Յայտարարութիւն

Wednesday, June 16, 2021

Հայերէնը կը զուարճանայ - Արմենակ Եղիայեան

 

      

 

            1. Դուռ... դուռեր, դռներ, դուռներ

            Բոլորիդ ծանոօթ են  դուռ գոյականի այս  երեք տարբեր յոգնակիները, որոնք դարերէ ի վեր կը գոյակցին,  մինչ անդին շատ այլ գոյականներ կը գոհանան մէկ յոգնակիով՝ ծառ-ծառեր, քաղաք-քաղաքներ եւ այլն:

            Առաջինը՝ դուռեր, կը ներկայացնէ  աշխարհաբարի միակ  օրինական ձեւը. բաղդադել՝ ջուր-ջուրեր,  փուռ-փուռեր, դուռ-դուռեր:

            Երկրորդը՝ դռներ,  իբրեւ մեկնակէտ ունի  «դուռն», որ յոգնակի կը դառնայ՝ մէկ կողմէ  սղելով «ու» ձայնաւորը, միւս կողմէ իր վրայ առնելով  «եր» յոգնակերտ մասնիկը. ուրեմն՝ դուռն-դռներ:

            Այս վերջինը այնքան բարեհունչ ու ակնահաճոյ է, որ  կը վայելէ կիրառական նախապատւութիւն մըն ալ, մինչ հազուագիւտ  են դուռեր ըսողները: Նման կացութիւն մը որեւէ անպատեհութիւն չի ներկայացներ. հաւանաբար թելադրելի,-- ոչ-պարտադիր,-- պիտի ըլլար, որ գոնէ նեղ սահմաններու մէջ փորձենք պահել միօրինակութիւնը, այսինքն՝ կիրարկել մէկը կամ միւսը:

            Գալով երրորդին՝ ան գոյութեան իրաւունք չունի, վասնզի գրաբարա-աշախարհաբար  խառնակ ձեւ մըն է. հիմքը՝ դուռն,  գրաբարեան է, իսկ գրաբարը չ’ընդունիր  անհնչիւնափոխ  յոգնակին. Դուռն կրնայ  միայն դռներ տալ, ինչպէս տեսանք առաջին  կէտով:

 

            2. Առ ի յիշեցում

            ***Բաշխիյեա՞ն, թէ՞ Բաշխիեան  

             ---Ճիշդ է, որ կրկնութիւնը մայրն է գիտութեան, բայց շատ կրկնելն ալ...տաղտկալի է, մանաւանդ երբ լսարանը շատ սորվելու երես չունի հոն, ուր նուազագոյն ճիգ կ’ակնկալուի:

             Խնդրոյ առարկան այստեղ   «յ» տառն է, որ աւելորդ է:

             Եան ածանցէն առաջ «յ» կը դնենք միայն այն պարագային, երբ ածանցուող բառը կը վերջանայ  ա-ով, օրինակ՝ Գայա-յ-եան,  Մարթա-յ-եան,  Հայթա-յ-եան,  Գարա-յ-եան,  կամ կը վերջանայ ո-վ, օրինակ՝ Մինո-յ-եան, Զանո-յ-եան,  Դաւո-յ-եան,  Սարո-յ-եան, Պապո-յ-եան:

             Այս կիրարկութեանց մէջ «յ» ձայնաւորը կը կոչուի ձայնակապ, այսինքն՝ ձայնաւորները իրարու կապող:

             Միւս ձայնաւորներէն ետք յ չենք դներ. օինակ՝ Աշտէ-եան, Մանասէ-եան, Եղիշէ-եան,  Ամրի-եան, Բաշխի-եան, Եահնի-եան, Մահրու-եան,  Հովուեան, երկլեզու-եան եւ այլն:

                                                                             *   *   *

             Առիթէն օգտուելով կ’ուզեմ ակնարկել յարակից՝  շատ անախորժ  երեւոյթի մըն ալ, որ հետեւեալն է.  մեր գրողները հակում ունին «այ»  հնչիւնախումբէն ետք  «ե» մը աւելցնելու    կարգ մը  օտար  անուններու մէջ,    ուր ան գոյութեան իրաւունք չունի. այսպէս՝  անընդունելի եւ խոր տգիտութեան հետեւանք են հետեւեալները՝ Սայեաթ (Նովա), Սորայեա,  (Ségolène) Ռուայեալ, Պիքֆայեա, Ֆարայեա, (Օմար) Խայեամ եւ այլն,  որոնք ինչ-ինչ յերիւրածոյ արտասանութեան եւ արատաւոր տրամաբանութեան հետեւանք են եւ որոնք պէտք է պարզապէս ըլլան՝ Սայաթ, Սորայա, Ռուայալ,  Պիքֆայա, Ֆարայա, Խայամ:

 

             3.«Դեղին բաճկոնաւորները փողոց իջած են մայիսմէկեան ցոյցի»:

            Ինչպիսի՞ն  են, կը կարծէք,  այս «դեղին բաճկոնաւոր» ըսուածները,-- պատասխանը շատ պարզ է՝ «դեղին բաճկոն կրողներ են անոնք»: Այսպէս պիտի ըսէր ամէն սփիւռքահայ լրագրող, այսպէս պիտի ըսէր նաեւ «Արմէնպրես»-ի խմբագիրը: Իսկ հայագիտութիւնը ուրիշ բան կ’ըսէ. «Դեղին բաճկոնաւոր»    կը նշանակէ մարդիկ, որոնք բաճկոն կը կրեն (գոյնը չենք գիտեր), իսկ իրենք...դեղին են: Այսպէս է, եւ չի կրնար ուրիշ բան ըլլալ: Բաճկոնաւոր կը նշանակէ բաճկոն կրող, իսկ դեղին  ածականը կը վերաբերի բաճկոնաւոր-ին, ոչ անոր հագած բաճկոնին: Այս իրողութեան պիտի անդրադառնանք, եթէ աչքի առաջ ունենանք նուազ մոլորեցուցիչ օրինակ մը. այսպէս՝ «ծերուկ պեխաւոր»,-- ո՞վ կամ ի՞նչն է այստեղ ծերուկը.  անշուշտ բոլորդ ալ պիտի ըսէք պեխաւորը եւ ոչ թէ...անոր պեխը, քանի ծերուկ-ը կը վերաբերի ամբողջ բառին, ոչ անոր արմատին:

            Դեղին բաճկոնաւոր-ի պարագային ալ դեղին-ը կը վերաբերի ամբողջ բառին եւ ոչ թէ անոր  արմատին: Այ՛ս է հայերէն բառերու թելադրանքը եւ ա՛յս է հայեցի մտածողութիւնը:

            Ճիշդ նոյն սխալ մտածողութեամբ յղացուած է «յառաջացած տարիքաւոր» բառակապակցութիւնը, որուն հանդիպեցայ վերջերս, եւ որուն կիրարկողը կ’ենթադրէ ակնարկել  ենթակային տարիքին, մինչդեռ յառաջացած-ը այստեղ...այդ տարիքը ունեցողն է- տարեցն է, այս վերջինին կը վերաբերի ածականը եւ ոչ թէ անոր արմատին, որ տարիք բառն է:

            Բանիւ նովին պէտք է յիշեն,-- գէթ ձեզմէ ոմանք,-- որ այս սխալ մտածողութեան մէկ  հանրածանօթ օրինակն է «Սպիտակ ձիաւորը» վէպին  անունը, ուր  տրամաբանօրէն սպիտակ է  ձի քշողը, ձիուն տէրը, որ  Մարտիկ կը կոչուի, մինձդեռ  Համաստեղին մտքին մէջ սպիտակ է...Մարտիկին  քշած ձին,  եւ ոչ թէ Մարտիկը:

            Անշուշտ այս սխալ կառոյցը առաջին   կիրարկողը Համաստեղը չէր:

            Պարագան ինքը մոլորեցուցիչ է:

            Հիմա պիտի ուղղեմ հարցում մը ընթերցողներուս՝ գիտնալու համար, թէ որքա՞ն կրցայ հասկցնել անոնց իմ պաշտպանած երեւոյթս:

            Ուրեմն՝  ի՞նչ կը նշանակէ «երկար մօրուքաւոր»:

            Գրեցէ՛ք ինծի, եւ   յաջորդիւ պիտի հրատարակեմ ձեր պատասխանները:

            4. «Անոնք, որ հայերէն լեզուն կը գործածեն մանաւանդ գրաւոր կերպով, շատ ուշադիր պէտք է ըլլան գիրերուն խաղացած այս բախտորոշ դերին դէմ» (Ռ. Հատտէճեան, «Պտոյտ մը...»):

            Ամէն ճիգ կը թափեմ, որ  հարց չունենամ մեր աւագ եղբօր՝ Հատտէճեանի հետ, եւ ան հանդէս գայ մի՛այն իր տարիքին ու վարկին համապատասխան   փառքով:  Բայց ահա  իմ չար բախտէս կը հանդիպիմ այսպիսիներուն՝ կերպով...դէմ:

            ---Կարելի չէ՞ր այս կերպով-էն խուսափիլ ու պարզապէս ըսել. «Անոնք որ հայերէն կը գրեն»:

            --- Եւ յետոյ՝  ո՞ր հայերէնի թելադրանքով դրուած է այս անպէտ  դէմ բառը:  Ուշադիր կ’ըլլանք բանի՞  մը, թէ՞ բանի մը դէմ:

 

            amenag@gmail.com                                                                                   Արմենակ Եղիայեան

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝