Յայտարարութիւն

Wednesday, May 9, 2012

Շուշիի Ազատագրումը՝ Մերօրեայ Յուսաթով Մեծագոյն Սխրանքը - Ասատուր Տէվլեթեան,

Այս շահեկան յօդուածը արտատպած ենք ՌԱԿ մամուլէն : Յօդուածը գրուած է Շուշիի ազատագրութեան քսանամեակին առիթով: «Նշանակ» »«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«» Իրադարձութիւններ կան, որոնք թէպէտ հուժկու, նոյնիսկ լայնածաւալ ազդեցութիւն կը գործեն մինչ կը պատահին, բայց ժամանակի թաւալքին հետ, տակաւ կը խամրի անոնց անմիջական ներգործութիւնը եւ ի վերջոյ, նաեւ կը մաշի ու կ'անհետի անոնց բովանդակած իմաստը - զանոնք յանձնելով պատմութեան փոշեթաթախ էջերուն: Կան դիպուածներ ալ, որոնք իբրեւ զգայացունց երեւոյթներ հանդէս գալէ ետք, անցնող իւրաքանչիւր տարուան հետ կը ստանան նոր որակ եւ նոր նշանակութիւն, առանց սակայն նուազագոյն իսկ չափով կորսնցնելու սկզբնական լուսաճաճանչ իրենց փայլատակումը: Անտարակոյս, այս վերջին՝ հազուագիւտ եղելութիւններու շարքին կը դասուի Շուշիի հերոսական ազատագրումը, որ ազգային արդար հպարտութեամբ կը տոգորէ հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակները, ուր որ ալ գտնուին անոնք: Քսան տարի առաջ` Ուրբաթ, Մայիս 8, 1992-ի լոյս գիշերը, սկիզբ առաւ ռազմական հոյակապ գործողութիւնը, հրամանատարութեամբ հազարապետ զօրավար Արկադի Տէր Թադէոսեանի (որ իր զինուորներուն ծանօթ է «Կոմանդոս» փաղաքշական մակդիրով): Ի դէպ, նախատեսուած էր որ յարձակումը սկսէր Մայիս 4-ին, (նախորդող Երկուշաբթի օրը) բայց սպառազինութեան անբաւարարութեան, կլիմայական պայմաններու ոչ-բարենպաստ ըլլալուն եւ կարգ մը այլ՝ երկրորդական պատճառներու բերմամբ, 4 օր յետաձգումով է որ իրագործուեցաւ ան, շուրջ 25 քիլոմեթր երկայնք ունեցող ճակատային գիծով: Մեր Ինքնապաշտպանութեան Ուժերը – 1200 մարտիկներէ բաղկացած չորս յարձակողական եւ մէկ պահեստային խումբերով – միաժամանակ շղթայազերծեցին առճակատման հերոսական արշաւանքը: Հակառակ որ անհամեմատօրէն գերակշիռ էին թշնամիին թէ զօրքը թէ ալ զիմամթերքը, մեր քաջերը, հրաշագործ խոյանքով, ջախջախեցին նախ Շուշիի բարձունքներուն չորս տարբեր բնակավայրերու մէջ եւ ապա՝ Շուշիի մատոյցներուն դիրքեր գրաւած ազերի զօրախումբերը: Յաջորդեց յարձակումը Բերդաձորի ուղղութեամբ եւ յաջողութեամբ իրագործուեցաւ ամբողջ ենթաշրջանի ազատագրումը: Հուսկ ուրեմն, Ստեփանակերտի կողմէն յառաջ տարուող արշաւանքով, թշնամին ջախջախուեցաւ Շուշիի բարձունքներուն վրայ, մեր ազատամարտիկները դիրքեր գրաւեցին Շուշիի երեք ծայրամասերուն մէջ եւ ապա, ոնչացնելով թշնամին, Մայիսի 9-ին ազատագրեցին հայկական պատմական հինաւուրց բերդաքաղաքը: Արդարեւ Շուշին, մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն 10 քիլոմեթր հարաւ, ո´չ միայն ռազմագիտական նշանակութիւն ունեցող չափազանց կարեւոր կէտ է, այլ նաեւ է´ ոգեղէն մեր ամրոցներէն մէկը, հայկականութեամբ յագեցած իր երկարամեայ, հպարտառիթ պատմութեամբ: Շուշիի ազատագրումը, ռազմականէն բացի, նաեւ կենսական նշանակութիւն ունէր, տնտեսական առումով: Մինչ բերդաքաղաքը կը գտնուէր ազերիներու տիրապետութեան տակ, ամբողջովին շրջափակուած էին ցամաքային եւ օդային բոլոր ուղիները. ելեկտրականութեան, կազի, եւ ըմպելի ջուրի ահռելի տագնապէն զատ, Ստեփանակերտը եւ յարակից բնակավայրերը ենթակայ էին Շուշիէն անընդհատ կատարուող ռմբակոծութիւններու եւ հրթիռակոծութիւններու, իբրեւ հետեւանք կաթուածահար դարձնելով Արցախի ամբողջ տնտեսութիւնը: 1992 Մայիս 9-ի ռազմական ամենափայլուն այս նուաճումը առաւել եւս ամրապնդեց մեր քաջերուն յաղթանակի ոգին, որ աստիճանաբար, սակայն հետեւողականօրէն, կը կոփուէր՝ պայքարի հերոսական մարտերու ընթացքին արձանագրուող իրերայաջորդ ակնառու յաջողութիւններով: Անվարան կարելի է հաստատել թէ բերդաքաղաքի ազատագրումը որակական նոր հանգրուանի մը հասցուց Արցախեան շարժումը, որովհետեւ անիկա վճռորոշ բեկում յառաջացուց պատերազմի ամբողջ ընթացքին մէջ, վախճանական լիակատար յաղթանակը դարձնելով աւելի քան իրագործելի: Շուշիի ռազմական գործողութեան բացարձակ յաջողութիւնը բարոյական եւ հոգեբանական խորտակիչ հարուած պատճառեց թշնամիին, որ, անկէ ետք, երբեք ի վիճակի չեղաւ թօթափելու պարտուողի ստորակայութեան բարդոյթը: Տարօրինակ բայց հաճելի զուգադիպութեամբ մը, Շուշիի ազատագրումէն 47 տարիներ առաջ, դարձեալ Մայիս 9-ին, խորհրդային բանակի հայ զինուորները, ներառեալ նաեւ բազմաթիւ արցախցիներ, Պերլինի մէջ քոչարի պարեցին, տօնելու համար Երկրորդ Աշխարհամարտի յաղթական աւարտը: Այսօր, մինչ անհուն հպարտութեամբ կը նշենք մերօրեայ հիասքանչ մեծ յաղթանակին 20-ամեակը եւ արժանի կերպով կը փառաբանենք ռազմաճակատի - մեզի յայտնի ու անյայտ - բոլոր հայ քաջորդիները, երկիւղածութեամբ եւ խոր երախտագիտութեամբ կը խոնարհինք նաեւ յիշատակին առջեւ Շուշիի ազատագրման ընթացքին զոհուած մեր 57 հերոսներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի ազատագրական պայքարի յաջողութեան համար իրենց կեանքերն իսկ նուիրաբերած հոգեհարազատ բոլոր մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Շուշիի ազատագրումը, հայ ժողովուրդին համար պատմական յուսաթով անհրաժեշտութիւն մըն էր, միաժամանակ ըլլալով նաեւ անկիւնադարձային երեւոյթ: Ռազմական անզուգական այդ սխրագործութեան իբրեւ անմիջական արդիւնք արմատապէս վերականգնեցաւ եւ վաւերական, կենդանի օրինակով վերահաստատուեցաւ պապենական մեր հողերուն վրայ ապրելու մեր ժողովուրդին անժամանցելի եւ անտեղիտալի իրաւունքը: Շունչ ու մարմին ստացաւ ազգային սրբազան մեր պահանջատիրութիւնը: Հազա՜ր փառք Շուշիի ազատագրման հերոսամարտի պանծալի եւ փառահեղ յաղթանակը կերտող մեր բոլոր կտրիճերուն: «»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝