Յայտարարութիւն

Wednesday, June 2, 2021

 

Սիրելի ընթերցող,

Բժիշկ Արմենակ Եղիաեան բծախնդրօրէն կը հետեւի Հայ մամուլին եւ հոն ուր Հայերէնի սխալներու կը հանդիպի կ'ուղղէ կամ կը քննադատէ: Բծախնդիր է եւ պահանջկոտ: «Մամլոյ խճանկար» - ները պիտի հրապարակուին Նշանակի մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ:

Բարի ընթերցում

(Նշանակ)

 

Մամլոյ խճանկար (2)

            «Յառաջ», 20 ապրիլ  2021

 

            ***Մի՛այն...յատկապէ՛ս, մա՛նաւանդ

            ---Ուրախութեամբ կը նկատեմ, որ ճիշդ շեշտադրուած է «մի՛այն» բառը: Ներկայ տուեալներով՝ «Յառաջ»-ը սփիւռքահայ միակ լրագիրն է, որ ճիշդ կը շեշտադրէ զայն, թող որ ան միշտ ալ հակամէտ եղած է բարելաւելու իր լեզուն եւ ուղղագրութիւնը:

            Այսպէս, այն քիչերէն է «Յառաջ-ը, որ կը զանազանէ միութեան՝ - եւ անջատման՝գիծերը,  ճիշդ կը հոլովէ ամառ-ամռան, ձմեռ-ձմռան, դուռ-դռան, լեռ-լեռան, մատուռ-մատռան բառերը,  ճիշդ կը տողադարձէ «ուա» երկբարբառը՝ զար-նուած, յար-գուած, մար-սուած, Ճիշդ կը կատարէ յոգնակին՝ յատկանիշ-յատկանիշեր, ծրագիր-ծրագրեր   եւ այլն:

            ---Ճիշդ շեշտադրած է նաեւ մա՛նաւանդ:

            ---Սխալ է յատկապէ՛ս-ը. պէտք է ըլլայ յա՛տկապէս, նաեւ՝ յա՛տկաբար-քա՛ջաբար,  յա՛տկօրէն-քա՛ջօրէն, հի՛նգերորդ, տա՛սներորդ եւ այլն:

            ***Պղինձը կը վերամշակուի՝ կը դառնայ հաղորդալար եւ տասնեակ մը այլ արտադրանքներ, արեգակնային վահանակներ:

            ---Վահանակներ պէտք է դրուէր հաղորդալար-ին կից, համադասուէր անոր, քանի այս եկուքը ծանօթ արտադրանքներ են, ապա միայն յիշուէր «այլ արտադրանք»՝ իբրեւ անանուն, ընդհանրացնող հասկացութիւն:

            Այիսնքն՝ «Պղինձը կը վերամշակուի՝ կը դառնայ հաղորդալար ու արեգակնային վահանակ եւ  տասնեակ մը այլ արտադրանքներ»:

            Կը նմանի ըսելու՝ «հաղորդալար, վահանակ եւ այլն»: Մինռդեռ ըսուած է՝ «հաղորդալար եւ այլն, վահանակ», որ տրամաբանական կառոյց չէ:

            «Նոր օր», 14 ապրիլ 2021

            ***Մեվլուտ Չավուշօղլուն[1]

            ---Օտար անուն մը արձանագրելու առթիւ ոմանք կը կարծեն, թէ պէտք է փոխել, օտարացնել նաեւ հայերէնի ուղղագրութիւնը, մինչդեռ ամէն օտար բառ ինք պարտի ենթարկուիլ հայերէնին այնքան ատեն, որ...հայերէն կը գրենք. ուրեմն՝ Մեւլուտ Չաւուշօղլուն:

            *** «Ասիկա քաղաքականութեան մեծ փոփոխութիւն մըն էր, երբ անիկա յայտնեց...»:

            ---Արեւմտահայերէնը տափակցնող, հասարակցնող, ռամկացնող  են ասիկա, ատիկա, անիկա դերանունները, որոնք ձիւթի պէս կը դառնան ոմանց բերնին մէջ եւ որոնց չարաշուք  ներկայութենէն  պարտինք խուսափիլ գոնէ այնքան,  որքան կարելի է: Եւ կարելի՛ է, եթէ փորձենք. օրինակ. «Քաղաքականութեան մեծ փոփոխութիւն մըն էր այս, երբ ան յայտնեց...»:

            Չէ՞ք կարծեր, թէ հայերէնը քիչ մը աւելի ազնուացաւ այս ձեւով...

            ***«Երկու օրեր առաջ, Եգիպտոս արտօնութիւն շնորհած էր...»:

            ---Ահաւոր բեռ մըն է «երկու օրեր»-ը՝ յոգնակի. կը բաւէ գրել՝ «երկու օր»:

            ---Ասկէ բացի ստորակէտը բոլորովին աւելորդ է:

            «Պայքար», 18 ապրիլ 2021

            ***«Պայքար»-ը իր թիւերէն մէկուն մէջ գործածած կ’ըլլայ «հեռուստաաստղ» բառը՝ հետեւողութեամբ արեւելահայերու, եւ ահա բժ. Յակոբ Այնթապլեան կը փութայ նամակով մը նկատել տալ (էջ 14), որ «Պայքար», հակառակ իր բծախնդրութեան, կիրարկած է այս «խեղաթիւրուած բառը», որուն ճիշդը  պէտք է ըլլար «հեռուստացուցաստղ»:

            ---Սկսելու համար ըսենք, որ երկուքն ալ...անճաշակ են, մէկը ա՛ռ միւսին զա՛րկ, միայն թէ երկրորդը՝ առաջինէն անհամեմատօրէն աւելի...Այնպէս որ հարկադրուած պիտի յօժարինք հայաստանեանին՝ հեռուստաստղ-ին:

            Գալով յարգելի բժիշկին առարկութեան, ապա պարտինք նկատել տալ հետեւեալը. հեռուստ բաղադրիչը, ի պահանջել հարկին, շատ դիւրաւ կրնայ թելադրել հեռուստացոյց-ը.  լեզուն եւ մարդկային միտքը այդքան վերացարկումի ի վիճակի են: Հեռու չերթանք, մենք թագուհի կ’ըսենք եւ կը հասկնանք...թագաւորուհի եւ ոչ թէ «էգ թագ մը», ինչպէս կը նշանակէ այդ բառը: Երբեք պէտք չէ կասկածիլ, որ մեր հեռաւոր նախնիները նախ ըսած են թագաւորուհի, սակայն ժամանակին հետ բառս թուած է տափակ, ծանծաղ, հակագեղագիտական, եւ զայն դարձուցած են թագուհի՝ կարճ, կոկիկ, բարեհունչ: Չմոռնանք, լեզուներու մէջ գերիշխող արժէքը գեղեցիկն է, քան թէ...ճիշդը:  Հոն, ուր ճիշդն ու գեղեցիկը կը մրցին եւ հարկ կը ներկայանայ ընտրութիւն մը կատարելու, յաղթական կ’ելլէ գեղեցիկը, բարեհունչը, կոկիկը:    Այսպէս է աշխարհի բոլոր լեզուներուն մէջ, այսպէս է նաեւ հայերէնի մէջ:

            Եւ ճիշդ այս պատճառով ալ աշխարհի բոլոր լեզուները գեղեցիկ են:

            Կրկնելու ի գին բերեմ այնքան տարածուած bus  բառին օրինակը:

            19-րդ դարուն, երբ անձնական ինքնաշարժին յաջորդեց հանրութեան ծառայող բազմաթոռ կառքը, այս վերջինը նախ կոչուեցաւ currus (կառք) omnibus (հանուրին), որ բառացի կը  նշանակէ «հանուրին [ծառայող]  կառք», ճիշդ ա՛յն, որ այսօր մենք հաւատարմօրէն կը կոչենք ամենակառք կամ հանրակառք, մինչ եւրոպական լեզուներուն մէջ այդ բառակապակցութիւնը մաշեցաւ-մաշեցաւ ու տուաւ…bus, որ  omnia  բառի սեռականի հոլովական մասնիկն է միայն. այսինքն՝ եթէ վերածենք հայերէնի, ապա ան համարժէք է մեր ուն մասնիկին (ամէն+ուն):

            Ի՞նչը մղեց եւրոպացին, որ ամբողջ բառակապակցութիւն մը այսպէս տրորէ,   ամփոփէ ու վերածէ անիմաստ մասնիկի մը եւ զայն յատկացնէ փոխադրա-կառքին: Կարելի է վստահօրէն ըսել, որ նախ եւ առաջ գործեց գեղագիտական զգացողութիւնը, որ, չզարմանանք, ամէն ցեղի մէջ տարբեր դրսեւորում ունի: Ես կը հաւատամ, որ հայերէնը   ոչ մէկ ատեն պիտի «ուն» արտասանէ եւ...հանրակառք հասկնայ:           Բայց ահա եւրոպացիին ճաշակը կը թոյլատրէ այդ մէկը:

            armenag@gmail.com                                                                      Արմենակ Եղիայեան



[1] Այս թրքատիպ բարբարոսութեան մեծ ախոյեանը «Մարմարա»-ն է, որ կը գրէ Մէվլիւտ Չավուշօղլու:

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝