Յայտարարութիւն

Tuesday, July 3, 2012

ՍՈՒՐԱՆԿԻՒՆ - Հայաստանի արեւմտեան դասատուները - ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

Արեւմուտքը, Եւրոպան ու Ամերիկան ներշնչումի աղբիւր կը հանդիսանան թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ զարգացման ճամբան բռնած շատ այլ երկիրներու համար։ Քաղաքակրթութեան բարձրագոյն մակարդակները հո՜ն կ՚որոնենք, մեր օրինակելի ու ընդօրինակելի տիպարները այդ կողմե՜րը կը փնտռենք, ամեն կերպ կը ջանանք նմանիլ անոնց, համարկուիլ անոնց մէջ, նոյնանալ անոնց հետ։ Կ՚երեւի սա մեր ճակատագիրն է։ Առաջ Հռոմն ու Բիւզանդիոնն էին։ Հիմա ալ՝ Միացեալ Նահանգները, Անգլիան ու Ֆրանսան եւ մասամբ նորին։
Բայց ի՞նչ է, որ կը պակսի մեզի ու այնքան ճիգ կ՚ընենք սորվելու, զարգանալու եւ քաղաքակրթուելու համար։
Ահա մի քանի մարզեր, ուր Հայաստան դեռ ճամբայ ունի կտրելիք՝ հասնելու համար այսօրուան միջազգային չափանիշներուն։
- Ինչպէ՞ս խուսափիլ շահատուրք վճարելէ, մեր սեփական քրտինքով վաստկածէն ինչպէ՞ս ընել՝ բաժին չհանելու համար պետութեան։
- Ինչպէ՞ս տիրանալ ուրիշին վաստկածին եւ ստացուածքին, մանաւանդ պետութեան ստացուածքին՝ առանց բռնուելու ու թալանողի տեղ անցնելու։
- Ինչպէ՞ս մենաշնորհ հաստատել, թոյլ չտալ, որ ուրիշը կարենայ մրցիլ քեզի հետ, յաճախորդներդ խլէ քեզմէ։
- Ինչպէ՞ս ապահովել հասութաբեր բարձր պաշտօններ, պետական թէ այլ, ու պայքարիլ, որ ոեւէ մէկը չկարենայ սպառնալ զայն ձեռքէդ առնելու։ Ընդհակառակն, հետամուտ ըլլալ, որ պաշտօնդ քեզմէ անցնի զաւկիդ, անկէ՝ թոռանդ, ու այդպէս շարունակաբար։
Անշուշտ դիւրին չեն այս բաները ընելը, զանոնք իրագործելու գաղտնիքներուն տիրանալը, ու զանոնք այնպիսի վարպետութեամբ իրագործելը, որ երբեք յանցագործութեան վրայ չբռնուիս։ Երկար տարիներու փորձառութիւն, հմտութիւն եւ հոտառութիւն պէտք է։
Սակայն բախտաւոր ենք, որովհետեւ Արեւմուտքի բազմաթիւ երկիրներ այսօր մեզի առիթը կը ստեղծեն այս մարզերուն մէջ բարձրագոյն վկայականներու տիրանալու՝ հետեւելով իրենց ջամբած դասաւանդութիւններուն։
Նորագոյն դասընթացքը Քեպէգի մէջ հաստատուած է՝ դատաւոր տիկին Ֆրանս Շարպոնոյի գլխաւորած յանձնաժողովին կողմէ։ Անոր առջեւ տրուող վկայութիւններէն կարելի է սորվիլ շինարարութեան ասպարէզի ճամբով պետութեան վրայ ճնշում բանեցնելու եւ զայն կողոպտելու լաւագոյն միջոցները։ Փոխադարձաբար՝ քաղաքական դէմքերու եւ կուսակցութիւններու կողմէ մարդոց նիւթապաշտութեան եւ ընչաքաղցութեան ձգտումներէն օգտուելով սեփական ընտրութիւնը ապահովելու եւ պաշտօնավարութիւնը տասնամեակներով երկարաձգելու արուեստը։
Սակայն, պէտք չէ բաւարարուիլ մեր անմիջական շրջապատով։ Եթէ աչք մը նետենք այս մարզին մէջ արտասահմանեան լաւագոյն համալսարաններու մատուցած դասընթացքներուն վրայ, որ Միջազգային թափանցիկութեան կազմակերպութիւնը ցանկագրեր է իր տարեկան տեղեկագրին մէջ, հետաքրքրական կարելիութիւններ կը բացայայտենք։
Այսպէս, հասարակական հսկողութեան անբաւարարութեան ու պետական կառավարման անարդիւնաւէտութեան, ապիկարութեան եւ կաշառակերութեան մարզերէն ներս առաջնակարգ դասեր կրնան տալ Յունաստանը, Իտալիան, Իրլանտան, Փորթուկալն ու Սպանիան, բայց ամենէն աւելի՝ Պուլկարիան եւ Ռումանիան։ Այս տեսակէտէն ամենէն յետամնացներն են Սկանտինաւեան երկիրները։ Սակայն, անոնցմէ Շուէտն ու Դանիան, ինչպէս նաեւ Զուիցերիան, Գերմանիան ու Անգլիան քաղաքական կուսակցութիւններու ֆինանսաւորման մարզին մէջ հանդուրժողութեան ինչպէս նաեւ անկանոնութիւններու նկատմամբ աչք գոցելու տեսակէտէն բաւական յառաջդիմական գործելակերպեր կը պարզեն։
Միշտ ըստ նոյն Միջ-Թափ կազմակերպութեան, եւրոպական 25 երկիրներու 300 ազգային հիմնարկութիւններ լաւապէս կը յաջողին իրենց հանրային նիւթական գործառնութիւնները անբաղձալի աչքերէ հեռու, իսկ նուիրատուները (կաշառատուները) պաշտպանութեան տակ ու հետապնդումներէ զերծ պահել։
Վերջապէս, 12 երկիրներ քաղաքական կուսակցութիւններուն կ՚ապահովեն անսահման նուիրատուութիւն ստանալու իրաւունքը, 17 երկիրներ ոչ մէկ կաշկանդում կը դնեն իրենց երեսփոխաններու վարմունքին կամ հարստութեան կուտակման համար, իսկ 20 երկիրներ թոյլ չեն տար որ նման մարզերու մէջ տեղեկութիւնները բացայայտուին ու նուիրատու (կաշառատու) ազնիւ քաղաքացիները որեւէ դժուարութեան մատնուին։
Միայն չար լեզուներն են (եւրոպացիներու 74%-ը), որոնք կաշառակերութիւնը մեծ խնդիր կը նկատեն իրենց երկիրներուն մէջ, իսկ միայն նենգամիտները կապակցութիւն մը կը տեսնեն այժմու տնտեսական տագնապներուն ու իրենց երկիրներու կառավարման գործելակերպին միջեւ։ Այս բոլորին մասին կրնաք յաւելեալ լուսաբանութիւններ ստանալ Մոնթրէալի Le Devoir օրաթերթի 7 յունիսի թիւէն։
Հայաստան պէտք չունի հաւատալու նման չար լեզուներուն կամ նենգամիտներուն։
Սակայն, եթէ շատ վստահութիւն չտածէ իր արեւմտեան կուռքերուն նկատմամբ, ի հարկէ միշտ ալ իր հայեացքը կրնայ դարձնել Հիւսիս, Հարաւ կամ Արեւելք, ուր ներշնչման աւանդական աղբիւրներ չեն պակսիր իրեն համար...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2012-07-02 (1722)

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝