն կ՚ըլլանք անձնատուր։ Երթդ բարի՜, թոռնիկ։ ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Հորիզոն, 2012-05-07 (1714) «»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝