Յայտարարութիւն

Tuesday, June 19, 2012

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ ՝ ԶԱՒԷՆ ԽՏԸՇԵԱՆԻ ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑԻ ԵՒ ՃՈՐՃ ԱԲԷԼԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

ԱՅՍ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՐՏԱՏՊՈՒԱԾ ԵՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿԱՅՔԷՋԷՆ:
ՆՇԱՆԱԿ

»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»Օ»

Զաւէն Խտըշեան
Ծնած է 1932-ին, Պէյրութ, Լիբանան։ ՈՒՍՈՒՄ.- 1949-1952՝ Պէյրութի Գեղարուեստներու ակադեմիան, 1952-1958՝ Փարիզի Ազգային Բարձրագոյն արուեստներու դպրոցը, ուրկէ վկայուած։ 1954-1956՝ Մարսէլ Ժիմօնի հետ-դիմաքանդակ։ 1956-1958՝ Ալֆրէտ Ժանիոյի հետ-Բարձրաքանդակ եւ Կոթողական քանդակագործութիւն։ Բազմաթիւ ցուցահանդէսներ կազմակերպած է Լիբանանի եւ այլ երկիրներու մէջ։ Տիրացած է հետեւեալ մրցանակներուն՝ Առաջին մրցանակ լուսանկարչութեան «Վէնսենի Անտառը» (1954), Առաջին Մանսիոն-Փարիզի Գեղարուեստի դպրոց (1955), Առաջին Մրցանակ–Սթրանտ Կեդրոն (1965), Երկրորդ Մրցանակ-«Լ՚Օրիան» օրաթերթի (Թիւֆէնկճեան)(1965), Առաջին Մրցանակ–Սիւրսոք թանգարանի աւազանին համար արձան մը (1973), 1954-1955 տարեշրջաններու կրթաթոշակ՝ յատկացուած Կրթական Նախարարութեան կողմէ՝ յետ մրցանքի։ Իր գործերէն են՝ Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանը՝ Պիքֆայա (լիբանան), Սուրբ Շարպէլ՝ Անայա (Լիբանան), Գարեգին Նժդեհի կիսանդրին (Պօսթըն), Զարեհ Ա. Վեհափառի կիսանդրին (Հալէպ), Շաւարշ Միսաքեանի կիսանդրին՝ Այնճար (Լիբանան), Սիմոն Վրացեանի կիսանդրին՝ Ճեմարան (Պէյրութ), Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի կիսանդրին, համանուն պարտէզին մէջ (Լիբանան), Յուշարձան Հանրի Ֆարաօնի (Պէյրութ), Յուշարձան-«Պաշտպանութիւն»՝ Պուրճ Համուտի հրապարակը, Յուշարձան-«Ընդվզում»՝ Մթէյն (Լիբանան), Յուշարձան-«Աղօթքը»՝ Պիպլոս (Լիբանան)։ 2010-ին ստացած է Համազգայինի շքանշանը եւ 2012-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի կողմէ՝ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանը»։ Հեղինակն է ֆրանսերէն լեզուով պատրաստուած տեսաերիզի մը՝ նուիրուած հայկական ցեղասպանութեան։

«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.

Եղիշէ Չարենց (Սողոմոնեան) (1897-1937)
Ծնած է Կարս, 13 Մարտ, 1897-ին։ Նախնական եւ միջնակարգ ուսումը կը ստանայ Կարսի մէջ։ 18 տարեկանին (1915), մաս կը կազմէ հայ կամաւորական գունդերուն։ Ապա կը մեկնի Մոսկուա՝ ուսանելու։ 1919-ին կը վերադառնայ Երեւան, ուր կը մնայ այնուհետեւ։ Բացառիկ տաղանդով, ուժականութեամբ, խոյանքով եւ ինքնատպութեամբ լեցուն բանաստեղծ է Չարենցը։ Ոչ միայն հայ, այլեւ ամբողջ խորհրդային բանաստեղծութեան մեծագոյն դէմքերէն է ան։ Իր գլխաւոր գործերն են՝ «Տանթէեական առասպել»ը, «Երկիր Նայիրի» վէպը, «Էպիկական լուսաբաց»ը եւ «Գիրք Ճանապարհի»ն։ Վերջինի հրատարութենէն ետք կ՚ամբաստանուի իբրեւ ազգայնական եւ դաշնակցական։ 1936-ին կը ձերբակալուի։ Կը մահանայ Երեւանի բանտային հիւանդանոցին մէջ, 1937-ին։
Հանրի Վերնէօյ (Աշոտ Մալաքեան) (1920-2002)
Հանրի Վերնէօյ (բուն անունով՝ Աշոտ Մալաքեան) ծնած է 15 Հոկտեմբեր 1920-ին, Ռոտոսթոյի մէջ (Թուրքիա)։ Հայկական ցեղասպանութենէն ճողոպրելէ ետք, 1924-ին ան իր ընտանիքին հետ հաստատուած է Մարսէյ։ Կարճ շրջան մը իբրեւ լրագրող աշխատելէ ետք, 1947-ին Հանրի Վերնէօյ նուիրուեցաւ շարժապատկերի աշխարհին, 45 տարիներու ընթացքին բեմադրելով աւելի քան 30 ժապաւէններ, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորներն են՝ «Մեղեդի ընդյատակին», «Սիկիլիացիներու ընտանիքը», «Կովը եւ բանտարկեալը», «Մայրիկ» եւ ուրիշներ։ Իր երկարատեւ գործունէութեան ընթացքին Հանրի Վերնէօյ գործակցած է Ժան Կուպէնի, Ալէն Տըլոնի, Ժան-Փօլ Պելմոնտոյի, Լինօ Վենթուրայի եւ նշանաւոր այլ դէմքերու հետ։ Իր գործերուն ամբողջութեան համար Հանրի Վերնէօյ 1992-ին արժանացած է Ֆրանսական Ակադեմիայի մեծ մրցանակին, իսկ 1996-ին՝ պատուոյ «Սեզար» մրցանակին։ Հայազգի նշանաւոր բեմադրիչը կը մահանայ 11 Յունուար 2002-ին, Փարիզ։

.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.««.«.«.«.«.«.«.«.«.


Գէորգ (Ճորճ)Աբէլեան (1941-2011)
Հրապարակագրական-երգիծական յօդուածներով եւ «Ձիւնական» գրչանունով ծանօթ Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեան ծնած է Քեսապի Քէօրքիւնա գիւղը` 1941-ին: Նախնական ուսումը ստացած է գիւղի` Քեսապի եւ Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարաններուն մէջ, իսկ համալսարանական ուսումը՝ Հայկազեան համալսարանէն: Շուրջ 25 տարի ծառայած է կրթական ասպարէզին մէջ, ապա հիմնած է իր հաստատութիւնը` «ՍԱՎԱ» եւ զբաղած գրենական պիտոյքներու առեւտուրով, Այնճարի մէջ: Մասնակցութիւն բերած է կուսակցական, եկեղեցական եւ յատկապէս մշակութային մարզերուն: Տարբեր պաշտօններ ստանձնած է ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան մէջ, անդամակցած է Համազգային մշակութային միութեան, նաեւ` Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանի խնամակալութեան: Աշակերտական տարիքէն իսկ գրելու հակումներ ցուցաբերած է: Աշխատակցած է Ս. Սիմոնեանի «Սփիւռք»-ին, «Բագին» գրական ամսագիրին, «Ազդակ» օրաթերթին, «Պատանեկան Արձագանգ»-ին եւ այլն: Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու, օտարացած, ապա իրենց ինքնութիւնը վերագտածներու, իսլամացածներու մասին պատմութիւններ ու վկայութիւններ հաւաքելու հետեւողական աշխատանք տարած է` այս բոլորը ամփոփելով զոյգ հատորներու մէջ: Իր գործերէն են. «Հելէ, Հելէ, Հելէ Քեսապ», «Աննա հարսը» (վէպ), «Ցկեանս նահատակութիւն», որ նաեւ լոյս տեսած է արաբերէնով եւ սպաներէնով «Պէյրութ», «Նետենք-բռնենք…» (մանկապատանեկան), «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջուր…» («Ցկեանս նահատակութիւն» շարքին երկրորդ հատորը), «Մաքարոնի թիլէկ-թիլէկ» եւ «Քոյրիկս մի՛ ծախեր, մա՜մ» պատանեկան հատորը («Ցկեանս նահատակութիւն» գիրքին շարքէն):


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝