Յայտարարութիւն

Thursday, June 3, 2021

Մայիս 31

Սիրելի ընթերցող,

Բժիշկ Արմենակ Եղիաեան բծախնդրօրէն կը հետեւի Հայ մամուլին եւ հոն ուր Հայերէնի սխալներու կը հանդիպի կ'ուղղէ կամ կը քննադատէ: Բծախնդիր է եւ պահանջկոտ: «Մամլոյ խճանկար» - ները պիտի հրապարակուին Նշանակի մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ:

Բարի ընթերցում

(Նշանակ)

 

Մամլոյ խճանկար(1)

           

            Ազատ օր, 16-4-21

            ***Թուրքոյ իշխանութիւններու գործուն աջակցութեամբ կը շարունակուին ջնջուիլ հայկական հետքերը:

            ---Գովելի երեւոյթ, որ գործուն ածականը մուտք գործած է՝ փոխանակ գործօն սխալ ձեւին, որ գոյական է:    

            ---Չ’ըսուրիր «կը շարունակուին ջնջուիլ». առաջին կրաւորականը սխալ է, պէտք է ըսել՝ «կը շարունակեն ջնջուիլ»: Կը շարունակեն ջնջել, ջնջուիլ,  ջնջել տալ եւ այլն:

            ***քանդած է ... հայկական բոլոր տուները, մէկուն բացառութեամբ:

            ---Սխալ է կէտադրութիւնը, ինչպէս նաեւ շարադասութիւնը: Պէտք է ըլլայ «Քանդած է հայկական բոլոր տուները՝ բացառութեամբ մէկին:

            Մէկուն-ը անորոշ դերանուն է, մէկին-ը պարզապէս մէկ թիւին սեռականն է:

            ***«Ոչ ոք չընդդիմացաւ TOK-ին: Մեզ ըսին՝   վերցուցէք ձեր հագուստը եւ դուրս եկէք:

            ---Սխալ է «ոչ ոք չընդդիմացաւ». երկու ժխտական չ’ընդունիր լեզուն. պէտք է ըլլայ՝ «ոչ ոք ընդդիմացաւ»:

            --- Միւս կողմէ՝ մեզ  հայցականին փոխարէն պէտք է մեզի տրականը՝ «մեզի ըսին»:

            ***Ալիեւ կը յայտարարէ, որ որոշ երկիրներու մէջ զինք գահընկէց ընելու ծրագիր մշակուած է:

            ---Որ որոշ...որ-ի կրկնութենէն խուսափելու համար պարտինք գրել՝ «թէ որոշ...»:

            ---Գահընկէց-ը կը պատշաճի թագաւորին, կայսրին. Ալիեւը ոչ մէկն է, ոչ միւսը:  Պէտք է ըսուէր պաշտօնազրկել, պաշտօնանկ հռչակել, տապալել եւ նման  բաներ:

            ***Արդէն նարնջագոյն թեւակապեր կապած էին...

            ---Կապեր կապած էին...կրկնաբանութիւնը լեզուական ամենազզուելի թերութիւնն է, որմէ պէտք է խուսափիլ արթուն պահակի մը պէս.  ուրեմն ըսենք՝ «թեւակապեր կը կրէին»:

            ***Վերջին մէկ տարին այս, լաւ էր արդէն։

            ---Այստեղ եւս կէտադրական եւ շարադասական սխալներ գործուած են:

            Պարտէինք գրել. «Այս վերջին մէկ տարին լաւ էր արդէն»:

            ***Պապը...անակնկալ կերպով մուտք գործած է  «Լեւոնեան» վարժարանէն ներս:

            ---Ոճական յաջորդ արատն է աւելորդաբանութիւնը. աւելորդ են կերպով եւ ներս: Կը բաւէր ըսել. «Պապը...անակնկալ մուտք գործեց Լեւոնեան վարժարան»:

            ***«Այս հանգամանքները թոյլ չտուեցին մեզ որպէս պետութիւն կայանալ, եւ դիմակայել

այն մարտահրաւէրներին»:

            ---կայանալ, եւ դիմակայել... Դժուար է հաւաալ, որ արեւելահայ յօդուածագիրը ստորակէտ դրած ըլլայ այս երկուքին միջեւ: Արեւելահայերը շատ լաւ գիտեն, որ եւ-էն առաջ ստորակէտ չի դրուիր, երբ ան բառեր կը կապէ:

 

            «Ազդակ», 16-4-21

            ***«Մարդկութիւնը աւարտած է, եթէ չկարողանայ յարմարիլ յետքորոնային   հանգրուա- նին»:

            ---Հասկնալի է, որ  լրագրողը աւարտած ըսելով կը հասկնայ...վերջ գտած, բնաջնջուած, անհետացած: Սակայն ճիշդ բառը չէ ընտրուած, քանի որ աւարտած-ը այդ բացասական նշանակութիւնը չունի արդի հայերէնի մէջ: Աւարտել-ով կը բնորոշենք  առ հասարակ վաստակ մը՝ աւարտել  գործը, ուսումը, պարտականութիւնը: Ուրեմն այս պարագային աւելի պատշաճ էր՝ սպառիլ, կորսուիլ, անհետանալ, վերջ գտնել, շիջիլ եւ այլն:

            ---յետքորոնային կաառոյցը իր կարգին թերի է. արդարեւ, տարբաղադրենք զայն՝ քորոնա-յին: Արդ,  հայերէնը  ածական կազմող «յին» ածանց չունի, ունի «ային»՝ մարդկ-ային, լեռն-ային, դաշտ-ային: Իսկ եթէ այս վերջին հիմամբ տարբաղադրենք, կը ստանանք քորոն-ային. այս պարագային ալ քորոն անունով բառ մը չունինք, ունինք քորոնա:

            Քորոնային՝ փնտռուած ածականը չէ, քանի ածական չէ: Քորոնա գոյականի սեռական հոլովն է՝ քորոնա-քորոնային-քորոնայէն-քորոնայով, ճիշդ ինչպէս՝ Լարա-Լարային, Մարմարա-Մարմարային, Տորա-Տորային եւ այլն: Ինչպէ՞ս  լուծել այս թնճուկը: Պարզ է, պիտի դիմենք հոմանիշի մը, որ կրնայ ածական մը տալ մեզի. օրինակ՝ ժահր-ժահրային, վարակ-վարակային, համավարակ-համավարակային:

            ---Քորոնային՝ հանգրուան մը չէ որ ենթադրուած է յաջորդել,  այլ առնուազն փուլ մը, ամբողջ շրջան մը, ժամանակաշրջան մը. ուրեմն՝ յետժահրային կամ յետվարակային փուլին կամ շրջանին եւ այլն:

            «Արարատ», 29-4-21

            ***«Եկեղեցին թիրախ դարձաւ անձնասպանական ահաբեկչական  յարձակումի մը»:

            ---Կրկնաբանութիւնը միշտ նոյն բառի կրկնումը չէ, այլ նաեւ կիրարկումը այնպիսի բառի,  որուն  նշանակութիւնը արդէն լռելեայն կ’իմացուի ուրիշով մը եւ ատով ալ աւելորդ կը դառնայ  զայն կիրարկել. այդպիսին է այստեղ ահաբեկչական ածականը: Ինչո՞ւ:  Երբ տեղի ունեցածը անձնասպանական գործողութիւն մըն է, արդէն լռելեայն կ’իմացուի, որ ան ահաբեկչական բնոյթ ունի, եւ բարեսիրական կամ ասպետական  կամ բարեգործական արարք մը չէր կրնար ըլլալ:

            ***«Մարզպետը յանձնախումբ մը կազմեց, քննելու համար փլած շէնքին մօտիկ շէնքերու վիճակը»:

            ---Շէնքին մօտիկ շէնքերու...կարելի էր ըսել՝ շէնքին մօտիկ կառոյցներու, շինութիւններու եւ այլն, ու խուսափիլ այսքան հասարակ կրկնաբանութենէ:

            ***Արմավիրի մարզ

            ---Արմավիր-ը վ-ով գրելու պէտք չունինք:  Եկրու հազար տարի գրած ենք Արմաւիր:

            ***Հաւատացեալները բաժանուեցան օրհնուած ուռենիի ճիւղերը:

            ---Մեր բարբառը այս պարագային բաժանուիլ չ’ըսեր, այլ  կ’ըսէ բաժնուիլ:

             armenag@gmail.com                                                                             Արմենակ  Եղիայեան                                                                                                                                   

 

 

 

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝