Յայտարարութիւն

Thursday, June 28, 2012

Ի՞նչ Կ՚ ուզէ Վրաստանը Մեզմէ - Հայկ Նագգաշեան, Մոնթրէալ

Արտատպուած՝ ՌԱԿ Մամուլէն
»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«


Տակաւին ոչ-հեռու անցեալին՝ 1987-ի Մայիսին Թիֆլիսի մէջ Սայեաթ Նովայի ծննդեան 275-ամեակի տօնակատարութեան մասնակցելու բախտը ունեցայ ես: Սայեաթ Նովայի ընծայուող այդ պատիւը Վրաստան իրեն վերապահած էր, սակայն հանդիսութեան կը նախագահէր Հայաստանի Գրողներու Միութիւնը, որուն պատուիրակութիւնը, փոխանորդաբար Վարդգէս Պետրոսեանին կը գլխաւորէր Սերօ Խանզադեանը:

Երեւանէն Թիֆլիս շուրջ 270 քլմ. Ճամբայ էր, որ կ'անցնէր Սեւանայ լիճէն, Դիլիճանի հիանալի բնութեան մէջէն, Իջեւանի վրայով հասնելու համար Վրաստան: Այս բոլորը տեսնելով անցնիլը չէր բաւարարեր Սպարապետը, որ ամէն գիւղի մուտքին, կամ պատմական վայրի մը առջեւ կենալով պատմութիւնը կը վերակենդանացնէր, առանց հոգ ընելու, որ այս ընթացքով անխուսափելիօրէն պիտի չկարենայինք ժամանակին հասնիլ հանդիսութեան: Բայց գիտէր նաեւ, որ առանց հայկական պատուիրակութեան չէր կրնար սկսիլ հանդիսութիւնը: Իր ստեղծած վիպական հերոսին նմանութեամբ Սպարապետ կոչեր էի զինք, որ ճշդօրէն կը բնորոշէր իր տիրական նկարագիրը:

Անկէ ի վեր անցեր է շուրջ քառորդ դար: Սովետական Միութեան քայքայումին հետեւանքով Վրաստան եւ Հայաստան եղան անկախ երկիրներ: Սակայն մինչ այդ քարոզուած միջազգային եղբայրութեան մեծ սուտ մը ըլլալը երեւան ելաւ, երբ Ազրպէյճան ազատ զգաց իր հայատեացութիւնը ցոյց տալու: Թուրքը նոյն թուրքը մնացեր էր: Բռնապետ Սթալինի կարգադրութեամբ Ազրպէյճանի նուիրուած Նախիջեւանը հայութենէ պարպուեցաւ: Գոյութիւն ունեցող վանքերը, խաչքարերը եւ մշակութային ու կրօնական այլ վկայարաններ քանդուեցան ու փճացուեցան: Անզօր զայրոյթով տեսանք թէ թուրքը նոյնն է մնացեր: Բայց աւելի խոր զայրոյթով ու մեծ ցաւով նկատեցինք, թէ Վրաստան եւս մեր բարեկամը չէ. կարծես չբաւէին բռնապետ Սթալինի եւ Բերիայի հակահայ ոճիրները՝ համայնավար յեղափոխութեան մէջ իրենց մրցակից Ստեփան Շահումեանին ու Հայկ Բժշկեանցին պէս ղեկավարներ մաքրագործելով, խնայելով միայն Անաստաս Միկոյեանը, որուն վայելած միջազգային վարկին ու դիւանագիտական կարողութեանց պէտք ունէին:

Բայց մեզ կը զարմացնէ ու ցաւ կը պատճառէ Վրաստանի հակահայ ընթացքը, ուրանալով եւ մոռնալով, որ Թիֆլիսը Թիֆլիս ընողը հայերն էին եւ որոնք դարաւոր մշակութային ու բարեկամական կապ ունեցեր էին Վրաստանի հետ: Յովհաննէս Թումանեանի 1914-ին հիմնած վարդատօնը հայ եւ վրացի մտաւորականներով եւ մշակութասէր ժողովրդային զանգուածներով կը տօնախմբուէր: Թիֆլիսի հայկական Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ ծառազարդ բակին մէկ անկիւնը, Սայեաթ Նովայի դամբարանին կողքին կը հանգչին նաեւ Ռաֆֆիի, Թումանեանի, Նար-Դոսի, Ղազարոս Աղայեանի եւ Գաբրիէլ Սունդուկեանի շիրիմները, վկայելով այն իրականութեան մասին, որ Թիֆլիսը հայ գրականութեան ու մշակոյթի գլխաւոր կեդրոնն էր: Առաջին հայկական ֆիլմը՝ Պեպօն հոն պատրաստուած էր: Հակասելով այսպիսի անցեալի մը՝ այսօրուան Վրաստանի հակահայ ընթացքը զղջալու եւ ափսոսալու կը մղէ մեզ՝ մեր բարեմտութեան համար:

Ջաւախքահայութիւնը կը տառապի վրացական բռնատիրութեան տակ: Տիրող անտանելի կացութեան դէմ բողոքողները, ցոյց կատարողները կը դատապարտուին ու կը բանտարկուին: Բռնութիւնով եւ անիրաւութիւնով վրացական իշխանութիւնը կը ջանայ արտագաղթի մղել Ջաւախքի հայութիւնը, փոխարէնը ազերիներ եւ թուրքեր բնակեցնելու համար: Այս վիճակին մէջ մեծ դեր ունի թրքական եւ ազերիական դրամը, որ կ՚օգտագործուի պետական օժանդակութեան ձեւի տակ ու նաեւ որպէս կաշառք հակահայ վարձկաններուն: «Միասնական Ջաւախք» կազմակերպութեան ղեկավարներէն Վահագն Չախալեանը վերջերս անիրաւ անբաստանութիւններու տակ դատավարութենէ մը յետոյ 10 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ: Սակայն, առանց պայքարին վերջ տալու, ան բաց նամակ մը ուղղեց նախագահ Սահակաշվիլիին, յատկապէս ըսելով.- «Ջաւախքահայութիւնը պատրաստ է երկխօսութեան: Մենք դեռեւս յոյս ունենք, որ ստիպուած չենք լինի երկու բարեկամ ժողովուրդներին վերաբերող խնդիրների լուծումը վաղը փնտռել եւրոպական եւ միջազգային ատեաններում: Մնում է միայն մէկ բան՝ որ ընդունէք երկխօսութեան հրաւէրը»:

Մտահոգիչ պարագայ է, որ հայկական ցեղասպանութեան քննարկումը պատճառ եղած է խորհրդարանին մէջ իրար ծեծելու: Խորհրդարանի նախագահը վերջ դրած է վիճաբանութեանց, յայտարարելով որ «այդ ցաւոտ հարցին քննարկումը կարող է ազդել հարեւանների հետ մեր յարաբերութիւններին վրայ»: Այսինքն, Վրաստան չ՚ուզեր իր շահերը վտանգել այդ պատճառով:

Տակաւին կարճ ատեն առաջ այս պատեհապաշտ եւ ապերախտ ժողովուրդը, երբ փորձեց Վրաստանը ամերիկեան ռազմախարիսխի մը վերածել, Ռուսիա պատժական յարձակումով մը արժանի դասը տուաւ անոր անխոհեմ ղեկավարութեան: Իսկ Հայաստանի իշխանութիւնը ձեռնածալ դիտեց եղածը: Բայց չենք դադրիր կրկնելէ, որ «Ջաւախքը մերն է, ջաւախքահայութիւնը կը տառապի վրացական բռնատիրութեան տակ» եւ այլն: Ո՞վ պիտի կարենար արգիլել որ ռուսական արշաւանքին ընթացքին, նոյնիսկ Ռուսիոյ հետ համախորհուրդ, մենք ալ Ջաւախքը ազատագրէինք: Մեր իրաւունքին տէր ըլլալու պահը ներկայացած էր, բայց մենք փախցուցինք առիթը, որ գուցէ անգամ մըն ալ չկրկնուի:

Ափսո՜ս, պատմութեան դասը չենք սորված:


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝