Յայտարարութիւն

Friday, June 22, 2012

Ի ՍԷՐ ՎԱՀՐԱՄ ՄԱՎԵԱՆԻ - ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

Բախտը ունեցած եմ Վահրամ Մավեանը անձամբ ճանչնալու եւ հետը հարցազրոյց մըն ալ ունենալու։ Բայց ան ինծի համար արդէն մեր հանդիպումէն առաջ իսկ ծանօթ էր իր պատմուածքներով, որոնք մեծապէս տպաւորած էին զիս ու ազդած իմ ալ նիւթերու ընտութեան ու պատմելու ոճիս վրայ։ Եւ եթէ անուանի գրողը նաեւ վաստակաւոր դաստիարակ է եղած, ու ես առիթը չեմ ունեցած իր աշակերտներէն մէկը ըլլալու, կրնամ սակայն ամենայն վստահութեամբ զինք նկատել ուսուցիչներէս մէկը, յատկապէս «Ոստայն»ներս հիւսած ատեն...
Ուրեմն, շատ բնական էր, որ ներկայ գտնուէի Թէքէեան մշակութային միութեան կազմակերպած երեկոյեան՝ ի յարգանս գրողի յիշատակին։ Առիթը՝ Վահրամ Մավեանի ծննդեան 85-ամեակն էր (2011-ին) ու մահուան 30-ամեակը (2013-ին)։ Բովանդակալից դասախօսութեամբ մը, գրողին կեանքն ու գործը ամբողջական կերպով ներկայացուց Ապագայ շաբաթաթերթի երկարամեայ նախկին խմբագիրը՝ Արսէն-Նուպար Մամուրեան, իսկ գրողին գործերէն հատուածներ կարդացին Լենա Դաւիթեան ու Սիլվիա Ամատունի։ Պարոն Մամուրեան, իմ խնդրանքով, «Հորիզոն գրական»ին փոխանցեց իր դասախօսութիւնը (տեսնել յունիսի համարը, թերթիս այս թիւին մէջ)։ Ներկաները լիացած մեկնեցան սոյն գրական ձեռնարկէն։ Սակայն ոչ բոլորը։
Արդարեւ, ուրիշներու հետ ես ալ ափսոսացի, որ բացի մէկ-երկու բացառութիւններէ՝ երիտասարդութիւնը կը բացակայէր։ «Մեզի հետ ալ վերջ պիտի գտնեն նման ձեռնարկները» դիտել կու տային ինծի տարեկից թէքէեանականները, որոնք այս տեսակ ձեռնարկներու թէ՛ կազմակերպիչներն են թէ՛ ալ ներկաները։
Գուցէ ձեռնարկին լեզո՞ւն էր, հայերէ՛նը, որ հեռու կը պահէր երիտասարդները։ Սակայն քանի մը շաբաթ առաջ նոյն սրահին մէջ Աշոտ Մալաքեանի (այլապէս ծանօթ Հանրի Վերնէոյի) նուիրուած ու իր «Մայրիկ» շարժանկարի ցուցադրութեամբ կատարուած ձեռնարկը, ամբողջութեամբ ֆրանսերէն լեզուով, ոչ միայն չէր յաջողած նոր սերունդը ներգրաւել, այլ մեզիպէսներուն ալ անհանգստութիւն, չըսելու համար դժգոհութիւն պատճառած (հայերէնի բացակայութեան պատճառաւ)։
Ասիկա սակայն մէկ միութեան, մէկ մշակութային կազմակերպութեան ճակատագիրը չէ։ Նոյն այդ օրերուն էր, որ «Համազգային»ի կազմակերպութեամբ տեղի կ՚ունենար մեր սիրելի Գալուստ Պապեանի լուսանկարչական ալբոմին շնորհահանդէսը, ու պատկերը տարբեր չէր։ Իսկ այս պարագային եւս լեզուն չէր կրնար ըլլալ խոչընդոտը։ Մշակոյթի, մշակութայինի նկատմամբ անտարբերութիւն մը կը դրսեւորուի, մեր ժառանգութեան ու արժէքներուն նկատմամբ հետաքրքրութեան պակաս մը։ Աշխարհայնացումը իր աւերը կը գործէ, ու ոչ միայն այստեղ, ու ոչ միայն հայութեան պարագային։ Թերեւս կարելի է մխիթարուիլ, որ մեր երիտասարդներէն առաւել յանձնառուները որոշ եռանդ ցոյց կու տան քաղաքական գործունէութեան
մէջ, սակայն մշակութային գետնի վրայ անոնց բացակայութիւնը մեծապէս մտահոգիչ է։
Կայ նաեւ ուրիշ երեւոյթ մը եւս, որ կ՚անհանգստացնէ զիս։
Քիչեր, որ ներկայ կ՚ըլլան մեր մշակութային կազմակերպութիւններէն գրեթէ բոլորին ձեռնարկներուն, ցաւով կրնան նկատել, որ իւրաքանչիւր միութիւն ունի շրջանակ մը հաւատարիմներու, որոնցմէ գրեթէ ոչ ոք մէկ այլ կազմակերպութեան ձեռնարկներուն ալ ներկայ կ՚ըլլայ, գոնէ պարբերաբար։ Ամեն տեղ վերիվարոյ նոյն «յաճախորդ»ներն են, ա՛յդ վայրի կամ կողմի «յաճախորդ»ները։ Իսկ ասիկա՝ հակառակ անոր, որ հիմա շատ ձեռնարկներու յայտարարութիւնները բոլորին կը հասնին, ու երբեմն ալ մէկ միութեան ձեռնարկին գովազդը կը տեսնենք մէկ այլ միութեան ալ ցուցափեղկին մէջ, ինչ որ դրական երեւոյթ է, որ քանի մը տարի առաջ երեւակայել անգամ կարելի չէր։ Ինչո՞ւ կարելի չըլլայ բոլորին մասնակցութեամբ աւելի մեծ ներկայութիւն ապահովել այս ձեռնարկներուն, ուր եթէ 30-50 հոգի ներկայ ըլլան՝ յաջողութի՜ւն կը նկատուի ատիկա. ափսո՛ս։
Հոս եւս բարեփոխման կարիքը կայ։ Ինչո՞ւ չենք յաջողիր ստեղծել բոլոր ձեռնարկները միասնաբար ծանուցելու յարմար վայրերը, թերթերով թէ առցանց, նաեւ այնպէս կազմակերպուելու, որ նոյն հետաքրքրութիւնները ունեցող ազգայինները կարենան ըստ կամս օգտուիլ անոնցմէ, առանց որ անոնք զիրար խաչաձեւեն։ Եւ այս պարագային ներառելով յարանուանութիւններու ալ միջոցառումները։
Այո, եթէ Վահրամ Մավեանը կը սիրենք, այն գրողը, որ ամեն տեղ հայ կը փնտռէր, ապա շատ բան ունինք փոխելիք, որպէսզի գալիք Մավեաններն ալ կարենան հայեր գտնել տակաւին այստեղ եւ այլուր...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2012-06-25 (1721)

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝