Յայտարարութիւն

Sunday, June 6, 2021

Ի Յիշատակ Բժ. Թորոս Թորանեանի

 

 


Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի արտօնութեամբ կը հրապարակենք այս նամակը Բժ. Թորոս Թորանեանի մահուան առթիւ: Շնորհակալութիւն Դոկտ. Հրայր:

Նշանակ

 

Գիտակցութեամբ Լեցուն Կեանք մը

 

Տիկ Անի Թորանեան

Եւ Թորանեան ընտանիքի հարազատներ,

Ցաւով իմացանք մեր բոլորին սիրելի Տօքթ. Թորոս Թորանեանի մահը։ Եթէ կըսեմ սիրելի, քանի ճանչցած էի զինք պատանեկան տարիներէս սկսեալ։ Տօքթ. Թորանեան եղած է մօտիկ բարեկամ մը մեր ընտանիքին եւ Հալէպէն սկսած։ Յաճախ հանդիպած էի իրեն իմ Հալէպ այցելութիւններու ընթացքին՝եւ պատանեկան-երիտասարդական տարիներուս՝հօրեղբորս Տօքթ. Ռոպէր ճէպէճեանի հիւանդանոց-բնակարանը։ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն՝ երբ որոշ ժամանակ մը Պէյրութ հաստատուեցաւ՝դարձեալ կը տեսնէի զինք։ Ու տակաւին մի քանի առիթներով հանդիպեցանք նաեւ Երեւան։

Բայց Տօքթորին աւելիով ճանչցած եմ իր գրական-հասարակական եւ հանրային գործունէութիւններու եւ ներկայացումներուն մէջէն։ Ինչքան դիպուկ է եղեր թէ մարդ մը կրնաս լաւապէս ճանչնալ իր ստեղծագործական աշխատանքին մէջէն՝եւ յատկապէս գրական ու հրապարակագրական մարզի մէջէն։ Գրողի մը էութիւնը դուրս կուգայ նոյնինքն իր գրական աշխատանքներուն եւ գրութիւններուն ոճին ու մտքին մէջէն։ Եւ կը սքանչանայի Տօքթորին աշխատասիրութեանը եւ մտաւորական ու ազգային մտքի ամբարած հսկայ հարստութեանը համար։ Ան իր կեանքի տարիներուն մէջէն կուտակած այս  «հարստութիւնը» չի պահեց ինք իրեն համար՝այլ բաժնեց զայն իր ազգին, հայրենիքին,շրջապատին ու իր այդքան սիրած Հալէպին համար։ Եթէ մէկ կողմէ յօդուածներու իր տարափովը՝նոյնքան նաեւ իր գրած, խմբագրած ու հրատարակած գիրքերու փաղանգով։ Փաղանգ՝որովհետեւ անոնց թիւը եղաւ հսկայական։ Տօքթ. Թորանեան մէկ մարդ էր որուն մէջ ամփոփուած էր հսկայական բանակի տարողութեամբ  կեանք մը գիտակցութեան՝ որ առանց յոգնելու ստեղծագործեց եւ «տուաւ» զայն հայութեան։

Տօքթ. Թորանեանի գիտակցութիւնը իր ազգային-հայկական ինքնութեանն էր։ Գիտակցութիւնը հայուն մշակութային եւ գրական հսկայական ժառանգին ու աւանդին։ Ու տակաւին գիտակցութիւնը թէ մարդ պէտք է ապրի Արժէքի կեանք մը կերտելու գրաւականի հիման վրայ։ Արժէքի գիտակցութիւնը կը մղէ անձ մը որ արժեւորէ ինք իր անձնական կեանքը՝նոյնպէս բաժնեկցի զայն իր հաւաքականութեանը հետ։ Ահա այս տեսակի գիտակցական կեանք մըն էր Տօքթ. Թորանեանի կեանքը ուր չի սակարկեց ոչ համոզմունք եւ ոչ ալ սկզբունք եւ որ անդադար տուաւ։ Տուաւ՝կերտելու համար նոր եւ նորոգող-նորոգուող արժէքներ։

Կեանքը ունի իր սկիզբը-լոյսը եւ որուն պիտի յաջորդէ վերջաւորութիւնը՝վերջալոյսը։ Բայց այս կեանքի  սկիզբ-վերջ(լոյս-վերջալոյս) առանցքին՝պիտի մտածել թէ ինչ գիտակցութեամբ պիտի ապրիլ Աստուծոյ շնորհած այս կեանքը։ Տօքթ. Թորանեանի գիտակցութիւնը եղաւ հայուն համար ապրելու եւ զայն լեցնելու արժէքի կեանքի մը գրաւականովը։ Այս իմաստով՝ պիտի արժեւորել Տօթորին կեանքը (սկիզբ-վերջ հասկացողութեան մէջէն)՝ նոյնինքն Պօղոս Առաքեալի խօսքին մէջէն։« Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի եւ հաւատքը պահեցի»։

Յարգանք Տօքթ. Թորանեանի ապրած այս կեանքին որ եղաւ գիտակցութիւն մը հայուն կեանքին եւ անոր այժէքին համար։ Ան այս արժէքի գիտակցութեանը համար «պատերազմեցաւ» իր համակ կեանքի ընթացքին։ Ան մնաց հաւատարիմ այս գիտակցութեանը քանի «հաւատացած» էր անոր։ Եւ իրեն սահմանուած երկրային կեանքի իր  «ընթացքը կատարեց» հաւատարիմ մնալով այս հաւատքին գիտակցութեանը։  Եւ կատարեց զայն լաւապէս՝ միշտ գիտակցելով Հայուն արժէքի կեանքի հպարտութեանը։

Աղօթքով կը միանամ ձեր բոլորին հետ հայցելով Սուրբ Հոգիին մխիթարութեանը։

 Ցաւակցօրէն՝

 Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

Ընդհանուր Քարտուղար՝Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւն

Քուէյթ Յունիս 6, 2021

»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝