Friday, June 8, 2012
Լքուած Կեանքեր – ՕՇԻՆ ԷԼԱԿԷՕԶ
Արեւոտ, պայծառ օր մըն էր: Օդին մէջ կը զգացուէր ծովէն դէպի ցամաք հասնող իոտի հոտը: Ճայերը կը թռչկոտէին եւ երբ որս մը գտնէին արագօրէն կը սուրային դէպի ծով, որպէսզի չփախցնեն ծովուն մակերեսին վրայ ծփացող ձուկերը:
Ենիգիւղի ծովափին վրայ վազվռտուք մը կար:Յոյն ձկնորսները, իրենց նաւակները առած ծով կը բացուէին չափարի ընելով ձուկ որսալու համար:Գէօյպաշըի բացը յոյն Եաննի եւ Թաքի եղբայրներուն ուռկանը կը գտնուէր : Ասիկա ձուկերուն անցքին վրայ ձգուած ու բոլորաձեւ ցանցէ կազմուած թակարդ մըն էր,որ ձուկ որսալու կը ծառայէր եւ որով կ'որսային հսկայ Օրգինոս կոչուած ձուկերը:
Երբեմն հօրս հետ նաւակով կ’երթայինք ուռկանին քով, ու կը դիտէինք թէ ինչպէս կ’որսային հսկայ ձուկերը, որոնց հասակը չորս մեթրի կը մօտենար եւ կը կշռէին շուրջ երեք հարիւր քիլօ: Շիտակն ըսելու համար, կատարեալ վայրենութիւն մըն էր այս որսը, բայց ինչ կարելի էր ընել, այն ժամանակ այդ ձուկերը այդպէս կ’որսային: Ձկնորսական երկու երկար նաւակներ հորիզոնական ուղղութեամբ իրարու քով կը կենային եւ ուռկանը կը սկսէին քաշել ու նաւակին մէջ հաւաքել:Քանի ցանցը նաւակին մէջ կը հաւաքուէր, ձուկերուն գտնուած տարածութիւնը հետզհետէ կը պզտիկնար եւ ի վերջոյ անոնք հաւաքուելով կը սեղմուէին ուռկանին մէկ անկիւնը:Ձկնորսները, ձեռքերնին մէյմէկ նիզակ առած ձուկերուն կը մօտենային եւ կը սկսէին զանոնք հարուածել, մինչեւ որ անոնք իրենց ստացած հարուածներու եւ արիւնահոսութեան պատճառով մեռնէին:Ծովը կարմիր գոյնով կը ներկուէր այդ պահուն:Երբ կը դիտէի այդ տեսարանը կը մեղքնայի ձուկերը իրենց կրած տառապանքին համար ու անհամբեր կը սպասէի , որ անոնցմէ մէկը ուռկանին ցանցը ծակէր եւ վերատիրանար իր ազատութեան:Բայց իզու՜ր....Միթէ կարելի՞ էր մարդ կոչուած, բնութեան ամենէն արիւնարբու էակին ձեռքէն ազատիլ:
Ընտանիքիս բոլոր անդամները յունարէն կը խօսէին:Մայրս, հայրս,մեծմայրս,մեծ հայրս բոլորն ալ կը խօսէին սահուն յունարէն մը, հակառակ որ մեր ընտանիքի անդամներուն մէջ յոյն չկար , ոչ ալ յունարէն դասաւանդուած էր անոնց: Երբ իրենց հարցնէինք թէ ինչպէ՞ս սորված են յունարէնը, մեզի կը պատասխանէին ըսելով թէ ատենօք Ենիգիւղ թաղին մէջ մեծ թիւով յոյներ կը բնակէին ու իրենց ընկերներուն մեծ մասը յոյներ էին:Յետոյ անոնցմէ շատեր ձգեր էին իրենց տուները եւ գաղթեր դէպի Յունաստան կամ այլ երկիրներ:
<< Անոնք գացին>> կ’ըսէին մեզի, իսկ մենք այդ տարիներուն հազիւ ինը կամ տասը տարեկան երեխաներ ըլլալով, չէինք կրնար հասկնալ թէ ինչ կը նշանակէր այդ <<անոնք գացին >> ը , որովհետեւ մեր երեխայական մաքուր ու քաղաքական խաղերով դեռ չապականած ուղեղը, չէր կրնար ընբռնել թէ մարդիկ ինչպէս կրնան ձգել իրենց ծննդավայրը ,տունը,թաղը ,ընկերները,հայրենիքը եւ հեռանալ ու երթալ օտար երկիրներ արկածախնդրութիւններ փնտռելու համար: Ի վերջոյ դժբախտաբար, մենք ալ մեծցանք եւ սորվեցանք թէ պայմանները ինչպէս կրնան ստիպել մարդոց որպէսզի անոնք լքեն իրենց հօրենական տուները ու երթան առանց նոյնիսկ իրենց ետին նայելու:Իրենց տէրերու կողմէ լքուած տուներէն շատեր, այսօր փլատակ վիճակի եւ գերեզմանի լռութեան մը մէջ տակաւին կը սպասեն իրենց նախկին տէրերուն որպէսզի անոնք վերադառնան եւ վերատիրանան անոնց եւ իրենց պատերուն մէջ շարունակուին հին օրերու խանդավառութիւնն ու խնջոյքները:Բայց իզու ՜ր:
Տուները իրենց տէրերուն չափ բախտաւոր չեն որպէսզի երբ հարկ ըլլայ ձգեն ու փախչին,այլ անոնք ստիպուած են դիմադրել դժուարութիւններու, թշնամութիւններու, թալաններու: Անոնք չեն կրնար փախչիլ զիրենք պատող հրդեհներէ այլ ստիպուած են կանգուն կենալ իրենց տեղը ու դիմադրել, կամ սպասել որ մարդիկ գան եւ մարեն հրդեհը ու ազատեն զիրենք:Իսկ եթէ այդ նոյն մարդիկն են այդ տուները հրկիզողնե՜ րը...
Պոլսոյ Իշխանաց կղզիներու մէջ կան այդպէս լքուած տուներ:Ինչպէս նաեւ Մարմարա ծովու մէջ գտնուող հին յունաբնակ Պօզճաատա - Tenedos եւ Կէօքչէատա – İmbroz կղզիներու մէջ կան այդպէս բոլորովին լքուած բազմաթիւ գիւղեր որ երբ հեռուէն եթէ դիտէք իրենց տուներով,վարժարաններով,եկեղեցիներով ու իրենց զանգակատուներով գեղեցիկ գիւղեր են բայց տխուր է տեսարանը երբ շրջիք այդ գիւղերուն փողոցներուն մէջ:Մեռելային վիճակ : Կարծէք կը շրջիք գերեզմանատան մը մէջ եւ կը վախնաք աղմուկ հանելէն , որպէսզի անհանգստութիւն չի պատճառէք հանգուցեալներու հոգիներուն:
Տեսարանը սոսկում կը պատճառէ: Ամայութեան մէջ ձեր ոտնաձայնը սարսափեցնող արձագանգ կուտայ: Ապա կը վարժուիք այդ ամայութեան: Կ'ընտելանաք մթնոլորտին եւ առաջուան պէս չէք սարսափիր:Իսկ աւելի ուշ հեռուէն ձայներ կը սկսիք լսել:Կըսեն թէ ձայնը երբեք չի կորսուիր տիեզերքին մէջ այլ տեւական կը շրջին:Այո, երբ սկսիք ձեր սրտով մտիկ ընել ՝ կը լսէք անցեալէն եկող այդ ձայները:Ձայներ ուրախ,զուարթ,ձայներ խնջոյքի եւ այն ժամանակ կ'անդրադառնաք որ անոնք հոն են տակաւին, չեն լքած իրենց տուները ու չեն հեռացած իրենց թաղերէն:Անոնք միշտ հոն էին եւ միշտ ալ հոն պիտի ըլլան:Միշտ պիտի սպասեն ձեր այցելութեան, միշտ պիտի սպասեն որ ձեզի նման զանոնք մտիկ ընելու իմաստութիւնը ունեցող անձեր այցելեն զիրենք իրենց թաղերուն մէջ եւ մասնակցին անոնց ուրախութեան,անոնց խրախճանքին:Բայց գիտցէք որ անոնց ձայնը ձեր ականջներու միջոցաւ չէ որ պիտի լսէք: Ձեր ականջները անկարող կը մնան զանոնք լսելու , միայն ձեր սիրտն է որ կրնայ լսել անոնց անցեալէն եկող ձայնը:Միայն ձեր սրտի միջոցաւ է որ անոնց հետ կրնաք յարաբերութեան մէջ մտնել...
Օշին Էլակէօզ
Պոլիս - 17 Մայիս 2012
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»
Labels:
Գրական
0 comments:
Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝