Սիրելի ընթերցող,
Բժիշկ Արմենակ Եղիաեան բծախնդրօրէն կը հետեւի Հայ մամուլին եւ հոն ուր Հայերէնի սխալներու կը հանդիպի կ'ուղղէ կամ կը քննադատէ: Բծախնդիր է եւ պահանջկոտ: «Մամլոյ խճանկար» - ները պիտի հրապարակուին Նշանակի մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ:
Բարի ընթերցում
(Նշանակ)
Մամլոյ խճանկար (3)
1.«Առաջին լրատուական» (28-4-21)
***«Ասում են՝ ընտրութիւնը իր եւ իշխանութեան մէջ է»:
---Ինչպէս նկատելի է, արեւելահայերէնի մէջ սկսած է բթանալ (կը կարծեմ՝ շատ վաղուց սկսած էր այդ) մէջ եւ միջեւ յետադրութեանց զանազանումը:
Մէջ-ը կը վերաբերի անհատին՝ առանց առնչութեան ուրիշի հետ.
-Այս մարդուն մէջ տակաւին կենդանի է հողի կարօտը:
-Այս ծառին տերեւնրուն մէջ ծիտեր կ’ապաստանին:
-Գիւղին մէջ երբեմնի հովիւնրը չմնացին:
Միջեւը անհրաժեշտօրէն կը պահանջէ մէկէ աւելի խնդիրներ, որոնք որեւէ ձեւով կ’առնչուին իրարու.
-Թորոսին ու Մարկոսին միջեւ վէճ մը ծագեցաւ: (Վիճելու համար գոնէ երկու հոգի պէտք է):
-Զահլէի եւ Պաալպեքի միջեւ կը գտնուին Քսարայի այգիները:
-Պատերազմը սկսաւ Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ:
Կը նշանակէ Ֆրանսա կը կռուէր Գերմանիոյ դէմ (եւ՝ փոխադարձաբար):
Եթէ վերջին օրինակը օժտենք մէջ-ով, ապա փոխադարձութիւնը կը վերնայ, պատերազմը կը տեղայնանայ, կապ չ’ունենար իրարու հետ. «Պատերազմ ծագեցաւ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ»,− կը նշանակէ ամէն մէկը իր սեփական հողին վրայ պատերազմ մղեց՝ հաւանաբար ներքին թշնամիներու դէմ:
2. «Մարմարա», 20 ապրիլ 2021
***«Թիւը հասած է վաթսուն հազարներու»:
---Մեր լեզուն միայն կլոր թիւերը կը յոգնականացնէ. օրինակ՝ հարիւրներ, հազարներ, միլիոններ եւ այլն. «Հարիւր հազարներ բուժուեցան այդ դեղով»: Սակայն չենք ըսեր. «Երեսուններ զոհ գացին այդ արկածին», ոչ ալ եօթանասուններ կամ հարիւր քսանհինգեր... այսպիսի թիւեր չենք գործածեր: Ինչո՞ւ, ես ալ չեմ գիտեր, նման լեզուական աւանդոյթ չկայ, մերժած է զայն հայուն միտքը:
«Մարմարա»-ն ահաւասիկ այդ մերժուած կաղապարն է որ կը կիրարկէ՝ բնաւ հայերէն չգիտցող եօթնօտարի համբակութեամբ. «վաթսուն հազարներու հասած է թիւը...»: Գոնէ ճիշդ ըլլայ ըսածը. քիչ անդին կը հաստատենք, որ այդ թիւը տակը-վրան հասած է ընդամէնը 55.812-ի, ուրեմն՝ ոչ իսկ «մէկ հատիկ վաթսուն հազարի»...ալ ի՞նչը կը մղէ նման այլանդակութիւն մը դուրս տալու,− չենք գիտեր:
***106ՐԴ... 44օրեայ...
---Դիտեցէ՛ք քիչ մը թիւեր կիրարկելու այս ոճը. կատարեալ խառնարան մը: Քաոս:
Մանաւանդ եթէ գլխագրենք երկրորդը՝ առաջինին պէս՝ 44ՕՐԵԱՅ...ինչպէ՞ս կը կարդաք կամ պիտի փորձուէիք կարդալ այս վերջինը:
Մինչդեռ հայեցի գրելաձեւը կը թելադրէ հետեւեալ ոճը՝ 106-րդ, 44-օրեայ, որոնք այնքան պարզ, յստակ ու ընկալելի են, ու մանաւանդ...հայերէն են:
***Եւ վերջապէս «Մարմարա» սովորութիւն ունի գրելու սէնֆոնիք, այլ խօսքով՝ մէկ բառի մէջ ի մի հաւաքելու-մէկտեղելու ուղղագրական բոլոր բարբարոսութիւնները.
ա)Նախ ինչո՞ւ է, եւ ոչ ե: Մարմարա կը ճանչնա՞յ հայերէն բառ մը, որ իր վերջընթեր ձայնաւորը է-ով գրէ. օրինակ՝ գերեզման, դեգերում, վեթերան , հերետիկոս, թեթեւամիտ, սեթեւեթ , գերեվարութւին, տերեւաթափ, աներեսութիւն...
բ)Ապա ինչո՞ւ ն, երբ թէ՛ ֆրանսացին, թէ՛ անգլիացին այս բառը կը գրեն m-ով:
գ)Եւ վերջապէս ինչո՞ւ սէնֆոնիք, երբ հայերէնն է համանուագ (sym=համ, φονή-ձայն, նուագ):
Թրքական ծովուն մէջ հայերէնը պահպանելու ձեւը ա՞յս է:
Ակօս (21-4-21)
***«Համաշխարհային հայ ժողովուրդը ունի կուռ ներկայացուցիչ մը...»:
Տիեզերական հայութիւն...
---Այսքան տարի է կը կարդամ ու մինչեւ հիմա նման ածականներով բնորոշուած ժողովուրդի հանդիպած չեմ: Ճիշդ ի՞նչ պէտք է հասկնալ համաշխարհային-ով եւ տիեզերական-ով: Աւելի պարզ՝ ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ ժողովուրդ մը կը բնորոշուի այս երկու մակդիրներով: Ահա առեղծուած մը, որ կրնայ քունդ փախցնել, ինչո՞ւ չէ:
Մոլիէրի Քաղքենի ազնուականը օր մըն ալ կ’իմանայ, թէ իր խօսածը արձակ կը կոչուի (ի հակադրութիւն ոտանաւոր-ի). «Ուրեմն վաթսուն տարի է արձակ խօսած եմ ու....տեղեակ չեմ եղած»,−կ’անդրադառնայ ան զարմանքով: Հիմա մենք ալ վերջին պահուն կ’իմանանք, որ...
***«Լսելէ ետք ուզեցի զինք այցելել...»:
«Ուզեցի զինք այցելել, բայց միշտ արգելք մը եղաւ...»:
---Երբ մեր այցելութեան առարկան անձ մըն է , այս վերջինին անունը կը դնենք տրական հոլով. այցելել իրեն կամ անոր: Իսկ երբ տեղ մըն է, ապա կը կիրարկենք հայցականը:
Ուրեմն՝ կ’այցելենք բարեկամի մը, հիւանդի մը, յաճախորդի մը, ասոր, անոր:
Միւս կողմէ՝ կ’այցելենք հիւանդանոց մը, դպրոց մը, տուն մը, գիւղ մը:
Ժամանակ(28-4-21)
***«Նկատի ունենալով, որ հայերէնը համայնքային ժողովներու եւ խորհրդակցութիւններու ընթացքին վաղուց դադրած է աշխատանքային լեզու ըլլալէ՝ ստորեւ կը ներկայացնենք Պատրիարքարանի կողմէ հրապարակուած տեղեկագրին բնագիրը»։
Կը հետեւի թրքերէն գրութիւն մը:
---Այս կը նշանակէ, ոչ աւելի, ոչ պակաս, որ պատրիարաքարանի ժողովական լեզուն այլեւս հայերէնը չէ՛, եւ այս այսպէս է «վաղո՜ւց»,− ինչպէս շեշտուած է:
Բաւական կանոնաւոր հետեւած եմ,− կը կարծէի,− պոլսահայ մամուլին եւ կեանքին, եւ վերահասու չէի այս տխուր իրականութեան, որ կ’ընկճէ զիս: Եւ անշուշտ ոչ միայն զիս: Ոչ մէկ գաղութէ մինչեւ հիմա ստացուած էր նման դառն խոստովանութիւն մը: Որքան ու որպիսի ուրիշ իրականութիւններ կան, արդեօք, որոնք ծածուկ կը պահուին կամ թէ խոստո- վանութեան առարակայ չեն դառնար, շահեկան չեն նկատուիր նշուելու եւ ցուցադրուելու:
Կարծեմ ըսելիք չի մնար:
* * *
***«Մնացեալ ամէն ինչ կը բխին անկէ եւ կամ կ՚ածանցուին անոր»։
---Ամէն ինչ բառակապակցութիւնը, նոյնիսհկ եթէ բառային իմաստով յոգնակի է, քերականօրէն կը շարունակէ մնալ եզակի, եւ այս վերջին յատկութիւնն ալ կ’որոշէ բային թիւը, որ պէտք է ըլլայ եզակի: Ուրեմն սխալ է կը բխին եւ կ’ածանցուին:
Պէտք է ըսել՝ կը բխի եւ կ’ածանցուի:
***«Մինչեւ որ սերմերը ցամքին եւ շէկնան»:
Աշխարհաբարը շէկնալ բայ չունի. ուրեմն չ’ըսուիր նաեւ շէկնան:
Շէկ(ն) արմատը կու տայ երկու բայ՝ շիկնիլ եւ շիկանալ:
Շիկնիլ կ’ըսենք մարդկային դէմքին համար՝ «ամօթէն շիկնիլ»:
Փոխաբերաբար կը նշանակէ «ամչնալ». օրինակ՝ «Առանց շիկնելու կը ստէ»:
Կատարեալը կու տայ շիկնեցայ-շիկնեցար-շիկնեցաւ:
Շիկանալ կ’ըսենք մասնաւորաբար մետաղներու համար՝ երկաթը տաքնալէն շիկացաւ, կացութեան մը համար՝ մթնոլորտը շիկացաւ, վէճը շիկացաւ, պայքարը շիկացաւ...
Կատարեալը կու տայ շիկացայ-շիկացար-շիկացաւ:
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»
0 comments:
Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝