Յայտարարութիւն

Tuesday, June 8, 2021

 

Շատերու հաւանաբար ծանօթ սակայն ինծի անծանօթ հեղինակ մըն է Կայծակ Լեէփեճեանը: Հազարաւոր գիրքերուս մէջ քիչ առաջ նկատեցի այս գիրքը հրատարակուած Լոս Անճելըս 1991ին, ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամին կողմէ: Վերնագիրը՝ «Քնարական Մտորումներ»: Հեղինակը այսպէս կը ներկայացնէ գիրքը. « Քնարական Մտորումները կարելի է համարել Կայծակ Լեփեճեանի տաղաչափական երկերու հաւաքածոն: Ան կ'ընդգրկէ 1980 թուականին Պէյրութի մէջ լոյս տեսած անոր «Տաղեր սիրոյ եւ մորմոքի» եւ 1987 թուին Երեւանի մէջ լոյս տեսած «Տաղարան»ի բանաստեղծութիւններու զգալի մասը, այդ երկու գիրքերէն դուրս մնացած բանաստեղծութիւնները եւ 1989 թուկանէն սկսեալ Ամերիկայի մէջ գրած նոր բանաստեղծութիւնները»:

Գրագէտ Հրանդ Աճէմեան հետեւեալ բառերով կը ներկայացնէ հեղինակն ու գործը գիրքին «Երկու Խօսք» բաժնին մէջ. 

« Մօտ կէս դարու իմացական երկունքի եւ ստեղծագործական տքնաջան աշխատանքի մը արգասիքն է Կայծակ Լեփեճեանի երկերու այս հաւաքածոն:

Հայրենակարօտ ապրումներով ազատ աշխարհէն դէպի Սովետական Հայաստան մեկնած պանդուխտ Հայու մը ջինջ ու անխարդախ ապրումներուն, սէրերուն, հիասթափութիւններուն ու դառնութիւններուն, լուռ տառապանքներուն, պոռթկումներուն, վառ յոյսերուն ու երազներուն անկորնչելի վկայարանն է «Քնարական Մտորումները»: Եւ այս բոլորին հետ եւ այս բոլորէն վեր անիկա շեփորն է այն անգոսնելի ճշմարտութեան, թէ ո՛չ մէկ ոյժ եւ ոչինչ կրնայ խեղդել ճշմարիտ բանաստեղծութեան ձայնը: Թէ բռնատիրական ամենախեղդիչ կարգերու տակ անգամ ճշմարիտ բանաստեղծի հոգին իր ուղին կը գտնէ եւ իր ձայնը կը լսուի բարձրագոչ հնչիւններով:

Թէքէանական պարզութիւնն ու խորութիւնը կը յիշեցնեն Լեփեճեանի բանաստեղծութիւնները՝ առանց անոնց նմանակն ըլլալու: Փիլիսոփայական խորքով, բանաստեղծական զգայարանքով եւ հայրենասիրական ջերմ շունչով գրուած իր քերթուածները, այլ մանաւանդ սիրային տաղերգութիւնները կը կրեն ինքնուրոյն դրոշմ մը:

Հայ լեզուի հարուստ գանձարանէն քաղուած եւ ճշգրտօրէն ի գործ ածուած իր ճոխ բառապաշարը, երկերու այս հաւաքածոյին կը հասցնեն շքեղ գեղեցկութիւն մը: Լեզուն՝ սահուն: Ոճը՝ ինքնատիպ, բոլորովին ինքնուրոյն համ ու հոտով:

1947-1977, երեք տասնամեակ հարկադրաբար լռութեան մատնուած Կայծակ Լեփեճեանի գրիչէն մերթ ընդ մերթ կը լսուին նաեւ նզովքներ, լեղահամ մրմունջներ, բանաստեղծի դառն հոգիէն բխած ցասումնալից խօսքեր: Սակայն սէրը, հաւատքը, յոյսը եւ երազը կը կազմեն իր բանաստեղծութեանց կորիզը:

Ճշմարիտ բանաստեղծութեամբ հագեցած, հիւթեղ եւ մնայուն արժէք ներկայացնող շատ էջեր կան     « Քնարական Մտորումներ» հատրին մէջ: Ճաշակեցէք եւ տեսէք: »

Ստորեւ կը ներկայացնենք երկու նմուշ բանաստեղծի հնչեակներէն, զորս ան կարողացած է հիւսել ընտրուած ճիշտ բառերով:

 

(Նշանակ)

 

ՍԻՐՈՅ ՍՈՆԵՏՆԵՐ շարքէն նուիրուած Արփինէին

 

ԱՉՔԵՐԴ

Ինչո՞ւ այսքան, չեմ գիտեր, աչքերդ շատ կը սիրեմ,

Թէեւ նոյնքան կը սիրեմ կուրծքիԴ աղեղը լարուած,

Կամ մարմինիդ՝ այդ շքեղ բարտիին նուրբ ու վըսեմ՝

Ճիւղը, տերեւն ու անոնց օրօրումներն ամպամած...

 

Բայց աչքերուդ Քով այսօր... մարմինդ ծուխ մ'է կարծես

Շղարշային, խնկահոտ, երբեմն երգ ու երազ,

Եւ ահա աչքդ անոր վառուող կրակն ոսկեգէս,

Բոց մը՝ որ ծուխն այդ կարծես ծնած ըլլայ մաս առ մաս:

 

Աչքերդ լոկ կը վառին իմ յուշերուս մէջ անշէջ

Ու ծուխն անոնց ցրտաշունչ թէեւ գնաց հովերէն,

Բայց կը ջահուի, կը տաքնայ հոգւոյս անդունդը նորէն:

 

Ինչո՞ւ անոնք, չեմ գիտեր, այսքան բարի են ու պերճ,

Անո՞ր համար՝ որ արդեօք, նախ անոնք զիս սիրեցին

Թէ՞ ամէն հոն նայելուս, գտայ պատկերս առանձին...

 

ՀՐԱՅՐՔ ՏԱՐԱԳԵՂ  շարքէն

 

Բանտարկուած ազատութեան գառագեղին մէջ ոսկեձոյլ

Երնէկ կու տամ մերթ մեր բանտին՝ բոլորուած շուրջն օղու շիշի

Երբ ձեռքէ ձեռք շրջան կ'ընէր նուրբ սիկարէթը հաշիշի

Ու մենք ուռած կը պառկէինք պատի շուքին անբան ու ծոյլ...

 

Ինչքան չքնաղ էր աւելի «ազատ կեանքէն» կեանքն այդ վայրի

Երբ շուրջդ անվերջ կար եռուզեռ, ի՞նչ փոյթ «այս կայ»ն կամ «այդ չկայ»ն

Կամ որո՞ւն էր պէտք ճոխութիւնն ու պերճանքներն անեզրական

Երբ տաղտուկի խառնարանին մէջ կեանքդ անվերջ պիտի այրի...

 

Կը ժպտի բախտը մէկ անգամ իր կեանքին մէջ մէն մի մարդուն

Ու ան կու տայ կախարդական բանալիներն անոր բուռով,

Վայ անոր որ չօգտագործեր ու կը թողու բախտը խռով...

 

Առիթդ անցաւ ալ, սիրելիս, կոխկռտեցիր քու բախտը դուն,

Որքան ճգնիս յուզումնահեղձ ու ետեւէն անոր սուրաս՝

Ան քեզ ընդմիշտ պիտի մնայ որպէս՝ անհաս չքնաղ երազ... 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝