Յայտարարութիւն

Friday, July 6, 2012

Զարթի՛ր, լաօ -ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ Եթէ այս սիւնակի ընթերցողներէն ոմանք երբեմն հեռաձայնելով, երբեմն ալ անձամբ գրողիս կը փոխանցեն իրենց տպաւորութիւնները, Դիմատետրը (Facebook), ուր կը զետեղուին այս գրութիւններս, առիթ կ՚ընծայէ ուրիշներու որ այնտե՛ղ արտայայտեն իրենց կարծիքները, այսպիսով նպաստելով, որ երկխօսութիւն ստեղծուի։ Երանի նոյնը ընէին նաեւ թերթին ընթերցողները, ու զարգանար նամականիի բաժին մը։ Յունիս 25-ի յօդուածս («Ի սէր Վահրամ Մավեանի») ստեղծեց նման առիթ, ու ընթերցող մը երկարօրէն արտայայտուեցաւ, արձագանգելով այնտեղ դրսեւորած մտահոգութիւններուս։ Անոնք երկուք էին գլխաւորաբար. առաջին՝ որ մեր մշակոյթին ու գրականութեան, յատկապէս հայ լեզուին հանդէպ նոր սերունդին մօտ հետաքրքրութիւնը կ՚անհետանայ, եթէ արդէն չէ անհետացած, եւ երկրորդ՝ մեր հանրութիւնը տակաւին կը յամենայ իր ժամանակավրէպ հատուածական տրամադրութիւններուն մէջ, նոյնիսկ եթէ անոնք այսօր երեւութապէս կորսնցուցած են իրենց նախկին սրութիւնը։ Խօսքս առաջին հերթին կը վերաբերէր Սփիւռքի, եթէ կ՚ուզէք, աւելի մասնաւորելով՝ մե՛ր գաղութին, սակայն նոյն հարցերը առկայ են նաեւ այլ գաղութներու մէջ, նոյնիսկ ի Հայաստան աշխարհի։ Դիմատետրի ընթերցողս՝ Աւետիս Հաճեան, Նիւ Եորքէն, մի քանի երեւոյթ կը տեսնէ ցաւալի այս իրողութիւններուն որպէս պատճառ. - Ձուլումը, որուն կ՚ենթարկուինք ամենուրեք, նաե՛ւ Միջին Արեւելքի մէջ. - Ունեւոր դասակարգի մէկ հատուածին մօտ շեշտուող այլախօսութիւնը, հետեւանք՝ մեծամտութեան կամ սնոպիզմի. - Հայերէնը սիրցնելու մեր ճիգերուն անբաւարարութիւնը կամ անարդիւնաւէտութիւնը. - Ազգային ընդհանուր ռազմավարութեան մը բացակայութիւնը. - Է՜ր երբեմնի միջկուսակցական պայքարները. - Քաղաքականացման վրայ դրած մեր շեշտը՝ ստորադասելով մշակութայնացմա՛ն, հայեցիացման անհրաժեշտութիւնը։ Բոլորն ալ քննարկման իրապէս արժանի հարցեր, որոնց շատերս բազմիցս անդրադարձած ենք տարբեր առիթներու, եւ որոնք միշտ պէտք է մնան մեր օրակարգին վրայ։ Շարունակելու համար մտքերու փոխանակութիւնը կ՚ուզեմ այստեղ արծարծել վերջին կէտը՝ մշակոյթի, գրականութեան ու հայերէնի տեղատուութեան նկատմամբ մեր հանդուրժողութեան, պարտուողականութեան կամ նոյնիսկ անտարբերութեան երեւոյթը։ Չեմ կրնար առարկել, որ այսօր ազգովին կը գտնուինք մեր գոյութենական խնդրին առջեւ։ Մեր հայրենիքը վտանգուած է, մեր ժողովուրդը աւելի քան երբեք ցիր ու ցան կը դառնայ, մեր Դատը լուծուելու հնարաւորութենէն աւելի ու աւելի կը հեռանայ։ Ուրեմն, առաւել քան երբեք քաղաքականացման կարգախօսը կը դառնայ հրատապ ու այժմէական։ Սակայն ինծի այնպէս կը թուի, թէ ազգի քաղաքականացման ռազմավարութիւնը կը շփոթուի քաղաքական յարաբերութիւններ պահելու, քաղաքական մարզի մէջ աշխատանք տանելու առաջադրանքին հետ։ Սխալ չհասկցուիմ, այդ աշխատանքներէն հրաժարելու հարց չեմ դներ։ Բայց քաղաքականացումը ուրիշ բան է։ «Ես հայ եմ» ըսե՛լը եւ անոր բոլոր հետեւանքները ստանձնե՛լը կը նշանակէ քաղաքականացած ըլլալ ։ Իսկ մեր քաղաքականացման ճիգը այդ կեցուածքը իւրաքանչիւր հայու կողմէ որդեգրուած տեսնելը պիտի եղած ըլլար ցարդ ու պէտք է ըլլայ ասկէ ետք։ Մնացեալը ինքնաբերաբար կու գայ։ Սակայն երբ «Ես հայ եմ»-ի փոխարէն «Ես հայ չեմ, պէտք չունիմ ըլլալու, չեմ ուզեր ըլլալ, կամ ի՞նչ օգուտ ունի ըլլալը»-ը կը դառնայ համոզում, այն ատեն ամբողջ շէնքը կը փլի։ Բայց «Ես հայ եմ» ըսել ու չգիտակցիլ հայերէնին, հայ գրականութեան ու մշակոյթին տէր կանգնելու անհրաժեշտութեան, հայ կեանքի մոմերը վառ պահելու կարեւորութեան, հայոց հողի՛ն ջուր տալու կենսականութեան՝ կը նմանի օդին մէջ արձակել փամփուշտը փոխանակ թշնամիին սրտին ուղղելու զայն։ Այստեղ կ՚ուզեմ մէջբերել յատկանշական հատուած մը Հաճեանի գրութենէն. «Եթէ ձեւը գտնենք — եւ ձեւը պէ՛տք է ըլլայ — հայերէնը հրապուրիչ դարձնելու, խնդրին մեծ մասը լուծած կ՚ըլլանք։ Ես ալ երբ փոքր էի Պուէնոս Այրէսի մէջ, առանց բացառութեան բոլոր դասընկերներս, նաեւ իրենց ծնողները, հայերէնը բացէ ի բաց կ՚արհամարհէին։ Նոր հարուստ գաղթականի ստորակայութեան բարդոյթներէ կը տառապէին։ Զարմանքով կը նկատեմ որ այդ ժամանակուան հայամերժ երախաները ու պատանիները այսօր հայութեամբ կ՚ոգեւորուին եւ կը փորձեն, իրենց սահմանափակ միջոցներով, հայաշունչ կեանք մը ապրիլ։ Կը փափաքին իրենց մոռցած, արհամարհած լեզուն ետ կեանքի կոչել, բայց արդէն ուշ է՝ գործ ունին, ընտանիք պէտք է պահեն եւ ժամանակ չկայ։ Ուրեմն իրենց յանցաւոր հայրենասիրութիւնը կ՚արտայայտեն մանկունակ ազգասիրութեան արտացոլումներով՝ տունը եւ օթոն եռագոյններով ծածկելով, աջ ու ձախ Արարատի նկարներ կախելով եւ լեհմեճուն ուտելով։ Լեզուն կորսնցուցած ըլլալով, հայրենի ինքնութեան հետ հասուն կապ հաստատելէ զրկուած են։ Գիտեն, բայց արդէն ուշ է։» Ահա խնդրին էութիւնը. հայրենասիրութիւնը, այլ խօսքով քաղաքականացած հայ ըլլալու յատկութիւնը դրօշներ ծածանելով ու խաբուսիկ խանդավառութիւն ստեղծելով չ՚ըլլար, այլ այդ դրօշը յաւերժ ծածանել կարենալու համար անձնական, անհատական պարտաւորութիւններ ունենալու գիտակցութեան սերմանումով կ՚ըլլայ։ Իսկ այդ արդէն հայեցիութեան հարցն է, հայեցիութեան առաջնահերթութեան հաւատալու հարցն է, հայեցիութեան մշակները պատրաստելու ու պահելու հարցն է։ Այդ մակարդակին վրայ, սակայն, հաւաքականութիւնն է պատասխանատուն։ Կուսակցութիւններ, եկեղեցիներ, միութիւններ, եւ մասամբ նորին։ Բայց այս մասին՝ առանձնաբար։ ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Հորիզոն, 2012-07-09 (1723) «»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝